Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Միայն Ճեմարանի բովէն անցնող հայ ուսանողը, որ ապրած, տեսած, փորձարկած ու շնչած է ճեմարանի օդն ու շունչը, անոր ազգային ու գաղափարական ոգին, կրնայ վկայել, որ ա՛յն, ինչ որ կու տայ ճեմարանը, ազգային է՝ իրաւամբ, լաւագոյնն է կրթութեամբ եւ իր բարոյական ու մարդկային դաստիարակութեամբ եւ նոր ժամանակներու միջոցներով՝ սերունդներ կերտող, սերունդներ պատրաստող ու սերունդներ թրծող։ Եթէ դիտենք սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ անցեալէն մինչեւ ներկայ, պիտի տեսնենք յանձնառու հայերու հսկայ փաղանգ մը, որ զբաղեցուցած է եւ կ’առաջնորդէ մեր ազգային եւ միութենական կառոյցները ամէնուրեք։ Ճեմարանը կը փոխանցէ ոգին, կու տայ դաստիարակութեան եւ կրթութեան լաւագոյն պատրաստութիւնը եւ կը պատրաստէ ազատ եւ անկախ մտածողութիւն ունենալու յատկանիշը, միաժամանակ, մտածող հայ, ազգային ոգիով ապրող հայ նոր սերունդներ։ Ճեմարան աւարտող հայ ուսանողը կը դառնայ լաւ հայ, իսկական հայ, առաքինի հայ եւ հպարտ հայ։
Վերոյիշեալ ըսուածները մեզ կ’առաջնորդեն հետեւեալ եզրակացութեան. որքան ալ դժուարին ըլլայ յանձնառու հայուն զոհողութիւնը, ճեմարանը կը պատրաստէ զոհողութեան տիպար մարդը, որ ի գին ամէն դժուարութեան, գիտակցօրէն կ’ընտրէ իր ժողովուրդին, իր Դատին, իր ապագային համար պայքարի ուղին։
Կը մնանք հպարտ՝ ճեմարանէն ստացած մեր թէ՛ ուսումով եւ թէ՛ ազգային ջիղով։
Այս բոլորով հանդերձ եւ մեկնելով ներկայ ժամանակներու դժուարին հրամայականներէն ու մեր ժողովուրդին մեծածաւալ կարիքներէն, հարկ է կրկնապատկել ուժերը եւ մեր յանձնառութիւնը, որպէսզի արդարացնենք մեր վրայ դրուած յոյսերը, ճեմարանին մեզմէ ակընկալուած նուիրումը։
ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Ծանօթ.- Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը՝ www.djemaran.edu.lb/donate