կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-28 22:12
Քաղաքական

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ. Ապավինել սեփական ուժին. Յովսէփ Տէր Գէորգեան

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ. Ապավինել սեփական ուժին. Յովսէփ Տէր Գէորգեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի խօսքը նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 102-րդ ամեակին, ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական միութեան կազմակերպած առցանց տօնակատութեան առիթով:

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Հայաստանի անկախութեան 102-րդ ամեակին առիթով ուրախ եմ ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական միութեան ճամբով յղելու իմ խօսքս:

1915 թուականին թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ հայութեան բարեկամ պետութիւններուն աչքին առջեւ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը արժանացաւ պետութիւններու բանաւոր ու ամուլ բողոքներուն:

Հայութիւնը այս բոլորէն քաղեց իր քաղաքական դասը՝ թէ ժողովուրդները իրենց պատմութեան ճակատագրական վայրկեաններուն առանձին կ՚ըլլան. եւ թէ այդ վայրկեաններուն, միայն ու միայն իրենց սեփական ուժին կրնան ապաւինիլ:

Ահա այս պարզ բայց այնքան ճիշդ իրականութիւնը որ լիովին ըմբռնած էր Արամ Մանուկեան: 1917-ի դեկտեմբերին ան կը յայտարարէր՝

«Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու, թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

Հետեւաբար, կարելի է անվարան հաստատել, թէ Սարդարապատի յաղթանակն ու Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը արդիւնք էին հայութեան միացեալ ու սեփական ուժերուն, կարողութիւններու մէկտեղումին։

Այսօր, Հայաստանի անկախութեան 102-րդ ամեակը առիթ մըն է ամրապնդելու մեր միասնականութիւնը եւ կրկնապատկելու համահայկական մեր ջանքերը ` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան, տնտեսական հզօրացումին եւ ընկերային արդարութեան հաստատման: Այս բոլորին մասնակից պիտի դառնանք ազգովին, իւրաքանչիւրս իր կարելիութիւններուն առաւելագոյնը տալով:

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Իւրաքանչիւր մայիս 28-ին կատարուող այս հաստատումներէն անդին, հայ երիտասարդութիւնը այսօր հետեւեալը հինգ հարցերուն պատասխանը պէտք է տայ.

Արդեօք մենք կը փափաքի՞նք ըլլալ Առաջին Հանրապետութեան ժառանգորդները, եւ հիմնել իսկապէս ժողովրդավար ու ընկերվարական արժէքներով պետութիւն մը՝ որ խարսխուած է ազգային գաղափարախօսութեան վրայ:

Արդեօք իսկապէս կը հաւատա՞նք միասնականութեան անհրաժեշտութեան, եւ համոզուա՞ծ ենք թէ մեր աշխարհասփիւռ հայութեան ներքին տարբերութիւնները ու քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ պառակտեն մեզ, ու ջլատեն մեր համահայկական սեփական ուժը:

Արդեօք պատրա՞ստ ենք Արամի եւ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներու անշահախնդիր ու յառաջադէմ մօտեցումը ունենալ, գերադասել հաւաքականը անձնականէն, եւ գործել ի շահ մեր ազգային իտեալներուն:

Արդեօք Վրացեանի, Աղբալեանի, Շանթի եւ բազմաթիւ գործիչներու նման բաւարար ջանք կը թափե՞նք սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը հզօրացնելու եւ սփիւռքեան հիմնահարցերուն լուծումներ գտնելու համար:

Եւ վերջապէս, արդեօք Միացեալ Հայաստանի տեսլականը տակաւին վա՞ռ է մեր մէջ: Սեւրի Դաշնագրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 100 ամեակն է այս տարի. արդեօք յանձնառո՞ւ ենք հատուցումներու պայքարը այժմէական խնդրի վերածելու եւ հասցնելու անոր յաղթական աւարտին։

Այս հարցերուն պատասխանը պէտք է տայ հայ երիտասարդութիւնը, հեռու ամբոխավարական մօտեցումներէ ու մակերեսային լոզունգներէ:

28 մայիս 1918-ին հայութիւնը փաստօրէն շրջեց հայոց պատմութեան վեց դարերու անկումի ընթացքը եւ հիմնեց, հայրենի հողին վրայ, ազգային անկախ պետականութիւն մը։

Հայ Երիտասարդութիւնն է որ այսօր, յաղթահարելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, իր կարգին պիտի շրջէ մեր ազգային վերելքը արգելակող պայմանները եւ մեր ազգը առաջնորդէ դէպի պայծառ հորիզոններ: