կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-14 11:46
Հասարակություն

Հանրային Անխոնջ Գործիչ Դաշնակցական Յովսէփ Պարազեանի Անակնկալ Հրաժեշտը

Հանրային Անխոնջ Գործիչ Դաշնակցական Յովսէփ Պարազեանի Անակնկալ Հրաժեշտը

Յունաստան եւ Աթէնք կարելի չէ մտածել առանց Յովսէփի: Յունահայութեան զարկերակ «Ազատ օր»-ի բազմաթիւ տարիներու խմբագիր, միութենական եւ կուսակցական կեանքին մէջ միշտ ներկայ եւ անձնդիր ծառայող Յովսէփը ճանչցած էի իր Պէյրութի Ճեմարանը յաճախած տարիներուն: Հակառակ մեր տարիներու տարբերութեան, հետզհետէ դարձած էինք սրտակից ընկերներ: Կը հանդիպէինք Պէյրութ, Աթէնք, Հայաստան:

Անակնկալ հրաժեշտ, քանի որ իր տարիքի լիութեան մէջ էր Յովսէփ: Ձերբազատուած ըլլալով անհատական առօրեայի մտմտուքներէն, ինքզինք եւ իր ժամանակը նուիրած էր բազմերես հայ կեանքին: Կը մտածէր նոր հրատարակութիւններու մասին: Այս բոլորի կողքին, մանաւանդ (եւ այս յաւուր պատշաճի խօսք չէ) լաւ ընկեր էր, մարդոց լաւ կողմերը տեսնելու միշտ տրամադիր: Ժողովական կեանքը ձանձրալի չէր նկատեր, այլ` անհրաժեշտ հաւաքականութեան ուժականութիւնը պահելու համար, երբ նահանջը հետզհետէ կը դառնար կանոն:

Յովսէփ ունէր նաեւ առաքինութիւն մը. յարգանքը: Նոյնիսկ երբ իր ընկերները տարիքի կամ այլ պատճառներով կը դադրէին ընկերութեան մէջ երեւնալէ, ինք անոնց հետ կը պահէր կապերը, որպէսզի անոնք չխորհէին, թէ մոռցուած էին, ինչ որ սովորական է հայ կեանքին մէջ: Նոյն հունով, գիտէր ընդունիլ եւ յարգել տարբեր մտածողները, վերաբերում` որուն հետեւանքով յաճախ պղտորած է մեր ներազգային եւ ներհամայնքային կեանքը: Այսինքն` կարեւոր էր մարդը, առաւել` մարդուն հայատեսակը: Այս ըմբռնումով առաջնորդուած Յովսէփ երկխօութեան ջատագով էր:

Յունահայութեան հաւաքական յիշողութեան համար օգտակար պիտի ըլլար,

որ Յովսէփի «Ազատ օր»-ի մէջ գրած յատկանշական էջերէն ծաղկաքաղ մը պատրաստուի եւ հրատարակուի, որպէսզի համայնքը եւ նորերը իմանան, որ ժամանակները իրենցմով չեն սկսիր, որ իրենք շարունակութիւնն են անցեալի մը:

Ճիշդ է, հակառակ կարգ մը եսակեդրոն մարդոց մտածումին, անփոխարինելի մարդիկ չկան: Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնց բացակայութիւնը կը զգանք, երբ անոնք այլեւս չկան: Ուղիղ տարի մը առաջ միասին էինք Աթէնք, տօնախմբեցինք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը®

Քանի մը օր առաջ վերադարձայ Արեւմտահայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, ուր գացած էր նաեւ Յովսէփ, շատերու պէս, յուզուած եւ գրած էր իր գրքոյկը` «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» փոքրածաւալ գիրքը, որ հայրենազրկուած սերունդի ներկայացուցիչի վկայութիւն էր:

Մահուընէ վերջ առաքինութիւնները կը շարունակեն ապրիլ:

Այդպէս պիտի ապրի Յովսէփ իր ընտանիքին, ընկերներուն եւ բարեկամներուն յիշողութեան մէջ: Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ՛ըսէր, որ անմահութիւնը մնալ է ապրողներու յիշողութեան մէջ:

Իր գիրքի կողքին վրայ կայ Վանայ ծովակի Ախթամար կղզիին հին եւ նոր երազի պէս տեւող Ս. Խաչ եկեղեցին: Այդպէս են հաւատաւորները, կը տեւեն, անոնք սոսկ յիշատակ չեն, ներկայութիւն են:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ