Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանահայութիւնը այսօր կ՛ապրի ծանր պայմաններու մէջ եւ նախորդ տարուընէ ի վեր գաղութը կանգնած է դէմ յանդիման զանազան մարտահրաւէրներու, որոնց հետեւանքները ճակատագրական են նիւթական, տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային մակարդակներու վրայ։ «Ասպարէզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին գաղութին ներկայ կացութեան, անոր կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի՝ հաստատելով, որ Լիբանանի հայութեան ապրած այս դժնդակ վիճակէն դուրս գալու համար անիկա կարիքը ունի իր բոլոր հայրենակիցներուն նեցուկին։
Ստորեւ՝ հարցազրոյցը.
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Բոլորին ծանօթ է, որ Լիբանան նախորդ տարուընէ ի վեր տագնապալի կացութեան մէջ է։ Խնդրեմ ներկայացուցէք այդ վիճակը՝ անդրադառնալով քաղաքացիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, նաեւ՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ։
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Բնականաբար, այս հարցազրոյցով պիտի չուզեմ անդրադառնալ Լիբանանի քաղաքական վերիվայրումներուն։ Տարիներու վրայ երկարած երկրի ղեկավարման սխալ գործընթացը մեզ աստիճանաբար առաջնորդեց տնտեսական ու ելեւմտական աներեւակայելի ծանր կացութեան, որ գլեց անցաւ լիբանանեան պատերազմի ամէնէն դաժան օրերն իսկ։ 2019էն այսօր, յաջորդական տագնապները հարուածեցին ոչ միայն աղքատ եւ բարեկեցիկ դասակարգը, այլ նաեւ հարուստ խաւը։
Արդէն իսկ 2019ին սկսած էին փակուիլ գործատեղիներ, առեւտրական հաստատութիւններ, գործէ արձակուեցան պաշտօնեաներ, բանուորներ։ Ելեւմտական տագնապին պատճառով դրամատուները որդեգրեցին եւ ներկայիս ալ կը շարունակեն կիրարկել աննախատեսելի սեղմումներ, լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկուեցաւ տոլարին դիմաց (ներկայիս 1 տոլար=4000 լ. ոսկի, մինչ նախապէս 1500 լ. ոսկի էր), որ պատճառ դարձաւ արդէն իսկ տագնապահար քաղաքացիին մօտ գնողական կարողութեան անհամեմատ նուազումին, աներեւակայելի ձեւով բարձրացան ամէն տեսակ ապրանքներու գիները, նաեւ՝ սննդեղէնն ու տարրական պէտքերը։ Այս բոլորը բնականաբար ստեղծեցին ընկերային սուր եւ անհակակշռելի տագնապ։
Տնտեսական տագնապը կարծէք բաւարար չէր, եկաւ «Քորոնա» համաճարակը։ Երկիրը անդամալուծուեցաւ։ Տակաւին իր օրապահիկը այս կամ այն ձեւով, դժուարութեամբ ապահովել փորձող քաղաքացին ամբողջովին զրկուեցաւ այդ կարելիութենէն եւս։ Ժահրին պատճառով արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ, շրջագայութիւնը արգիլուեցաւ, դրամատուները փակուեցան, ծագեցան նոր եւ չկանխատեսուած խնդիրներ, որոնց լուծման համար պետական կարելիութիւններու կարիք կայ, սակայն, դժբախտաբար, երկիրը զուրկ է անոնցմէ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս բոլորէն անմասն չէ նաեւ լիբանանահայութիւնը. ի՞նչ են այսօր համայնքին կարիքները։ Գիտենք, որ լիբանանահայութիւնը տարբեր փուլերու մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուած է եւ շրջանցած զանոնք, իսկ այսօր ի՞նչ է հիմնական վտանգը, ինչո՞ւ այսօր վիճակը այսքան ծանր կը կշռէ, իսկ այս կացութեան լոյսին տակ ստեղծուած «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապը ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալի։
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Այսօրուան տագնապը երբեք չի նմանիր քաղաքացիական ամէնէն ծանրակշիռ վիճակին, ոչ ալ պատերազմական օրերուն ստեղծուած արհաւիրքին։ Երբ յստակ, տեսանելի թշնամի գոյութիւն ունի, պայքարը համապատասխան կը տարուի։ Անտեսանելի, շրջապատդ ամէն երկվայրկեան վարակող, ինքզինքդ կասկածի տակ դնող իրավիճակ կը տիրէ այսօր։ Կռիւ մը, որուն զէնքը մարդ անհատն է, իսկ միջոցը՝ այդ անհատին գոյատեւումը ապահովելն է։
Տնտեսական-ելեւմտական տագնապին յաջորդող «Քորոնա»ն համայն լիբանանահայութիւնը դրաւ նիւթական եւ ընկերային հսկայ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման՝ անգործութիւն, սակերու մրցանշային բարձրացում, դրամատուներու փակում…
Հայ մարդն ու հայ ընտանիքը այսօր վտանգուած են։ Պետական օժանդակութիւն չկայ, կը մնայ, որ մենք, իբրեւ ազգային կառոյցներ, հոգանք մեր ժողովուրդին կարիքները։ Երբ կազմուեցաւ համայն Լիբանանի հայութեան ծառայութեան կոչուած «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապը՝ արձակեցինք «Տո՛ւնը մնա, մենք կը հասնինք» կարգախօսը՝ խնայելու համար մեր ժողովուրդը հաւանական վտանգներէ։ Ասիկա, բնականաբար, սոսկ խօսք չէ, այլ գործ, պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն։ Եւ մեր տղաքը պատուով ու քաջութեամբ կատարեցին այս գործը եւ կը շարունակեն անձնուիրաբար ծառայել բոլորին։
Անմիջական հականեխման միջոցներէն մինչեւ կանխարգիլման քարոզչութիւն, հականեխման դեղերու ցրւում, ուտեստեղէնի բաշխում, տարեց պարագաներու առօրեայ ճաշի մատակարարում՝ մինչեւ իրենց տուները, «Քորոնա»ով վարակուած պարագաներու եւ անոնց շրջապատի բժշկական անհրաժեշտ խնամք, ամէն տեսակի հոգածութիւն, այլ հիւանդութեանց դեղորայքի օժանդակութիւն, «Քորոնա»ի առօրեայ անվճար քննութիւններ, հիւանդապահներու համար բնակարաններու ապահովում, սովորական հիւանդանոցային պարագաներու օժանդակութիւն, հայաշատ տարբեր շրջաններու մէջ նոր դարմանատուներու հաստատում, վարձքերու օժանդակութիւն, արտասահմանէն լիբանանահայերու Լիբանան վերադարձի ապահովում, դեռ՝ ժողովուրդին կամքը ամրապնդելու բացառիկ ճիգ ակումբներուն միջոցով, տեղական մաշտաբի վրայ։
Աշխատանքի լծուած է գաղութը։ Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին մնայուն աշխատանքով, յարանուանութիւններու, կուսակցութիւններու, միութիւններու, դարմանատուներու, բարեսիրական կեդրոններու մեղուաջան աշխատանքով բացառիկ ճիգ ի գործ կը դրուի հասնելու ընդհանրական կարիքներուն։
Անշուշտ, «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապը, գործակցութեամբ տարբեր միաւորներու՝ նախախնամական դերակատարութիւն ունի այսօր։
Կը մնայ տակաւին մեր ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը, որ այս օրերուն կը շարունակուի ահաւոր դժուարութեամբ։ Ունինք դպրոցներու եւ տարբեր հիմնարկներու ու հաստատութեանց խնդիրներ, որոնք սկսած են, դժբախտաբար, դառնալ անյաղթահարելի։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Լիբանանի մէջ, բարեբախտաբար, շատ մեծ չէ թիւը վարակուողներու։ Խնդրեմ ներկայացուցէք լիբանանահայութեան պարագային այս ժահրին ունեցած հետեւանքները (վարակուածներու թիւ, մահեր)։
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Առաջին իսկ օրէն մեզի համար մեր քաղաքացիներուն առողջութիւնը եւ «Քորոնա»ի վարակումէ պաշտպանուիլը եղաւ առաջնահերթութիւն։ Այսօրուան տուեալներով՝ ունեցած ենք մահուան երեք պարագաներ (1 ծերունի, 2 երիտասարդներ), իսկ վարակման 55 պարագաներ, որոնք ապաքինման ընթացքի մէջ են։ Ծայրայեղ աչալրջութեամբ կը հսկենք իւրաքանչիւր պարագայի մեկուսացման եւ շրջապատի հականեխման։ Արդէն իսկ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի մէջ ցարդ կատարած ենք, այսօրուան տուեալներով, «Քորոնա»ի «Փի.Սի.Ար.» 830 քննութիւններ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այսօր, աւելի քան երբեք թերեւս, լիբանանահայութիւնը կարիքը ունի իր սփիւռքահայ հայորդիներու զօրակցութեան։ Այս առիթով ձեր խօսքը՝ իբրեւ ԿԿի ներկայացուցիչ։
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Անկեղծ ըսած, դժուար է խօսիլ այսօր։ Տագնապը խեղդող է, եւ չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ դանակը հասած է ոսկորին։ Խնդիրը արժանապատուութեան հարց չէ միայն։ Մենք, որ տասնամեակներ ամբողջ յաջողեցանք ոտքի մնալ եւ միաժամանակ սատարել համահայկական ընդհանրական խնդիրներու, այսօր մատնուած ենք Լիբանանի հայութեան համար իսկապէս մահու կենաց կացութեան։
Տագնապները շատ արագ իրարու կը յաջորդեն։
Աղբիւրները ցամքած են։
Լիբանանի մեր հայ ընկերներն ու բարեկամները իրենց առաւելագոյնը կ՛ընեն։ Ունեւորը կ՛օգնէ աղքատին, աղքատը կ՛օգնէ թշուառին։ Սպառումի մէջ ենք։
Համահայկական ճիգի կարիք ունինք։
Մեր կոչն է եւ արդար սպասումը, որ մեր սիրելի սփիւռքահայ քոյրերն ու եղբայրները, ընկերները, բարեկամները ու բարերարները, նախկին լիբանանահայերը, Միացեալ Նահանգներ ապաստանած եւ լիբանանահայութեան հիւրընկալութիւնը վայելած սուրիահայերը, բոլոր ազնիւ հայորդիները այս փուլին չզլանան իրենց օժանդակութիւնը։
Այսօր մենք ձեզի պէ՛տք ունինք։
Միասնաբա՛ր դարձեալ կը զօրանանք։
Երբ մենք զօրաւոր ըլլանք, բոլորս կը զօրանանք։
asbarez.com