Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մեզմէ շատ կանուխ բաժնուեցաւ մեր ազնիւ ընկեր Գառնիկ Մկրտիչեանը:
Ընկեր Գառնիկը հաւատաւոր ու նուիրեալ կուսակցականն էր եւ գաղափարի մարտիկը. թէ’ որպէս պարզ շարքային, թէ’ ալ որպէս ղեկավար ան շարունակաբար դրսեւորած է իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատքի ու նուիրումի լաւագոյն յատկանիշները. Եղած է միշտ կարգապահ, անշեղ սկզբունքներու տէր, համբերատար, լայնախոհ, նորարար, հաճելի զրուցակից, փոթորիկներու մէջ խաղաղ ափեր որոնող եւ մանաւանդ՝ իր հարենիքին ու հայութեան ծառայելու միշտ պատրաստ:
Եղբայր Գառնիկը ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային ընտանիքի դիմագիծն էր երկար տարիներով: Ունեցաւ գլխաւոր դեր ՀՄԸՄի շարքերը թարմացնելու, ընդարձակելու եւ առաւել աշխուժացնելու կապակցութեամբ՝ աշխարհով մէկ. գլխաւորեց ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւնները Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի չորս ծագերուն մէջ. հասաւ ամենուրէք ուր հարկաւոր էր իր ներկայութիւնը. երիտասարդութեան մօտ շարունակաբար ջամբեց ազգային գաղափարախօսութիւն, առողջ մարմնի ու մտքի անհրաժեշտութիւն եւ մանաւանդ՝ իր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն:
Վերջերս մեծ ցաւ ապրեցաւ ի տես Արցախեան պատերազմի արհաւիրքին ընթացքին նահատակուած իր սրտի մօտիկ ընկերներուն եւ սկաուտներուն. հիմա ինքն ալ միացաւ անոնց յաւերժութեան փաղանքին. հեռացաւ այս աշխարհէն իր յաջորդներուն եւ գալիք սերունդներուն իր օրինակով կտակելով ազգանուէր ու հայրենանպաստ գործը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Ցաւակցութիւններս իր ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ՀՅԴի ու ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքներուն:
Վարձքդ կատար, սիրելի ընկեր, եւ յաւերժ հանգիստ յոգնաբեկ ոսկորներուդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՅՏԽ
2020-1-7