կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-07-26 12:19
Քաղաքական

«Մենք Պիտի Մնանք Ձեզի Հետ, Մի՛շտ Ձեր Կողքին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Պիտի Մնանք Ձեզի Հետ, Մի՛շտ Ձեր Կողքին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան տագնապին եւ լիբանանահայութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի աշխատանքներուն եւ շուրջ ամիս մը առաջ գումարուած վեցօրեայ Շրջանային ժողովին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախորդ երկամեակի գործունէութիւնը քննարկելու եւ յառաջիկայ տարեշրջաններուն ծրագրաւորումը կատարելու համար հաւանաբար վեցօրեայ նիստերը նաեւ քիչ նկատուին, «սակայն պէտք է ըսել, որ իբրեւ ժողովրդավարական կուսակցութիւն, ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը այն հազուագիւտ կուսակցութիւններէն է, որ ընտրութիւններով փոփոխութիւններ կը կատարէ կուսակցութեան մէջ: ՀՅԴ-ն երկամեայ դրութեամբ կը գումարէ իր Շրջանային ժողովը, որ այս տարի շուրջ 40 ժամ լիագումար նիստեր գումարած է, ուր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուց 100 էջնոց տեղեկագիր մը իր գործունէութեան մասին: Նիստին ընթացքին մասնակիցները կատարեալ անկեղծութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ հաշիւ պահանջեցին անցնող շրջանի գործունէութեան մասին, տրուեցան բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան կատարուած աշխատանքները:

Քննարկուեցաւ երկրին կացութիւնը, քաղաքական առումով ՀՅԴ-ի ուղղուածութիւնը, ճշդուեցան յառաջիկային առնուելիք քայլերն ու կատարուելիք աշխատանքը` պահելով ՀՅԴ-ի որդեգրած տասնամեակներու քաղաքականութիւնը` բոլորին հետ յարաբերութիւններ մշակելու, հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու, փոխադարձ յարգանքի, ազգային միասնականութեան պահպանումին, պետական կառոյցներուն զօրակցութեան եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգը: Քննարկուեցան նաեւ կազմակերպական կացութիւնն ու դժուարութիւնները` նկատի ունենալով, որ ՀՅԴ-ն, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն նման կ՛ազդուի պայմաններէն եւ կ՛ազդէ ուրիշին վրայ, նման բոլոր համայնքներուն` ազդուած է իր միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով: Քննարկուեցան ՀՅԴ կառոյցը կազմակերպական իմաստով հզօրացնելու, ամրապնդելու եւ արդիականացնելու քայլերը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան մեր ազգային կեանքին ու կառոյցներուն վերաբերող հարցեր, եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ այդ կառոյցներուն գործունէութիւնը յաւելեալ ուժականութեամբ ծաւալել: Քննարկուեցան նաեւ հիմնականին մէջ երկրին տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւնները, եւ այս առումով առաջնահերթութիւն նկատուեցաւ ներկայ փուլին ո՛չ միայն շարունակել անցեալին սկսած մեր գործը, այլ մեր պարտաւորութիւնը նկատել, որ մեր ժողովուրդի հետզհետէ դժուարացող պայմաններուն ընթացքին, առաւելագոյն ճիգը պիտի թափուի թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ Լիբանանէն դուրս, որ մեր ժողովուրդը` հայութիւնը` ո՛չ միայն ՀՅԴ-ի համակիրները, այլեւ իւրաքանչիւր հայ անհատ իր ցաւին մասին արտայայտուի, եւ մենք կարենանք դարմանը ապահովել:

Շրջանային ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ փուլին գործունէութիւնը շարունակելու պիւտճէական նախատեսութիւնները, համապատասխան կառոյցներ յառաջացնելու, ինչպէս նաեւ ներկայ կառոյցները հզօրացնելու քննարկումներ կատարուեցան, որպէսզի այս ամէնէն վատ օրերուն` լիբանանահայութիւնը առանձին չձգենք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ երբ լիբանանեան պետութիւնը օրըստօրէ յաւելեալ քայքայումի կ՛երթայ իր պետական կառոյցներով, երբ այլ երկիրներու մէջ բնական ընթացք ունեցող ժողովուրդին տարրական կարիքները կան, սակայն Լիբանանի մէջ պետութեան բացակայութեան պատճառով քաղաքացիները կը տառապին ջուրի, վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան տագնապներէն, հասնելով մինչեւ դեղորայք եւ հիւանդանոցներ, կարիքը կ՛ունենան այլ կառոյցներու, որպէսզի ընդառաջեն ժողովուրդին կարիքներուն:

«Մենք` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, պիտի ընդառաջենք ժողովուրդին կարիքներուն եւ առանց տատամսելու պիտի փութանք անոր օգնութեան, որովհետեւ դաշնակցականը իր դաստիարակութեամբ եւ անցեալի գործունէութեան վկայութեամբ կը փաստէ, թէ ժողովուրդին նեցուկ կը կանգնի: Ժողովուրդը վստահ պէտք է ըլլայ, որ մենք իր կողքին ենք եւ իր կողքին ալ պիտի մնանք: Բնական է, որ դժգոհողներ պիտի ըլլան, տեղի եւ անտեղի ակնկալութիւնները պիտի բազմանան: Ոմանք պիտի շահագործեն այս կացութիւնը, որովհետեւ կը ստեղծուին հոգեբանական իրավիճակներ, որոնց մէջ մարդոց ակնկալութիւնները կը բազմանան, առանց մտածելու, որ ի վիճակի եղող քաղաքացիներ պէտք է առիթ տան, որ օժանդակութիւնները կարիքաւորներուն հասնին: Ամէն պարագայի սակայն, Լիբանանի դիմագրաւած այս ամէնէն դժուար եւ վատ օրերուն հրամայականը կը մնայ մեր ժողովուրդը առանձին չձգել», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան նախորդ եւ ընթացիկ ժամանակաշրջանները ճգնաժամային կոչելու Շրջանային ժողովի արտայայտութեան եւ անոր յոռետեսական ըմբռնումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ լիբանանցին եւ լիբանանահայը լաւ կը յիշեն 1975-էն ի վեր երկրին ու գաղութին դիմագրաւած տարբեր փուլերն ու մեծ դժուարութիւնները:

«1975-1976 քաղաքացիական պատերազմը, 1978-ի Պուրճ Համուտի ռմբակոծումը, 80-ական թուականներու ներքին պառակտումները, բախումները, իսրայէլեան ներխուժումը, 90-ականներու ազատագրումի պատերազմը, Լիբանանեան ուժերուն եւ բանակին միջեւ կռիւները: Այնուհետեւ տնտեսական դժուարութիւնները, 2000-ի սկիզբը տոլարի սակին բարձրացումը, որուն յաջորդեց որոշ կայունութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում: Այդ թուականներուն եւս ճգնաժամի տարիներ էին, այսինքն` պատերազմը, երբ ամէն օր պողպատ եւ կրակ կը տեղար, ճգնաժամ էր, երբ վիրաւորներուն հիւանդանոց փոխադրութիւնը անկարելի էր, երբ նաւահանգիստներն ու օդակայանը փակ էին, մեր ժողովուրդը ապրած է այս վիճակը: Սակայն այսօր այլ տեսակի դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Այսօրուան իրավիճակը աւելի շատ հոգիները հարուածող դժուարութիւններ են, քան զուտ կեանքն ու կեանքի ապահովութիւնը:

Պէտք է ըսել, որ 2019-ի սկիզբը արդէն տնտեսական նախատեսութիւններ կատարուած էին, թէ դժուար օրերու դիմաց կը գտնուինք: Այդ առումով 2019-ի Նոր տարուան նախօրէին` «Ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» կարգախօսով օժանդակութեան ձեռք երկարած էինք նուազ բախտաւոր ընտանիքներու: Այնուհետեւ հասաւ «Քորոնա»-ն, որուն ընթացքին ստեղծուեցաւ ահաւոր վիճակ: Անկախ հարազատ կորսնցնելու ցաւէն եւ մտավախութենէն, առօրեայ մարդկային յարաբերութիւնները խախտեցան: Անորոշ էր մարդ էակին համար, թէ առաւօտեան կ՛արթննա՞յ եւ մինչեւ կէսօր իր առողջական վիճակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար «Քորոնա»-ի համաճարակը լուրջ ճգնաժամ էր: Անոր յաջորդեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որ ահռելի հարուած էր: Այս բոլորին կողքին կը շարունակուէին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը, դրամատուներու փակումը, աշխատանքէ արձակումները, աշխատանքներու դժուարութիւնները, մարդ անհատին ամէնէն սովորական եւ ընթացիկ կեանքը չկարենալ վարելու դժուարութիւնը: Այս բոլորին վրայ աւելցան առօրեայ տագնապները` ջուր, ելեկտրականութիւն, պենզին, դեղ, հիւանդանոց: Տակաւին պէտք է նկատի ունենալ տնտեսական-ելեւմտական իմաստով միջազգային շրջափակումը` Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ: Նաեւ մեր ապրած լիբանանեան քաղաքական անելը, այս բոլորը բաւարար են ըսելու, որ ճգնաժամի մէջ ենք: Սակայն այս բառին ժխտական իմաստ պէտք չէ տալ, այլ` նկատի ունենալ, որ անիկա իրատեսական մօտեցում է` պարզուած ներկայ կացութեան, որուն մէջ պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մոմը կրնանք վառել` մութը եւ խաւարը անիծելու փոխարէն: Ճգնաժամը եզր մըն է, որ մեզի իրապաշտ կը պահէ եւ մտածել կու տայ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որ ժողովուրդը ներկայ ահռելի կացութենէն դուրս գայ նուազագոյն վնասով, կամքի յաւելեալ պողպատացումով, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ կարենայ իր կեանքը շարունակել, թերեւս ոչ անցեալի նման, բայց գէթ մարդավայել եւ հայավայել իմաստով», հաստատեց ան:

«Անձնական եւ հաւաքական ի՞նչ միջոցներով պէտք է դիմագրաւել այս ճգնաժամը» հարցումին Յ. Բագրատունի տուաւ հետեւեալ պատասխանը.

«Նախ եւ առաջ պէտք է պահել կամքի որոշումը, հաւաքական կամքի եւ իւրաքանչիւր հայու սեփական կամքի որոշումը, որ պիտի տոկանք, պիտի դիմագրաւենք այս դժուարութիւնները: Անկախ Լիբանանէն, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան 70 տոկոսին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յանձնումը նաեւ ահռելի հոգեբանական անկում ստեղծած է հայութեան մօտ: Թերեւս տարօրինակ թուի ոչ հայերուն եւ այլ տեսակ հայերու, թէ լիբանանահայութիւնը ինչո՞ւ այսքան բարոյական ընկճուածութիւն ապրեցաւ` Արցախի պատերազմէն ետք: Այս իրականութիւնը մեզի պէտք չէ յուսահատութեան առաջնորդէ, այլ պէտք է առաջնորդէ պայքարը շարունակելու մեր կամքը պողպատացնելու եւ աւելի զօրաւոր դուրս գալու որոշումի կայացման: Երբ կ՛որոշենք դիմագրաւել, դիմադրել եւ կամքը զօրացնել` անոր հիման վրայ մեր ծրագրաւորումը կը կատարենք: Դժուարութեան մէջ են մեր դպրոցները, մնայուն կերպով այդպէս եղած է վիճակը, որովհետեւ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միւս յարանուանական ու միութենական դպրոցները հայ ժողովուրդին գուրգուրանքին արժանանալով հանդերձ, իրենց զաւակները օտար դպրոցներ ղրկող ծնողներու գուրգուրանքին չեն արժանանար, եւ մեր դպրոցները կը վերածուին հաստատութիւններու, ուր անպայման զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է` պահելու համար հայ դպրոցը: Հայ դպրոցին պահպանումը էական է, իսկ ապակողմնորոշող է այն մտայնութիւնը, որ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձերը վճարուին: Հայ դպրոցը կը պահուի իր հաստատութեամբ, իր աշակերտներով, իր ծնողներով` ազգային եւ յարանուանական իշխանութիւններու գուրգուրանքով, ապա` հայ ուսուցիչով: Ուսուցիչը հոն կը դասաւանդէ, որովհետեւ հայ դպրոց կայ. ուսուցիչը միջոց է, իսկ հայ դպրոցը պահպանելն է էականը, որովհետեւ հայ դպրոցը պահպանելով է, որ հայութիւնը կը պահպանենք: Հայ դպրոցը եթէ չպահենք, պէտք չէ խօսինք հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթի, հայկական ինքնութեան եւ հայկական քաղաքական ուժեղութեան մասին:

Հայ դպրոցները պիտի պահուին, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, հայրենակցական միութիւնները պիտի պահուին, որովհետեւ եթէ հայութիւնը կ՛ուզենք պահել` անոնցմով պիտի պահենք: Այս բոլորը պահպանելու համար կայ հաւաքական ճիգի կարիքը` Լիբանանի մէջ, բոլոր հեղինակութիւններուն գործակցութեամբ, թէ՛ յարանուանական, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ միութենական: Կայ նաեւ համահայկական ճիգի կարիքը` ի սփիւռս աշխարհի: Մեր սիրելի վեհափառ հօր` Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութիւնները երբեք կարելի չէ մտահան ընել: Ան հանդէս կու գայ երբեմն այնպիսի գաղափարներով, որոնց մասին մենք մտածած չենք ըլլար, եւ մենք հազիւ կը հասնինք իր նախաձեռնութիւններուն արձագանգելու: Լիբանանի հայութիւն կոչուած արժէքն ու հարստութիւնը պիտի պահենք` նպատակ ունենալով սփիւռքահայութեան ուժեղացումը, Արցախի եւ Հայաստանի համար, ինչքան ալ յուսախաբ ըլլանք Արցախի յանձնումով, ինչքան ալ հայրենի իշխանութիւնները խոտոր համեմատին մեր սկզբունքներուն եւ մեր երեւակայած հայրենիքին ու ապագայի ձգտումներուն: Սակայն Արցախն ալ, Հայաստանն ալ հայրենիք են, հետեւաբար եթէ մենք կ՛ուզենք Լիբանանի հայութիւն կոչուող հարստութիւնը պահել, ապա զայն պիտի պահենք համահայկական նպատակներու համար, սկսելով` լիբանանահայութեան ներկայ փուլի ճգնաժամէն լաւագոյն կերպով դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդուիլը»:

Այն հաստատումին, թէ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, Արտակարգ իրավիճակներու մարմինին` ԿԱՄՔ-ին, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, քաղաքապետութիւններուն, կոմիտէութիւններուն, բարեսիրական միութիւններուն, այլ կուսակցութիւններու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ երբեմն անհատական նախաձեռնութիւններու` ինչպէս տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ֆոնտը, այդ հաւաքական ճիգի օրական դրսեւորումները կը նկատուին. ինչպէ՞ս կարելի է արժեւորել այս աշխատանքը, եւ ի՞նչ ձեւով կը համադրուին այս բոլորը, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այս բոլորը կ՛ուզեմ նմանցնել հսկայ շղթայի մը, որուն օղակները պողպատեայ են: Դժուար է պողպատը քանդել, բայց եթէ մէկ օղակը քանդուի` ամէն ինչ փուլ կու գայ: Լիբանանի մէջ մենք ականատես ենք զօրակցութեան գաղափարի բացառիկ մէկ օրինակին, թէ՛ միութենական, թէ՛ յարանուանական, թէ՛ կուսակցական եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին բազում հայրենակիցներ` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս, ուզեցին օժանդակել պայթումէն տուժած լիբանանահայ ընտանիքներուն: Ասիկա բացառիկ երեւոյթ է. անոնք թէ՛ կ՛օժանդակեն մեր հաստատութիւններուն, եւ թէ՛ կ՛իջնեն փողոց` ծանօթ ու անծանօթ հայրենակիցներուն օգնելու: Երբ խնդիրը մարդասիրական է, պարզապէս գլխարկը վար կ՛առնենք այն բոլորին դիմաց, որոնք օժանդակեցին: Բնականաբար հիմնական մղիչ ուժը վեհափառ հայրապետն էր, որ նաւահանգիստի պայթումէն առաջ արդէն` տնտեսական տագնապի օրերուն, բազմիցս մեր միութիւններուն նիւթական օժանդակութիւն կ՛ուղարկէր պահարաններով, առանց ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարելու: Բազմիցս օժանդակութիւններ տրամադրած էր անհատներու, ընտանիքներու, հիւանդանոցային պարագաներու, դեղորայքի, սակայն երբ կարիքը մեծցաւ, վեհափառ հայրապետը իր պատասխանատուութեան եւ ճգնաժամին գիտակից հոգեւորականի իր ըմբռնողութեան մէջ առաւ նախաձեռնութիւնը, սկսելով` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի յառաջացումէն, որ գործադրուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ:

Մենք արդէն իսկ «Քորոնա»-ի շտապը կազմած էինք: Պայթումէն անմիջապէս ետք` ԿԱՄՔ-ը կազմուեցաւ, մեր միութիւնները` ԼՕԽ-ը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, այլ բարեսիրական միութիւններ իրենց ծաւալուն աշխատանքը կատարեցին: Երանի առիթը ըլլայ, եւ մեր տղաքը կարենան մանրամասն թիւերով ներկայացնել կատարուածը: Արագ ակնարկ մը կատարելով կարելի է նշել 2019-ին 2000 տուփերու օժանդակութիւնը, ապա 10.000 ուտեստեղէնի տուփ, 5000-6000 դեղորայքի եւ «Քորոնա»-ի դէմ հականեխումի օժանդակութիւն, «Քորոնա»-ի «Փի. Սի. Ար.»-ի հազարաւոր քննութիւններ, 1951 բնակարաններու նորոգութեան օժանդակութիւն, որ տրուած է երեք փուլերով: Առաջինին մարդիկ չհաւատացին, երկրորդը կատարուեցաւ, իսկ երրորդը ուշացումով աւարտեցաւ, որովհետեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը կորսնցուց երկու արժէքաւոր ներկայացուցիչներ: Սակայն երրորդ փուլին արդէն իսկ գրեթէ 480 ընտանիքներ ստացան օժանդակութիւններ, գիտնալով հանդերձ, որ անոնք բարեսիրական բազմաթիւ այլ միութիւններէ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ, քաղաքապետութիւններէն, բանակէն, բարերարներէ ահագին օժանդակութիւն ստացած են:

Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ այդ օժանդակութիւնները ինքնաբերաբար չեն ստանար մեր հայորդիները. հոս Լիբանան է, եւ բարեսիրական միութիւնները ուղղորդուած անուանացանկերով է, որ կը ներկայանան բնակարանները:

Անհատ բարերարներէն, օրինակ` Երջօ Սամուէլեանը ամսական դրութեամբ օժանդակութիւն կը կատարէ, այլ անհատներ օժանդակութիւններ կը կատարեն` նիւթական թէ ապրանք հայթայթելով: Հայկական գաղութները` Կիպրոս, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Հայաստան, Արցախ, բոլորը օժանդակեցին լիբանանահայութեան: Այս բոլորին կողքին նաեւ լիբանանահայուն նեցուկ կանգնեցան մեր սիրելի ընկեր Ալեքքօ Պէզիքեանը եւ անոր տիկինը: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ անոնք կ՛օժանդակեն: Ալեքքօ Պէզիքեանը աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կուսակցական ընկեր է, ՀՄԸՄ-ական եղբայր է` աւելի քան 50 տարիէ ի վեր, Անի Պէզիքեանը հայ ազգային կեանքին մէջ գործունէութիւն ծաւալած է: Նախապէս անոնք մէկ միլիոն տոլարի գումար բաժնեցին Լիբանանի մէջ նիւթական դժուարութեան մէջ եղող ընտանիքներուն, իսկ անոնց վերջին նախաձեռնութիւնը բժշկական օժանդակութիւնն է: Այո՛, ընկեր Ալեքքոն ՀՅ Դաշնակցութեան ծառայութեան ընտանիքին մէջ դաստիարակուած, հասակ նետած, գործած եւ յաջողութիւն կերտած անձնաւորութիւնն է, որուն այսօրուան ծառայութիւնները արդիւնքն են անոր դաստիարակութեան, որուն հիման վրայ իր ծառայութիւնները ի սպաս կը դնէ հայութեան դիմաց` առանց որեւէ խտրութեան: Անոնց վերջին նախաձեռնութիւնը` բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, կը կատարուի ԱՖՀԻԼ-ի մէջ, ԱՖՀԻԼ-ը Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող հաստատութիւն է, պատասխանատուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկեր Յակոբ Լատոյեանն է: Հետեւաբար մենք միայն ուրախ կրնանք ըլլալ, որ մեր դաշնակցական ընկերը` Դաշնակցութեան մէջ սորված ծառայողական իր առաքելութիւնը կը կատարէ դաշնակցականի իր սկզբունքներէն մեկնած` համայն հայութեան համար: Այս իրականութենէն աւելի հոգի լեցնող եւ սիրտ ամրացնող երեւոյթ չկայ:

« Տակաւին կան Արամ Ա. վեհափառին կոչին ընդառաջած այլ նուիրատուներ, որոնցմով մենք հպարտ ենք: Անոնք սոսկ ՀՅԴ-ի համակիրներ չէին, այլ` կուսակցական ընկերներ, որոնք հաւատարիմ ՀՅԴ-ի մէջ սորված ծառայողական սկզբունքներուն եւ լիբանանահայութեան գոյութեան կարեւորութեան` բացին իրենց քսակները եւ կը շարունակեն բանալ իրենց ծրագիրները, որոնց մասին քանի մը շաբաթէն կրնանք լսել: Մենք որոշած ենք, ո՛չ միայն Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէով, այլ` ՀՅԴ Բիւրոյով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեամբ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեամբ, համահայկական թէ լիբանանեան մակարդակի վրայ, որ այս ժողովուրդը առանձին պիտի չմնայ: Մենք անպայման այս ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնինք: Եթէ օրին մենք ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը պաշտպանեցինք` Լիբանանի մէջ ինքնապաշտպանութեան կռիւներով, եթէ օրին նահատակներ տուինք, այսօր` այդ ֆիզիքական գոյութիւնը, որ նահատակներու արեամբ պաշտպանուեցաւ, չենք կրնար չպաշտպանել` պարզապէս որովհետեւ նիւթականի դժուարութիւն ունինք: Մեր սիրելի ունկնդիրները, լսողները, մտածողները, Դիմատետրի վրայ գրառում կատարողները, մեր ընդդիմադիրները, իրենց մտային մակարդակին համապատասխանող հարցադրումներ արձանագրողները, երբեմն նաեւ անտեղի, շուկայական այլ հաշիւներով այսպէս ըսուած քննադատութիւն կատարողները` անհիմն ու ճղճիմ տեղեկութիւններու հիման վրայ, թող իմանան, որ ի՛նչ ալ պատահի, ինչքա՛ն ալ փորձեն սեւցնել աշխատանքը, մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ: Այս ժողովուրդին ծառայութիւնը մեր հիմնական գոյութեան իմաստն է, այլապէս` ինչպէս ուրիշ հաստատութիւններ, կը վերածուին քաղաքական կրպակներու, ընտանեկան գրասենեակներու` ընտրութենէ ընտրութիւն գործող գրասենեակներու, որոնք քիչ մը կաթ, երեխաներու պիտոյք եւ ուտեստեղէն կը բաժնեն: Մենք այդպէս չենք: Եթէ կը յիշէք, 2018-ի ընտրութիւններուն նախօրեակին, «Շաղզոյեան» կեդրոնի կից կանգառին մէջ տեղի ունեցած ընտրական միթինկին յայտարարեցի, որ եթէ նոյնիսկ մեզի պիտի չքուէարկէք, մենք պիտի շարունակենք բոլոր հայերուն օժանդակել: Մէկը միւսին հետ կապ չունի, իսկ մնացեալը մեր եւ մեր ժողովուրդին գիտակցութիւնն է: Մենք այսպէս պիտի շարունակենք: Մենք մեր ձեռքերը օդին մէջ չենք կրնար ճօճել եւ ըսել, որ չենք խառնուիր: Մարդկօրէն անկարելի է այդ մէկը մեզի համար: Մէկ ամիսէն պիտի տեսնենք Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին նոր նախաձեռնութիւնները:

Հաւատացէ՛ք, որ օրական դրութեամբ` սկսեալ ինձմէ, բոլորս կը զբաղինք ժողովուրդին դեղորայքի կարիքը ապահովելու գործով` բոլոր շրջաններուն դեղատուները այցելելով: Այնքան ինչքան մեր ընտանիքներուն համար դեղորայք կը փորձենք ապահովել, նոյնքան ալ դեղի կարիք ունեցողներուն: Այս մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնամ ըսելու համար, որ մեր այս ամէնէն դժուար օրերուն ընթացքին, երբ ճգնաժամ յայտարարած ենք, պիտի մնանք այդ ճգնաժամին մակարդակին վրայ, եւ առաւելագոյն կերպով լարելով մեր կարողութիւնները` պիտի հասնինք մեր ժողովուրդին: Այս գործին մէջ մենք առանձին չենք. մենք վեհափառ հօր կողքին ենք, սփիւռքի մեր կառոյցներուն, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ միւս յարանուանական պատասխանատուներուն կողքին ենք, սակայն մենք կարիքը ունինք աւելի բախտաւոր հայորդիներու, որոնք տակաւին արտաքին աշխարհի հետ առեւտուր ընելով ամերիկեան տոլար բերեն Լիբանան, այն հայորդիներուն, որոնք կը գտնուին սփիւռքեան տարբեր շրջաններու մէջ եւ կամ Հայաստան, ուր հասած են շնորհիւ Լիբանանի մէջ իրենց ստացած կրթութեան, համալսարաններու մէջ բարձր կրթութեան հետեւած ու բարձր վկայականներու արժանացած, որովհետեւ աւարտած են հայկական դպրոցներ: Այսօր կը հաւատամ, որ անոնք կը գիտակցին, որ պէտք է օգտակար ըլլան մեզի: Այսօր է ժամանակը, որպէսզի լիբանանահայութիւնը ամուր պահենք` վաղուան սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի ամրութեան համար»:

Բացայայտ կերպով ներկայացնելով լիբանանահայութեան կարիքները` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ գաղութը նախ եւ առաջ նիւթականի կարիք ունի` աւելցնելով, որ դպրոցները ամուր պահելու, գեղարուեստի դպրոցները, բարեսիրական միութիւնները ամուր պահելու համար դարձեալ նիւթականի կարիք կայ: «Ուտեստեղէնի, դեղորայքի եւ այլ կարիքներ ալ կան. թէեւ նաւահանգիստէն եւ օդակայանէն այդ նիւթերը ստանալը դժուարութիւններ կրնայ ստեղծել, սակայն պատահած է, որ ստանանք եւ կրցած ենք զանոնք դուրս հանել նաւահանգիստէն եւ օդակայանէն: Սակայն ամէնէն արագը նիւթականն է, որովհետեւ երբ դրամը կայ, ապա շրջակայ երկիրներէն անմիջական կերպով այդ կարիքները կարելի է ապահովել: Կարեւորը սակայն բարի կամեցողութիւնն է: Նաւահանգիստի պայթումին օրը յայտարարեցի, որ այս երկնքին տակ գտնուող ոեւէ հայու սիրտ պէտք է բաբախէ Լիբանանի համար: Աւելի ուշ եկաւ Արցախի պատերազմը, իւրաքանչիւր հայու սիրտ Արցախի համար բաբախեց եւ ապա յուսախաբութեան առաջնորդուեցաւ: Սակայն այսօր նոր հորիզոններու դիմաց ենք, եւ չենք կրնար յուսահատութեան մէջ ապրիլ: Յուսահատութիւնը մահ է, եւ վստահ եմ, որ հայը չ՛ուզեր մեռնիլ: Այլ` կ՛ուզէ ապրիլ արժանապատիւ կեանքով, բարւոք կեանքով:

Դժբախտաբար շահադիտական նպատակներէ մեկնելով երբեմն դէմ յանդիման կը գտնուինք հեռատեսիլի պաստառին վրայ հայ ծերունիի մը, որ խանութի մը առջեւ մուրացկանութիւն կ՛ընէ, կամ ալ փողոցը մնացած է: Յանկարծ երբ ստուգենք անոր մասին, կը տեսնենք, թէ այդ անհատը թէ՛ Ազգային առաջնորդարանէն, թէ՛ Երեսփոխանական գրասենեակէն, թէ՛ ընկերային ծառայութեան գրասենեակներէն օժանդակութիւն կը ստանայ: Ընտանիք ունի, ջղային տագնապներու մէջ է, ընտանիքը զինք փողոց ձգած է, մենք կ՛ուզենք զայն Ծերանոց տանիլ` ինք կը մերժէ: Բայց անմիջապէս, որ այդ պատկերները սփռուին, կը կատարուին սովորական գրառումները. ո՞ւր է ազգը, ո՞ւր է եկեղեցին, ո՞ւր են երեսփոխանները, եւ կը շարունակուի: Մեր ժողովուրդը պէտք է վստահ ըլլայ, որ օժանդակութիւնները կան, պիտի գան, եւ անոնք առանձին չեն», շեշտեց ան:

Պատասխանելով այն հարցադրումին, որ յաճախ կը կրկնուի «Լիբանանահայութիւնը դէպի ո՞ւր» եզրերով, Յ. Բագրատունի ընդգծեց. «Մենք տոկացող տեսակն ենք: Վարդագոյն օրեր չեն սպասեր մեզի: Պիտի անցընենք դժուար օրեր, բայց յոյս պիտի ունենանք, որ Լիբանանը պիտի կարենայ ոտքի կանգնիլ: Առաջին անգամ չէ, որ Լիբանանը կը քանդուի, եւ լիբանանցիները յուսահատութեան անդունդին մէջ կը գտնուին: Առաջին անգամը չէ, որ լիբանանահայութիւնը դժուարութիւններ ու տագնապներ կը դիմագրաւէ, սակայն լիբանանահայութեան պարագային միշտ պէտք է յիշենք, որ լիբանանահայ կառոյցները, պատասխանատուները եւ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութիւնները անցեալին եւ այսօր միշտ ըսած են, որ ժողովուրդին կողքին են եւ եղած են անոնց կողքին: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձանք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին. օրին ՔՈՄԱՐԵՍ-ը կազմուեցաւ, որ վերանորոգեց բոլոր այն տուները, որոնք ռմբակոծումներէ վնասուած էին: Մոռցուեցաւ այդ մէկը, նոր սերունդը չի գիտեր այդ մասին, բայց պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին: Ազգային խորհուրդը, որ հոյակապ եւ սքանչելի գործ ըրաւ, որ մինչեւ օրս անոր ժառանգութիւնը կը մնայ` Ազգային խորհուրդի շէնքեր, որոնք հազարական լ. ոսկի հանգանակումով կառուցուեցան եւ տրուեցան հայորդիներուն, իսկ կառուցուեցան բարերարներուն հազար անգամ հազարի գումարներով, եւ այդ շրջանները կարելի եղաւ հայահոծ պահել:

Երբեմն մեր յիշողութիւնը կը տկարանայ, եւ երբեմն մենք յանցաւոր ենք, որ այս բոլորին մասին չենք ուզեր խօսիլ` ըսելով, որ «ամօթ է, ժողովուրդը գիտէ արդէն», սակայն ի յայտ կու գայ փաստօրէն, որ լիբանանահայութիւնը չի գիտեր այս մասին: Բայց «Լիբանանահայութիւնը դէպի ո՞ւր» հարցումին մասին տարբեր կարծիքներ կան. ամէն բան վաճառել Հայաստան կամ Միացեալ Նահանգներ երթալու մասին: Սակայն իւրաքանչիւր հայ անհատ պէտք է գիտնայ, որ ոեւէ պատասխանատու մարդ` դաշնակցական ըլլայ կամ ոչ, չի կրնար նման արտայայտութիւն ունենալ: Աւելի՛ն. ազգային եւ քաղաքական գործին մէջ մեծագոյն սխալը խուճապի մէջ հապճեպ որոշում տալն է: Խուճապի մէջ խուճապային որոշումները յաւելեալ խուճապի կ՛առաջնորդեն, իսկ խուճապին մէջ հանդարտ մտածողութիւնը կը քննադատուի: Հոգեբանական վիճակ է, երբեմն մարդիկ խումբ մը ցուցարարներու կը հետեւին, սակայն ցոյցը աւարտելէ ետք անոնք չեն գիտնար, թէ ինչո՞ւ համար մասնակցած են այդ ցոյցին: Այսօր ո՞վ կը յիշէ 17 հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումը, եւ ո՛չ ալ պիտի իմանայ, թէ ինչերէ՛ անցանք: Ինծի համար կայ մէկ յստակ բան, որուն համար նախապէս քննադատութիւն ստացայ, սակայն դարձեալ պիտի ըսեմ, որովհետեւ համոզումով կ՛ըսեմ. եթէ մեր հայորդիները այս երկիրը անպայման պիտի ձգեն եւ արտագաղթեն, ինծի համար կայ մէկ հասցէ` Հայաստանն է: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին երբ այս յայտարարութիւնը կատարեցի, շահագործուեցաւ եւ տրուեցաւ հետեւեալ հարցումը. «Ինչո՛ւ ինքը կ՛որոշէ, թէ մենք ո՛ւր պիտի երթանք»: Այդպէս չէ. մենք չենք որոշեր, սակայն եթէ կարծիք հարցնելու ըլլաք, մենք կ՛ըսենք` եթէ պիտի երթաք, ապա միակ հասցէն, որ մեզի համար գոյութիւն ունի, Հայաստանն է, մնացեալը` իւրաքանչիւր անհատ ինք աւելի լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ:

Սակայն նաեւ կը խնդրենք, որ Լիբանանէն արտագաղթող իւրաքանչիւր անհատ չսեւցնէ Լիբանանի պատկերը, այնպէս ինչպէս պատահած էր 1975-ի պատերազմին, երբ ՀՅԴ-ն եղաւ միակ կուսակցութիւնը, որ արտագաղթող իւրաքանչիւր լիբանանահայ նկատեց պատերազմի ընթացքին իր խրամատը լքող զինուոր, դասալիք:

Իբրեւ հակազդեցութիւն այս որոշումին, արտագաղթող լիբանանահայերը չէին փափաքեր օժանդակել Լիբանանին եւ կը սեւցնէին Լիբանանը: Մեր խնդրանքն է, որ եթէ պիտի երթաք` գացէք Հայաստան, եթէ Հայաստան պիտի չերթաք` ուր որ ուզէք ազատ էք երթալու, բայց մի՛ սեւցնէք Լիբանանը: Մի՛ մոռնաք, որ տակաւին Լիբանանի մէջ կը մնան ձեր մայրերուն, հայրերուն եւ մեծ հայրերուն աճիւնները: Չպատահի, որ այդ դամբարանները վաճառելու համար օր մը Լիբանան վերադառնաք, կեանքը միայն նիւթապաշտութիւն եւ նիւթական չէ, կեանքը` հաւաքական գոյութիւն է, պատմութիւն է, ժառանգութիւն է եւ կտակ: Մենք չենք կրնար խօսիլ ամէն բան քանդելու մասին, որովհետեւ իբրեւ անհատ յուսալքուած եմ եւ հաւատք չունիմ: Հարցերը իրատեսութեամբ պէտք է դիտել: Դժուարութեան մէջ ենք, պիտի օգնենք առաւելագոյն չափով: Ո՛վ որ կ՛ուզէ այս գործին մէջ օգնել մեզի` բարի եկած է, իսկ ով որ չ՛ուզեր` ոչինչ կը պարտադրուի անոր, ազատ է, սակայն իր ազատութեան մէջ գինիին ջուր թող չխառնէ, եւ աշխատողին գործին դիմաց թումբ թող չկանգնեցնէ»:

Լիբանանահայութեան համահայկական արժէքին կողքին իբրեւ լիբանանեան գաղութ երկիրը հարստացնող արժէք մը ըլլալուն մասին երեսփոխան Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կան բազմաթիւ հրատարակութիւններ` լիբանանահայութեան արժէքին մասին, որոնք բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններու վկայութիւններն են: «Նախագահներ, վարչապետներ, խորհրդարանի նախագահներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, կրօնական դէմքեր, քաղաքական դէմքեր սքանչելի արտայայտութիւններ ունեցած են լիբանանահայութեան մասին: Տարիներէ ի վեր առիթ կ՛ունենամ դիւանագիտական շրջանակներու հետ յարաբերելու, ոչ մէկ դեսպանի կողմէ լսած եմ արտայայտութիւն մը, որ լիբանանահայութիւնը կ՛արժեզրկէ կամ գաղութին հասցէին ժխտական է: Ընդհակառակն` անոնք անհրաժեշտ կը գտնեն Լիբանանի մէջ հայութեան գոյութիւնը: Ոմանք արտայայտուած են ըսելով, որ երանի ամէն գաղթականութիւն հայկական գաղթականութեան նման ըլլար, որ Լիբանանը հարստացնէր ու կառուցէր:

Տակաւին օր մը առաջ էր, երբ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը ընդունած էր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան բացառիկ արտայայտութիւններ ունեցած է լիբանանահայութեան մասին, հակառակ անոր որ ան իր արտայայտութիւններուն մէջ շատ բծախնդիր է ու չափաւոր: Քաղաքական մեր դիրքորոշումները իսկապէս կ՛արժեւորուին: Մարդիկ կրնան դժգոհիլ, թէ ինչո՞ւ այսինչ կուսակցութեան կամ հոսանքին հետ դաշնակից ենք, կ՛առաջարկեն այլոց հետ դաշինքներ ունենալ, կը քննադատեն եւ կը խօսին, սակայն ի վերջոյ այս բոլորը քաղաքական հաշիւներ են, եւ հիմնականին մէջ Լիբանանի մէջ իբրեւ երկիրը բաղկացնող հիմնական եօթը համայնքներէն մէկը ըլլալու հայ համայնքի իրականութիւնը անշրջանցելի է: Այսինքն` Տոհայի խորհրդաժողովին ընթացքին Քաթարի իշխանէն մինչեւ բարձրաստիճան ղեկավարներ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար մեր համայնքին հարցերով կը զբաղին, մեր սեւ աչքերուն համար չէ եւ ո՛չ ալ անոր համար, որ մենք Թուրքիոյ հետ հարցեր ունինք: Անոնք քաջ գիտեն, որ մեր համայնքը հաւասարակշռութիւնը պահող կշիռին մէջ մեծ արժէք ունի: Մենք պարտաւոր ենք ասիկա իրականացնել եւ արժեւորել: Այդ պատճառով ալ հայ համայնքի հաւաքականութենէն եւ հաւաքական շահերէն դուրս մնացեալը չ՛օգներ համայնքի արժէքի ամրացման, այլ դժբախտաբար կը նպաստէ անոր տկարացման», շեշտեց ան:

« Տասնամեակներէ ի վեր երկիրը այսօր հսկայական տագնապներ կ՛ապրի եւ Լիբանանի մատնուած այսօրուան անելէն դուրս գալու կարելիութիւնները` ներքին թէ արտաքին, ինչո՞ւ գոյութիւն չունին» հարցումին պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Լիբանանի պատմութիւնը` գէթ 1943-էն սկսեալ, ցոյց կու տայ, որ Լիբանանի քաղաքական հարցերը լիբանանեան հարցեր ըլլալով հանդերձ միշտ ալ ունեցած են արտաքին միջամտութիւններ: Կարելի չէ օրինակ յիշել, որ Լիբանանի մէջ կայ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ընտրուած է պարզապէս լիբանանեան քաղաքական կողմերու համաձայնութեամբ: Եթէ անցեալին Ֆրանսան կ՛որոշէր, այնուհետեւ Անգլիա եւ Ֆրանսա, Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն, միջամտութիւնները միշտ ալ եղած են: Միջպետական յարաբերութիւններու մէջ միջամտութիւնները սովորական գործիքակազմ կը նկատուին: Այս երկրին պարագային հարցը այն է, որ լիբանանցին տրամադիր է տեւաբար միջամտութիւններ հրաւիրելու, երբեմն բարեսիրական եւ մարդասիրական առումով, երբեմն` բարի կամեցողութեան, բայց միշտ ալ մեկնելով այն իրականութենէն, որ իր փրկութիւնը դուրսէն պէտք է գայ, ինչպէս նաեւ կը փորձէ արտաքին նեցուկով իր ներքին քաղաքական շահերը ապահովել: Ներկայ փուլին մասին միամտութիւն է հաւատալ այն իրականութեան, որ կառավարութիւնը չկազմուեցաւ, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը ուզեց քրիստոնեայ նախարարները նշանակել: Այս մէկը իր արժէքը ունի, սակայն այլ հարցերու շարքին շատ երկրորդական է: Հիմնական խնդիրները այլ են. օրինակ` Միացեալ Նահանգներ-Իրան հիւլէականի բանակցութիւնները դրական արդիւնքներ չունին` հակառակ այս իմաստով յայտարարուածին, բռնագրաւուած Պաղեստինի հետ ծովային սահմանագծումի հարց, Սուրիոյ շրջափակում, Եմէն, Պահրէյն, Իրաք, Սուրիա, Կազա եւ Պաղեստինեան հարց: Լիբանանեան խաղաքարտը միշտ ալ գործածուած է աշխարհին կողմէ, հակառակ անոր որ Լիբանան միշտ ալ աշխարհին համար առաջնահերթ հարց մը չէ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը պատահեցաւ, եւ Լիբանան հասան մարդասիրական օժանդակութիւններ, կառավարութիւնը հրաժարեցաւ եւ մենք մնացինք քայլ մը ետեւ, որովհետեւ ինը ամսուան ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի չկրցաւ կառավարութիւն կազմել: Պատճառը այն չէր, որ կարելի չեղաւ անկախ, մասնագէտ եւ ոչ կուսակցականներով կառավարութիւն մը կազմել, որովհետեւ Հըզպալլան ներկայացնող նախարարի մը գոյութիւնը մերժելի էր: Հիմնական խնդիրը այն էր, որ վարչապետ Հարիրի սէուտական հովանաւորութիւն չունէր, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին պնդումը, որ գէթ քրիստոնեայ նախարարներուն պարագային պէտք է ան կարծիք ունենայ:

Կառավարութեան մէջ հայ թեկնածուի պարագային բազմիցս յայտարարած ենք տեղական մամուլէն եւ լրատուամիջոցներէն, թէ այն պահուն, երբ կառավարութեան լուրջ անուանացանկ մը կազմուի, վարչապետ Հարիրի պարտաւոր էր մեզի հարցնել: Այնքան ատեն որ լրջօրէն մեզի չդիմուեցաւ` հայ նախարարի անուան իմաստով, մենք անուն տալու պարտաւորութեան մէջ չէինք: Կառավարութեան վերջին ցանկին մէջ փաստօրէն հայ նախարարը պատուական անձնաւորութիւն մըն է մեզի համար, բայց նախքան հարցին լրջանալը անուն առաջադրելու վիճակին մէջ չենք ըլլար: Այսօր լուրջ կացութեան դիմաց կը գտնուինք: Երկուշաբթի օր վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրուած ենք: Մինչեւ օրս համապատասխան անուան մը շուրջ ընդհանրապէս քննարկումներ չկան: Մենք ճիշդ էինք, երբ ինը ամիս առաջ հանրապետութեան նախագահին հետ կապի մէջ մտանք եւ ըսինք, որ եթէ Սաատ Հարիրիի շուրջ համաձայնութիւնը մեծ չէ եւ չէ խօսուած գալիք կառավարութեան կազմին մասին, արդեօք պէտք չէ՞ պարտադիր խորհրդակցութիւնները քիչ մը յետաձգել, որպէսզի նուազ տագնապներէ անցնինք: Մեր խնդրանքին իբրեւ ընդառաջում, խորհրդակցութիւնները մէկ շաբաթով յետաձգուեցան: Օրին այս առաջարկը շահագործուեցաւ, չկրցան ըմբռնել, որ այս քայլը Հայկական երեսփոխանական պլոքին նախաձեռնութիւնն է, չկրցան հասկնալ, որ վարչապետի նշանակումը անբաւարար է, եւ երկիրը կ՛ունենայ երկու վարչապետ, մէկը, որ ընթացիկ աշխատանքները պիտի կատարէ եւ միւսը, որ պիտի նշանակուի եւ պիտի չկարենայ կառավարութիւն կազմել: Մենք այս բոլորը նախատեսած էինք, գիտէինք դժուարութիւնները: Այսօր ալ, եթէ մեծ տարողութեամբ ու համեմատութեամբ համաձայնութիւն չգոյանայ` վարչապետի անուան շուրջ, եւ չըլլան երաշխաւորութիւններ, որ այդ վարչապետը պիտի կարենայ կառավարութիւնը կազմել տրամաբանական ժամանակամիջոցի մը մէջ, եւ այդ կառավարութիւնը պիտի կարենայ բարեկարգումներ կատարել, ապա կրնանք նոյն վիճակին մատնուիլ: Այն խօսքերը, թէ նոր կազմուելիք կառավարութեան պարտականութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպել պիտի ըլլայ, սխալ է, որովհետեւ ընտրութիւնները միակ փրկութիւնը չեն: Ընտրութիւնները անհրաժեշտ են եւ պէտք է կայանան յառաջիկայ մայիսին, ապրիլին կամ յունիսին: Բայց կարելի չէ կառավարութիւն մը կազմել եւ մոռնալ, թէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը ինչո՛ւ հրաժարած էր, մոռնալով, որ 17 հոկտեմբեր եղած էր, թէ ժողովրդային ցասում կայ եւ թէ բարեկարգումներու կարիք ունինք ընդհանրապէս:

Հարցում մը. երկիրը հոս հասաւ, որովհետեւ կառավարութիւն չկա՞յ: Ի՞նչը կ՛արգիլէր, որ մենք 40 տարի ելեկտրականութիւն ունենայինք: Ո՞ր այլ պետութիւնը արտասահմանէն պիտի միջամտէր, որ ելեկտրականութիւն չունենայիր, կամ ո՞վ պիտի արգիլէր, որ աղբերը հաւաքէիր, ո՞վ պիտի արգիլէր, որ ճամբաներուն փոսերը նորոգուէին, ո՞վ պիտի արգիլէր, որ կոյուղիները բնական կերպով կառուցուին ու գործածուին: Լիբանանցի ղեկավարները, քաղաքական դէմքերը զանազան հաշիւներով կատարեցին այդ բոլորը: Ասիկա արտաքին միջամտութիւններու հետեւանքով չէ արձանագրուած, այլ լիբանանցի ղեկավարներուն անկարութեան եւ ապաշնորհ վիճակին պատճառով էր: Ի միջի այլոց նաեւ պատիւով կրնանք ըսել, որ փաստօրէն մենք` իբրեւ քաղաքական դերակատարներ, մեր չափով մաս չունէինք այս բոլորին մէջ:

Այսօր Ժտէյտիի աղբանոցը հետզհետէ կը բարձրանայ, սակայն այդ մասին ոչ ոք ոչինչ կը խօսի, մինչդեռ Պուրճ Համուտի աղբանոցը փակուած է եւ լեռը վերացած, սակայն տակաւին այդ մասին կը շարունակեն չարախօսութիւնները: Մեզի կ՛ըսեն` դուք ալ այդ համակարգին մաս կը կազմէք: Ո՞ր համակարգին: Եթէ կարկանդակ էր` մենք մեր իրաւունքները մեր եղունգներով կրցած ենք պաշտպանել, ոչ ոք մեզի բան տուած է:

Այսօր Լիբանան լուրջ դժուարութեան մէջ է, եւ քաղաքական լաւատեսութեամբ կարելի չէ խօսիլ: Սակայն քաղաքական կեանքը պիտի շարունակուի: Կարգ մը դեսպանատուներ այս փուլին աւելի դրական տրամադրուած են եւ իրականութիւնները տեսնելով կը փորձեն նոր լուծումներու առիթ տալ: Նախորդ շրջանին արեւմտեան կարգ մը երկիրներու դեսպաններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին անոնք կ՛ըսէին, որ վարչապետ Հարիրիի մնալը պարտադրանք չէ, այսօր անոնք իրենց բառամթերքը փոխած են եւ կ՛ըսեն, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը: Կը յուսանք, որ այս իմաստով կարելի է որոշ դրականութեամբ մօտենալ: Սակայն քաղաքական անելէն անդին կը մնայ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային անելը: Դժբախտաբար պետական կառոյցներու բացակայութեան իւրաքանչիւր համայնք կը փորձէ իր կարողութիւններով գոյատեւել, ինչն է կացութիւնը լիբանանահայ համայնքին, բոլորս եւ հայկական բոլոր կառոյցները իրերօգնութեան սկզբունքով յառաջ պիտի երթան: Մենք չենք կրնար լիբանանահայութեան ճակատագիրը կապել երկրի ապաշնորհ քաղաքական դէմքերու սխալներուն: Մենք կը կատարենք այն, ինչ որ կարող ենք ընել»:

Ապահովական առումով Լիբանան մեծ ցնցումներու դիմաց չի գտնուիր, յատկապէս 75-ական թուականներու եղբայրական պատերազմներուն առումով: Սակայն փոքր ցնցումներու նախանշանները կան: Մէկ մասը իսկական ժողովրդային ցասումն է, իսկ միւս մասը` ցասումի եւ ժողովրդային տագնապներու շահագործման համար քաղաքական շահերու ապահովումն է:

Քանի մը օր առաջ Պապ Թըպպանէի մէջ պատահածը այս օրինակներէն մէկն է, եւ տեսանք ինչպէս բանակը միջամտեց եւ առաջքը առաւ:

Յստակ է բոլորիս համար, որ երբ ճամբաներու փակումն ու բողոքի ցոյցերը իրենց չափէն դուրս ելլեն` ապահովական ուժերը անմիջապէս կը միջամտեն, իսկ իւրաքանչիւր համայնքի եւ քաղաքական ուժի ենթակայ շրջանները ընկերային եւ կենցաղային իմաստով ինքնաբաւարարող կեանք մը ապահովելու մասին կարելի է մտածել: Այս մէկը օգտակար է, որ ժողովուրդը աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ կարենայ ապրիլ:

Պատերազմ, իսրայէլեան ներխուժում եւ այլն` այս փուլին իրատեսական նախանշաններ չունին:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարին ներքին եւ արտաքին ուժերու կողմէ շահագործուելու մասին հարցումին Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Գրեթէ մէկ տարի եղաւ նաւահանգիստի պայթումին: 4 օգոստոսէն մեզի քանի մը օր կը բաժնէ միայն: Լիբանանեան պետութիւնը եւ դատական իշխանութիւնները յանցաւոր են, որ տակաւին չկրցան որեւէ ձեւով յանցագործները գտնել եւ պատժել: Հասկնալի է, որ դատական իշխանութիւնները դանդաղ են: Այս իրականութեան զուգահեռ, յառաջ եկած է կարգ մը նախարարներ եւ երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը: Նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը հետապնդող նախկին դատաւոր Ֆատի Սաուուան այս պահանջը օրինական միջոցներով չէր կրցած ներկայացնել: Ես` իբրեւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, տեղեակ եմ, եւ որոշուեցաւ ու յղուեցաւ նամակ մը` անկէ խնդրելու համար, որ ներկայացնէ իր ամբաստանութեան հիմքերը այնպիսի մարդոց դէմ, որոնց նոյնիսկ հարցապնդումի չէ ենթարկած ինք: Պատասխանը մերժում էր: Նշանակուեցաւ նոր դատաւորը` Թարեք Պիթար, որ նոյն ընթացքին մէջ էր: Անոր հաստատուեցաւ, որ խորհրդարանի դիւանը ոչ մէկ հարց ունի, երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու ամբողջական պատրաստակամութիւն ունի, սակայն հաճեցէ՛ք նուազագոյն փաստը տալ, որ անոնք յանցագործ են: Հոս նոյնպէս պէտք է ըսել, որ ամբաստանութիւնները կատարուած են առանց զանոնք հարցաքննելու:

Դատաւոր Պիթար դարձեալ մերժեց եւ նախքան պաշտօնապէս այդ մերժումը դիւանին ուղարկելը` Դիմատետրով հրապարակած էր:

Երկրին մէջ բոլոր օրինազանցութիւններուն շարքին օրէնքի այս խախտումին աչք խփելու մասին քարոզող կողմերը պէտք է իմանան, որ պատերազմի օրերուն հազարաւոր մարդիկ սպաննուեցան, գողութիւններ եւ այլ ոճիրներ եղան, սակայն դատական իշխանութիւնները շարունակեցին գործել: Պետական կառոյցները, սկսեալ` խորհրդարանէն, մնացին: Խորհրդարանը միակ կառոյցն էր, որ շարունակեց գործել, հակառակ անոր որ իր անդամներուն մէկ երրորդը կորսնցուցած էր երեսփոխաններուն մահուան պատճառով:

Այսօր կարելի չէ պետական այս հաստատութիւնները քարուքանդ ընել` օրինականութիւնը եւ իրաւականութիւնը քանդել երկրին մէջ` տալով արագ որոշումներ, որոնք ժողովրդահաճոյ են:

Ես առաջիններէն էի, որ նաւահանգիստ գացի, Մար Մխայէլ եւ Էշրեֆիէ այցելեցի եւ տեսայ պայթումին ահաւորութիւնը, եւ զարմացայ, որ մինչ այդ պետական հաստատութիւններ չեն եկած եւ չեն ստուգած, թէ ի՛նչ պատահած է, եւ այդ մասին բարձրաձայնեցինք:

Իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք ոչ մէկ վարանում ունինք անձեռնմխելիութենէ զրկելու իմաստով: Փաստօրէն անձեռնմխելիութիւնը անիմաստ է: Ինչո՞ւ երեսփոխան մը անձեռնմխելիութիւն պէտք է ունենայ, անիկա խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջաններուն ընթացքին տրուած է, որպէսզի երեսփոխանը իր քաղաքական կեցուածքներուն համար չձերբակալուի: Իսկ ոճրային հարցերու պարագային, սահմանադրութիւնը կը ճշդէ, թէ անիկա ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ:

Հոս պէտք է օրինականութիւնը յարգել` դիմել խորհրդարան, պատճառները քննել եւ անմիջապէս անձեռնմխելիութենէ զրկել խնդրոյ առարկայ երեսփոխանը:

Պատահած են նման պարագաներ, օրինակ` Եհիա Շամասի պարագան, որ թմրեցուցիչի առեւտուրով զբաղած էր եւ եօթը տարի բանտարկուեցաւ:

Բայց որովհետեւ երկիրը երկփեղկուած է, եւ պետական հաստատութիւնները օրին իրենց գործունէութիւնը չեն կատարած, որովհետեւ ամէն մարդ կը փափաքի նման հսկայական ոճիր մը եւ մարդկային ողբերգութիւն մը շահագործել քաղաքական հաշիւներով: Անհրաժեշտ է այս հարցին լրջութեամբ մօտենալ եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դատական գործընթացը իրականացնել: Եթէ ոճրային պատճառներ գտնուին, կը փոխանցուի պետական համապատասխան դատարան, եթէ պաշտօնի թողլքում է եւ անյստակ վերաբերում է` խորհրդարանը իր բարձրագոյն դատական ատեանով, որուն անդամ եմ նաեւ ես եւ ութը դատաւորներ` կը ստանձնեն այդ քննութիւնները:

Դատական գործընթացը սակայն պիտի կատարուի, արդարութիւնը պիտի հաստատուի:

Եզրափակելով հարցազրոյցը` Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց բոլորին հաւատալու լիբանանահայութեան ուժին: «Հաւատացէ՛ք, որ մենք փիւնիկի նման կը վերընձիւղուինք: Դժուար պայմաններու մէջ ամէնէն դիւրինը յուսահատիլն է: Մթութեան մէջ ամէնէն դիւրինը աչքերը փակելն ու քնանալն է: Մեր ժողովուրդը այդպէս չէ, այլ` կամքի, վճռակամութեան եւ հերոսութեան ժողովուրդ է: Հետեւաբար այս դժուարութիւնը, այս տագնապն ալ պիտի անցընենք, եւ վստահ եղէ՛ք, որ մենք ձեր կողքին պիտի մնանք: Վստահ եղէ՛ք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, իւրաքանչիւրին խնդիրը մեր խնդիրն է: Մենք դղեակներու մէջ չենք ապրիր, ձեզի նման մենք ալ վառելանիւթի տագնապ կ՛ունենանք: Մենք ալ հիւանդութիւններ կ՛ունենանք, դեղորայքի կարիք կ՛ունենանք: Մեր բնակարաններուն ելեկտրականութիւնն ալ կ՛անջատուի, բայց հիմնականին մէջ մենք կ՛ապրինք ձեզի հետ եւ պիտի մնանք ձեզի հետ` մինչեւ որ կարենանք այս բոլոր դժուարութիւններուն մէջ վերականգնել ամբողջ լիբանանահայութեան կեանքն ու կամքը: Այո՛, ճգնաժամի փուլ է: Բոլորս միասնաբար հրաւիրուած ենք այս ճգնաժամին դէմ յանդիման լաւագոյն լուծումները գտնելու»:

www.aztagdaily.com