կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-05-08 14:06
Հասարակություն

Մեր սպասումն է, որ Արցախի ու մեր ազգի գերագույն շահերը քաղաքական նկրտումներից վեր դասեք. Արամ Ա-ն` Նիկոլ Փաշինյանին

Մեր սպասումն է, որ Արցախի ու մեր ազգի գերագույն շահերը քաղաքական նկրտումներից վեր դասեք. Արամ Ա-ն` Նիկոլ Փաշինյանին

Մեծայարգ
Տիար Նիկոլ Փաշինեան
Նորընտիր Վարչապետ
Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան

 

Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան։

Արդարեւ, դուք այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնը կը ստանձնէք Հայաստանի պատմութեան ներկայ ճշդորոշիչ հանգրուանին։ Մենք մօտէն հետեւեցանք Ձեր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումին եւ հայրենիքէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու Ձեր խոստումին։ Գնահատեցինք Ձեզ, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու պահեցիք բռնարարքներէ ու արիւնահոսութենէ, եւ սիրոյ ու համախոհութեան ոգին դարձուցիք մղիչ ուժը ժողովրդային շարժումին։

Սիրելի՛ Պրն. Վարչապետ,

Ժողովուրդի թեկնածու ըլլալը մեծ պատիւ է ու միաժամանակ՝ ծանր պարտաւորութիւն։ Մեր սպասումն է, որ Ձեր կատարած խոստումները, բարոյական արժէքներու ու մարդկային իրաւունքներու ամուր պահպանումով յանձնառութեան ու կեանքի վերածէք։ Մեր սպասումն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդին, Արցախի ու մեր ազգին գերագոյն շահերն ու ձգտումները քաղաքական նկատառումներէ վեր նկատէք, եւ մէկ հայրենիքի ու ազգի անխախտ ու անխախտելի սկզբունքը՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ ու որակ տալով, Ձեր կեանքին ու գործին մղիչ ուժը դարձնէք։

Հայրենիքին ծառայելը սոսկ քաղաքական գործունէութիւն չէ, այլ էապէս առաքելութիւն, ազգաշինութեան ու հայրենակերտումի առաքելութիւն։ Դուք այս վեհ ու նուիրական առաքելութեան է որ կը պատրաստուիք լծուիլ։

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը։ Պիտի մնանք զօրակից Ձեզի ու Ձեր գլխաւորած կառավարութեան, եւ միշտ ու գործնապէս մասնակից՝ հայրենաշինութեան առաքելութեան։

Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ զօրեղ պահէ Ձեզ, որպէսզի կարենաք յաջողութամբ իրագործել Ձեր հայրենանուէր ծրագիրները։

Հայրական սիրով,
Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ