կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-18 09:11
Սփյուռք

Շնորհաւորական, Սակայն Ոչ Ուրախառիթ Նամակ Մը

Շնորհաւորական, Սակայն Ոչ Ուրախառիթ Նամակ Մը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազրպէյճանի անկախութեան տօնին առիթով այդ երկրին նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած է աւանդական շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ «Միացեալ Նահանգներ ուժեղ կերպով կը զօրակցին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան», եւ անմիջապէս կ՛աւելցնէ. «Միացեալ Նահանգներ եւ Ազրպէյճան մօտ 30 տարի գործակցած են` ամրապնդելու համար միջազգային անվտանգութիւնը եւ բազմազան դարձնելու եւրոպական ուժանիւթի ուղիներն ու աղբիւրները»: Նշում մը, որ կու գայ յստակ դարձնելու, թէ Ազրպէյճանի «գերիշխանութեան եւ անկախութեան» նկատմամբ ամերիկեան այդ զօրակցութիւնը անոր սահմանակից Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին առերեւոյթ շնորհաւորական ու փրոթոքոլային նամակը կը պարունակէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն համար անախորժ երկու երեւոյթներ. ուշագրաւ է, որ Սպիտակ տան ղեկավարը իր երկրի այդ «ուժեղ զօրակցութեան» ցանկէն դուրս ձգած է Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւն»-ը. զեղչում մը, որ չի կրնար չմտահոգել ազրպէյճանական կողմը: Ազրպէյճանի նկատմամբ զօրակցական յայտարարութիւնները ընդհանրապէս կը ներառեն նաեւ հողային ամբողջականութեան զօրակցութեան ակնարկը. այստեղ, սակայն, կատարուած է շեղում մը` մեկնելով այն գիտակցութենէն, որ այդ յայտարարութիւնը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած, որովհետեւ զայն կատարողը նախագահն է ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի մը, որ, ինչպէս Թրամփ կը նշէ, իբրեւ այդպիսին կը շարունակէ «զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն եւ խաղաղ լուծում գտնելու բանակցութիւններուն»:

Սպիտակ տան ղեկավարին նամակը նաեւ կը բովանդակէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու հասցէին դիւանագիտական ոճով քննադատութիւն մը: Ան տողատակի ակնարկելով ալիեւեան տոհմի բռնատիրութեան` կ՛ընդգծէ. «Կը քաջալերեմ բոլոր քայլերը, որոնք ժողովրդավարական կառավարում կը ջատագովեն եւ կը պաշտպանեն իրաւունքներն ու ազատութիւնները, զորս խոստացած ենք պաշտպանել»:

Թրամփ այդպիսով տողատակի կը քննադատէ «իրաւունքներն ու ազատութիւնները պաշտպանել խոստացած», սակայն իր այդ խոստումը չյարգող Ալիեւը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի «ժողովրդավարական կառավարում ջատագովող» ընդդիմութեան ու կը քաջալերէ անոր քայլերը:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին նամակը սովորական փրոթոքոլային շնորհաւորանքէ մը աւելին է եւ զայն ստացողին համար` ոչ ուրախառիթ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com