կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-23 13:04
Առանց Կատեգորիա

Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ

Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ

Իւրաքանչիւր օր, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանար, Լիբանանն ու լիբանանցի քաղաքացին իրենց հացէն ու արիւնէն կը վճարէին բարձր եւ անհատուցանելի գին:

Մէկ ամիս տեւեց կառավարութեան կազմութեան քաշքշուքը:

Ժողովրդային շարժումի արդար պահանջներն ու անկեղծ ցաւի եւ ցասումի արտայայտութիւնները անտեսող քաղաքական վերնախաւը ժամանակի կը կարօտէր այլեւս ետդարձի ճամբայ չունի եւ կը մերժէ անցեալի փորձառութենէն բխող խոստումներ, մօրուք համբուրող քաղաքական ճամարտակութիւններ, անիմաստ, անհատական եւ նեղ շահադիտական գզվռտուքներ, ու հասած է ժամը (վաղուց արդէն) լսելու ժողովուրդը, անսալու անոր պահանջներուն եւ դուրս գալու քաղաքական դասական վերաբերումէն:

Նոյն ձեւով երկար ժամանակ վատնուեցաւ այս անգամ տնտեսաելեւմտական ու քաղաքական վերնախաւին կողմէ գիտակցելու, որ ժողովուրդը այլեւս չի կրնար հանդուրժել իր օրապահիկը շահագործող, պետութեան գանձը իւրացնող, մինչեւ գլուխ փտածութիւն բուրող, միայն խոստումներ տուող եւ ինքզինք արդարացնող ու այլոց ամբաստանող մէկ ձեռքի մատներու սակաւապետութիւնն ու անոր ծանր թաթը:

Շրջանային թէ միջազգային տագնապներ, օտար ուժերու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, գաղտնի սպասարկութիւններու գործունէութիւնը, դաւադրութեանց սարքումը տեսանելի եւ շօշափելի ըլլալը բաւարար պատրուակներ չեն ականջ խփելու ժողովրդային պոռթկումին դիմաց կամ չտեսնելու, թէ կայ անօթութիւն, թշուառութիւն, շահագործում:

Եւ երբ կան ընկերային-կենցաղային տագնապներ, ապա հրապարակը բաց կ՛ըլլայ ու լայն բոլոր տեսակի միջամտութիւններու:

Աստիճանաբար սաստկացող բռնարարքները, խուլիկանութիւնն ու աւազակութիւնը, քանդումի փորձերը ժողովրդային շարժումը շեղեցին իր սկզբնական շրջանի անմեղութենէն եւ արդարացիութենէն ու երկիրը դրին վտանգաւոր, քանդուելու պատրաստ, պատերազմը վերյիշեցնող փուլին դիմաց:

Անհրաժեշտ էր արագ, անմիջական, թէկուզ ոչ բոլորը գոհացնող լուծում:

Ու այդ ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին կոչը` «Վերջ տուէ՛ք զաւեշտին ու կազմեցէ՛ք կառավարութիւնը», աւելի՛ն` ո՛չ համայնքային իրաւունքները, ո՛չ նախարարական չափաբաժինները եւ ո՛չ ալ պաշտօնները աւելի կարեւոր են, քան ժողովուրդն ու երկիրը:

Կազմուեցաւ կառավարութիւնը:

Ո՛չ ժամանակը, ո՛չ պայմանները առիթը կու տային յաւելեալ «վայելքով» սպասելու աւելի լաւ կազմ մը յառաջացնելու:

Իսկ հիմա, պահն է լրջութեան եւ զգօնութեան:

Կառավարութիւնը պարտի խորհրդարանի վստահութեան քուէէն առաջ արժանանալ ժողովուրդի վստահութեան:

Յստակ, ճշգրիտ, անպաճոյճ եւ լուրջ գործադրելի որոշումներով, բայց մանաւանդ արագ քայլերով:

Կառավարութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է այսօր գործադրել ժողովուրդի պահանջները իրականացնող անյետաձգելի ծրագիրներ.

Պայքար` փտածութեան եւ մսխումի դէմ:

Պայքար` դրամատէր կէտերու դէմ:

Վերադարձ` պետական գանձի իւրացուած հարստութիւնը:

Արտադրողական տնտեսութեան վերականգնում:

Ուժեղացում` երիտասարդութեան եւ կիներու:

Յարգանք` քաղաքացիի իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:

Պաշտպանութիւն` քաղաքացիի եւ հայրենիքի անվտանգութեան:

Հիմնականը ժողովուրդին վստահութիւնն է: Խորհրդարանի վստահութեան քուէէն առաջ իսկ անհրաժեշտ է ժողովուրդը համոզել:

Ժողովուրդի վստահութիւնը կարելի է շահիլ լսելով ու գոհացնելով անոր արդար պահանջները:

Պահանջներ, որոնք իրաւունք են եւ ոչ թէ ողորմութիւն կամ զիջում:

Այս ակնկալութեամբ է, որ կը դիմաւորենք նոր կառավարութիւնը:

Իսկ մեր վստահութեան քուէն պայմանաւորուած է ժողովուրդին վստահութեամբ:

aztagdaily.com

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ