կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-14 11:05
Սփյուռք

Պէտք Է Շարունակել Պահանջել Ու Վերականգնել Վստահութիւնը

Պէտք Է Շարունակել Պահանջել Ու Վերականգնել Վստահութիւնը

Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ նորակազմ կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումը` ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի կացութեան մէջ, պէտք է նոր էջ մը բանայ եւ որոշ յոյս ներշնչէ լիբանանցի քաղաքացիին:

17 հոկտեմբերին ժայթքած ժողովրդային պոռթկումը, որ ի միջի այլոց կը պահանջէր նախկին կառավարութեան հրաժարականը եւ թեքնոքրատ կառավարութեան մը կազմութիւնը, իրագործեց իր նպատակներէն մէկը: Պոռթկումը` արդար պահանջներով, եւ խուլիկանութիւնը մերժող զանգուածները պարտին շարունակել իրենց նպատակաուղղուած ճնշումը որպէսզի իրականանան այլ նպատակներ եւս` փտածութեան հիմերու քանդում, պետական գանձէն իւրացուած գումարներու վերադարձ, դատական համակարգի անկախութիւն, դրամատնային մարզի շահատակութեանց դադրեցում ու կենցաղային առօրեայ պահանջներու գոհացում:

Ճնշումը պէտք է շարունակուի անկասկած` միշտ ի մտի ունենալով սահմանադրական կարգերու յարգումն ու պետական հաստատութեանց պահպանումը:

Ճնշումը պէտք է շարունակուի անտարակոյս` միշտ ի մտի ունենալով, որ որեւէ խուլիկանութիւն, անհաշիւ քայլ, փողոցային կռիւ կրնան Լիբանանի ներկայ իրավիճակէն օգտուելու ձգտող դաւադիր ուժերու ծրագիրներու ջաղացքին ջուր լեցնել: Հետեւաբար, պէտք է յարգուին օրէնքի տրամադրութիւնները, բոլոր (եւ ոչ թէ որոշ) քաղաքացիներու իրաւունքները, հանրային եւ սեփական հաստատութիւնները, երկրի զինեալ ուժերուն զոհաբերութիւնը, կարծիքի եւ այլ կարծիքի ազատութիւնը:

Իսկ վստահութեան քուէ ստացող կառավարութիւնը պարտի արագ, անմիջական, ուսումնասիրուած, անկողմնակալ եւ ժողովրդային արդար պահանջները ի՛րը նկատող գործելաոճով ստանայ նաեւ ժողովուրդին վստահութիւնը:

Ներկայ փուլին բացառիկ քայլեր ակնկալելն ու անմիջական լուծումներ տեսնելը քաղաքական անհեռատեսութիւն է:

Միաժամանակ, անմիջապէս ժխտական վերաբերում ցուցաբերել, կառավարութիւնը վիժած ծնունդ նկատել եւ շիրմաքար դնել Լիբանանի վրայ, նոյնքան եւ աւելի անպատասխանատու կեցուածք է:

Պէտք է առիթ տալ կառավարութեան ու շարունակել ճնշումը:

Պէտք է շարունակել պահանջել, բարձրաձայնել պահանջները եւ ուղղել սխալները:

Կառավարութիւն-ժողովուրդ կապը, փոխհասկացողութիւնը եւ անկեղծ երկխօսութիւնը լուծման առաջնորդող ուղիներն են ներկայ փուլին:

Բազմիցս խաբուած, տեւաբար տառապող քաղաքացին կորսնցուցած է իր վստահութիւնը պետական, քաղաքական դէմքերուն եւ կառոյցներուն նկատմամբ:

Վստահութիւնը դժուար է վերականգնել բայց ոչ անկարելի:

Այլընտրանքը, սակայն, ընդհանուր աւերն է, ընդհանուր քանդումը պետութեան եւ քաղաքացիին:

Մենք վստահութեան քուէ շնորհեցինք կառավարութեան:

Ան պարտաւոր է մեր ներկայացուցած ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ:

Վստահութեան քուէ տուինք կառավարութեան, որպէսզի խուսափինք ընդհանրական աւերէն:

Կը հաւատանք Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին խիզախութեան:

Այդ խիզախութիւնը փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով կը փրկէ երկիրը այս տագնապէն ալ:


Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ