Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը՝ ՀՅԴ 133-Ամեակի Տօնակատարութեան.
Տօնախմբութեան եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ չէ, որ հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար նշելու ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակը:
Ցաւ ու կսկիծ կայ մեր սրտերուն մէջ:
Ներկայի ու ապագայի նկատմամբ խոր եւ անբացատրելի մտահոգութիւն կայ մեր մտքերուն մէջ:
Մեր հոգիներուն մէջ յուսախաբութիւնն ու հիասթափութիւնը, քէնն ու անճրկած մարդու ծանրութիւնը կան:
Մեր աչքերով կը տեսնենք աշխարհի գերեզմանային լռութեան դիմաց Արցախի յանձնումը, Արցախի ժողովուրդին հեռացումը իր հայրենիքէն` իր ետին ձգելով Արցախի ազատագրութեան համար անսակարկ նուիրումով նահատակուած հերոսներուն աճիւնները:
Եռաբլուրի մէջ հազարաւոր նահատակներու ոսկորներուն հետ ականատես ենք, թէ ինչպիսի՛ բեմադրութեամբ օրէ օր Հայաստանի իշխանաւորները զիջումներ կը կատարեն ո՛չ միայն Հայաստանի սահմաններէն, այլ նաեւ Հայաստանի գոյութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապագան վտանգող եւ հայութիւնը պաշտպանող սրբութեան համազօր սկզբունքներէն:
Արցախը կը յայտարարուի իբրեւ ազրպէյճանական տարածք:
Պիպլիական հայոց Արարատը կը նկատուի զգացական զեղում եւ սոսկ տան պատերը զարդարող նկար: Իսկ անկախ հանրապետութեան զինանշանը` իրականութեան խոտոր համեմատող գծագրութիւն:
Հայաստանի քաղաքացիներուն տնտեսական բարւոքութեան սին խօսքերով ու յոյսերով բարի դրացնութեան ի խնդիր անցեալը մոռնալու խոստումներ կը տրուին հայութեան դարաւոր թշնամիին` Թուրքիոյ:
Անիմաստ կը նկատուի Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի շարունակութիւնը, իսկ Արցախի բռնագաղթուած ժողովուրդին իր հայրենի բնօրրան վերադարձը կը վերածուի իբրեւ ազրպէյճանական քաղաքացիութեամբ պարզապէս իր տան մէջ ապրելու կարելիութեան:
Տասնամեակներ առաջ սփիւռքը նարինջ ուտողներ նկատող եւ ապա կթան կովու վարքագիծը ստեղծող մտածողութիւնը կը վերածուի սփիւռքը մասնատող, բաժանող, հայաստանամէտ եւ հակահայաստան շերտերու վերածող քաղաքականութեան, ուր իրենք զիրենք ժողովրդավարութեան ռահվիրաներ նկատողները իշխանութեան դէմ որեւէ ընդդիմութիւն կամ դոյզն քննադատութիւն կը նկատեն Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք եւ պետութեան դէմ հարուած:
Մէկդի շպրտելով հայկական օրիանթացիայի փրկարար վարքագիծը`, քաղաքական անհեթեթ ցատկռտուքներով բարեկամներու եւ նոր դաշնակիցներու փնտռտուք կը կատարուի` իբր թէ յանուն Հայաստանի գոյութեան եւ անվտանգութեան, բայց, ըստ էութեան, առաջնորդելով գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան կորուստին:
Տագնապի մէջ է սփիւռքը: Սփիւռքնե՛րը:
Իւրաքանչիւր գաղութ կը քաշկռտէ իր գոյութիւնը: Ներքին տագնապները` առարկայական թէ ենթակայական, կը խորանան, անտեղի ու մաշեցնող պառակտումները կը բազմանան, բայց ամէնէն ահաւորը` սփիւռքը կ՛ապահայանայ:
Տագնապի մէջ է հայ մարդը:
Համաշխարհայնացման, արդիականութեան, աշխարհի զարգացումներուն հետ նորանոր քայլերով նոյնացուելու, աւանդութիւնները խախտելու, արտառոցութիւնները ջատագովելու, բացառապէս հանգստաւէտ պայմաններ ապահովելով` հանգիստ կեանք ապրելու, այսպէս ըսած` մարդկային իրաւունքներ պաշտպանելու, հաւասարութիւն, արդարութիւն ու ազատ կարծիք ունենալու եւ արտայայտելու մակերեսային դրսեւորումները մեզ կ՛առաջնորդեն հաւաքականէն անհատականի, համազգայինէն եսակեդրոնութեան, ազգայինէն կեղծ համամարդկայինին նետուելու մոլուցքին:
Իրականութիւններ են, ցաւցնող իրականութիւններ, որոնց նշումը կատարելով` կը հաւատանք ու կը ձգտինք զանոնք սրբագրել եւ առաջ անցնիլ` ի խնդիր մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման:
Եւ եթէ պատասխանատուներ պիտի փնտռենք ու իյնանք փոխադարձ քննադատութիւններու փակ օղակին մէջ, ապա ծառայած պիտի ըլլանք բոլոր անոնց, որոնց համար մեր ժողովուրդին միութիւնը եւ մեր հիմնական նպատակներուն հասնելու վճռակամութիւնը սպառնալիք է, եւ այդ վճռակամութիւնը քանդելու համար ոչ մէկ ճիգ կ՛ուզեն խնայել:
Իւրաքանչիւրս` եկեղեցական, քաղաքական, կազմակերպական, կրթական, միութենական հաւաքական հեղինակութիւններ թէ անհատներ, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուինք, ունինք ու պարտաւոր ենք կրել, ընդունիլ ու խոստովանիլ մեր պատասխանատուութիւնը` միշտ հաւատալով մեր ազգի յաւերժութեան, Հայաստանի ազատ, ինքնիշխան ու անկախ գոյատեւման եւ հայ ժողովուրդի հայկականութեան պահպանման ու ամրապնդման:
Դաժան, շա՛տ դաժան պայմաններու մէջ է, որ կը հաւաքուինք նշելու Դաշնակցութեան օրը, 133-ամեակը:
Իր կենսափորձով հարուստ, մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին դատին ի խնդիր ծառայած ըլլալու յաւելեալ փաստեր տալու ու գովասանք կատարելու կարիքը չունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան 133-ամեակին:
Կոյրը պիտի մնայ կոյր, խուլը` խուլ, իսկ համրը պիտի չկարենայ արտայայտուիլ:
Դաշնակցութիւնը 133 տարի պարզապէս եղած է մատաղ իր ժողովուրդին:
Սխալած են դաշնակցականներ, սխալ եզրայանգումներ կատարած են դաշնակցական մարդիկ, եղած են շահագործողներ, սայթաքողներ, անուղղայ մտածողներ, նոյնիսկ` դաւաճաններ: Անոնք ենթարկուած են Դաշնակցութեան դատաստանին, ինքզինք սրբագրած է Դաշնակցութիւնը եւ չէզոքացուցած է հասած վնասները:
Դաժան այս պայմաններուն մէջ ու ընդհանուր համահայկական հիասթափութեան, աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներու, հայութենէն, արտագաղթելու, հայկականութենէն հեռանալու, ազգային գաղափարական արժեհամակարգը ոտնահարելու, մեծ պետութիւններու կողմէ փոքր ժողովուրդներուն իբր թէ պաշտպանութեան, սակայն, ըստ էութեան, շահագործումի եւ իրենց լուծին կապելու համար ստեղծուած մարդկային իրաւունքներու քաղցր հնչեղութեամբ սկզբունքները քանդելու հսկայական այս ալիքին դիմաց ի՛նչ կը պարտաւորեցնէ Դաշնակցութեան 133-ամեակը:
1.- Խոր հաւատքով փարիլ հայկականութեան եւ հայկական արմատներուն վերադառնալու հրամայականին:
2.- Ի գին ամէն զոհողութեան, հեռու` անցեալէն եկած տարակարծութիւններէ, ոչ մէկ ճիգ խնայել Արցախի ու Հայաստանի գոյատեւման սրբազան պայքարը բարձր ճակատով դիմակայելու եւ կատարուած վնասը սրբագրելու:
3.- Հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին յաւերժութեան հաւատացող ազգային բոլոր ուժերն ու շերտերը միաւորել համազգային ընդհանուր պայքարի ի խնդիր, որպէսզի համազգային ռազմավարութեամբ եւ դիմադրութեամբ կարենանք յաղթել մեր դէմ ցցուող ներքին թէ արտաքին թշնամիներուն:
4.- Կարելի չէ ստորադասել աշխարհացրիւ մեր կարողականութիւնները: Կը բաւէ միայն հաւատալ, հաւատքով որոշում կայացնել ու այդ հաւատքին հետզհետէ միացնել ուրիշներ, ընդարձակել շրջանակն ու քանդելով հիասթափութեան, անտարբերութեան եւ օտարացումի շղթաները` վճռակամութեամբ դարձեալ վերակենդանացնել կրակը, վերագնահատել ուժի հրամայականը ու կրնկակոխ, նոր պոռթկում տալ յարատեւ պայքարի գաղափարին:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
1902-ին կը կազմուի Դաշնակցութեան ներկայ կառոյցին առաջին խումբը Պէյրութի մէջ: 122 տարուան ամենահին կուսակցութիւնն ենք Լիբանանի մէջ, մասնակից` անոր ներհամայնքային, միջհամայնքային թէ քաղաքական կեանքին եւ գործօն ազդակ` լիբանանեան մեր հայրենիքի վերելքին, գոյատեւման եւ հզօրացման, ընկերութեան ամէն մակարդակներուն վրայ:
Եղած ենք մեր ժողովուրդին կողքին, երկրի պատմութեան լաւ ու վատ փուլերուն: Վիզը ծուռ գաղթականէն ձգտած ենք մեր գաղթական զանգուածները վերածելու տիպար քաղաքացիի, բայց մանաւանդ` հպա՛րտ քաղաքացիի:
Լիբանանի քաղաքացիական մեր պատկանելիութիւնը ոչ ոքի շնորհն է մեզի: Մենք զայն վաստակած ենք մեր հաւատարմութեամբ, ճակտի քրտինքով, պարկեշտութեամբ եւ արեան գնով: Ո՛չ իրաւունք ունինք երկրորդ կարգի քաղաքացի նկատել մենք զմեզ, ո՛չ ալ կ՛արտօնենք, որ ուրիշներ իբրեւ այդպիսին դասեն մեզ: Մեր ըմբռնած քաղաքացիութիւնը սոսկ անձնաթուղթ եւ պարտաւորութիւն չէ, այլ միաժամանակ ու մանաւանդ` իրաւունք, պատկանելիութիւն, մասնակցութիւն եւ լաւ ու վատ օրերուն կատարուած զոհողութիւն:
Ճակատաբաց եւ հպարտօրէն կրնանք յայտարարել, որ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ մի՛շտ ձգտած է պաշտպանել երկիրը, բարձր պահել լիբանանահայութեան դրօշը ու ի հարկին նահատակութեամբ հարստացնել այս հողը` ի խնդիր մէկ Լիբանանի, ի խնդիր անկախ, գերիշխան, ազատութիւններու օրրան եւ համայնքներու ու քաղաքակրթութեանց գոյակցութեան հայրենիքի:
Այդպէս եղած ու գործած ենք եւ այդպէս այլ պիտի շարունակենք:
Անցնող տարիներուն շարունակուող ու սաստկացող բազմապիսի տագնապները իրենց բնական, բայց նաեւ բացասական ազդեցութիւնը ունեցան լիբանանցի ժողովուրդին անքակտելի մասը եղող հայութեան վրայ եւս: Հակառակ տագնապներու ահաւորութեան` պահեցինք պատնէշը, հասանք մեր ժողովուրդին, թակեցինք բազում դռներ, Արցախն ու Հայաստանը, սփիւռքը, մեր ընկերներն ու բարեկամները հասան մեզի:
Կարիքները հսկայական էին ու ոչ նուազ մեծ` այսօր: Շնորհիւ հաւաքական ճիգի` այսօր եւս մենք մեր ժողովուրդին կողքին ենք եւ պիտի մնանք միշտ:
Պատասխանատուութեամբ, լայն սրտով եւ հասկացողութեամբ պիտի շարունակենք լսել բամբասանք, անտեղի քննադատութիւն, պիտի հանդիպինք գարշելի զրպարտութեանց, ձեւական նեղուածութեանց, երբեմն ապերախտութեան, յաճախ պառակտումի սերմեր ցանելու փորձերու, մեր ուժը տկարացնելու գիտակից եւ կասկածելի տրամադրութեանց:
Հակառակ ընդհանրական նահանջին` աշխուժ է Լիբանանի հայութիւնը, կանգուն են մեր կառոյցները, դժուարութիւնները յաղթահարելու ակնյայտ ճիգը կարելի չէ ուրանալ:
Յուսաբեկութիւնը, ամէն ինչ քանդուած տեսնելու տրամաբանութիւնը, անտարբերութիւնը կը ծառայեն միայն քանդումի, կը ծառայեն միայն համազգային պայքարի ու դիմադրութեան մէջ հարուածելու լիբանանահայութեան վճռական դերակատարութիւնը եւ կը նպաստեն միայն ու միայն թշնամիին:
Իսկ մենք կը ձգտինք Լիբանանի հայութիւնը հզօր պահելու` Լիբանանի եւ հայութեան համար: Լիբանանի, Արցախի ու Հայաստանի համար, Լիբանանի եւ սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն համար:
Բայց մենք առանձին չենք կրնար պայքարի դրօշը բարձր պահել: Մեզի հետ ու միասին պէտք է ըլլան ուրիշներ եւս: Իրարու հետ պէտք է ըլլանք բոլորս` անհատաբար թէ կառոյցներու իմաստով: Անհատական յաջողութիւնները հարստացնող են, սակայն հաւաքական յաջողութիւնը կը պահանջէ մէկ բռունցք:
Բռունցք, որուն ամրացման մէջ բաժին ունին` հոգեւորականն ու աշխարհականը, երիտասարդն ու տարեցը, գիւղացին, բանուորը եւ առեւտրականն ու գործատէրը, հաւասարապէս` կինն ու այր մարդը, աշակերտը, ուսանողը, համալսարանաւարտը, ուսուցիչը, մասնագէտը, խմբագիրն ու ընթերցողը, մշակոյթի, բարեսիրական գործի թէ մարմնամարզի սպասարկուները, հանրային կեանքի պատասխանատուներն ու դերակատարները, թէ լուսանցքի վրայ հայութեան իրենց պատկանելութիւնը երբեմն միայն յիշողները, հայկական միջավայրի մէջ ապրող, թէ միջավայրէն ինքզինք կամաւոր կամ պարտադրուած հեռացողները, նիւթական նեղ պայմաններու մէջ ապրող կամ ունեւոր մեր հայրենակիցները, կուսակցականներն ու անկուսակցականները:
Բոլո՛րը, բոլորը անխտի՛ր:
Բայց մանաւանդ` երիտասարդութի՛ւնը:
Երիտասարդութիւնը, որ գիտնայ ազգային արժէքներու գիտակից պատրաստակամութեամբ դերակատարութիւն վերցնել: Հեռուէն դիտելով, ազգային հասարակական հայկական կեանքէն հեռու մնալով, «հայերէն կարդալ չեմ գիտեր»-ի չքմեղանքով կարելի չէ դերակատարութիւն ակնկալել, լսող ականջ գտնել կամ փոփոխութիւն յառաջացնել: Գործօն մասնակցութիւնն է անհրաժեշտը` առանց նախապայմանի կամ կանխատրամադրուածութեան:
Եւ իբրեւ այդպիսին` հրաւէրը ընդհանրական է, իսկ գործելադաշտը` ընդարձակ: Մեր թեւերը բաց են բոլորին համար:
Սիրելինե՛ր,
ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1890-ին հիմնուած է իբրեւ պայքարի կուսակցութիւն:
Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ պայքարի կուսակցութիւն:
Կրնանք ձախողիլ բայց կը վերականգնինք:
Կը հալածուինք, բայց ոտքի կը կանգնինք:
Կրնանք պարտուիլ, բայց կը յաղթենք, անկասկած:
Կը նահատակուինք, բայց հերոսներու արեամբ ոռոգուած հայութեան հողը նոր պայքարողներ կը ծնի:
Հարուած ստացած ենք, ու դեռ պիտի ստանանք: Պատրաստ եղած ենք միշտ, անվախ եւ քաջ:
Հարուածին, հարուածներուն պիտի պատասխանենք արիութեամբ, միասնականութեամբ, հայկականութեամբ:
Յոյսը մեր ուղին լուսաւորող ճրագն է:
Պայքարելու կամքը հայութեան յաւերժութեան ջահի կրակը անմար պահելու կայծն է:
Հաւատքը` ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի վերականգնման, մեր նպատակակէտն է:
Վա՛րձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք քալեցին այս ուղիէն, Դաշնակցութեան գործին հաւատացող ազգայիններ թէ կուսակցական ընկերներ:
Վա՛րձքը կատար մեր պայքարին ընթացքին մեր կողքին կանգնող հայրենակիցներուն:
Հայութեան յաւերժականութիւնը սուրբ գործ է:
Հայաստանն ու Արցախը, թուրքի կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերը, մեր նահատակներուն արիւնն ու ոսկորները անզիջելի սրբութիւններ են:
Արարատի գագաթին Լուսաւորչի կանթեղը սրբութեան խօսուն խորհրդանիշն է:
Ու մենք ուխտած ենք շարունակել մեր պայքարը` ձեզի հետ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Ու անպայման հաստատակամ ու հաստատաքայլ պիտի շարունակենք մեր սուրբ գործը: