Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բռնկած է կրկին Միջին Արեւելքը։ Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ պատճառներու արդիւնք։
Իրաքի կամ արաբ-իսրայէլեան պատերազմի պատրաստութիւն տեսնելու կարիքը չկար։ Պայմաններն ու սարքաւորումներն ալ փոխուած ու կատարելագործուած են։ Ամերիկեան անօդաչու օդանաւով յարձակում մը՝ Պաղտատի օդակայանին մօտ, բաւարար եղաւ սպաննելու Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանը եւ անոր մօտ գտնուող քանի մը բարձրաստիճան ղեկավարներ։
Լուրերն ու վերլուծումները կը յորդին, յատկապէս համացանցի մէջ, ուր պետութեան անունով ղեկավարներ հաստատումներ կը կատարեն, երբեմն նոյնիսկ պետութիւնն ու անհատը իրարմէ զանազանել չկարենալով։ Մերթ՝ ծայրայեղ, մերթ՝ անհասկնալի, այս յայտարարութիւնները կը շարունակեվ սանձարձակօրէն ողողել կայքէջերը։
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, այս արարքը կատարուած էր Իրանի կողմէ մօտալուտ յարձակում մը կանխարգիլելու համար։ Փենթակոնն ալ հաղորդեց, որ այս գործողութիւնը մտայղացուած էր արտասահմանի ամերիկացիները պաշտպանելու համար։ Իսկ նախագահ Թրամփ, իր առօրեայ դայլայլող «Թուիթըր»-ով շեշտեց, թէ Սուլէյման շարունակ հալածած ու սպաննած էր ամերիկացիներ։
Այս արարքին մասին, նաեւ բազմաթիւ այլ ամերիկացի դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներ արտայայտուեցան։ Դեմոկրատ թէ հանրապետական, թեկնածու թէ ոչ-թեկնածու, յստակ էր ամէն մէկուն արտայայտածը, կամ աւելի մտերմիկ ու ժողովրդային արտայայտութեամբ մը՝ փորի ցաւը։ Անոնք ալ «կրակի հետ կը խաղային»՝ արդէն իսկ ծայր առած ու «խաղցուած» կրակին անդրադառնալով։
Այս գծով, Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Նենսի Փելոսիի եւ յառաջիկայ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու, ծերակուտական Պըրնի Սանտըրզի սուր քննադատութիւններէն աւելի յիշատակելի է Թրամփի մէկ պատասխանը, ուր ան կը շեշտէ թէ Թեհրան երբեք չէ պարտուած բանակցութիւններու մէջ, իսկ պատերազմի դաշտին մէջ՝ երբեք չէ յաղթած։ Անշուշտ այս արտայայտութեամբ, ան վերստին կը քննադատէր նախկին նախագահ Օպաման, որ 2015-ին բանակցութեան մէջ մտած էր Իրանի հետ եւ համաձայնագիր մը կնքած՝ հիւլէական գործածութիւնը պակսեցնելու։
Արդեօք չափազանցութի՞ւն մըն էեզրակացնելը թէ Միացեալ Նահագներու նախագահական ընտրութիւններու նախընտրական արշաւն ալ տեղափոխուած է երկրէն դուրս եւ այսպէս, փոխանակ յարափոփոխ նահանգներու՝ «սուինկ սթէյց»-ի մէջ կատարուելու․․․փոխադրուած է Միջին Արեւելք։
Վերոյիշեալ նշումը նորութիւն մը չէ, այլ լափալիսեան ճշմարտութիւն մը, որ միշտ ալ արտայայտուած է։ Դեռ թարմ են Պուշ աւագի եւ կրտսերի արձանագրած յաղթանակները միջազգային ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմի օրերուն…։
Միջին Արեւելքի մէջ, այս արարքը բոլորովին տարբեր ակնոցով կը դիտուի։ Սիւննիներու համար, Սուլէյմանի սպանութիւնը յաղթանակ մը։ Ան կրցած էր շարունակ նեցուկ կանգնիլ Պաշար Ասատի վարչակարգին եւ յատկապէս Եմէնի մէջ օժանդակելով Հութիներուն։
Վերադառնալով դիւանագիտական բնագաւառ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ժաւատ Զարիֆի Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու արտօնագիր չշնորհուեցաւ՝ Մ.Ա.Կ.-ի մէկ ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորքի մէջ:
Արդեօք պատշա՞ճ է այս պայթուցիկ մթնոլորտը փոխադրել դիւանագիտական բնագաւառ․․․եւ դեռ աւելին՝ մշակութային ոլորտ, ուր բազմաթիւ կառոյցներ եւ կոթողներ Մ․Ա․Կ․-ի ենթայանձնախումբին կողմէ նկատի առնուած են իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն։
hairenikweekly.com