կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-16 13:23
Առանց Կատեգորիա

Ցեղասպանութեանց Կանխարգիլման Բանաձեւը Օրէնքի Ուժ Ստացաւ

Ցեղասպանութեանց Կանխարգիլման Բանաձեւը Օրէնքի Ուժ Ստացաւ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 14 Յունուարին ստորագրեց Էլի Վիզելի անուան Ցեղասպանութեանց եւ բռնարարքներու կանխարգիլման բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով անոր։ Բանաձեւը քուէներու յատկանշական մեծամասութեամբ վաւերացուած էր նախորդ Քոնկրեսին կողմէ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց բանաձեւին օրինականացումը, շնորհակալութիւն յայտնելով զայն առաջադրած եւ անոր վաւերացման նպաստած քոնկրեսականներուն։

Բանաձեւը Ծերակոյտին ներկայացուած էր ծերակուտականներ Պեն Քարտընի եւ Թատ Եանկի կողմէ, իսկ Ներկայացուցիչներու տան՝ քոնկրեսականներ Էնն Ուեկնըրի եւ Ճօ Քրաուլիի կողմէ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս բանաձեւին նեցուկ կանգնած մօտաւորապէս 70 կազմակերպութիւններէն մէկը եղած էր։

Ըստ նոր օրէնքին՝ Միացեալ Նահանգները, իր ազգային ապահովութեան տեսանկիւնէն՝ հիմնական շահ եւ բարոյական պարտաւորութիւն պէտք է նկատէ ցեղասպանութեանց եւ այլ բռնարարքներու կանխարգիլումը, այդ կապակցութեամբ յատուկ մարզումներ տրամադրելով արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներուն։

Յիշեցնենք, որ ռումանահրէական արմատներ ունեցած Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Վիզել վերապրող մըն էր հրէական Ողջակիզումէն եւ արժանացած էր Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակին։

asbarez.com