Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանի հայութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ ան տագնապալի փուլի դէմ յանդիման կը գտնուի:
Տարագրութենէն ետք մեծաթիւ վերապրող գաղթականներու Լիբանան հաստատումը եւ անոր կեցութիւնը հոս դիւրին ու հեզասահ պայմաններու մէջ չէ եղած:
Բայց ապրած է մեր ժողովուրդը, ծաղկած է անոր առօրեան, հայ մարդը անհատապէս կամ հաւաքաբար կառուցած է ինքզինք:
Արագ ակնարկով մը գէթ վերջին հարիւրամեայ մեր լիբանանահայ պատմութեան, անմիջապէս կը յստականայ ա՛յն, որ մեր գոյութիւնը յարատեւած է, ազգային-հասարակական կառոյցները հիմնուած ու պահպանուած են, լիբանանահայութիւնը բարգաւաճ կացութեան մէջ ապրած է, շնորհիւ ժողովրդային բոլոր շերտերուն անվերապահ աջակցութեան, վեհանձն նուիրուածութեան, անհուն զոհաբերութեանց:
Մեր կրօնական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, կուսակցական ու հասարակական ամէն կառոյցի իւրաքանչիւր քար յատկանշուած է ծանօթ կամ անանուն բարերարի մը հսկայական թէ փոքր նուիրաբերումով, զոհաբերութեամբ կամ ծառայութեամբ:
Կարդա՛նք եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու կամ միութենական կեդրոններու մուտքի պատերուն արձանագրութիւնները եւ հոն պիտի տեսնենք անունն ու անունները բազմահարիւր անհատներու, հայ մարդոց ազնիւ զգացումներու տէր հայորդիներու, որոնք քար-քարի վրայ դնելով կառուցած են լիբանանահայութիւնը իբրեւ ամրոց:
Նուիրաբերումը, նուիրատուութիւնը, ունեցածէն եւ ոչ աւելցածէն տալը հաճոյք չէ, ո՛չ ալ պարտաւորութիւն եղած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար:
Նուիրաբերումը Լիբանանի հայութեան եւ Լիբանանին հաւատացող դուրսը ապրող հայերուն առաքինութիւնն է:
Ու եթէ այսօր, Լիբանանի մէջ փոթորիկներու պատճառով Լիբանանի հայութիւնը կ՛ապրի դժուարին օրեր, ապա երբեք պէտք չէ վհատիլ, որովհետեւ հայուն առաքինութիւնը չի քանդուիր:
Տօնական այս օրերուն մեր հայրենակիցներուն նուիրաբերելու պատրաստակամութիւնը բարեսիրական տրամադրութիւն եւ օժանդակութիւն ըլլալէն աւելի՛ն է:
Հայ մարդուն նուէրն է հայ մարդուն, հայ ընտանիքին, հայ մանուկին, նուազ բախտաւոր պարագային:
Հաւաքական զօրակցութեամբ մենք միշտ ամուր մնացած ենք:
Նուիրաբերումի այս արշաւին մասնակցելու հրաւիրուած ենք բոլորս, նախ Լիբանանի մէջ ապրող հայերս, ապա Լիբանանէն բաժնուած արտասահմանի մեր հայրենակիցները, համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները:
Երէկ պատահաբար կը թերթատէի նախկին լիբանանահայ բժիշկ Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» գիրքը, ուր իր զաւկին` Րաֆֆիին կը պատգամէ.
– Պատգամս, ձեզի եւ ամէն ցանկացողին, հետեւեալն է.
Հացէդ կտոր մը տալով աղքատին,
Սիրտէդ քանի մը զարկեր` հիւանդին,
Կեանքէդ քանի մը տարի համայնքին.
Եւ գանձէդ կոկիկ գումար մը` ազգին,
Հաւատա՛, քեզմէ ոչինչ կը պակսի,
Վեհանձնութիւնդ երկինք կը հասնի…:
Ահա իսկական առաքինութիւնը:
Այսօր, բոլորս վերակենդանացնենք հայ մարդուն նուիրաբերումի առաքինութիւնը:
Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com