Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիրակի՝ 18 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամը 7ին, Աթէնքի Այոս Սոսթիս թաղամասի «Աթինայիքօ» թատերասրահը լեցուած էր հայ բազմութեամբ։ Աթէնքի տարբեր շրջաններէն մեծաթիւ հայեր, առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան, հաւաքուած էին՝ միասնաբար տօնակատարելու համար Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25ամեակը։
Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէին կողմէ։ Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչին ու անդամներու կողքին, պատուոյ հիւրերու շարքին էին յունահայոց թեմակալ Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը եւ Հոգեւոր Հայրեր, հայ կաթողիկէ Առաջնորդը, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանն ու հիւպատոսուհին, Հ.Օ.Մ.ի Կ. Վարչութեան ներկայացուցիչը, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, «Հայաստան» Հիմնադրամի ներկայացուցիչը։
Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան եւ յարակից խորհուրդներու անդամներ, Հայ Կապոյտ Խաչի վարչութեանց ներկայացուցիչներ ու անդամներ, «Համազգային»ի երգչախումբի եւ պարախումբերու անդամներ եւ Համազգայնականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեանց վարչականներ ու անդամներ, համակիր հոծ բազմութիւն։
Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ «Համազգային»ի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբին կողմէ մեկնաբանուած (խմբավարութեամբ՝ Հրայր Աւագ Քահանայ Նիկոլեանի) Յունաստանի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ։
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, տօնակատարութեան նախագահ ընկեր Սերգօ Գույումճեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25ամեակը միասնաբար նշելու նախաձեռնութեան խորհուրդը վերծանելով եւ հիմնաւորելով՝ օրուան նախագահը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ հողահաւաքի եւ հայրենիքի ամբողջացման գաղափարով իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են ատրպէյճանական լուծէն Արցախի ազատագրումն ու Հայաստանի վերանկախացումը։
Այլեւ՝ պատմական ներշնչման ու հայոց դարաւոր երազի իրականացման դիտանկիւնէն՝ Հայաստանի եւ Արցախի 25ամեայ Հանրապետութիւնները փառաւոր արգասիքն են 28 Մայիս 1918ին Սարդարապատի մէջ նուաճուած անկախութեան յաղթանակով թափ առած հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան մեծ երթին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին հասնելու հաստատակամութեամբ։
Օրուան նախագահը իր խօսքը կեդրոնացուց հայկական զոյգ հանրապետութեանց 25ամեայ ընդհանուր, այլեւ ամփոփ հաշուեկշիռին վրայ՝ մեծ խորագիրներու տակ թուելով թէ՛ ձեռք բերուած նուաճումները, թէ՛ արձանագրուած վրէպներն ու ընկրկումները ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ արտաքին-միջազգային ճակատի վրայ հայկական իրաւունքներու ամրագրման, ե՛ւ ներքին-կառավարման համակարգը ժողովրդավար ու իրաւական ճամբով արդար կարգերով, կայուն պետականութեամբ ու համերաշխ հասարակութեամբ օժտելու՝ զինելու առումներով։
Անդրադառնալով այս տարուան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ Յուլիսեան «Սասնայ Ծռեր»ու զինեալ գործողութեան փոխանցած դասերուն, բանախօսը ահազանգ հնչեցուց բոլոր այն չարիքներուն դէմ՝ չարաշահումներ, կաշառակերութիւն, բռնիշխանութիւն, մենաշնորհներ եւ ապօրինութիւններ, որոնք կը սպառնան անկախ մեր հայրենիքին ու ազգային պետականութեան ուժի եւ հզօրանքի անփոխարինելի կռուաններուն՝ ազատութեան մէջ ժողովրդավարականօրէն եւ իրաւականօրէն իրենց տունն ու երկիրը շէնացնելու եւ ամրացնելու հայ քաղաքացիներու անբռնաբերելի իրաւունքին, պատճառ դառնալով կամ հիմք տալով արտագաղթի ալիքին աղէտալի համեմատութեամբ սաստկացումին։
Իր բացման խօսքը օրուան նախագահը եզրափակեց՝ հայ ժողովուրդի վաղուան պայծառ օրը միացեալ ուժերով նուաճելու ուխտը վերանորոգելու կոչով, յանուն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի դարաւոր երազի իրականացումին։
Այնուհետեւ՝ երգչախումբը կատարեց օրուան խորհուրդին պատշաճ երկու երգ՝ «Ղարաբաղցին» եւ «Երեւան-Էրեբունի»ն։
Ապա՝ հանդիսութեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Յունաստանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան, որ կուռ բանախօսութեամբ արժեւորեց 25ամեայ անկախութեան արժէքն ու դասերը համայն հայութեան համար։
Ան շեշտեց, որ ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի անկախութեան ձեռբերման ու ազգային մեր պետականութեան կայացման ու հզօրացման համար, հայ ժողովուրդը իր գերագոյնը նուիրաբերեց, տոկաց եւ յաղթահարեց ամէն կարգի դժուարութեանց եւ հայոց պատմութեան էջերուն վրայ գումարեց հայոց ազգային միասնականութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի մարտունակութեան սքանչելի, այլեւ սերունդներ ոգեշնչող էջեր։
Հ.Հ. դեսպանը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ 25ամեայ անկախութիւնը վերջնակապէս բացայայտ դարձուց արար-աշխարհին, որ Արցախը ազատագրուած եւ ինքնիշխան պետականութեամբ օժտուած երկիր է, որ բացի Հայաստանի Հանրապետութենէն՝ որեւէ այլ երկրի կամ պետութեան մաս կազմելու տրամադիր չէ։ Աւելի՛ն. ողջ հայութիւնը միակամօրէն կանգնած է Արցախի հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու անձեռնմխելի իրաւունքին կողքին՝ յանուն Լ.Ղ.Հ. պետութեան իրաւական ու միջազգային ճանաչումին։
Իր խօսքի աւարտին պրն. դեսպանը անհրաժեշտ նկատեց, որ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք շարունակեն իրենց միացեալ եւ համադրուած գործունէութիւնը՝ դիմագրաւելու համար ոչ միայն արտաքին ճակատէն եկող սպառնալիքներն ու վտանգները, այլեւ յաղթահարելու համար հայ հասարակութիւնը ներքնապէս տկարացնող չարիքներն ու լարուածութիւնները։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու ընկեր Կիրոյ Մանոյեան, որ սպառիչ աշխատասիրութիւն մը ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց արտաքին-քաղաքական թէ ներքին կառավարման-ընկերային հարցերուն վերաբերեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծրագրային մօտեցումներուն եւ քաղաքական ռազմավարութեան մասին։
Բանախօս ընկերը նախ շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25ամեայ անկախութիւնը պէտք է դիտել եւ արժեւորել 1918ի Մայիսեան փառահեղ յաղթանակներով թափ առած հայոց ազգային անկախ պետականութեան եւ հայրենի հողերու վերամիացման շուրջ հարիւրամեայ պայքարի պրիսմակէն։ Այդ ծիրէն ներս ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծումը իրաւական յարմարագոյն լուծումն ու մարտավարական յաջող քայլն էր Արցախը Ատրպէյճանի բռնակալ լուծէն մէկանգամընդմիշտ ազատագրելու եւ միջազգային յարմար պահուն՝ մայր Հայաստանին հետ վերամիացնելու համար։
Հետեւաբար, Դաշնակցութեան ընկալումով, Արցախի մեր ժողովուրդին ձայնին ականջալուր պէտք է մնան Հ.Հ. իշխանութիւնները եւ պէտք է յարգեն Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան իբրեւ վճռորոշ կողմի լիարժէք մասնակցութեան իրաւունքը՝ համապատասխան պահանջի առջեւ դնելով միջազգային բանագնացները, նաեւ՝ երկկողմ համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրելով Լ.Ղ.Հ.ի հետ։
Հ.Յ.Դ. ռազմավարութեան համաձայն՝ Արցախի քաղաքական ճակատագիրը տնօրինող ուժերը իրենց կարգին պարտաւոր են Հայաստանի ներքին՝ պետական-քաղաքական եւ ժողովրդավարական-հասարակական բարեկարգումներուն համահունչ յառաջանալու։ Այդ իմաստով՝ խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցումը անհրաժեշտ եւ ակնկալելի քայլ է՝ Արցախի հայութեան ներքին կռուաններու ամրապնդման առումով։
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան 25ամեայ անկախութեան եւ կտրած ուղիին՝ Հ.Յ.Դ. ծրագրային եւ ռազմավարական գնահատումներն ու դիրքորոշումները ներկայացնելով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ բանախօս ընկերը յատկապէս կեդրոնացաւ խորհրդարանական կառավարման եւ համամասնական ընտրակարգով սահմանադրական բարեփոխումները յառաջ մղելու Դաշնակցութեան հետեւողական վարքագիծին վրայ։
Հ.Հ. Սահմանադրութեան որդեգրումի հանրաքուէէն մինչեւ Հ.Հ. Սահմանադրութեան բարեփոխման յաջորդական երկու հանրաքուէները, Հ.Յ.Դ. անշեղօրէն պաշտպանեց նախագահական կառավարման համակարգը խորհրդարանականով փոխարինելու ծրագրային առաջադրանքը եւ փաստօրէն կրցաւ մղել հայրենի հայութիւնը, որպէսզի համապատասխան բարեփոխումներով հասնինք այսօրուան բաղձալի արդիւնքին։
Նոյնպէս, երկ-քաղաքացիութեան հարցով, Հ.Յ.Դ. հետեւողական պայքար մղեց, որպէսզի նախ Հ.Հ. Սահմանադրութենէն հանուի երկ-քաղաքացիութեան արգելքը, ապա՝ յատուկ օրէնքով հաստատուի եւ կանոնակարգուի արտասահմանեան երկիրներու քաղաքացի հայ մարդոց հայաստանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու սկզբունքը։
Հայաստանի 25ամեայ անկախութեան շրջանին յատկապէս բուռն եղաւ Դաշնակցութեան գաղափարական պայքարը ընդդէմ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ հաստատուած կառավարման փտած համակարգին, անոր հովանաւորած չարաշահումներուն, կաշառակերութեան եւ առանձնաշնորհեալներու ընչաքաղցութեան ու բռնիշխանութեան։ Այս ճակատին վրայ ալ ներկայիս կը մղուի, հայրենի մեր ժողովուրդին հետ, վճռական պայքարը ի խնդիր արմատական իշխանափոխութեան եւ ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային արդար կարգերու հաստատման։
Բիւրոյի ընկեր բանախօսը յատուկ բաժին մը յատկացուց նաեւ Հայաստանի պետականութեան կայացման ու պաշտպանութեան, հզօրացման եւ բազմակողմանի զարգացման ի խնդիր Դաշնակցութեան մղած գաղափարական անդուլ պայքարին՝ մինչեւ 1920ականներու Հ.Յ.Դ. բարձրագոյն ժողովներէն եւ անոնց բանաձեւներէն յիշեցումներ կատարելով։ Ան ընդգծեց, որ այդ ժամանակներէն իսկ Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն իրարմէ բաժնած է ազգային պետականութիւնն ու քաղաքական իշխանութիւնը (կառավարման վարչաձեւը)՝ առաջինը մնայուն արժէք, իսկ երկրորդը անցողիկ երեւոյթ նկատելով։
Աւելի՛ն. Հ.Յ.Դ. նոյնիսկ խորհրդային ժամանակներուն միայն գաղափարական պայքարով բաւարարուած է խորհրդային կարգերը մերժելու եւ անոնց դէմ անհաշտ հակադրութեան մէջ գտնուելու իր գործունէութեան ընթացքին։
Առ այդ, անդրադառնալով վերջին քառորդ դարուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բռնի իշխանափոխութիւն կատարելու փորձերուն եւ կոչերուն, բանախօսը դիտել տուաւ, որ Հ.Յ.Դ. սկզբունքայնօրէն դէմ եղաւ եւ կը շարունակէ դէմ կանգնիլ զէնքի ուժով ներքին հաշուեյարդարներ կատարելու քայլերուն, որոնք որ ալ ըլլան անոնց հեղինակները։
Աւարտելով իր բանախօսութիւնը՝ ընկեր Կիրոյ Մանոյեան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25ամեակը նկատեց հաւաքական եւ համազգային ուխտի վերանորոգման առիթ՝ ի խնդիր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման մեր պայքարի յաղթարշաւի ուժեղացումին, առաջին մօտակայ թիրախ ունենալով Արցախի վերադարձը մայր Հայաստանի գիրկին։
Հանդիսութեան բանախօսական բաժնի աւարտին, տօնակատարութիւնը գեղարուեստական բաժինով փակելով՝ «Համազգային»ի «Նանօր» պարախումբը (պարուսոյց՝ ընկեր Էտկար Եղեան, օգնական՝ ընկ. Ֆէյ Փիլաֆեան) ներկայացուց երեք պարեր.- «Դաւիթ Բէկ», «Քերծի», «Մենք ենք, Մեր սարերը»։
azator.gr