կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-14 12:00
Քաղաքական

Ի՞նչ բնականոնացման մասին է խօսքը եւ ո՞ր իրաւունքով

Ի՞նչ բնականոնացման մասին է խօսքը եւ ո՞ր իրաւունքով

(Միրզոյեան-Չաւուշօղլու հանդիպումի լոյսին տակ)

——–
Այն պահուն, երբ ազերի թուրքը Արցախը Հայաստանին կապող կազատար խողովակը կը պայթեցնէր եւ աւելի քան հարիւր հազար արցախահայ կը զրկէր ջեռուցումէ, փոխանակ համաչափ ու հատու պատասխանի, Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց լրբավարի սիրաբանութիւնը անամօթաբար շարունակեցին ազերի խունթայի մեծ եղբօր Թուրքիոյ հետ ..

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել Արարատ Միրզոյեանի մեկնումը Անթալիա եւ փակ հանդիպումը թուրք պաշտօնակիցին՝ Մեհմեթ Չաւուշօղլուի հետ, այսպէս կոչուած Հայ-թրքական յարաբերութեանց օրակարգով:

Տուեալ հանդիպումը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած չարաբաստիկ վարչախումբին
դաւանած քաղաքականութեան էապէս ապազգային վարքագիծը:

***
Կրկնելու գնով անգամ մը եւս ընդգծենք, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններ հասկացողութիւնը տարբեր բաներ են: Առաջինը կը վերաբերի երկու երկիրներու միջեւ պետական պաշտօնական յարաբերութեան կամ երկխօսութեան: Երկրորդը կը վերաբերի երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութեան: Այն ինչ տեղի կ‘ունենայ այսօր, Երեւան-Անգարա միջպետական դիւանագիտական յարաբերութիւն է: Մինչդեռ հայ-թրքական յարաբերութիւնները համազգային խնդիր են եւ կրնան «կարգաւորուիլ » միայն համազգային համախոհութեամբ: Այս օրակարգը ազգային անվտանգութեան հարց է: Ուստի նախքան նման գործընթացի նախաձեռնելը, անիկա կը կարօտի համահայկական ներքին լայն քննարկումի եւ ի վերջոյ՝ համախոհական որոշ եզրակացութեան, որ կը բացակայի ցայսօր:

Ճիշդ է, որ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին յարաբերութեանց «բարելաւման» ուղղուած փորձեր տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ, երբեմն՝ բարձրագոյն մակարդակի, սակայն այսօրուան պարագան բոլորովին այլ է, թէ՛ ձեւով, թէ՛ խորքով: Հիմա արդէն հականէ անուանէ երկուստեք կը բարձրաձայնուի յարաբերութեանց «բնականոնացման» մասին: Միջազգային լրատուութիւնն ալ կը կատարուի այդ բառամթերքով: Երկխօսութիւնը փոխարինուեր է բնականոնացումով…

***
Առաջին հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, հետեւեալն է. ի՞նչ եւ ո՞ր բնականոնացման մասին է խօսքը: Հուսկ՝ ի՞նչ է անոր սահմանումը:

Միրզոյեաններն ու Ռուբինեանները, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ զանոնք հովանաւորող ու ղեկավարող դաւադիր էակը, ապա նաեւ միջազգային հասարակութիւն ու միջազգային կարծիք կոչուած հեքիաթը միանգամընդմիշտ լաւ պէտք է իմանան, որ հայ ժողովուրդի ցեղասպանը եւ հայութեան պապենական հողերը բռնագրաւող թուրքը է՛ ու կը մնայ մեր թշնամին, այնքան ատեն որ չէ ընդունած իր գործադրած ոճիրը եւ չէ հատուցած մեր նիւթական ու բարոյական վերջին կաթիլ իրաւունքը: Միայն այն ատեն է, որ ան կրնայ ստանալ պահանջատէր ու յանձնառու հայուն «բարեկամութեան» ձեռքը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութեան, որուն այսօր միակողմանի զիջման անինքնասիրութեամբ ու դասալքութեամբ, ողորմելի աճապարանքով տենդագին լծուած է պաշտօնական Երեւանը՝ կեղծ խաղաղասիրութեան յիմար պատրուակով, դարձեալ վերջին հաշուով հայ ժողովուրդն է, որ պիտի հաստատէ կամ ոչ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Առ այդ, հայ-թրքական յարաբերութեանց «բնականոնացման» վճռահատումը որեւէ իշխանութեան մենաշնորհը չէ ու չի կրնար ըլլալ, մանաւանդ դաւադիր ու ապազգային ա՛յս իշխանութեան: Այդ որոշումը կը պատկանի ազգին, գլխագի՛ր Ազգին:



Հրաչ Վարժապետեան