Հինգշաբթի՝ Յուլիս 9-ի երեկոյեան 8:30-10:00, Գանատայի տարածքին, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինին, տեղի պիտի ունենայ Թելեթոն՝ ի նպաստ տնտեսական ծանր կացութեան մատնուած Լիբանանի հայ համայնքին։
«Թորոնթոհայ»ի խմբագիր Կարին Սաղտըճեան հարցազցոյց մը կ՛ունենայ Լիբանանի «Վանայ Ձայ » ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ։ Անոնք կ՛արծարծեն Լիբանանի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապալի իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները։
Հարցազրույցն՝ այստեղ.