Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շաբաթ, 20 Յուլիս 2019-ին, Օթթաուայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի դիւանի անդամներ՝ Արտօ Գաբրիէլեան եւ Մարալ Նազարեան, ինչպէս նաեւ՝ Օթթաուայի «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէի ատենապետ Ռաֆֆի Գատէհճեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ դեսպանատան հիւպատոս պարոն Արա Մկրտչեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին դեսպանը իր նշանակումին առիթով եւ Գանատայի ՀՅԴ ընտանիքին անունով՝ վերահաստատեցին իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը դեսպանատան աշխատանքներուն եւ դեսպանի առաքելութեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ սերտացման հեռանկարները՝ դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներէ ներս:
horizonweekly.ca