կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-15 10:16
Հասարակություն

Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց հայ համայնքի ներկայացուցիչները

Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց հայ համայնքի ներկայացուցիչները

horizonweekly.ca- Յունիս 14-ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան Օթթաուայի մէջ ընդունեց Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները։

Դեսպանատան մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին հիւպատոս Արա Մկրտչեան բարի գալուստի խօսքէն ետք տիկին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի հայութեան եւ իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Դուք միշտ եղել էք դեսպանութեան կողքին, դեսպանատան կազմաւորման առաջին իսկ օրից։ Ես իմ կողմից վստահեցնում եմ, որ այդ համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Կրկնակի մեծ պարտաւորութիւններ ունեմ որպէս առաջին կին դեսպան Գանատայում եւ յուսով եմ, որ պատուով կը կատարեմ իմ առջեւ դրուած առաքելութիւնը։ Ես ձեզ իւրաքանչիւրիդ համարում եմ դեսպանութեան մի փոքրիկ օղակը»։

Ընդունելութեան ընթացքին տիկին դեսպանը ծանօթացաւ գանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան դեսպանին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ դեսպանատան հիմնադրութենէն ի վեր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտօրէն համագործակցած է դեսպանատան հետ եւ խոստացան յառաջիկային յատուկ հանդիպման մը ընթացիքն իրազեկ պահել դեսպանին գանատական քաղաքական գետնի վրայ Հայ Դատի յանձնախումբի ծաւալած քաղաքական բազմաշերտ գործունէութեան մասին։

Ընդունելութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ Մոնթրէալի, Լաւալի, Օթթաուայի եւ Գէմպրիճի կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Օթթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, ՀՕՄ-ի Լաւալի, Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի ներկայացուցիչները, ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը եւ համայնքի անհատ ներկայացուցիչներ։