կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-16 11:23
Հասարակություն

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Փառատօնը Հմայեց Բոլորը

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Փառատօնը Հմայեց Բոլորը

«Ազդակ» - Շաբաթ, 13 յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բացումը կատարուեցաւ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնին:

Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայէլ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան եւ փառատօնի հովանաւոր Վահէ Գալինճեան:

Փառատօնին ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն, որ ծանօթացաւ հայկական մշակոյթին իր բոլոր երեսներով` արուեստով, խոհանոցով, պարով, նուագով եւ գորգագործութեամբ:

Իբրեւ հիւրասիրութիւն, բոլոր ներկաներուն հրամցուեցան հայկական անուշեղէններու տեսակներ, ղափամայ եւ հայկական քոնեաք: