կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-21 10:50
Հասարակություն

Թուրք գրողի թեկնածութիւնը առաջադրուած է Հայաստանի կողմէ

Թուրք գրողի թեկնածութիւնը առաջադրուած է Հայաստանի կողմէ

Ամէն տարի, Գերմանիոյ «Կէօթէ» հիմնարկին կը ներկայացուին թեկնածուներ, որոնց ստեղծագործութիւնները կը խրախուսեն մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը։

2019ին, հիմնարկը հեղինակներու տրամադրուող իր շքանշանը պիտի շնորհէ թուրք ծագումով գերմանացի գրագէտ Տօղան Աքհանլըին։ Ուշագրաւ է, որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած է Հայաստանի կողմէ։

«Երբ արդարութիւնը խնդրոյ առարկայ է՝ կան մարդիկ, որոնք լուռ չեն մնար։ Անոնցմէ մէկն ալ Տողան Աքհանլըն է։ Ան բացէ ի բաց կ՛ըսէ, որ Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր անցեալին հետ։ Անոր բոլոր ստեղծագործութիւնները իրականութիւնը կը պատմեն։ Կը ցոլացնեն ցաւալի իրականութիւնը, որ յատուկ ճամբաներով դէպի հաշտութիւն կ՛առաջնորդէ ժողովուրդները», կ՛ըսուի դատակազմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Կը նշուի, որ Տողան Աքհանլը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ անգամներ հալածուած է եւ ճնշումներու ենթակայ դարձած ու նոյնիսկ բանտարկուած է։ Ան իր վէպերուն մէջ լուսարձակի տակ առած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը եւ բացայայտ կերպով պատմած է այդ մասին։ Աքհանլը ինքզինք կամուրջ կը նկատէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ եւ անոր նպատակն է հաշտեցնել երկու ժողովուրդները։

2018ին, Աքհանլը Երեւանի «Կէօթէ» հիմնարկին հրաւէրով այցելեց Հայաստան, ապա նոյն հիմնարկին կողմէ այս մրցանակին թեկնածու առաջադրուեցաւ։

Տողան Աքհանլըի մրցանակը պիտի յանձնուի 25 Օգոստոսին՝ Կէօթէի տարեդարձին օրը։

Մարմարա