կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-20 15:34
Տարածաշրջան

Եգիպտացի Գրող Թամէր Ապտուլ Մընիէմ Թրքական Ջարդերը Բացայայտող Ֆիլմաշար Մը Կը Պատրաստէ

Եգիպտացի Գրող Թամէր Ապտուլ Մընիէմ Թրքական Ջարդերը Բացայայտող Ֆիլմաշար Մը Կը Պատրաստէ

Եգիպտացի նշանաւոր գրող, հաղորդավար եւ դերասան Թամէր Ապտուլ Մընիէմ աւարտած է իր «Ալ Արման» (Հայերը) ֆիլմաշարին բեմագրութիւնը: Ան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, թէ այս գործը թրքական ջարդերն ու Օսմանեան արիւնարբու կայսրութեան գործադրած բռնութիւնները բացայայտող առաջին վիպաշարը պիտի հանդիսանայ: Ան յայտնած է նաեւ, որ վիպաշարը կ՚անդրադառնայ 20-րդ դարու սկիզբին Եգիպտոսի հայերուն իրավիճակին, եւ թէ շուտով այդ մասին մամլոյ ասուլիս տեղի պիտի ունենայ իր եւ վիպաշարի բեմադրիչին մասնակցութեամբ:

Նշենք, որ Թամէր Ապտուլ Մընիէմ նաեւ յօդուածագիր է եգիպտական կարգ մը լրատուամիջոցներու, որոնցմէ է «Ալ Ահրամ Ալ մասաի»ն։ Ան ստանձնած է զանազան պաշտօններ Եգիպտոսի մշակութային պետական հիմնարկներուն մէջ, գրած է ֆիլմերու եւ վիպաշարերու բնագիրներ, նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է եգիպտական ֆիլմերու, որպէս դերասան, բեմադրիչ եւ արտադրող: