Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նոյեմբեր 23ի այս օրը, 99 տարի առաջ, անխառն ցնծութեան օր մը պէտք է ըլլար հայ ժողովուրդին համար։ Բայց այդպէս չեղաւ…
1918ի տարեսկիզբէն ի վեր Արեւելահայաստան խուժած թրքական բանակը, որ մինչեւ Ալեքսանդրապոլ՝ Գիւմրի մտած ու Էջմիածնի որոշ շրջանները գրաւած էր, ութամսեայ իր տիրապետութեան վերջ տալու Դաշնակիցներու պարտադրանքին տակ, Նոյեմբեր 23ին սկսաւ պարպել Ալեքսանդրապոլը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նորակազմ բանակը անմիջապէս վերատիրացաւ հայոց հինաւուրց քաղաքին, բայց իր առջեւ գտաւ զարհուրելի տեսարանը ջարդուած բնակչութեամբ՝ աւերուած ու աւարուած Գիւմրիի։
Այդ իմաստով անխառն չեղաւ հայ ժողովուրդին համընդհանուր ցնծութիւնը։ Անշուշտ որ մէկ կողմէ, անվիճելիօրէն, համազգային տօնախմբութեան մէջ էր ողջ հայութիւնը, որովհետեւ Մայիսեան յաղթանակներէն ետք հռչակուած Հայաստանի մանուկ Հանրապետութիւնը, 10 հազար քառակուսի քիլոմեթրի մէջ կծկուած ու խեղդուած ապրելէ ետք շուրջ վեց ամիս, վերջապէ՜ս, կը սկսէր հողահաւաքի իր յաղթարշաւը՝ Ալեքսանդրապոլի վերատիրացումով 55 հազար ք. քիլոմեթրի հասցնելով իր տարածքը։ Միւս կողմէ սակայն, ի տես թրքական գրաւման ահաւոր հետեւանքներուն, «ողբի ու որբի, սովի եւ թշուառութեան Հայաստան»ի համար աւելիով կը շեշտուէր յաւելեալ վէրքեր ու ծանրակշիռ կորուստներ դարմանելու հրամայականը։
Բայց պատմութիւնը դրակա՛ն հաշուեկշռով պսակեց Ալեքսանդրապոլի ազատագրումը թրքական բռնագրաւումէն։
Ինչպէս որ Սիմոն Վրացեան կը վկայէ իր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» կոթողական գործին մէջ, «Նոյեմբեր 22ից թիւրքերը սկսեցին դատարկել Ալեքսանդրապոլը։ Դեկտեմբեր 2 եւ 3ին, Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Խոյեցեանի նախագահութեամբ կազմուած մի յանձնախումբ ընդունեց քաղաքն ու բերդը։ Դեկտեմբեր 4ին, առաւօտեան ժամը 5ին, Ղալթախչիից շարժուեց մի հայկական գումարտակ՝ գնդ. Նեստերովսկիի հրամանատարութեան տակ եւ գրաւեց Ալեքսանդրապոլը։ Բերդապետ նշանակուեց գնդ. Դիտիմովը։
«Այստեղ եւս՝ ընդհանուր աւեր ու խեղճութիւն։ Թիւրքերը տարել էին ամէն ինչ, որ կարելի էր եղել շարժել.- շոգեշարժ, վակոն, ցորեն, ժողովրդից խլուած պարէնը, բամպակը, տնային իրեր, կայարանների բոլոր գոյքը՝ հեռագրական ու հեռախօսային գործիքներից սկսած մինչեւ դռներն ու պատուհանները։ Բերդը պայթեցրել էին եւ շատ բան այրել։ Քաղաքն ու շրջակայ գիւղերը կողոպտուած էին մինչեւ վերջին ասեղը։ Անյատակ թշուառութիւն էր տիրում ամէն կողմ։ Հակառակ Մեհմեդ Ալի փաշայի Հայաստանի կառավարութեան տուած պաշտօնական հաւաստիացումներին, թէ Դեկտ. 6ի առաւօտեան ժամը 9ից սկսած՝ Բրեստ-Լիտովսկի դաշնագրի սահմաններից այս կողմ ո՛չ մի թիւրք ասկեար չի մնալու եւ թէ կարգադրուած է, որ հեռացող ասկեարները ո՛չ մի թալան եւ աւերածութիւն չանեն, թիւրքերը հեռանում էին՝ իրենց յետեւը թողնելով մահ ու քայքայում»…
Ահա՛ թրքական պետութեան պաշտօնական յանձնառութիւններուն գործադրութեան իրական պատկերը։
Ահա՛ թրքական պետութեան իսկական դէմքը, որուն ակնարկելով ժամանակին գրած էր ֆրանսացի մեծ բանաստեղծը՝ Վիքթոր Հիւկոն.- «Այստեղից Թուրքն է անցել»…
Այդպէ՛ս, 23 Նոյեմբեր 1918ին, Հայաստանն ու հայութիւնը վերատիրացան իրենց հողին՝ ցարական դարաշրջանին Ալեքսանդրապոլ անուանուած Գիւմրիին։
Քանի մը ամսուան խաղաղ կեանքը եւ թրքական լուծի ընդմիշտ հեռացումը բաւարար եղան, որպէսզի Գիւմրի դարմանէ իր վէրքերը եւ վերագտնէ իր կարեւոր տեղը ազատ ու անկախ հայութեան պետական շինարարութեան մեծ գործին մէջ։
Հայոց պատմութեան յիշարժան այս տարեթիւին՝ թրքական զօրքերու Ալեքսանդրապոլէն հեռացման 99ամեակին նուիրուած այս անդրադարձը կ’արժէ եզրափակել պատմաքաղաքական արժեւորումովը հայրենի ոստան Գիւմրիի վրայ թրքական բանակին գործած թէ՛ ներխուժման, թէ դատարկման։
Ծանօթ է, որ 1918ի Մարտի 3ին՝ մէկ կողմէ Խորհրդային Ռուսաստանի եւ միւս կողմէ Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Պուլկարիայի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ Բրեստ-Լիտովսկի հաշտութեան պայմանագիրը, որուն 4րդ յօդուածին եւ ռուս-թրքական լրացուցիչ պայմանագրին համաձայն՝ Թուրքիոյ անցան ոչ միայն ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ Կարսի ու Արդահանի մարզերը Արեւելահայաստանի: Ռուսաստան պարտաւորութիւնը ստանձնեց անյապաղ դուրս բերելու իր զօրքը Արդահանի, Կարսի եւ Բաթումի մարզերէն, ցրուելու հայ կամաւորական ջոկատները եւ Կովկասի մէջ պահելու ընդամէնը մէկ զօրաբաժին՝ պաշտօնապէս ճանչնալով մինչեւ 1877 թուի ռուս-թրքական պատերազմը գոյութիւն ունեցած սահմանները։
Թրքական պետութեան համար, Բրեստ-Լիտովսկի հաշտութեան պայմանագիրը եւ անոր լրացուցիչ ռուս-թրքական երկ-կողմ համաձայնագիրը յարմարագոյն առիթը կ’ընձեռէին, որպէսզի կարենայ համաթրքական ծաւալման իր նպատակներու իրագործման նոր թափով լծուիլ,
ճնշում գործադրել ամբողջ Անդրկովկասի վրայ եւ պահանջել անոր անջատումը Ռուսաստանէն, որպէսզի շրջանը մասնատելով եւ բաժան-բաժան ընելով՝ իր գերիշխանութիւնը պարտադրէ ամբողջ Անդրկովկասին։
Ատենին, Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութիւնը մերժեց մասնակցիլ Բրեստ-Լիտովսկի հաշտութեան բանակցութիւններուն եւ, չընդունելով անոր զիջողական պայմանները, որոշեց Տրապիզոնի մէջ անջատ բանակցութիւններ վարել Թուրքիոյ հետ: Բայց թրքական բանակը արդէն ձեռնարկած էր Անդրկովկասի ուղղութեամբ գրոհի եւ նոյնիսկ Բրեստ-Լիտովսկի մէջ ռուսներու կատարած զիջումները այլեւս բաւարար չէին։ Թուրքերը վճռած էին 1877ի ռուս-թրքական սահմաններէն ալ անդին անցնիլ եւ — ողջ Անդրկովկասը բռնագրաւելով — հասնիլ Պաքու՝ թէ՛ այս վերջինի նաւթահորերուն տիրանալու, թէ՛ համաթրքական միութեան իրենց երազը իրականացնելու նպատակով։
Ընդհանուր այդ գրոհի ընթացքին էր, որ Սէյմի զօրքերը եւ այդ շարքին հայոց կամաւորական ուժերը նահանջի մղելով՝ Մայիս 1918ի կէսերուն թրքական զօրքերը մտան Ալեքսանդրապոլ եւ Երեւանը գրաւելու իրական վտանգ առաջացուցին: Սակայն Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ, հայ կամաւորական գունդերու զօրքն ու աշխարհազօրայինները պարտութեան մատնեցին թրքական յառաջխաղացքը, ջախջախեցին թրքական զօրքը եւ կանխեցին հայ ժողովուրդին ի սպառ բնաջնջումը։
Անշուշտ թրքական զօրքը միայն ճակատամարտ կորսնցուց. շարունակեց պահպանել շրջանի ամէնէն ուժեղ բանակը ըլլալու իր առաւելութիւնը. ի վիճակի եղաւ իր կամքը պարտադրելու Սէյմի քայքայումով անկախութիւնը հռչակած Հայաստանի Հանրապետութեան, որ ստիպուեցաւ ստորագրել 1918ի Յունիս 4ի Բաթումի նուաստացուցիչ դաշնագիրը՝ «Հաշտութեան եւ
Բարեկամութեան պայմանագիր» հեգնական անունին տակ։
Այդպէ՛ս Ալեքսանդրապոլը մնաց թրքական տիրապետութեան տակ ամբողջ վեց ամիս, մինչեւ Հոկտեմբերի վերջին օրերը, երբ Առաջին Աշխարհամարտը վերջնականապէս կորսնցուցած Թուրքիան կնքեց, յաղթական դաշնակիցներու ճնշման տակ, անձնատուութեան եւ զինադադարի Մուտորսի համաձայնագիրը, որ ի շարս այլ պայմաններու, Թուրքիոյ կը պարտաւորեցնէր քաշուիլ Անդրկովկասէն ու վերադառնալ 1914ի՝ նախքան Առաջին Աշխարհամարտը գոյութիւն ունեցող ռուս-թրքական սահմանները։
Այդ պատճառով ալ թրքական բարբարոսութեան յատուկ վայրագութեամբ թրքական զօրքը գործադրեց հայկական հողերէն քաշուելու իր պարտաւորութիւնը։
Աւերուած ու աւարուած Գիւմրին վերջին վկաներէն մէկը եղաւ թրքական պետութեան հայասպանական քաղաքականութեան։
Երէկ, այսօր թէ վաղը՝ Թուրքիոյ վարիչներուն հետ ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ թէ այլ «մարտավարութեամբ» բանակցութեանց երթալու եւ հայրենի հողէն ու արիւնէն զիջումներու գնով հաշտութիւն աղերսելու պատրաստ հայ քաղաքական միտքը ներկայացուցիչները, ի՛նչ գոյնի ալ որ ըլլան անոնք, պարտաւոր են մտահան չընելու Ալեքսանդրապոլի, այլեւ ընդհանրապէս Արեւելեան Հայաստանի թրքական բռնագրաւման դասերը։
Ամէն պարագայի, հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ անջնջելի կը մնայ թրքական պետութեան յանցագործ վարքագիծը՝ «յարմար պահուն» վերջնականապէս ձերբազատուելու Հայկական Հարցէն, ի հարկին հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ցեղասպանութիւն գործադրելու գնով։