կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-06-02 08:01
Առանց Կատեգորիա

ԱԶԴԱԿ. Թրքական "հիւրընկարութիւն"` 7 տոկոսին նկատմամբ

ԱԶԴԱԿ. Թրքական "հիւրընկարութիւն"` 7 տոկոսին նկատմամբ

Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու ելեւէջային իրավիճակը կտրուկ զառիթափ բռնելու ընթացքին մէջ կը թուի ըլլալ։ Վարչապետ Էրտողան սկսած է պայմանաժամով խօսիլ Դամասկոսի հետ իր յանձնառարած բարեփոխումները կատարուած տեսնելու ակնկալութեան շեշտումով։ Տակաւին՝ յայտարարելով, որ Թուրքիան չի կրնար անտարբել մնալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ կիրարկուած բռնարարքներուն ի տես։

Թրքական «սպառնալիք»ներուն դիմաց համեմատաբար զուսպ հակազդեցութիւններու կը դիմէ պաշտօնական Դամասկոսը, հասկնալի պատճառներով։ Միջպետական յարաբերութիւններու հիմնական առանցքը, որ յայտարարողական փոխասացութիւններուն մէջ չ՛երեւիր, քրտական հանգոյցն է։ Մերթ ընդ մերթ լրատուութիւններ կը շրջագային, որ սուրիական իշխանութիւնները Թուրքիոյ յանձնած են քիւրտ խմբաւորումներու անդամներ։ Չմոռնանք, որ 15 յունիսին համար յայտարարուած է քիւրտ ըմբոստութեան վերազարթօնքը Թուրքիոյ տարածքին։ Սուրիոյ մէջ քրտական խմբաւորումներու յենարանները լուրջ սպառնալիք են Թուրքիոյ թիւ 1 խնդիրին համար։ Կեդրոնանանք բուն հարցին վրայ։

Թրքական «Սապահ»ը, նկարագրելէ ետք թուրք-սուրիական վատթարացող յարաբերութիւնները կը գրէ, թէ Անգարան մտահոգուած է Սուրիոյ տարածքին ապրող եւ բնակչութեան 7 տոկոսը կազմող քիւրտ, հայ եւ չերքեզ ազգաբնակչութիւններու իրավիճակով եւ կ՛աւեքցնէ, որ անհրաժեշտութեան պարագային անոնց դիմաց կը բանայ Թուրքիոյ դռները։ Նման պարագայի, ըստ «Սապահ»ին, Թուրքիա մուտք կը գործէ 500 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն գաղթականներ։ Անհրաժեշտ լուսարձակի տարողութիւն չէր բացուեր նման լրատուութեան մը վրայ, եթէ թերթը այս տեղեկութիւններուն համար չվկայակոչէր թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ։ Պարզ է, որ պաշտօնական լրատուութիւն շրջանառութեան մէջ դնելու անուղղակի ձեւի կիրարկումն է արձանագրուածը։

«Սապահ»ի այս լրատուութիւնը կը հակադրուի «Տի ինտիփէնտընթ»ի մէջ լոյս տեսած եւ Ռոպըրթ Ֆիսքի ստորագրութիւնը կրող մեկնաբանական յօդուածի բովանդակութեան, ուր կը նախատեսուէր, որ Թուրքիան կը պատրաստուի Սուրիոյ տարածքին՝ Քամըշլի քաղաքի եւ Տէր զօրի անապատներուն մէջ հիմնել գաղթականներու ճամբարներ՝ թույլ չտալով անոնց մուտքը Թուրքիա։ Ուրեմն։ Պահ մը շրջանցենք Ֆիսքի նախատեսութիւնը եւ կեդրոնանանք «Սապահ»ի տեղեկատուութեան վրայ, (տար)համոզուելու համար, որ Թուրքան մտահոգ է ի շարս քիւրտ եւ չէրքեզ ազգաբնակչութիւններու, նաեւ սուրիահայ համայնքի իրավիճակով...

Շարունակենք. Թուրքիոյ դռները պիտի բացուին Սուրիոյ բնակչութեան 7 տոկոսին դիմաց, որոնց շարքին նաեւ հայ գաղթականներ ընդունելու համար։ Դժուար է թրքական ցուցադրուող հիւրընկալութեան մասին այս պարագային ծաղրանկարային իրավիճակ բնութագրելու փորձութենէն հեռու մնալը։ Արձանագրենք միայն, որ ինը տասնամեակ առաջ Թուրքիայէն դէպի սուրիական անապատները բռնատեղահանուած, ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներն էին, որոնց դիմաց դռները բացաւ Սուրիան։ Հիմա հակառակ ուղղութեամբ, իրողութիւններ նենգափոխելու անուղղակի ձեւերով Թուրքիան հակաճգնաժամային, մարդասիրական տարազներու տակ գաղթականական հոսք ընդունելու եղանակներուն մասին կը խօսի։ Գաղթականութիւն տեղափոխելու եւ տեղաւորելու թրքական փորձը ցեղասպանութեամբ աւարտած է։ Սուրիոյ բնակչութեան 7 տոկոսը նման «տեղափոխութեան» կարիքը զգալու նախադրեալներ ցոյց չի տար։ Մանաւանդ որ գաղթականներուն թիւի նախատեսութեան առումով «Սապահ»ի հրապարակած թիւերը ՝մէկ միլիոն եւ 500 հազար այլ խորհուրդներ կը վերաթարմացնեն։

Շահան Գանտահարեան

Գլխաւոր խմբագիր