Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Սուրիա այցելութեան ուրախ առիթը օգտագործելով, «Գանձասար», «Ռատիօ Երազ»ին հետ գործակցաբար, հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ընկերոջ հետ, ընթերցողները իրազեկ դարձնելու ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն՝ համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:
Զարմիկ Պօղիկեան.- Նախ կարճ անդրադարձ մը կատարենք ՀՅԴ 33-րդ Ընդհ. Ժողովին: Որո՞նք էին ժողովին հիմնական առաջադրանքները կազմակերպական եւ ներհայաստանեան առումներով յատկապէս:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան.- Բնականաբար Ընդհ. Ժողովը քանի մը յստակ ուղղութիւններ ճշդեց: Առաջինը՝ Հայաստանի մէջ ժողովուրդին բացուելու, առաւել շեշտադրուած ձեւով ժողովուրդին հետ գործակցելու հրամայականն էր: Երկրորդը` հայ կնոջ, մեր ընկերուհիներու դերի բարձրացման հարցն էր: Երրորդը` երիտասարդութեան ներգրաւման հարցն էր: Երիտասարդութիւնը, բնականաբար, ոչ միայն մեր ապագան է, այլ նաեւ ներկան: Սփիւռքի առնչութեամբ՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու եւ Սփիւռքին նոր թափ հաղորդելու հարցերն էին, առաւել Հայ Դատի տարբեր ոլորտներու գործունէութիւնը, որ ընդհանրապէս մեր օրակարգին վրայ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Ասոնց կողքին գոյութիւն ունէին ընթացիկ օրակարգեր: Այս բոլորին լոյսին տակ, երբ մենք, որպէս ընդդիմութիւն, Հայաստանի վերջին ընտրութիւններէն վերջ Ազգային Ժողովին մաս չենք կազմեր, յայտարարած ենք, որ ընդդիմութիւն ենք, բայց նաեւ շեշտադրած ենք, որ ընդդիմութիւնը ինքնանպատակ չէ, ընդդիմութիւնը պարզապէս ամէն ինչ յոռի գոյներով տեսնել ու սեւ ներկել չէ: Մենք կը նախընտրենք կառուցողական ընդդիմութեան ձեւաչափը, որուն համաձայն այն ինչ որ ճիշդ է կը գնահատենք, իսկ ինչ որ սխալ է կը քննադատենք ու այլընտրանքային ծրագիր կ'առաջարկենք: Այլընտրանքային այդ ծրագիրներուն համար մենք յառաջացուցած ենք 11 յանձնախումբեր, որոնք ընդհանուր ոլորտներու, մարզերու մէջ տարուելիք աշխատանքներու համադրումը կը կատարեն: Գոյութիւն ունի, օրինակ, յանձնախումբ մը, որ կը զբաղի արտաքին յարաբերութիւններով, երկրորդ մը՝ պաշտպանութեան հարցերով, երրորդ մը՝ առողջապահութեան հարցերով եւ այլն...: Օգտագործելով մեր համահայկական մարդուժը, կը նախընտրենք, որ իւրաքանչիւր յանձնախումբի մաս կազմեն թէ՛ մեր փորձառու-մասնագէտ ընկերները, թէ՛ երիտասարդներ, որոնք մեր ապագայ քատրերն են, եւ թէ Սփիւռքէն քանի մը մասնագէտներ, որոնք կրնան նոր թափ հաղորդել այդ աշխատանքին:Այսպիսով մենք աւելի քան 200-250 հոգի գործի պիտի լծենք: Մէկ մասը արդէն սկսած է, միւսն ալ շուտով կ'ամբողջանայ:
Զ.Պ.- Վերջերս կը տեսնենք Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու փորձեր, յատկապէս իշխանութեան շրջանակներուն կողմէ: Միւս կողմէ, սակայն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Մայիսին կը կազմակերպէր «Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք»ի ֆորումը: Կը պարզաբանէ՞ք, խնդրեմ, թէ այս դաշինքը Արցախի ապահովութեան եւ անվտանգութեան առնչուող ինչպիսի՞ հարցեր պիտի լուծէ, ե՛ւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի դերակատարութիւնը այս գործընթացին մէջ:
Յ.Տ.- Նախ ըսեմ, որ դժբախտաբար ճիշդ էք: Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ կայ որոշ չափով լարուած մթնոլորտ մը, որ մեզի համար շատ մտահոգիչ է: Մտահոգիչ է, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մեր երկու հայկական պետութիւններու իշխանութիւնները պէտք է միշտ համադրաբար աշխատին, ինչպէս կ’ըսեն՝ կառքը նոյն ուղղութեամբ քաշեն: Այս մտահոգութիւնները մենք յայտնած ենք երկու հանրապետութիւններու իշխանութիւններուն ու պատրաստ ենք խաղալ յատուկ դեր, որպէսզի մեղմենք այդ, որովհետեւ արդէն գիտէք, որ շուտով Արցախի մէջ առաջին անգամն է, որ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ, 2019-ին՝ տեղական ինքնակառավարման, իսկ 2020-ին՝ Ազգային Ժողովի եւ նախագահի միաժամանակ: Ուրեմն քիչ մը համբերութիւն պէտք է, այնուհետեւ կը յստականայ արդէն ընդհանուր կացութիւնը եւ կը յուսամ, որ բոլորս պիտի լծուինք շինիչ աշխատանքի: Ներկայ վիճակը, լարուած մթնոլորտը, փոխադարձ ամբաստանութիւնները միայն ու միայն մէկ հետեւանք կրնան ունենալ, այն ալ մեր թշնամին ուրախացնելն է:
Գալով ֆորումի գաղափարին, մենք այդ գաղափարը ներկայացուցած էինք հանրութեան, մտաւորականութեան, ներկայացուցած էինք նաեւ իշխանութեան՝ ընդհանուր գիծերու մէջ, որովհետեւ յայտնած էինք, թէ մանրամասնութիւնները պիտի ճշդուին համահայկական առումով: Այս իսկ պատճառով, քաջ իմանալով, որ Դաշնակցութիւնն է այս ծրագրին մղիչ ուժը, պիտի նախընտրէինք, որ սա միայն Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը չըլլայ:
Իրականութեան մէջ ի՞նչ է փնտռուածը: Ռազմաքաղաքական դաշինքի ստորագրութէամբ մենք կը կարծենք, որ ռազմավարական առումով շատ աւելի պիտի կանոնաւորուի Հայաստան-Արցախ քաղաքական եւ ռազմական համաձայնագրերու հարցը: Որովհետեւ կասկած պէտք չէ գոյութիւն ունենայ բոլորիս համար, որ Դաշնակցութեան վերջնական նպատակը Արցախը միացնելն է Հայաստանին, բայց մինչեւ հոն հասնիլը, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ բանակցային գործընթաց գոյութիւն ունի, մենք պէտք է կանոնաւորենք այդ յարաբերութիւնը, որովհետեւ եթէ աշխարհի առջեւ մենք կը ներկայացնենք սա որպէս ինքնորոշման իրաւունքի եւ ճանաչման միտում Արցախի համար, պէտք է յստակօրէն ընդգծենք նաեւ, թէ ի՞նչ է Հայաստանի դերը այս ուղղութեամբ: Երբեմն կը հնչեն արտառոց գաղափարներ, որոնք մեզ կը մտահոգեն: Օրինակի համար, թէ իսկապէս ո՞վ իրաւասութիւն ունի Արցախի անունով խօսելու, թէ արդեօ՞ք պէտք է գտնենք բանակցային գործընթացի նոր ձեւեր, նայած թէ ի՞նչ են այդ նոր ձեւերը:
Մեր պնդումն այն է, սակայն, որ մինչեւ այդ վախճանական նպատակը, որուն բոլորս կը ձգտինք, պէտք է կանոնաւորել գործակցութիւնը, որպէսզի պաշտպանութեան եւ քաղաքական իմաստով Հայաստանի նեցուկը Արցախին «տէ ֆաքթօ» վիճակէն վերածենք «տէ ժիւրէ» վիճակի, այսինքն զայն իրաւական դաշտ մղենք եւ այդ ընենք դաշնագրով: Ուսումնասիրած ենք համաշխարհային քանի մը փորձեր: Կայ նախընթաց, որ այսպէս կոչուած չճանչցուած պետութիւններու հետ դաշինքներ կարելի է կնքել: Կ’ուզենք, որ նման ծրագիր իրականանայ նաեւ Արցախի պարագային: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու, որպէսզի այդ դաշնագրի բնագիրը գործի վերածուի, տեսք ստանայ: Այս ուղղութեամբ կազմեցինք կազմկոմիտէ, որ իրականութեան մէջ ձեւով մը կազմակերպիչ յանձնախումբ է, որուն մաս կը կազմեն այլազան հոսանքներէ ներկայացուցիչներ: Ուրախ ենք նաեւ, որ այդ ֆորումին մասնակցեցան «Քաղաքացիական Պայմանագիր»էն անհատներ: Բնական է նաեւ, որ մենք չէինք ակնկալեր, որ առաջին գիծի վրայ ըլլար Արցախի իշխանութիւնը, որովհետեւ կ’ուզէի՛նք, որ սա ըլլայ համաժողովրդական նախաձեռնութիւն: Շուտով պիտի անցնինք որոշակի աշխատանքի եւ անոր մէջ ներառենք նաեւ Սփիւռքը, որպէսզի աջակցութեան մեծ ալիք եւ հոսանք ստեղծուի, եւ մենք ամբողջ աշխարհին ցոյց տանք, որ մեր ժողովուրդը Արցախի հարցով միակամ է: Տայ Աստուած, որ յաջողինք եւ բոլորս միասին այս աշխատանքը իրականացնենք պէտք եղած ձեւով եւ պէտք եղած խանդավառութեամբ:
Զ.Պ.- Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները, յատկապէս Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման լոյսին տակ: Մեքանիզմները կարեւո՞ր են այդ յարաբերութիւններուն արդիւնաւորման համար:
Յ.Տ.- Մենք, նախորդ իշխանութիւններու օրով, միշտ ալ շեշտած ենք, որ պէտք է Հայաստան ունենայ Սփիւռքի Նախարարութիւն, ոչ թէ որովհետեւ այս մեքանիզմը լաւագոյն ձեւն է, այլ պարզապէս այն բանի համար, որ Հայաստան աշխարհին ցոյց տայ, թէ ինք կարեւորութիւն կու տայ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն, որ այդ յարաբերութիւններուն մշակումն ու իրագործումը կ’ուզէ կատարել նախարարական մակարդակով: Սա շատ կարեւոր էր: Գիտէք, մեծ Սփիւռք ունեցող շատ մը պետութիւններ այլազան ձեւեր գտած են իրենց Սփիւռքին հետ յարաբերութիւններ մշակելու համար: Լիբանանի պարագան միտքս կու գայ, Ֆրանսա եւ Իտալիա նոյնիսկ ընտրութիւններ կը կազմակերպեն իրենց սփիւռքներուն մէջ: Ուստի այս ամբողջ ծրարը պէտք է ուսումնասիրուի: Մենք կը կարծենք, որ Սփիւռքի Նախարարութիւնը եթէ նման լուրջ ծրագրեր մշակելու ընթացքին մէջ ըլլար, այո, հաւանաբար լաւագոյն ձեւն էր արդիւնաւորելու այդ յարաբերութիւնները, զանոնք դուրս հանելով ցուցական մակարդակէն, աւելի խորքային դարձնելով: Այլ խօսքով մենք համաձայն էինք, որ Սփիւռքի Նախարարութիւնը մնար եւ շարունակէր իր գործը, թէեւ հարիւր տոկոսով խանդավառ չէինք Սփիւռքի Նախարարութեան ցարդ տարած աշխատանքով: Պարոն վարչապետին փոխանցած էինք, որ մեր մօտեցումը հետեւեալն է՝ եթէ գոյութիւն ունին սխալներ, միասնաբար նստինք, սրբագրենք զանոնք, եւ ինչ ալ ըլլայ ամենայնդէպս Սփիւռք-Հայաստան կապերու զարգացման ձեւաչափը՝ նախարարութիւն, յանձնակատարի ճշդում, թէ այլ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կանոնաւորումը պէտք է ըլլայ խորհրդակցութեան ճամբով: Տարօրինակ էր, սակայն, որ միայն որոշումներ առնուելէ ետք առաջարկ ներկայացուեցաւ, որ նստինք ու խորհրդակցինք: Մենք հարց տուինք, թէ ինչի՞ մասին պիտի խորհրդակցինք, երբ հիմնական ուղղութիւններն ու որոշումները որդեգրուած են արդէն: Իշխանութիւնները նկատի առած են թեկնածու մը, պիտի նշանակուի գլխաւոր յանձնակատար մը, այլ խօսքով՝ high commession, որ պիտի աշխատի ուղղակիօրէն Վարչապետարանի հսկողութեան տակ: Վարչապետը կը հաւատայ, որ ատիկա պիտի բարձրացնէ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մակարդակը: Մենք տակաւին վստահ չենք, թէ այս ձեւը կ’արդիւնաւորուի, այնուհետեւ պատրաստ ենք տեսնելու, թէ ուր կը հասնի այս ծրագիրը։ Սոսկ դիտորդի դերը պիտի չկատարենք, ընդհակառակը՝ պատրաստ ենք ձեռքով-ոտքով աշխատելու, որպէսզի իրողապէս արդիւնաւորուին յարաբերութիւնները:
Սակայն երկու մտահոգութիւն ունինք. առաջինը այն է, որ երբեմն ձայներ կը լսուին վարչապետին մօտիկ շրջանակներու կողմէ, որ պէտք է վերակազմակերպել Սփիւռքը, Սփիւռքը հասցէ չունի…: Այն նոյն բանը, զոր կը լսէինք մօտաւորապէս 90-ական թուականներուն, կը կարծենք որ այլեւս հինցած հասկացութիւն է: Սփիւռքը հասցէ ունի, Սփիւռքը ունի աշխոյժ կառոյցներու տէր շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնք համահայկական նկարագիր ունին: Ուստի պէտք է զօրացնել այդ կառոյցները, եւ ոչ թէ յանկարծ ստեղծել անիմաստ կառոյցներ: Ուրախ եմ յայտնելու, որ Սփիւռքի տարածքին մենք՝ ուր որ կրցած ենք յառաջացուցած ենք միացեալ յանձնախումբեր, շտապներ կամ միասնական աշխատանքը համադրող մարմիններ՝ տարբեր անուններով, տարբեր պիտակաւորումներով: Անոնք յաջող տարբերակներ են: Ֆրանսայի օրինակը լաւ է, Քանատայի մէջ կանոնաւոր հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, Ամերիկայի մէջ յատուկ առիթներով տեղի կ’ունենան այդպիսի հանդիպումներ, Եւրոպայի որոշ քաղաքներու մէջ միացեալ աշխատանքը բաւական թափ ստացած է, Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային գրեթէ մնայուն յանձնախումբերու կամ շտապներու հարց գոյութիւն ունի: Ասոնք ուրախալի երեւոյթներ են, զորս պէտք է քաջալերել եւ ոչ թէ քանդել ու նորը ստեղծել: Ամենայնդէպս, եթէ նոյնիսկ նորը պիտի ստեղծենք, այդ պէտք է ըլլայ համահայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն համախոհութեամբ, ոչ թէ թելադրուի Հայաստանէն: Սա առաջին կէտն է, երկրորդը այն է, որ իսկապէս, եւ ասոր մէջ արդարացի է իշխանութեան մօտեցումը, պէտք է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ըլլան խորքային, ոչ թէ առերեւոյթ, չսահմանափակուին շօուերով, չըլլան համաժողովներ կազմակերպելու սիրոյն, այլ ըլլան այնպիսի գործնական դրսեւորում ունեցող համախմբումներով, որոնք ունենան յստակ ծրագիր (action plan), որուն հետապնդումը տրուի, օրինակ, մարմինի մը, որ կազմուած ըլլայ պետութէան ներկայացուցիչներէ եւ Սփւռքի ներկայացուցիչներէ, իսկ բոլոր կողմերը հսկեն, որ այդ մարմինները արդիւնքի հասնին: Այս գլխուն տակ կ’ուզե՛մ յիշել նաեւ, որ մենք փոխանցած ենք իշխանութեան տարբեր մակարդակներու ներկայացուցիչներուն, որ վերջին շրջաններուն, ոչ միայն այս իշխանութեան օրով, երկքաղաքացիութեան դրութեան հաստատումը ողջունելի կը գտնենք: Գիտէք որ Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ անոր համար: Հետագային, սակայն, սահմանադրական փոփոխութիւններու օրէնքներու նախագիծով աւելի ու աւելի սահմանափակուեցաւ սփիւռքահայերուն մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին: Օրինակի համար ամէնէն կարեւոր պաշտօններուն համար, նոյնիսկ ռատիօ ժամի կամ մետիայի վրայ հսկող մարմիններուն մէջ, երկքաղաքացիներ չեն կրնար ընտրուիլ: Այսինքն Սփիւռքի ներկայացուցիչը եթէ Հայաստան տեղափոխուած է եւ կ’ուզէ գործուն մասնակցութիւն բերել տեղւոյն քաղաքական կեանքին, պէտք է վերադարձնէ իր երկրորդ անձագիրը: Այն ժամանակ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ի՞նչ կը մնայ երկքաղաքացիութենէն, որովհետեւ գիտէք շատ մը սփիւռքահայեր պիտի չուզեն այդ ընել: Ուստի, քանի որ միաժամանակ Հայաստանի քաղաքացիներ են, պէտք է ունենան լիիրաւ իրաւունք մասնակցելու քաղաքական կեանքին: Շատ մը երկիրներու մէջ այդպէս է կացութիւնը: Լիբանանի պարագային խնդրոյ առարկան թէ՛ պատգամաւոր կրնայ ընտրուիլ եւ թէ՛ նախարար կրնայ նշանակուիլ, անկախ այն բանէն, թէ քանի՛ քաղաքացիութիւն ունի, բաւական է որ խնդրոյ առարկան Լիբանանի քաղաքացիութիւն ունեցած ըլլայ: Այս հարցը պէտք է կանոնաւորուի, այդ արգելքները պէտք է վերցուին եւ դռները բացուին: Ասոր բնական շարունակութիւնը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի կանոնաւոր եւ համակարգուած մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին՝ խորհրդարանի անդամակցութեան աթոռներ վերապահելով սփիւռքահայուն, երկրորդ պալատ ստեղծելով եւ այլն: Մենք չենք ուզեր այդ մանրամասնութիւններուն մէջ մտնել հիմա, բայց կ’ուզենք այն սկզբունքը, որ ընտրովի համակարգով մենք կարենանք նաեւ ներկայացուցիչներ հասցնել այդ պալատներուն մէջ կամ ներկայ Ազգային Ժողովին կամ այլուր: Այս ձեւերը կարելի է քննել։ Քննել նաեւ այլ ազգերու, այլ պետութիւններու փորձառութիւնը: Այս բոլորը կարեւոր հարցեր են, որոնց համար պէտք է ստեղծել համահայկական համախոհութիւն եւ ունենալ յստակ ծրագիր:
Զ.Պ.- Ձեր այցելութեան ընթացքին քանի մը անգամ շեշտեցիք, որ ՀՅԴ Բիւրօն զօրավիգ պիտի հանդիսանայ սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ ունեցաք Ձեր այս այցելութեամբ եւ ինչպիսի՞ օժանդակութեան կարիքը կը նախատեսէք:
Յ.Տ.- Շատ ճիշդ էք: Այցելութեանս հիմնական նպատակներէն մէկը նաեւ այն է, որ մեր մարմիններու, միացեալ յանձնախումբերու կամ յարանուանութիւններու պետերուն հետ քննենք, թէ ինչպիսի՛ կարելիութիւններ կան, որոնց հիման վրայ որոշ չափով փակուած կարելի է համարել օժանդակութէան էջը, եւ բանալ վերականգնումի մէկ այլ էջ: Գիտենք նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ պատրաստ է մասնակցելու վերականգնումի աշխատանքներուն, բարեացակամ դիրքորոշում ունի հայութեան նկատմամբ յատկապէս։ Միեւնոյն ատեն բնականաբար կ’ակնկալէ, եւ սա արդար ակնկալութիւն է, որ հայութիւնն ալ մասնակցի այդ աշխատանքներուն: Մենք շնորհակալ ենք Սուրիոյ պետութենէն, որ, օրինակ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ նորոգութեան առիւծի բաժինը ստանձնեց եւ սա շատ ողջունելի նախաձեռնութիւն է: Ուրեմն մենք պէտք է ծրագիր մշակենք՝ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կարելի է ընել, որ ձեռք-ձեռքի տուած, թէ՛ պետութեան հետ, թէ՛ համայն հայութեան հետ գործակցաբար, ծրագրեր կեանքի կոչենք ու վերականգնումի աշխատանքներու սատարենք, նպատակաուղղենք մեր աշխատանքները վերականգնումին: Այցելելով Սուրիա ուրախութեամբ կը հաստատեմ, որ այս երկիրը սկսած է արդէն վերականգնումի աշխատանքները: Այցելեցի «Տիգրանեան» շէնքը եւ տեսայ, թէ ինչ լաւ վերակառուցած ու զայն վերածած են երիտասարդական կեդրոնի: Հոյակապ էր, պէտք է խոստովանիմ, որ Սփիւռքի մէջ այդպիսի օրինակներ շատ չկան, ուր երիտասարդութեան տրուած է ամբողջ յարկ մը, ուսանողականին տրուած է ուրիշ յարկ մը, լրիւ նորոգուած, բազմաթիւ սենեակներով, գրադարաններով, ժողովասրահներով, հաւաքավայրերով: Խաղի, սորվելու եւ ընթերցումի միջոցներ տրամադրուած են երիտասարդութեան: Սա շատ խրախուսիչ երեւոյթ է, որովհետեւ կը նշանակէ նաեւ, որ մեր տեղական մարմինները լաւապէս կը գնահատեն երիտասարդութիւնը եւ անոր կ’ընծայեն ամէն կարելիութիւն, որպէսզի կարենայ այդ հաւաքավայրերը վերածել մեղուափեթակի: Ես շատ ուրախ եմ մեր երիտասարդութիւնը տեսնելով պատնէշի վրայ: Որոշ մտահոգութիւն ունէի, որ այս երկար պատերազմէն ետք, որոշ յուսալքում յառաջացած ըլլար այս գաղութին մէջ: Փառք Տիրոջ, սակայն, այդպիսի բան չտեսայ: Ընդհակառակը՝ ես, ինչպէս գրեցի մեր ընկերներուն, ականատեսը եղայ վերածաղկող սուրիահայութեան: Առայժմ գոնէ հալէպահայութեան: Շուտով կ’այցելենք նաեւ Լաթաքիա, Քեսապ եւ այլն: Եթէ այսպիսի ընդհանուր մօտեցում կայ, դուք անգամ մը եւս փաստած կ’ըլլաք, որ օժտուած էք հայութեան յատուկ տոկունութեամբ ու վճռակամութեամբ, եւ զանոնք վերածած էք իսկական գործի:
Զ.Պ.- Շնորհակալ ենք ձեր սպառիչ պատասխաններուն համար: Բարի ճանապարհ կը մաղթենք ձեզի:
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ