Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
«Եւ ճշմարիտ հերոսները նրանք են միայն, որոնք մեծագործում են եւ առաքինանում իրենց վտանգուած հայրենիքը պաշտպանելու ժամանակ»:
Գարեգին Նժդեհ
2016 Ապրիլ 1-5 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը կը միտէր կայծակնային յարձակումով ռազմական բեկում յառաջացնել Արցախի հիւսիսային, հարաւային եւ կեդրոնական պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ։
Ատրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ստուարաթիւ մասնակցութիւնը, նոր հրթիռային համակարգերու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ ժամանակակից զինատեսակներու օգտագործումը կը փաստեն այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանի կայծակնային այս յարձակումը կը նպատակադրէր ճեղքային բեկում յառաջացնել Արցախի պաշտպանական բանակի ողնաշարին։ Ատրպէյճանական բանակի գերազանցող ուժերու աշխարհագրական լայն տարածութեան վրայ սփռուած յարձակումը զսպուեցաւ հայկական բանակի հրետանային հակամարտկոցային կրակով, որմէ ետք միայն հրադադարն էր, որ կասեցուց հայկական կողմի պատասխան հակագրոհը։
Ապրիլեան Պատերազմը իրողութեան մէջ փանթուրանիզմի երկարաժամկէտ ծրագրի իրագործման մէկ օղակն է. այդ մէկը կը վկայէ թրքական ռազմական հրահանգիչներու եւ սպաներու թուաքանակի շարունակական բարձրացումը Ատրպէյճանի եւ Նախիջևանի մէջ: Այդ մէկը կը վկայէ նաեւ Պատերազմի նախորդող ամիսներուն եւ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին յստակ եւ ծրագրուած թուրք-ատրպէյճանական տեղեկատուական լայնածիր հակահայ քարոզչական արշաւը։ Անգարա-Պաքու Փանթրքական առանցքի հիմնական խոչընդոտը՝ Հայաստանի լեռնային դարպասը հանդիսացող Արցախն է։
Պալքանեան բարձրավանդակէն մինչեւ Չինաստանի սահմանները երկարող կայսերապաշտական մոլեռանդ փանթուրանիզմի իրաւայաջորդը այսօր փանթրքութիւնն է, եւ այս գաղափարախօսութեան հիմնական արգելքը Հայաստանն է։ Իսկ համաթուրանականութեան գործընթացը պատմութեան մէջ յատկանշուած է որպէս այլ ժողովուրդներ թրքացնելու, դաւանափոխելու եւ ընդհուպ մինչեւ բնաջնջելու պատմական հոլովոյթով։
Քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ հայրենիքին սպառնացող վտանգի ընթացքին, Համազգային զօրաշարժով համախումբ ու միատարր է հայութիւնը։ Հայոց Պատմութեան էջերուն վրայ պիտի արձանագրուին, թէ ինչպէս մարտական գործողութիւններու ազդանշանէն անմիջապէս ետք հազարաւոր պահեստազօրայիններ եւ կամաւորներ զէն ի ձեռին խրամադիրքերուն մէջ կանգնեցան հայ զինուորի կողքին։
Ապրիլեան Պատերազմը փոխանցեց ուսանելի դասեր, որ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար, ժամանակակից գիտութիւնն ու արտաքին քաղաքականութիւնը, գիտարուեստն ու ռազմաքաղաքականութիւնը փոխադարձաբար միաձուլուած են իրարու հետ։
Սահմանամերձ բնակավայրերն ու տարածքները վերաբնակեցնելը զոյգ պետութիւններուն համար անյետաձգելի առաքելութիւն է, որուն զուգահեռ, Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու տնտեսական զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման համար անհրաժեշտ է Սփիւռքի գործարար ներուժի անմիջական ներդրումը այս բնագաւառին մէջ։
Պաքուի հետեւողական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ հայկական կողմի հաւանական փոխզիջումները երբեւիցէ երաշխաւորուած պիտի չըլլան։ Ներկայ հանգրուանին, օրուան հրամայականն է գերազանցօրէն սպառազինուած վիճակով հզօրացնել պաշտպանողական գօտին եւ զայն վերածել անխորտակելի պատուարի եւ բանակցային հարթակին վրայ օգտագործել ճկուն դիւանագիտական մարտավարութիւն։ Եթէ 11 տարի առաջ, հիմնուած՝ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի միջազգային օրէնքին վրայ Քոսովոն անկախութիւն հռչակեց՝ ուրեմն Արցախը ունի անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները իր ճակատագիրը որոշելու եւ յառաջիկայ հանգրուանին միջազգային գետնի վրայ իբրեւ ինքնորոշուած անկախ պետութիւն գործելու։
Այսօր, Արցախի սահմանային եւ ռազմաճակատային ինքնապաշտպանական համակարգը պէտք է յագեցած ըլլայ գերարդիական ռազմագիտարուեստով եւ զինուորական սպառազինութեամբ։ Հայ ժողովուրդին սպառնացող ատրպէյճանական թշնամական բռնարարքները կանխելու համար պատրաստ ըլլա՛նք ազգովին վահանաւորելու մեր ամրոց պետութիւնը՝ Արցախը։
«Հորիզոն»