Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 20 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան», Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ: Հանդիպման ներկայ էին Թեմիս Կեդրոնական վարչութեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի, Ազգային Վարչութեան, հոգաբարձութեանց, շրջանի գործակից միութեանց ու կազմակերպութեանց եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ:
Բացման խօսքը կատարեց Տիկին Արմինէ Մուքոյեան: Ան ողջունեց ներկաները, հակիրճօրէն ներկայացուց Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ազգային-կուսակցական բազմավաստակ կենսագրութիւնը, որ կը ծաւալի մեր Թեմէն՝ հասնելու համար սփիւռքի զանազան երկիրներ, Հայաստան ու Արցախ:
Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, ողջունեց ներկաներն ու Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, նշելով, որ հայոց պատմութեան ընթացքին եկեղեցին ու ազգը անքակտելիօրէն շաղախուած ու զօդուած են զիրար, իրարմով զօրացած ու ամրացած՝ դիմակայած են բոլոր ժամանակներու դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, իսկ Տիար Տէր Խաչատուրեան լաւագոյն օրինակն է եկեղեցի-ազգ անքակտելի շաղախումին: «Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց մեր գաղութի հոգեւոր, ազգային ու կրթական գործին, իսկ այժմ պահը եկած է իր առաքելութիւնը տարածելու հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն ու գաղութներուն վրայ՝ հասնելով Հայաստան ու Արցախ»:
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գնահատեց Տիար Տէր Խաչատուրեանի ջանքերն ու աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր ապագայ գործունէութեան։
Տիար Տէր Խաչատուրեան գոհունակութեան ու շնորհակալութեան խօսքերով ընդառաջեց յիշեալ արտայայտութեանց: Ան վեր առաւ միասնութեան, գործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները, նշելով, որ Հ.Յ.Դ-ը միշտ ալ հետամուտ եղած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ բարեփոխութեանց ու ընկերային արդարութիւն հաստատումի ճիգերուն, նպատակ ունենալով որ մեր հայրենակիցները մայր հայրենիքին մէջ ապրին ազատ, անկախ, ապահով ու արժանավայել կեանք մը։ «Մեր սփիւռքեան գաղութներն ու կառոյցները եւս իրենց առիւծի բաժինն ունին համագործակցութեան նոր մեկնակէտի, ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան առաւել զարգացման»։
Այնուհետեւ, Տիար Տէր Խաչատուրեան հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ առաջարկներուն։
Հանդիպումի պաշտօնական բաժինի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր Խաչ մը յանձնեց Տիար Տէր Խաչատուրեանին:
Հանդիպում-զրոյցէն ետք, ի պատիւ Տիար Տէր Խաչատուրեանին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան մտերմիկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին արտայայտուեցան սրտի խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ: