կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-23 11:11
Տարածաշրջան

Սուրիոյ քիւրտերը Թուրքիոյ կը սպառնան ամբողջ սահմանը պատերազմի դաշտի վերածել

Սուրիոյ քիւրտերը Թուրքիոյ կը սպառնան ամբողջ սահմանը պատերազմի դաշտի վերածել

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր դաշինքը, որ քիւրտերու հակակշիռին տակ է, յայտարարեց, որ չի փափաքիր Թուրքիոյ դէմ պատերազմ մղել, սակայն այդ դաշինքին ընդհանուր հրամանատարը՝ Մազլում Ապտի զգուշացուց, որ եթէ Եփրատի արեւելեան ափի քրտական որեւէ շրջանի դէմ յարձակում մը կատարուի թրքական ուժերուն կողմէ, ամբողջ սահմանային շրջանը պիտի վերածուի պատերազմի դաշտի:

Ապտի Հոլանտայի մէջ լոյս տեսնող քրտական «Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» թերթին յայտնեց, թէ ենթահողը պատրաստուած է, եւ իր ղեկավարած ուժերը պատրաստ են դէմ դնելու թրքական պետութեան կողմէ կատարուող գրգռութիւններուն եւ սադրանքներուն, քննադատելով հիւսիսային Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մեծաթիւ ուժեր կուտակելու ԱՆգարայի քայլը:

Ապտի յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի անդամ երկիրներուն փոխանցած են իրենց այդ որոշումը՝ շեշտելով, որ այդպիսի պատերազմ մը պիտի առաջնորդէ Սուրիոյ մէջ երկրորդ ներքին պատերազմի ծագման, որ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Թուրքիա հեռանայ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու դարձեալ սպառնաց, որ թրքական ուժերը անգամ մը եւս Սուրիա պիտի ներխուժեն, եթէ երկու երկիրներուն միջեւ «ապահովական գօտի» մը հաստետելու Անգարայի առաջարկը մերժուի։

Նշենք, որ թուրք եւ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ ու զինուորական պաշտօնատարներ այս շաբաթ Թուրքիոյ մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան՝ շարունակելու համար Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքին նման գօտիի մը ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները, հաղորդեց «Հիւրրիյէթ» թերթը:

Ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցերու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրի, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ:

Սուրիոյ հարցերու թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակը կազմուած էր 2018ի սկիզբը եւ ցարդ Սուրիոյ վերաբերող հարցերը քննարկելու համար գումարած է շարք մը ժողովներ:

Մինչ այդ, Չաւուշօղլու Շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ անոնք քննարկած են ամերիկեան «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու ծրագիրը եւ ռուսական «Էս. 400» օդային պաշտպանութեան համակարգերու տրամադրման վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը:

Ասպարէզ