Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը` «Գանձասար»
(ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի ՆԱԽԿԻՆ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ)
Սուրիահայ մամուլի կեանքին մէջ «Գանձասար»ի ծնունդին, 25 տարուան երթին եւ առաքելութեան մեր ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար յարմար նկատեցինք զրուցել «Գանձասար»ի նախկին խմբագիրներուն հետ՝ թերթին անցած ուղիին շուրջ չարձանագրուած մանրամասնութիւններ լոյսին բերելով եւ սփիւռքահայ մամուլին դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները ներկայ պայմաններուն ներքեւ ընդգծելու համար:
Առաջին երկու հարցումները ուղղեցինք «Գանձասար» շաբաթաթերթի առաջին խմբագիրին՝ պրն. Խաժակ Մկրտիչեանին.
Զարմիկ Պօղիկեան.- Թերթի մը խմբագիրին պատասխանատուութիւնը մեծ է, բնականաբար, սակայն առաջին խմբագիրին առաքելութիւնը առանցքային նշանակութիւն կը զգենայ, նկատի առած որ ան պիտի դնէ հիմը, բանայ նոր ճամբայ մը, յառաջացնէ ընթերցողներու շրջանակ մը, ստեղծէ, պահէ ու զարգացնէ աշխատակիցներու փաղանգ մը այնպիսի քաղաքի մը մէջ, ուր ոչ լրագրական համալսարան գոյութիւն ունի, ոչ լրագրական դպրոց, ոչ ալ այս ոլորտին զարգացման նպաստող պայմաններ, անշուշտ երկրէն ներս այդ տարիներու տեղական մամուլին պարզած իրավիճակին կ’ակնարկեմ ընդհանրապէս: Հաւանաբար ինքնաշխատութեամբ եւ սփիւռքահայ այլ թերթերու մէջ յօդուածներ ստորագրող աշխատակիցներ, որոնց կողքին նաեւ սուրիահայ գրողներ, մտաւորականներ ձեր առաջին գործակիցները եղան: Այնուամենայնիւ, ձեր օրերուն, երեսուն տարուան ընդմիջումէն ետք,– սուրիահայ մամուլի վերջին թերթը դաշնակցական պաշտօնաթերթ «Արեւելք» օրաթերթն էր, որ լոյս տեսած էր 1946 – 1963,– Հալէպի մէջ վերստին ծնունդ առաւ հայկական շաբաթաթերթ մը, որ ոչ միայն ճամբայ բացաւ, այլեւ սուրիահայ մամուլին ամէնէն երկարակեաց թերթը դարձաւ, քննական միտքի, հասարակական կարծիքի ձեւաւորման նպաստեց եւ լրատուական, հրապարակագրական մարդուժի որոշ մակարդակ մը յառաջացուց տարիներու երկայնքով:
Կը ներկայացնէ՞ք խնդրեմ դաշնակցական երկրորդպաշտօնաթերթին՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթինհիմնադրութեան առաջին քայլերն ու կշռութաւոր ընթացքը, ձերխմբագրութեան տարիներու հետագայ զարգացումները, դժուարութիւններն ու սուրիահայ թերթին բերած ներդրումըհամայնքի կեանքին:
Խաժակ Մկրտիչեան.- «Գանձասար»ը շաբաթաթերթի վերածելու որոշումը իր հետ կը բերէր անկէ բխած բազմաթիւ հարցեր լուծելու անհրաժեշտութիւն: Լրատուութեան աւելի արագ ու արդիական միջոցներու կիրառումէն մինչեւ բովանդակութեան այլազանութիւն ու մինչեւ քաղաքական եւ գաղափարական դիմագիծի արտացոլացում: Հարցերու երկար շարք մը կար, որ անհրաժեշտ էր լուծել, հիմնուելով համեմատաբար անփորձ ու երիտասարդ անձնակազմի մը վրայ եւ մամուլի ազատութեան իմաստով՝ նուրբ ու որոշ կաղապարումներով յատկանշուող պայմաններու ներքեւ:
Պէտք է խոստովանիլ, որ Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպի մէջ մասնաւորաբար կային գրական, հրապարակագրական ու լրատուական թղթակցութեան փորձառութիւն ունեցող որոշ գրիչներ, որոնց առկայութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէր ապագային նկատմամբ: Բայց այդ բազմազան ու երբեմն ալ քաղաքական ու գաղափարական տարաբնոյթ հայեացքներու տէր գրիչները ի մի բերելու եւ «Գանձասար»ի շուրջ համախմբելու գործը եւս մարտահրաւէր մըն էր, զոր պէտք էր յաղթահարել:
Այլ իրականութիւն մը եւս կար: «Գանձասար»ը իբրեւ շաբաթաթերթ, ըստ էութեան, կը գործէր Լիբանանէն ամէն օր Սուրիա հասնող երեք օրաթերթերու կողքին, ինչ որ լրատուական առումով անպայման հաշուի առնուելիք իրողութիւն մըն էր:
Այս հարցերը դիմագրաւելու համար որդեգրեցինք հետեւեալ մարտավարութիւնը՝ էջերու բովանդակութեան այլազանութիւն, քաղաքականէն մինչեւ հնագիտական ու պատմական, գրականէն մինչեւ կնոջական ու մարզական: Սուրիոյ բոլոր հայ գաղութներու մէջ թղթակիցներու ցանց, որպէսզի կարելի ըլլայ շեշտել սուրիահայութեան պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը եւ յանկարծ զայն չվերածել միայն հալէպահայ կեանքի բանբերին: Կապեր հաստատել հայկական լրատուական աղբիւրներու հետ, ինչպէս «Արմէնփրէս», «Մարմարա» եւ «Ասպարէզ» օրաթերթեր եւ այլն: Կապ հաստատել նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող սուրիահայերու հետ, որոնք անկասկած իրենց ծննդավայրի ազգային կեանքին հաղորդակից դառնալու կարօտը ունէին: Գաղափարական առումով՝ հանդիսանալ երբեմնի «Արեւելք» օրաթերթի ընդհատուած շարունակութիւնը, միաժամանակ, բաւարարել մեր ճակտին դրուած Ազգային Առաջնորդարանի Պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը:
Չանտեսեցինք նաեւ մեր շարունակականութեան երաշխիքը հանդիսացող նոր սերունդի ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ որպէս ապագայ աշխատակից, թէ՛ որպէս հայ թերթի ապագայ ընթերցող, որուն համար ստեղծեցինք մանկական յատուկ յաւելուածը:
Մեր որդեգրած մարտավարութիւնը ի գործ դնելու համար եղանք հետեւողական, որպէս երիտասարդ ու համեմատաբար անփորձ անձնակազմ, մենք իրարմէ սորվեցանք, զիրար լրացուցինք ու բոլորս կանգնեցանք նոյն մակարդակին վրայ, առանց գերադասի ու ստորադասի որեւէ շերտաւորման… գրաշարը, սրբագրիչը, յօդուածագիրը, խմագրողը, թղթակիցը եւ էջադրողը մեզմէ իւրաքանչիրն էր:
Մեր խմբագրատունը բացինք մտաւորական կարողութեամբ օժտուած բոլոր հայորդիներուն դիմաց, առանց որեւէ նախապաշարումի: Իսկ խմբագրատուն կատարուած այցելութիւններուն հոսքը եւ յատուկ սեղանի շուրջ հաւաքուելու մեր պարբերական հրաւէրներուն ընդառաջողներուն քանակը շատ յուսադրիչ էին:
Բարեբախտութիւնը այն էր, որ երբեք չունեցանք տնտեսական դժուարութիւն կամ մտահոգութիւն, որովհետեւ ե՛ւ կը վայելէինք Պատկան Մարմինին ամբողջական աջակցութիւնը, ե՛ւ կամաւոր աշխատակիցներ ու սեփական տպարան ունենալու շռայլութիւնը:
Գաղութին մէջ եւ գաղութէն դուրս շատ զգալի էր սուրիահայ թերթ ունենալու ծարաւը: Կարճ ժամանակի մէջ եղանք սպասուած թերթ ու մեր ինքնագիր յօդուածներն ու թղթակցութիւնները սկսան արտատպուիլ աշխարհասփիւռ հայկական թերթերու մէջ:
Հաղորդակցութեան ժամանակակից միջոցներու հետ քայլ պահելը եւս նպատակ էր: Առաջին կարելիութիւնն իսկ օգտագործելով, բաժանորդագրուեցանք «Արմէնփրէս»ին, որմէ թելէքսի միջոցով ամէնօրեայ լուրեր կը ստանայինք, անոր աւելցաւ «Ասպարէզ» օրաթերթէն ֆաքսով ապա ե-նամակով մեզի հասած լրահոսը: Սուրիոյ մէջ համացանցի առաջին հարիւր բաժանորդներէն մէկն էր «Գանձասար»ը, բազում թեքնիքդժուարութիւններ յաղթահարելով, ամենայնդէպս մեզի հնարաւորութիւն կու տար արագօրէն հետեւելու հայկական լրատուութեան:
Շատ չանցած, արդէն քիչ մըն ալ ինքնավստահութիւն ձեռք բերած, սկսանք մտածել նաեւ նիւթականի մասին, թէկուզ Պատկան Մարմինին տնտեսական բեռը թեթեւցնելու, քիչ մըն ալ «Գանձասար»ը աւելի տարածելու նպատակով: Սկսանք ծանուցումներ հաւաքելու աշխատանքին քիչ մը աւելի զարկ տալ, տարեկան բացառիկ թիւեր հրատարակել եւ այլն:
Առաջին թիւը հրատարակելու երիտասարդական խանդավառութիւնը արդէն անցեալ էր եւ «Գանձասար»ը արդէն կայացած էր: Միտումնաւոր կերպով, իբրեւ «Արեւելք» տպարանի ծանուցում իր ճակտին կրող «Գանձասար»ը, յաջողած էր երբեմնի «Արեւելք» թերթի ընդհատուած երթը շարունակել:
Զ.Պ.- Թերթի մը բացած ուղիին ընդգծումը որքան որ կարեւոր էընթերցողին եւ պատմութեան համար, նոյնքան ալհետաքրքրական է աշխատանքի ներքին խոհանոցը.- խմբագրակազմի յառաջացում, խմբագրատան կարիքներ, աշխատանքային պայմաններ, տպագրութիւն, այլ թերթերուկամ խմբագիրներու հետ գործակցութիւն եւ այլն: Ինչպէ՞ս կըբնութագրէք այս բոլորը: Յատկանշական դէպքեր կամ դէմքեր կըյիշէ՞ք:
Խ.Մ.- «Գանձասար»ով սկսած, հայ մամուլի տարբեր օրկաններու հետ ապրեցայ շուրջ տասնհինգ տարի: Երբ կը համեմատես առաջին քայլերը այսօրուան կարելիութիւններուն հետ՝ շատ յստակ կը պատկերացնես այն մեծ զոհողութիւնները, զորս հայ մամուլի առաջին նուիրեալները կատարած են հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին:
Մենք ունէինք մէկ համակարգիչ, գրաշարութեան պէտք է սպասէր էջադրողը, էջադրողին պէտք է սպասէր լրահաւաքը: Շատ մեծ ուրախութիւն տիրեց խմբագրատան մէջ, երբ «Գանձասար» օժտուեցաւ մասամբ օգտագործուած սեւ ու սպիտակ թուայնացնող-պատճէնահանող գործիքով, որ մեզ ձերբազատեց նկարներ տեղադրելու գլխացաւանքէն: Աւելի մեծ ուրախութիւն ապրեցանք երբ ապահովուեցաւ երկրորդ համակարգիչը:
Իբրեւ թէ մասնաժամ աշխատող անձնակազմը թերթի հրապարակման նախորդող օրը տուն կը վերադառնար գրեթէ լուսաբացին, առանց որեւէ դժգոհութեան: Տպագրական վրիպումներու եւ աջէն ու ձախէն հնչած սրամտութիւններու յառաջացուցած ծիծաղը եւ հերթական թիւին լոյս ընծայելու հրճուանքը ամէն ինչ կը մոռցնէր:
Ծիծաղաշարժ դէպքերէն մէկը, որ կը յիշեմ, պատահեցաւ հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք: Հակառակ անոր, որ նիւթական հարցերը մեր աշխատանքի ծիրէն դուրս էին, բայց ամէն տարի հաշուեքննութիւն մը կը կատարուէր: Այդ տարուան հաշուեքննիչ յանձնախումբը իսկապէս գերբծախնդիր ու պարկեշտ ընկերներէ կազմուած էր: Հաշուեքննութեան աւարտին մեզի փոխանցուեցաւ յանձնախումբին նկատողութիւնները, ուր ի միջի այլոց մեզի հարց տրուեցաւ, թէ այս ինչքա՞ն սուրճ խմած ենք: Մենք ալ կատակով պատասխանեցինք, թէ, քանի որ շատ գործ կ’ընենք, ուրեմն սուրճ ալ շատ պիտի խմենք, բայց կը խոստանանք յաջորդ տարի աւելի քիչ սուրճ խմել: Յիշեցի նաեւ այն, որ սուրճ եփելը կարգով էր:
Ընդհանրապէս ապերախտ գործ է յաջողած գործի մը նպաստ բերած մարդոց անուններ թուելը, որովհետեւ մարդկային թերի յիշողութեան վստահելով երբեմն կը մոռցուին շատ արժանաւորներ, այնուամենայնիւ, սակայն, «Գանձասար»ի առաջին տարիներուն, տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց մեծ աւանդը ունեցած կարգ մը անուններ կարելի չէ չյիշել, ինչպէս՝ Յակոբ Սահակեան, Գոհարիկ Արուշեան, Ալեքսան Քէշիշեան, Հուրի Ազէզեան, Մարուշ Երամեան, Խաչիկ Շահինեան, Վարդ Քէշիշեան, Կարօ Մկրտիչեան, Նուպար Մելիքեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Յակոբ Միքայէլեան, Այտա Մինասեան, Ռիթա Կաղեան,Վրէժ Քասունի, Նորայր Մանճեան, Գառնիկ Նալպանտեան, Արտօ Համբարձումեան, Ճորճ Արապաթլեան եւ ուրիշներ:
Զ.Պ.- Սիրելի՛ Մարի, զրոյցս շարունակելով երկրորդ խմբագիրին հետ, կը յիշեմ, որ դուք թէեւ «Գանձասար»ի երկրորդ խմբագիրըդարձաք, սակայն հիմնադրութեան օրերէն «Գանձասար»իընտանիքին մէկ անդամն էիք արդէն՝ անոր հետ ապրող, անոր հետ տագնապող: Առաջին խմբագիրին հետ զրուցեցինքաշխատակիցներու, գործակիցներու մասին: Ձերխմբագրութիւնը ստանձնած տարին թերթը արդէն որոշ ճամբայմը կտրած էր: Ի՞նչ էր ընթերցողին արձագանգը, որքանո՞վկարեւոր է անոր կարծիքը, իսկ մեր թերթերը, ազգային–համայնքային հարցեր արծարծելու եւ կարծիք ձեւաւորելուկողքին ընդհանրապէս, որքանո՞վ արծարծած են ժողովուրդըմտահոգող հարցեր, որքանո՞վ ծանօթ են անոր բազկերակին, հետաքրքրութիւններուն նաեւ: Եւ Վերջապէս, հետաքրքրական է իմանալ, որ թերթը ժողովուրդին մօտեցնելու համար այդտարիներուն ինչպիսի՞ աշխատանք կը տարուէր:
Մարի Մերթխանեան-Եարալեան.- Հոկտեմբեր 1997-ին «Գանձասար»ը արդէն բաւական կայացած, հունը գտած շաբաթաթերթ էր: Հրատարակութեան հերթականութիւնն ու ժամկէտը կը պահպանուէին: Ընթերցողը կը սպասէր, որ Հինգշաբթի յետմիջօրէին թերթը ստանայ, իսկ ուշացումի պարագային՝ խմբագրատուն կը հեռաձայնէր եւ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր: Յետոյ կը սկսէր քննարկման փուլը, երբ ընթերցողը խմբագրատուն այցելութեան կամ նամակի միջոցով կը փոխանցէր իր տեսակէտը, գնահատականը, քննադատութիւնը կամ բողոքը: Այսինքն՝ «Գանձասար»-ը դարձած էր հալէպահայութեան –գոնէ մէկ մասին- ուշադրութեան առարկան: Եւ սա պատասխանատուութիւն թելադրող երեւոյթ էր: Պաշտօնապէս Ազգային Առաջնորդարանի թերթը, միեւնոյն ատեն գաղափարական յստակ ուղեգիծի հետեւող ըլլալով, գաղութի միակ հայերէն շաբաթաթերթը կը ջանար անդրադառնալ գաղութի իրադարձութիւններուն: Համացանցային ծառայութիւնները այսքան դիւրամատչելի եւ հասանելի չէին: Խմբագրական կազմը մեծ ճիգ կը թափէր վերջին եւ ճշգրիտ իրադարձութիւնները փոխանցելու համար ընթերցողին:
Սուրիոյ եւ գաղութի պայմաններուն ընծայած կարելիութեամբ, «Գանձասար»ի խմբագրականները, հարցազրոյցները, «Քանակ» սիւնակը եւ այլ յօդուածները կը փորձէին անդրադառնալ հայկական իրադարձութիւններուն, հարցերուն, դրական եւ բացասական երեւոյթներուն: Ես չեմ կրնար հաստատել, թէ որքանո՞վ յաջողած ենք այդ առաքելութեան մէջ: Կրնամ ըսել՝ չենք ձախողած եւ հաւաստիացնել, որ խմբագրական կազմը, անձնուէր աշխատակիցներն ու թղթակիցները այս գծով ոչ մէկ ճիգ խնայած են:
Թէեւ սփիւռքեան մեր թերթերը մասսայական տարածում չունին, բայց ընթերցող ու հետաքրքրուող փոքրամասնութեան առարկայական քննադատութիւնները մի՛շտ տեղ գտած են, դարձած են խմբագրական կազմի մտահոգութիւնն ու քննարկման առարկան եւ ըստ կարելիութեան՝ նկատի առնուած:
Արդէն յիշեցի, որ մեր խմբագրականներով, հարցազրոյցներով ու յօդուածներով փորձած ենք վեր առնել ազգային եւ համայնքային հարցեր, նպաստել հարցերու լուսաբանման եւ ընթերցողին կողմնորոշման:
Թերթը բազմաբովանդակ էր: Օրինակ՝ լրատուական էջերը կը փոխանցէին Սուրիոյ, միջազգային, Հայաստանի եւ այլ գաղութներու լուրեր: Հալէպի մէջ գործող գրեթէ բոլո՛ր միութիւններու եւ հաստատութիւններու գործունէութիւնը «Գանձասար»ին մէջ արձագանգ կը գտնէր: Մարզական, կանացի, մանկական, ուսանողական բաժինները կը փորձէին գոհացնել իրենց ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնները: Պատմական, մշակութային, ազգային, քաղաքական յօդուածները կ’ամբողջացնէին թերթը: Թէ՛ թերթի հերթական թիւերը, թէ՛ տարեվերջին հրատարակուած «Գանձասար-Բացառիկ»ները թերթելով կարելի է յստակ գաղափար մը կազմել սուրիահայ գաղութին մասին:
Մանամասները` սկզբնաղբյուրում: