կարևոր
4282 դիտում, 7 ամիս առաջ - 2024-03-27 14:41
Հասարակություն

Հայ գիրի ռահվիրայ «Գանձասար»ը կը շարունակէ իր յաղթական երթը…

Հայ գիրի ռահվիրայ «Գանձասար»ը կը շարունակէ իր յաղթական երթը…

Պատմութիւնը միայն չի՛ կերտուիր սխրագործութիւններով, յաղթանակներով եւ ձեռքբերումներով, ո՛չ ալ պատմագիրներու նկարագրականով ու բնութագիրներով կ’անմահանայ: Այդ պատմութեան շունչ տուող անժանգ արժէքներ կան, որոնք շնչատու գործօններ են եւ դարերու վրայ դրասանգուած տրոփիւններ: Տրոփիւն, որ մռայլ եւ դժխեմ օրերուն իսկ կը շարունակուի՝ իր գոյութենական արժեհամակարգը պահպանելու եւ յարատեւելու համար։ «Գանձասար» շաբաթաթերթը շարունակ տրոփեց հայ կեանքէն ներս եւ դարձաւ հայ մշակոյթի մասնիկներէն մին: Իր ստեղծագործութեան թափը երբեք չդադրեցուց, շարունակեց փարիլ իր ազգանուէր առաքելութեան եւ նոյնանալ սուրիահայերու մաքառումներուն, դժուարութեանց եւ վերիվայրումներուն հետ:

30 տարի առաջ էր, երբ «Գանձասար» թերթի սկիզբը դրուեցաւ: Հիմնադիրները բծախնդրութեամբ լոյս ընծայեցին իրենց ձեռնասունը՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթը՝ նոր ակօսներ բանալով հայ մտքի ու հոգիի դաշտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ կեանք, ոգի, շարժում եւ աւիւն ներարկելով եկեղեցական, ազգայնական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս: Անցեալի եւ այժմու խմբագրական կազմեր, հին ու երիտասարդ գրողներ եւ աշխատակիցներ գիտակցեցան իրենց ազգային կոչումին եւ դերակատարութեան, դարձան ներշնչող եւ ճառագայթող փարոս՝ սուրիահայութեան տալով վերապրելու կամքին տառապալից բայց լուսավառ ճանապարհը:

Հերոսի մը խիզախումներուն տուն տուող ապրումը, բանաստեղծի մը ստեղծագործ երկունքը, ժողովուրդի մը յոյզերն ու ապրումներու դարմանը ոգին ինք է: Սակայն ոգին իր ամբողջական իմաստը կը զգենու՝ երբ զայն լեզուով կ’ապրեցնենք ու կը մարմնաւորենք: «Գանձասար» շաբաթաթերթի անմահանուն աշխատակիցները հայ լեզուն իբրեւ գրագիտութեան կամ ապրուստի աղբիւր չդիտարկեցին, այլ «Գանձասար»-ի միջոցաւ ցոյց տուին, որ հայ լեզուն հայ ժողովուրդի ներքին «դաշտանկարին» արտաքնացած համապատկերն է, արիւնը ալեկոծող շարժումն է, հոգին զուարթացնող ձայնն է եւ սիրտը աշխուժացնող գոյնն է:

«Գանձասար» թերթը այս բծախնդրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու ոգիո՛վ առաջնորդուեցաւ եւ իր ուղղութիւնը երբե՛ք չփոխեց: Հայօրէն եւ մեսրոպաբա՛ր գործեց: Նորարարութեանց հետ քայլ պահեց եւ զանոնք ներմուծեց իր մէջ, սակայն երբեք չօտարացաւ եւ չաղաւաղեց իր դիմագիծն ու էութիւնը՝ ներհայկական ուժականութեան տալով իւրովի ըմբռնում եւ գիտակցութիւն:

Սփիւռքի անհող ու անլաստ հայութեան համար «Գանձասար»-ը դարձաւ ու է՛ մեծ դպրոց: Դպրոց, ուր մեծ բանաստեղծներու եւ գրողներու մտքերը մարմին զգեցան եւ տողանցեցին «Գանձասար»-ի պատմադրոշմ էջերուն մէջ:

Նոր սերունդի ձայնը տարիներ շարունակ այս էջերուն մէջ ոգի առաւ եւ դարձաւ մշտաբարբառ յուշարար: Այո՛, թէկուզ պատերազմի պատճառով գաղութը նօսրացաւ, շատեր արտագաղթեցին դէպի հեռաւոր ափեր, բայց այս բոլորը չազդեցին «Գանձասար»-ի աշխատանքին վրայ՝ շնորհիւ վարչութեան եւ խմբագրակազմի մեղուաջան գործունէութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ «Գանձասար»-ը իր պայծառ լոյսով կը պատռէ դարերուն թանձր խաւարը, կը բերէ հին կեանքին չհինցող գեղեցկութիւնները՝ մեզ հաղորդակցութեան մէջ պահելով մեր հալէպահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ապրումներուն, երազներուն եւ ձգտումներուն հետ: Հոգիէ հոգի, սրտէ սիրտ, ժամանակէ ժամանակ կամուրջն է ան եւ այդ անժամանցելի կամուրջին վրայ իր բերած ոգեղէն դրութիւններով կը կատարէ իր միւս պաշտօնը՝ հոգիներու կառուցումը:

2008-ին էր, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը աւարտեցի եւ վերադարձայ ծննդավայրս՝ Հալէպ: Իմ առաջին տեսուչը եւ այդ օրերու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, այցի մը ընթացքին, երկու պաշտօն առաջարկեց ինծի. Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ կրօնի ուսուցիչ դառնալ եւ կամ «Գանձասար»-ի խմբագրակազմին մէջ որպէս սրբագրիչ աշխատիլ: Գրականութիւնն ու թերթի մէջ աշխատիլը աւելի հարազատ էր ինծի: Առ այդ, ընտրեցի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին մաս կազմել, որ ինծի համար դարձաւ ներշնչանքի աղբիւր եւ հարազատ տուն: Տուն, ուր մեր սիրելի աշխատակիցներու զրոյցները, ընկերային մթնոլորտը եւ կատակները անբաժան աղն ու համեմն էին մեր առօրեայ հեւքոտ գործունէութեան:

Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ օրդ. Ալիս Գաթրճեանը, որուն հետ 5 տարի շարունակ աշխատակցեցայ եւ իրմէ բազմաթիւ լեզուական նրբութիւններ սորվեցայ: Ինծի համար մեծ մայր ու մեծ ուսուցիչ էր ան, որ կը փորձէր իր քնքշանքով, ուսուցիչի հոգեբանութեամբ լեզուամտածողութիւնս եւ հայրենագիտութիւնս աւելի եւս յղկել: Շատ բան պարտական եմ իրեն: Լոյս իր հոգւոյն:

«Գանձասար»-ի մեծ ընտանիքը 30 տարի շարունակ ցոյց տուաւ իմացական կարողութեանց եւ իրագործումներու պատուաբեր բարձունք մը: Այսօր այդ ծանր, բայց քաղցր լուծը կը շալկեն թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը եւ երիտասարդ խմբագրակազմը, որոնք մեղուի նման անխոնջ ու անդուլ կ’աշխատին, կը համախմբեն եւ կ’արարեն՝ հայ գիրի փեթակը մշտածոր պահելով: Մեղուն ծաղիկներէն փոշի հաւաքելով՝ մեղր կը շինէ, որպէսզի մարդիկ այդ քաղցրահամ բալասան-մեղրը մշտապէս ճաշակեն: «Գանձասար» շաբաթաթերթը հայ գրողներու մտքի ստեղծագործութիւնները իր փեթակին մէջ ի մի խմբելով՝ ամէն շաբաթ հայ լեզուի ու գիրի մեղրը կը հրամցնէ իր հաւատարիմ ընթերցողներուն:

Հայ իրականութեան մէջ բազմաթիւ քամիներ փչած են ու պիտի փչեն՝ երբեմն փորձելով խորտակել սփիւռքեան մեր մեծ նաւը: «Գանձասար»-ը նաւակ մըն է, որ բազմաթիւ ալեբախութեանց եւ դժուարութեանց հանդիպելով մէկտեղ, կը շարունակէ թիավարել՝ հայ լեզուի, հայ գիրի եւ հայ մշակոյթի շեփորահարը եւ «անլռելի զանգակատունը» դառնալով:

Յաջող երթ, կանաչաւուն նոր ամեակներ մեր սիրելի «Գանձասար»-ին։

Աղբիւր՝ «Գանձասար-Բացառիկ 2024»