կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-11 13:30
Աշխարհ

Հայ մանուկներին նվիրված Ս. Պատարագ Սրբոց Ղևոնդյանց Մայր տաճարում

Հայ մանուկներին նվիրված Ս. Պատարագ Սրբոց Ղևոնդյանց Մայր տաճարում

Աղբյուրը`aztagdaily

Կիրակի, 2 Դեկտեմբերը հրճուալի օր մըն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի մեծ ընտանիքին համար։ Այդ Կիրակին նուիրուած էր հայ մանուկներուն, իսկ Ս. պատարագը մատոյց Ս. Էջմիածինի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեան։

«Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի եւ Մայր տաճարի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները եկած էին Մայր տաճար՝ աղօթելու եւ լսելու օրուան պատգամը։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ կարեւորեց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ներկայութիւնը մանուկներուն, որոնք շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ յաճախելով՝ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ կ՛առնեն։ Առաջնորդը նաեւ դրուատիքով խօսեցաւ պատարագիչ սրբազան հօր մասին, որ ոգի ի բռին կը կատարէ իրեն վստահուած պատասխանատու պաշտօնը։ Ապա, առաջնորդը, փոքրիկները, ծնողները եւ ուսուցչաց կազմը միասնաբար աղօթեցին եւ խնդրեցին Աստուծմէ աշխարհիս խաղաղութիւն, սէր եւ միութիւն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։

Աղօթքէն անմիջապէս ետք, մանուկները մօտեցան պատարագիչ սրբազան հօր եւ անոր օրհնութիւնը ստացան։

Պատարագիչ սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք արժանի դարձուցած էր այս պատարագը մատուցելու, ինչպէս նաեւ առաջնորդին, որուն հրաւէրով այս պատարագի խորհուրդը կը կատարէր։

Սրբազանը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ մարդու մեղանչականութեան եւ Քրիստոսի փրկարար միջամտութեան մասին։

Պատարագը վերջ գտաւ լուսարարապետ սրբազան հօր օրհնութեամբ։