կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-11-12 23:32
Աշխարհ

“Nօ me gusta el fútbol” («Ֆութպոլը չեմ սիրեր»)

“Nօ me gusta el fútbol” («Ֆութպոլը չեմ սիրեր»)

Երէկ, 10.11.2018, տեղատարափ անձրև էր: Լիպերթատորէս Բաժակի աւարտական մրցումին առաջին խաղը որ ծրագրուած էր ժամը 17ին, յետաձգուեցաւ այսօրուայ:

Լիպերթատորէս Բաժակը (Copa Liberatdores) Ամերիկեան ցամաքամասին համար նոյնն է այն ինչ Champions League-ը Եւրոպայի համար:

Չեմ յիշեր անգլիացի որ մէկ ֆութպոլի մասնագէտ լրագրողը ըսած է որ այս մարզախաղի ամէն սիրահարի համար անհրաժեշտութիւն է գոնէ մէկ անգամ տեսնել Պոքա Ճունիորզ ընդդէմ Ռիվէր Փլէյթ մրցում մը, կամ ինչպէս ծանօթ է՝ Պոքա-Ռիվէր դասականը: Այս դասականը, սակայն, պատմական է երկու իմաստով: Նախ՝ առաջին անգամ ըլլալով է որ Արժանթինի երկու ամենաժողովրդականն խումբերը կը հասնին Լիպերթատորէս Բաժակի աւարտականին: Երկրորդ, տասնամեակներ հաւանաբար անցնին առանց որ Լիպերթատորէսը նման աւարտ մը ունենայ: Հաւանաբար չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել որ այս աւարտական մրցումը ամէն ժամանակներու աւարտական մրցումը պիտի ըլլայ: Նման Տիէկօ Մարատոնայի 22.06.1986ին Անգլիոյ դէմ նշանակած կոլին:

Գնաճը արժանթինի մէջ այս տարի պիտի հասնի 40 տոկոսի, ինչ որ աննախընթաց է 1992էն ի վեր: Աղքատութիւնը պիտի անցնի 30 տոկոսը, կը նախատեսուի որ աշխատավարձքերը 10-15 տոկոսով կորսնցնեն իրենց գնողական կարողութիւնը և տնտեսական անկումը 2.5-3ի միջև պիտի ըլլայ: Տնտեսական անկման կասեցումը կը նախատեսուի միայն 2019ի երկրորդ կիսամեակին եթէ երկրագործական արդիւնաբերութիւնը լաւ ըլլայ և Վաքա Մուէրթա քարիւղի հսկայ պահեստը յաջողի ներգրաւել միջազգային ներդրումները: Ոչ ոք, սակայն, կը կարծէ որ ճարտարաուեստի անկումը պիտի կասեցուի, ընդ որում՝ աշխատատեղիներու կորուստը անգործներու թիւը պիտի աւելցնէ: Տակաւի՛ն, անկարող պիւտճէն հաւասարակշռելու, կառավարութիւնը Յունիսին և Սեպտեմբերին երկու առիթով դիմեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին և փոխ առաւ 57 պիլիոն ամերիկեան տոլարի գումար մը յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին մարելու յանձնառութեամբ:

Գալ տարուայ պետական պիւտճէն, շատ հաւանաբար 2020ինն ու անոր յաջորդողներն ալ պետական եկամուտի առիւծի բաժինը պիտի տրամադրեն արտաքին պարտքի վճարումին, որով և տնտեսութեան զարգացման որևէ հեռանկար յաջորդ քանի մը տարիներուն բացառուած է: Թէ նման յանձնառութիւն նախընտրելի է տիֆոլթէն՝ շատ հաւանաբար, այդ եզրակացութեան հասաւ նոյնիսկ Սիրիզան որ 2015ի Յունուարին իշխանութեան հասաւ խոստանալով Յունաստանը դուրս բերել Եւրոյի գօտիէն բայց քանի մը ամիս յետոյ աւելի իրապաշտ գտաւ միջազգային յանձնառութիւններու յարգումը: Յունաստան քանի մը ամիս առաջ նոր միայն մարեց իր արտաքին պարտքը և սոցիալական ու տնտեսական տեղատւութեան իմաստով վճարուած գինը կրնայ թերևս գաղափար մը տալ Արժանթինին սպասելիքին: Առանց երբեք մոռացութեան տալու որ Յունաստան, վերջին հաշուով, Եւրոպական Միութեան անդամ է, մինչ Արժանթին կը գտնուի Հարաւային Ամերիկեան տարածաշրջանին մէջ:

Արժանթինցիներու հաւաքական յիշողութեան մէջ ամէն տասնամեակ սոցիալ-տնտեսական ճգնաժամ մը գրեթէ ճակատագրապաշտ համակերպվում մըն է: Նոյնքան ներկայ է նաև աջ, ձախ թէ կեդրոն քաղաքական ուժերու խոստումը՝ երկիրը դուրս բերելու այդ ախտաւոր շրջանակէն և ապահովելու մնայուն աճ: Ճիշդ է որ 1989ի գեր-գնաճէն և 2001-2002 տնտեսական փլուզումէն դասեր քաղուած են և, շատ հաւանաբար, հաւաքական գիտակցութեան մէջ առկայ է յոռեգոյն քաոսը շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը: Բայց անկում-վերելքի ախտաւոր շրջանակէն դուրս գալու հաւատքը գոնէ այսօրուայ դրութեամբ չկայ: Ներկայ կառավարութիւնը, որ յաջողած է ցարդ իր բոլոր ձախողութիւններուն պատճառը բանաձևել որպէս արդիւնք նախորդ իշխանութիւններու լայնամասշտապ փտտածութեան և տնտեսական ապիկարութեան «ծանր ժառանգ»ին, կը խոստանայ որ այս դժուար ուղին անհրաժեշտ է հաւաքական մտածելակերպի «մշակութային փոփոխութեան» ի խնդիր, ընդ որում՝ արժանթինցիք պէտք է հասկնան որ պետութիւնը չի կրնայ ծախսել աւելի քան այն ինչ իր գանձարկղը կը մտնէ: Նախագահ Մաուրիսիո Մաքրի կը հաւատայ որ եթէ գալ տարի յաջողի վերընտրուիլ, ապա և այդ մտածելակերպի «մշակութային փոփոխութիւնը» արդէն իրականութիւն դառնալու ընթացքի մէջ ըլլալու յստակ նախանշան տուած կ'ըլլայ:

Եթէ այս բոլորը կը թուի համահունչ ըլլալ 1960-1970ական թուականներու Լատին Ամերիկեան գրականութեան մեծ պում-ը յատկանշած «կախարդական իրականութեան», որուն գրեթէ բացարձակ խորհրդանիշին վերածուած է Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզի Հարիւր Տարուայ Մենութիւն գրքի առասպելական Մաքոնտօ բնակավայրը, ապա և այդ «կախարդական իրականութեան» շատ աւելի իրական արտացոլացումն է Պոքա-Ռիվէր Լիպերթատորէսի այս ամէն ժամանակներում աւարտը: Ամբողջ աշխարհ հանդիսատես պիտի ըլլայ աւարտական երկու մրցումներու, որոնց համար ո՛չ Ռիվէրի համակիրները պիտի կարենան իրենց խումբը քաջալերել առաջին մրցումին որ տեղի պիտի ունենայ Պոքայի Պոմպոներայ որակուած մարզադաշտին մէջ, ոչ ալ Պոքայի համակիրներուն արտօնութիւն պիտի տրուի Ռիվէրի Էլ Մոնումենթալ կոչուած մարզադաշտին մէջ գտնուելու 24.11.2018ին համար ծրագրուած մրցումի երկրորդ խաղին: Արժանթինի մէջ ֆութպոլի մրցումները այս պետական որոշումին ենթակայ են 2006էն ի վեր առաջքը առնելու համար վայրագ բախումներու որոնք աւարտած են սպանութիւնով: Ոչ մէկ քաղաքական ղեկավարութիւն յաջողած է վերջ տալ այս իրավիճակին ոչ միայն որովհետև վայրագութեան ռիսկը կը յամենայ այլ մասնաւորաբար որովհետև ոչ մէկ խաղաքական ուժ ունեցած վճռակամութիւնը քանդելու «պառա պրավա»ներու քրէական համակարգը այնպէս ինչպէս Միացեալ Թագաւորութեան մէջ քաղաքական որոշումով և անվտանգութեան յստակ ծրագրումով վերջ դրուեցաւ Խուլիգաններու վայրագութեան: Քաղաքական շրջանակներու, ամէն ձևի ու չափի քրէական կազմակերպութիւններու և անվտանգութեան մարմիններու սերտաճումը իրարու հետ շատ խորն է, փոխադարձաբար իրարու պարտական են և իրարու պէտք ունին, և, ամենէն կարևորը, քաջածանօթ են փոխադարձ գաղտնիքներու և համատարած փտտածութեան: Նախագահ Մաքրի փորձ ըրաւ գոնէ այս աւարտական մրցումը դուրս բերելու ոչ միայն անբնական այլ նաև ինչ որ չափով ամօթալի իրավիճակէն որպէսզի երկու խաղերը ըլլան քաղաքակիրթ մակարդակի: Չհամոզուեցաւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետը, իրենց որոշումին վրայ հաստատակամ մնացին երկու ակումբներուն նախագահները, հոգ չէ Նախագահի մտահոգութիւնը որ երկիրը ամբողջ աշխարհին ցոյց պիտի տայ անբնական և ինչ որ չափով ամօթալի պատկեր մը ամբողջականօրէն արդարացած ըլլայ:

Երկրի Նախագահը ոչ միայն Պոքայի մեծ համակիր մըն է, այլ՝ իր քաղաքական ասպարէզի սկսաւ 1990ականներու վերջաւորութեան երբ ներկայացաւ ակումբի նախագահութեան պաշտօնի ընտրութիւններուն, շահեցաւ և իր նախագահութեան օրով Պոքան տեղական թէ միջազգային հետևողական ախոյեանութիւններու տիրացաւ, ներառեալ, անշուշտ, Լիպերթատորէս Բաժակը: Ըստ շրջաքայող լուրերուն, Նախագահը չէր փափաքեր որ Լիպերթատորէսի աւարտական մրցումը Պոքա-Ռիվէր ըլլար, այլ՝ պիտի ուզէր տեսնել իր խումբը մրցիլ պրազիլիական խումբ իմը դէմ: Պիտի չուզէ անշուշտ որ Պոքան պարտուի, բայց յաղթանակն ալ գլխու ցաւ է քանի անպայմանօրէն պիտի քաղաքականանայ: Սխալ ըսի. արդէն քաղաքականացած է...

Արժանթին ֆութպոլի երկիր է, կասկած չկայ, բայց այդ մէկը չի նշանակեր որ բոլոր արժանթիցիները հաւասարապէս տարուած են նոյն կիրքով: Կան ֆութպոլի հանդէպ անտարբեր արժանթինցիներ, ոմանք նոյնիսկ հրապարակային կերպով կը յայտարարեն այն, և կան նաև անոնք որոնք չեն վարանիր դաժան ըլլալ խաղին հանդէպ: Խորխէ Լուիս Պորխէս, օրինակի համար, իրերայաջորդ հարցազրոյցներու մէջ խոստովանած է որ ֆութպոլի կէս խաղ դիտած է ամբողջ կեանքին մէջ, ձանձրացուցիչ կը գտնէ այն, կը մերժէ որևէ գեղագիտական արժէք տեսնել անոր մէջ և մինչև իսկ ըսած է. «Կ'ատեմ ֆութպոլը»: Պորխէսի պարագան կրնայ հասկնալի ըլլալ: Զարմանալին Պոքա Ճունիորզի և Մանչեսթըր Եունայթըտի աստղ Գարլոս Թեվէզի յայտարարութիւնն է երբ Գլարին թերթի 10.11.2018ի թիւին մէջ իր հետ եղած հարցազրոյցի մը մէջ կը պատասխանէ «Ֆութպոլ կը դիտե՞ս» հարցումին. «Ոչինչ: Ֆութպոլը չեմ սիրեր: Եթէ Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտի խաղ մը ցոյց կու տան պատկերասփիւռի մէկ քանալէն և կոլֆի ախոյեանութիւն մը՝ այլ քանալէ մը կոլֆ կը դիտեմ: Երբեք ֆութպոլի մրցումներ դիտող ֆանաթիկը չեմ եղած: Կը սիրեմ խաղալ, գնդակը ոտքերուս ունենալ»: Թեվէզ ծնած է Պուէնոս Այրէսի «Ֆուէրթէ Ափաչի» ընչազուրկերու արուարձանին մէջ, համազօր պրազիլիական ֆավելային, հոն ուր երեխաները անօթի կը մեծնան, ուտելու համար պէտք է կռուին, թշուառութենէն դուրս գալու համար շատ ձևեր չկան, մէկ հատը ֆութպոլն է եթէ տաղանդ ունիս, եթէ Փելէ ես, Մարատոնա կամ Թէվէզ: Ի տարբերութիւն իր բախտակիցներէն շատերուն, Թեվէզ միլիոնատէր ըլլալէն յետոյ երբեք չմոռացաւ իր մանկութեան նստավայրը, հոն ուր մեծցած էր, այն քանդուած, աղտոտ փողոցները ուր խաղալու սկսած էր մինչև որ իր մէջ Պոքան տեսած էր «հրաշք մանուկ»ը: Արժանթինցի բեմադրիչ Ատրիան Գայեթանօ Թեվէզի կեանքին մասին վաւերագրական յայտագիրներու շարք մը կը պատրաստէ: Թեվէզ Գլարինին այդ հարցազրույցը տուած է Ֆուերթէ Ափաչիի մէջ, հոն ուր, կ'ըսէ, իր հայրը առաւօտեան ժամը վեցէն երեկոյեան ժամը եօթ աշխատանքի կ'երթար «պնակ մը կերակուր ունենալու համար»:

Պոքա-Ռիվէր հաւասարեցան 2-2: Նախաձեռնողը եղաւ Պոքան, նշանակեց առաջին կոլը, անմիջապէս յետոյ Ռիվէր հաւասարեցաւ: Պոքան երկրորդը նշանակեց դաշտ իջած Պենետեթթոյի միջոցաւ: Առաջին կիսախաղը այդպէս վերջացաւ: Երկրորդին Ռիվէր հաւասարեցաւ: Չորս երիտասարդներ որոնք շաբաթ Չուպութ նահանգէն Պուէնոս Այրէս կու գային քշելով տեղատարափ անձրևի պատճառով վթարի ենթարկուեցան և մահացան: Խաղի սկզբնաւորութեան խաղացողներն ու հանդիսատեսները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը: Թեվէզ խաղի երկրորդ կիսուն մտաւ դաշտ: Աւարտին, գրեթէ 90րդ վայրկեանին, բացառիկ գնդակը մը փոխանցեց Պենետեթթոյին որ մինակ գտնուեցաւ Ռիվէրի բերդապահ Արմանիի դէմ յանդիման: Յաղթանակի կոլը կրնար ըլլալ, բայց Արմանի վարպետօրէն յաջողեցաւ շեղել գնդակին ուղղութիւնը:

24.11.2018ի երկրորդ և վերջին խաղը Ռիվէրի դաշտին մէջ ճակատագրական պիտի ըլլայ:

 

Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան

Արժանթին