կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-03-20 10:28
Աշխարհ

Ամերիկահայության ներկայացուցիչները ողջունում են Բակո Սահակյանի հագեցած այցը Վաշինգտոն

Ամերիկահայության ներկայացուցիչները ողջունում են Բակո Սահակյանի հագեցած այցը Վաշինգտոն

Աղբյուրը՝ asbarez.com

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 17ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կազմակերպուած համայնքային ընդունելութեան ընթացքին, ամերիկահայութեան ներկայացուցիչները առիթը ունեցան շնորհաւորելու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի իրագործումները՝ ողջունելով Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութեանց սերտացումը։

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յիշեցուցած է 1980ականներուն սկսած Արցախի ազատագրական շարժումը իր յաջող աւարտին հասցուցած ամբողջ սերունդի մը զոհողութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ շրջել պատմութեան ընթացքը, ապա Արցախի Հանրապետութեան ամրապնդման համար պայքարը շարունակելու կոչ ըրած է ներկաներուն։

Իր կարգին, նախագահ Սահակեան ողջունած է ամերիկահայ համայնքին ջանքերը՝ ի սպաս Միացեալ Նահանգներու հետ Արցախի ու Հայաստանի կապերու զարգացման, գործակցութեան ընդարձակման եւ բարեկամութեան ամրապնդման, աւելցնելով, որ այս համայնքին անմիջական մասնակցութեամբ՝ տարիներ շարունակ Արցախի մէջ կեանքի կոչուած են ընկերատնտեսական ու մարդասիրական բնոյթի ռազմավարական բազմաթիւ ծրագիրներ:

Նախագահը նաեւ դրուատած է այն իրողութիւնը, որ ամերիկահայ համայնքը եւ ամերիկացի մեր բարեկամները աշխուժօրէն ներգրաւուած են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, մեր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ արտաքին աշխարհին մօտ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ անոր մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդելու ջանքերուն մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ելոյթը կարելի է դիտել https://youtu.be/FRHDT7Xax4g կայքէջին վրայ։

Ելոյթէն ետք նախագահ Սահակեան, Արցախի Հանրապետութեան մատուցած իրենց ծառայութիւններուն համար պետական պարգեւներ յանձնած է հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն։ Արդարեւ, երախտագիտութեան շքանշաններ ստացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կեդրոնական, Շրջանային եւ տեղական մարմինները, Ճորճիա նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերը առաջնորդած դոկտ. Սարգիս Աղաճանեանն ու Ամերիկայի Հայկական համագումարը:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները խստօրէն բողոքած էին Արցախի նախագահին Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ, սակայն հակառակ այդ բողոքներուն՝ Բակօ Սահակեանի Քոնկրես այցելութիւնը իրականացաւ։ Նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում մը ունեցաւ Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի անդամներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամներուն հետ՝ քննարկելով Արցախ-Ամերիկա յարաբերութիւններուն, Արցախի հակամարտութեան ու տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերեալ հարցեր։ Այնուհետեւ, ան նաեւ մասնակցեցաւ Քոնկրեսին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, որ նուրիրուած էր Արցախեան շարժումի 30ամեակին։