կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-03-02 12:19
Հասարակություն

Արձանագրությունների չեղարկումը հետևողական պայքարով

Արձանագրությունների չեղարկումը հետևողական պայքարով

Աղբյուրը՝ arfd.am

Քաղաքականութեան մէջ ժողովուրդին կամ երկրին ճակատագիրը յուզող որոշումները հեշտութեամբ չեն տրուիր, պատահականութեամբ չեն կատարուիր, կամայականութեան չեն ձգուիր։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հոկտեմբեր 10, 2009ին Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերջնական չեղարկումը նման որոշում է։ Այս որոշումը հեշտութեան, պատահականութեան կամ կամայականութեան արդիւնք չէր։

Նոյնիսկ պէտք է ընդունիլ որ այս կրկնակ արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարելու աքթը քաղաքական քաջութեան եւ դիւանագիտական խիզախութեան դրսեւորում էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ հայրենի իշխանութեան կողմէ։ Ճիշդ է, երկար ժամանակ առաւ այս հանգրուանին հասնիլը, սակայն հասանք հաստատակամօրէն եւ ինքնավստահութեամբ՝ հակառակ տասնամեակէ մը ի վեր մեր փոքր ու տկար հայրենիքի վրայ բանեցուող արտաքին ճնշումներուն եւ խոչընդոտումներուն։

Ի վերջոյ ժողովուրդին կամքն էր որ պէտք է յաղթանակէր, եւ յաղթանակեց։ Ժողովուրդին պահանջին է որ պէտք է ընդառաջէր իշխանութիւնը, եւ ընդառաջեց։

Պէտք է լրջօրէն ի մտի ունենալ այն երկար ճանապարհը եւ հետեւողական պայքարը, որոնք իւրաքանչիւր քայլափոխին յաւելեալ լոյս սփռեցին մեր ազգային շահերուն դէմ արձանագրութիւններէն սպառնացող վնասներուն եւ վտանգներուն մասին։ Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի քննարկումներէն մինչեւ Եւրոպական դիւանագիտական կուլիսները, Ամերիկեան Քոնկրէսի սրահները եւ պետական քարտուղարութեան գրասենեակները, վեր առնուեցան ո՛չ միայն արձանագրութիւններու վտանգը, այլ նաեւ անոնց քաղաքական եւ իրաւական խոցելիութիւնը։ Երեւանի փողոցներէն մինչեւ սփիւռքեան ամենէն հեռաւոր գաղթօճախները, մեր ժողովուրդը բարձրաղաղակ լսելի դարձուց իր ընդդիմութիւնը մեր հայրենի իշխանութեան պարտադրուող այս զոյգ փրոթոքոլներուն դէմ։


 

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Արտաքին ճնշումները կը փորձէին պարտադրել մեր իշխանութեան եւ համոզել մեր ժողովուրդը, թէ այս արձանագրութիւնները վերջնականապէս պիտի լուծեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը։ Սակայն անոնց յուսադրական բացատրութիւնները բացայայտօրէն կը մեկնէին սին խոստումներէ եւ անգործնական մօտեցումներէ։

Արձանագրութիւնները, ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան, Հայաստանին ու հայութեան առջեւ կը պարզէին վտանգաւոր եւ անիրապաշտ ուղիները: Անոնք Հայաստանին համար կը խոստանային միայն հայ-թրքական սահմանի բացումը, որ արդէն կիսով իրականութիւն էր, որովհետեւ սահմանը փակ էր միայն Թուրքիոյ կողմէն։ Ասոր դիմաց Թուրքիոյ ձեռնտու պիտի դառնար իրագործել երեք նպատակներ։

Առաջին, 1920էն ի վեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկախ մնացած սահմանագծումը վերջնականապէս ու օրինականօրէն հաստատել ներկայիս գոյութիւն ունեցող սահմանային կարգավիճակով:

Երկրորդ, վերջ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ անոր առնչակից հողային ու նիւթական հատուցման պահանջքին, որ ինքնաբերաբար կը սատարէ նաեւ ներկայ սահմանագիծը ամրագրելու թրքական առաջին նպատակին:

Երրորդ, արձանագրութիւններու ստորագրութենէն մի քանի ժամ ետք Թուրքիոյ դրած նախապայմանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ի նպաստ Ատրպէյճանի լուծման։ Այս նախապայմանով, որ խորքին մէջ առանձին պայմանի իրավիճակ ունի, Թուրքիոյ նպատակն է վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Անկախ հանրապետութիւնը եւ անոր հողատարածքը ենթարկել Ատրպէյճանի գերիշխանութեան։

Այսպէս, արձանագրութիւններու միջոցով Թուրքիա կը յուսար իրականացնել այն, ինչ չէր կրցած ձեռք բերել Յուլիս 24, 1923ին ստորագրուած Լօզանի դաշնագրով: Արձանագրութիւններու ստորագրութենէն երեք օր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ Հայաստանի հետ կայանալիք այս արձանագրութիւնները պիտի հաստատեն Լօզանի դաշնագիրով ճշդուած Թուրքիոյ սահմանները։ Անշուշտ միջազգային օրէնքով ոչ մէկ հիմք եւ իրաւականութիւն ունէր Տաւութողլուի այս ծիծաղելի պնդումը, սակայն ըսուածը կը մատնէր արձանագրութիւններու ընդմէջէն հայկական հողային հատուցման օրակարգը վերջնականապէս, քաղաքականապէս եւ իրաւականօրէն թաղելու թրքական թաքուն նպատակը։

Այս վտանգաւոր համայնապատկերի դէմ յանդիման ինքզինք գտնելով, մեր ժողովուրդը պրկեց իր քաղաքական կամքը եւ պայքարեցաւ արձանագրութիւններու վաւերացման դէմ։ Արդարօրէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մղիչ ուժը հանդիսացաւ այդ կամքի հետեւողականութեան եւ տարածման։ Պայքարը եթէ մէկ կողմէ արտաքին ուժերու ճնշումներուն եւ Թուրքիոյ թաքուն նպատակներուն դէմ էր, միւս կողմէ բանականութեան եւ համոզելու ճիգ էր հայրենի իշխանութիւններուն մօտ։

Այսօր, երկու ուղղութեամբ մղուող այդ պայքարէն յաղթական դուրս եկաւ մեր ժողովուրդը, որուն պահանջին աստիճանաբար սկսած էր միանալ հայրենի իշխանութիւնը։

Այս իրականութիւնը ինքնին քաղաքական լաւագոյն ուսանելի դասն է արձանագրութիւններու վերջնական չեղարկումին։ Արձանագրութիւնները կը հանդիսանային որոգայթ մը Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ հայրենի հողերու ամբողջականութեան համար։ Միաժամանակ, անոնք կը հանդիսանային Հայաստանի զարգացումը չորացնող քաղաքական խորշակ մը։ Մեր ժողովուրդը կարողացաւ յաղթահարել որոգայթը եւ վանել խորշակը։ Իշխանութիւնները՝ ի տես ժողովուրդի վճռականութեան եւ հաւատքին, աւելի ինքնահաստատ եւ ինքնավստահ գացին դէպի չեղարկում։

Հետեւաբար, Քրիստափորեան յարատեւ կռիւով, հետեւողական պայքարով, վաւերական աշխատանքով եւ անխախտ հաւատքով միայն կարելի է կասեցնել փրոթոքոլներ, ամրապնդել պետութիւնը, բաւարարել ժողովուրդին, ամբողջացնել հայրենիքը…։ Համբերութեամբ՝ կռիւի յարատեւութեան կը միանան թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ իշխանութիւնը, թէ՛ նախագահը եւ թէ կառավարութիւնը։ Պէտք է շարունակել յարատեւ կռիւը, ընդարձակել պայքարը, քանի որ սա մեր հայրենիքն է, մեր պետութիւնն է, մեր ժողովուրդն է։

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս,
Մարտ 1, 2018