Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Այսօր՝ Դեկտեմբեր 6ին, կ’ոգեկոչենք մահուան տարելիցը Մօրուք Կարոյի, որ «Անկեղծ զինուոր»ի իր արժանաւոր տեղը ունի հայոց պատմութեան նոր ժամանակաշրջանը լուսաւորող Սասնոյ դաշնակցական ֆետայիներու անզուգական Սերունդին մէջ։
Աւազանի անունով Կարապետ Աւոյեան՝ Մօրուք Կարօ ներկայացուցչական դէմք մը եղաւ փաղանգին մէջ սասունցի այն երիտասարդ հայորդիներուն, որոնք 1890ականներու առաջին տարիներէն իսկ զէնք ու փամփուշտ ձեռք ձգեցին եւ բարձրացան մեր լեռները՝ ընդառաջելով «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» յեղափոխական կանչին։
Հայ յեղափոխական շարժման փառքն ու պարծանքը կը հանդիսանայ Ֆետայական Սերունդը, որ ամբողջ երեսնամեակ մը՝ 1890ականներէն մինչեւ 1920ականները, իր անձնազոհութեամբ եւ հերոսական յաղթարշաւով, արեան բոլոր ճանապարհները կտրել-անցնելով, նոր ժամանակներու ուղին հարթեց հայ ժողովուրդին առջեւ ու կռանեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ազգային մեր Կամքն ու Մարտունակութիւնը։
Թրքական բռնակալութեան եւ ճնշումներուն ու քրտական հարստահարութեանց դէմ բողոքի, ընդվզումի եւ ապստամբութեան գաղափարական կրակը ջերմացուց անոնց հոգին, դարբնեց անոնց անկեղծ զինուորի նկարագիրը եւ վարար աղբիւրը դարձաւ անոնց առասպելական հերոսութեան։
Անոնք դիմացան «վէրքերով լի»՝ պայքարը անվեհեր շարունակելու անհաւասար կռուին եւ վերապրեցան։
Անոնք մահացու հարուածներու տակ ինկան եւ գաղափարի ու զէնքի անփոխարինելի ընկերներ կորսնցուցին, բայց ինկողներու սիրոյն իսկ վճռեցին մինչեւ յաղթանակ շարունակել կռիւը, որովհետեւ իրենց արիւնոտ դրօշին վրայ գրուած էր «Մահ կամ Ազատութիւն»՝ ամրագրուած «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» ուխտով։
Անոնք անքակտելիօրէն կապուած մնացին իրենց ժողովուրդին՝ անոր ճակատագրին ամբողջապէս տէր կանգնելով, անոր հետ կիսելով թէ՛ ջարդերով աւարտած ծանր պարտութիւններու արհաւիրքը, ե՛ւ անհաւատալի յաղթանակներով պսակուած հերոսամարտերուն արգասիք ազատ ու անկախ Հայաստանը։
Ողջ էութեամբ սասունցի ֆետայիներ էին անոնք եւ Դաշնակցութեան մէջ գտած էին իրենց գաղափարական նկարագիրը, որովհետեւ հայ ժողովուրդին պարտադրուած Ազատամարտը կարելի էր նուաճել միայն «վեհ քաջեր»ով, իսկ նոյնինքն Դաշնակցութիւնը փաստօրէն եղաւ ծնունդը «Նպատակիս հասնիմ միայն» ուխտով դաշնադրութիւն կնքած անձնուէր հերոսներու։
Մօրուք Կարօ տիպական ներկայացուցիչներէն էր աւելի քան երեսուն տարի հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար կռիւ մղած այդ Սերունդին։ Ծնած էր 1875ին, Սասնոյ Կելիէկիւզան գիւղը։ Որդին էր իշխան Աւէի, որ վերջին շառաւիղներէն էր Տարօնի Աշխարհը հայկական իր դիմագծով պահպանած ու պաշտպանած Սասնոյ առասպելատիպ իշխանական տոհմերուն։ Նախնական ուսումը ստացած էր Ս. Առաքելոց վանքին մէջ, այնուհետեւ՝ աւարտած էր Մշոյ Կեդրոնական վարժարանը։
Մօրուք Կարօ առաջին հետեւորդներէն եղաւ Արաբոյի եւ հազիւ 18 տարեկան էր, երբ 1893ին լեռ բարձրացաւ ու միացաւ ֆետայական շարժման։ Այդ թուականէն սկսեալ մասնակցեցաւ Սասնոյ բոլոր կռիւներուն (1894ին, 1898ին, 1904ին, 1907ին), միշտ գտնուեցաւ կռուի առաջին դիրքերուն վրայ եւ զէնքի ու գաղափարի իր անբաժան ընկերոջ՝ Չոլոյի հետ, անպարտելի մնացին, վերապրեցան ամէն կարգի անհաւասար մարտերէ եւ, միասնաբար, իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան դաշնակցական ֆետայիի առինքնող աւանդի կերտման մէջ։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, հայ ռանչպարի խաղաղ աշխատանքին վերադառնալով հանդերձ՝ Մօրուք Կարօ ինք եւս զէնքը մէկդի չնետեց, որովհետեւ չհաւատաց՝ թէ անօրէն թուրքն ու քիւրտը մէկ օրէն միւսը կրնան փոխուիլ… Եւ երբ պայթեցաւ Հայասպանութեան փոթորիկը, փութաց Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան, ահեղ կռիւներէ դարձեալ վերապրեցաւ ու առաջնորդեց Սասնոյ հայութեան գաղթը դէպի Արեւելահայաստան։
Իսկ երբ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, թրքական բանակը պարտութեան մատնող ռուսական զօրքերուն հետ, հայ կամաւորական գունդերը մուտք գորեցին Վան եւ յառաջացան մինչեւ Կարին, ազատագրեալ Արեւմտահայաստանի տարածքին Մօրուք Կարօ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը եղաւ «մէկ հայ՝ մէկ ոսկի» կարգախօսով թափ առած հայ որբերու հաւաքման սրբազան գործին։
Մօրուք Կարօ միեւնոյն մարտունակութեամբ, սասունցի իր ձիաւորներով, մասնակցեցաւ ոչ միայն 1918ի Մայիսեան յաղթանակներու կերտումին, այլեւ հետագայ այն բոլոր մարտերուն, որոնք այնուհետեւ մղուեցան, Կարոյի պարագային՝ առաւելաբար Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ, թէ՛ յանուն Արեւմտահայաստանը թրքական զօրքերէն ազատագրումին, թէ՛ յանուն Զանգեզուրի ու Ղարաբաղի պաշտպանութեան։
Մօրուք Կարօ առաջին դիրքերու վրայ կռուեցաւ նաեւ 1920ի աշնան բռնկած Հայ-Թրքական պատերազմի ընթացքին, իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ առաջնորդներէն մէկը եղաւ Յեղկոմի խժդժութեանց դէմ 1921ին պայթած Փետրուար 18ի համաժողովրդային ապստամբութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Յուլիս 1921ին, Մօրուք Կարօ իր կարգին անցաւ Թաւրիզ, ուրկէ՝ Հալէպ եւ, այնուհետեւ, Յունաստան։ Քանի մը տարի Յունաստան մնալէ ու գործելէ ետք, 1926ին, երբ խորհրդահայ իշխանութիւնները ներում խոստացան հայրենիք վերադարձի պատրաստակամութիւն ունեցող տարագիր գործիչներուն, Մօրուք Կարօ եւ Չոլօ վերադարձան հայրենիք եւ բնակութիւն հաստատեցին Թալինի շրջանին մէջ։ Ստեղծեցին իրենց նոր կեանքի պայմանները, բայց միշտ հանդիպեցան հալածանքի եւ ի վերջոյ դարձեալ ստիպուեցան հեռանալ իրենց պաշտած ժողովուրդէն ու հայրենի հողէն։
Մօրուք Կարօ իր կեանքի վերջին տարիները ապրեցաւ Համատանի մէջ (Պարսկաստան), ուր շարունակեց կազմակերպական գործուն ներկայութիւն ըլլալ Դաշնակցութեան մէջ, մինչեւ որ Դեկտեմբեր 6ի այս օրը, 1949ին, առյաւէտ փակեց իր ցաւատանջ աչքերը։
Կ՚անցնին տասնամեակները, դարաշրջան կը փոխուի եւ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կը կանգնին նորանոր մարտահրաւէրներու։ Եւ ամէն անգամ, որ հայ ժողովուրդը իր ուղին հարթելու մարտունակութեան աղբիւրները կը փնտռէ՝ Մօրուք Կարոյի օրինակով «Վէրքերով լի ջան ֆետայի» նուիրեալները, ազգային իրենց հաւատարմութեամբ եւ դաշնակցական իրենց անձնազոհութեամբ, հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը կռանելու ուղին կը լուսաւորեն։
Ն.