Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Գանձասար»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ` Միջին Արեւելքի քաղաքական զարգացումներուն եւ տեղւոյն հայ համայնքներու մարտահրաւէրներուն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Միջին Արեւելքի քաղաքական զարգացումները որքանո՞վ կ՛ազդեն Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ: Նշեալ երկու երկիրներու հայ համայնքները ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն այս զարգացումներուն լոյսին տակ:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Անտարակոյս Միջին Արեւելքի ամբողջ քաղաքական իրավիճակը կախեալ է այս տարածքի երկիրներու փոխյարաբերութիւններէն եւ անոնց արտաքին աշխարհին հետ, յատկապէս արեւմտեան աշխարհի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններէն:
Միջին Արեւելքի երկիրներն ու Իրանը ներքին յստակ հակասութիւններ ունին արդէն. այս իրողութիւնը կը պարզուի, երբ կը տեսնենք մէկ կողմէն Սուրիա-Լիբանանի ներքին հիւսուածքով դէպի Իրան, Ռուսիա եւ Չինաստան ուղղուածութիւնը, միւս կողմէ` Ծոցի երկիրներուն վարած արեւմտամէտ քաղաքականութիւնը:
Պէտք է ըսել, որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բախումները քաղաքական իմաստով բնականաբար կ՛ազդեն մեր վրայ: Դժբախտաբար վերջին տասնամեակին «Արաբական գարուն»-ը, որ «ձմեռ» մը եղաւ արաբական աշխարհին, նոյնիսկ` ժողովրդավարութեան մօտ եղող երկիրներուն համար, ոչ մէկ փոփոխութիւն յառաջացուց: Ընդհակառակն, առաջնորդեց յաւելեալ քանդումի եւ արտաքին ուժերէ առաւել կախեալ մնալու:
Ինչ կը վերաբերի ճակատագրակից երկու համայնքներուն` Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, ըսեմ, որ բնականաբար այս երկու շրջանները այն շրջաններն են, որոնք հայութեան, յատկապէս սփիւռքահայութեան ուժեղացման կեդրոնները եղած են անցեալին եւ ուժի պահպանման կեդրոններն են այսօր` հակառակ իրենց դժուարութիւններուն:
Ուժեղացման կեդրոններ եղան, որովհետեւ այս երկու գաղութները, փաստօրէն, ապրեցուցին արեւմտեան գաղութները կամ երկարաձգեցին անոնց կեանքը թէ՛ մտաւորականներու արտածումով` ուսուցիչ, տնօրէն, գործավար, խմբագիր, գործիչ եւ այլն, եւ թէ՛ արտագաղթի բերումով. այս գաղութները վնասուելով մէկտեղ` հարստացուցին արեւմտեան համայնքները: Եթէ այսօր այդ համայնքներուն մշակութային եւ հասարակական կեանքին, ինչպէս նաեւ կուսակցական եւ այլ մարզերու մէջ յաւելեալ աշխուժութիւն կը նկատենք, այդ մէկը կը վերագրենք նաեւ Միջին Արեւելքէն եղած գաղթին:
Ուստի Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութները պէտք է գոյատեւեն, անկասկած պիտի գոյատեւեն, որովհետեւ անոնք անհրաժեշտ են մեր ժողովուրդի այսօրուան կեանքին եւ մեր դատին համար: Այս երկու գաղութները անհրաժեշտ են Հայաստանի եւ Արցախի համար: Չմոռնանք, որ այս երկու գաղութները սահմանակից են Թուրքիոյ: Լիբանանը քիչ մը հեռու, Սուրիան անմիջական սահմանակից է: Թուրքիան միշտ ալ իր լծակները օգտագործած է այս գաղութները տկարացնելու` գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար: Ես կը կարծեմ` գիտակցաբար, որովհետեւ Լիբանանի պատերազմէն սկսեալ, թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները, թէ՛ օրին եւ թէ՛ աւելի ուշ, հայահոծ շրջաններու ռմբակոծումներուն, հայերու առեւանգումներուն մասնակից էին` երկրի քաղաքական զինեալ խմբաւորումներուն տարբեր ձեւերով զէնք հայթայթելով, տեղեկութիւններ տրամադրելով եւ այլն: Նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ նկատելի էին այս բոլորը պատերազմի օրերուն: Վերջին հաշուով, զինեալ հաւատադրժողական կազմակերպութիւններու կողմէ Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին պայթեցումը թրքական ձեռագիր էր, նոյնպէս ալ` Հալէպի հայահոծ թաղամասերու անխնայ ռմբակոծումը: Նոյնն է պարագան Քեսապի գրաւման ու թալանին. թուրքերն ու իրենց ենթակայ խմբաւորումներն էին, որոնք մտան եւ գրաւեցին: Նոյնն է Գամիշլիի կացութիւնը:
Հետեւաբար այսօրուան կացութեան մէջ վիրաւոր այս երկու գաղութները ոտքի պիտի կանգնին, ոտքի պիտի կանգնինք ներքին մեր ներուժով, մեր կարողութիւններով, նաեւ` սփիւռքի համահայկական ճիգերով, որովհետեւ այդ մէկը նաեւ սփիւռքի պարտաւորութիւնն է: Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ կապը նմանցուցած եմ հսկայական շղթայի մը: Երբ այդ շղթային օղակներէն մէկը տկարանայ, քայքայուի, ամբողջ շղթան կը քայքայուի: Սուրիան, Լիբանանը այդ կարեւոր օղակներէն են խորքային, ոչ նիւթական իմաստով: Այսինքն հայապահպանման գաղափարի զարգացման եւ սփիւռքի ուժեղացման իմաստով կարեւոր կեդրոններ են: Ուստի, այո՛, անհրաժեշտ է համահայկական ճիգ, որպէսզի այս կեդրոնները պահպանուին: Երբեք չերեւակայենք, որ Լիբանանի կամ Սուրիոյ գաղութներու քանդումը շահաւէտ է արեւմտեան աշխարհի մեր սփիւռքին համար: Արեւմտեան պետութիւններուն համար, այո՛, շահաւէտ է, բայց` ո՛չ Արեւմուտքի մէջ ապրող հայութեան համար, ո՛չ ալ Հայաստանի ու Արցախի համար: Լիբանանի մէջ մենք սահմանադրականօրէն ճանչցուած ենք որպէս երկրի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, հետեւաբար մեր իրաւունքները պահել հո՛ն, բնականաբար շատ մեծ նպաստ պիտի բերէ համահայկական մեր ճիգերուն առումով:
«Գ.».- Նախքան Հայաստանի երկրորդ անկախութիւնը, եօթանասուն տարի շարունակ սփիւռքը Հայ դատի դրօշակիրը եղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւորութեամբ: Ան էր, որ սփիւռքահայութեան մէջ ազգային արժէքները պահեց եւ սերունդներ այդ ոգիով դաստիարակեց: Հայաստանի անկախացումով սփիւռքը եւ զայն կազմակերպած ու առաջնորդած հիմնական ուժերէն մէկը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ներգործօն դերակատարութիւն ունեցան նաեւ Հայաստանի մէջ: Այսօր, Հայկական հարցին մէջ ընդհանրապէս, Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումները մասամբ մեր ազգային իրաւունքներէն զիջելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան: Սփիւռքը պարտաւորուած է դարձեալ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարը շարունակել առանձին: Սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան օրինական եղանակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, որպէսզի համահայկական շահերուն մէջ փոխազդեցիկ դերեր ունենալով` մէկը միւսը լրացնէ, ու զիջումներու փոխարէն` համախմբուած ճիգերով ե՛ւ պետական ե՛ւ ազգային մեր շահերը պահպանուին ամրօրէն:
Յ. Բ.- Դժբախտաբար ցարդ գործիքակազմ չկայ այս բոլորը համադրելու: Նախ անհրաժեշտ է համոզում ունենալ: Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է գիտնայ, որ Հայաստան համայն հայութեան հայրենիքն է: Սփիւռքահայութիւնը կ՛ըսէ` Հայաստանը հայրենիքս է, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի արտասահմանեան գաղութներն են պարզապէս, այնպէս` ինչպէս որեւէ երկրի քաղաքացիները արտերկրի մէջ: Հայաստանի պարագային նոյնը չէ, սփիւռքը կազմաւորուած իրավիճակ է, եւ չմոռնանք, որ սփիւռքը Արեւմտահայաստանի բնակչութենէն կազմուած է առաւելաբար, հետագային, դժբախտաբար, Հայաստանէն ալ արտագաղթողները միացան սփիւռքին, ու պատկերը գունեղ դարձաւ: Կրնայ պատահիլ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Հայաստանէն արտագաղթող քաղաքացիները հայաստանեան սփիւռք համարեն, բայց չեն կրնար Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի, Պաղեստինի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումէն ու Հայոց ցեղասպանութենէն ետք բնակութիւն հաստատած հայերը հայաստանեան սփիւռք նկատել: Նախ այս իրողութիւնը պէտք է ըմբռնել երկուստեք: Հայաստանի պետութեան տարբեր վարչակարգեր ցաւօք չկրցան գործակցութեան օրինակելի գործիքակազմ մը ճշդել:
Պէտք է հասկնալ, որ Հայաստանի ու հայ ազգի հետ կապուած ճակատագրական որեւէ որոշում չ՛ազդեր միայն Հայաստանի ու տեղւոյն մեր հայրենակիցներուն վրայ, այլ կ՛ազդէ նաեւ սփիւռքի վրայ, հետեւաբար հոս անհրաժեշտ է, որ գործակցութիւն հաստատուի, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ճանաչում, Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացում, բախտաւոր օր մը Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրում եւ կցում ներկայ Հայաստանին եւ այլն կը վերաբերին ողջ ազգի մը:
Խորհրդային Հայաստանի օրերուն մենք ըսած էինք, որ մեզի համար կարեւոր չէ վարչակարգը, կարեւորը Արեւմտահայաստանի կցուիլն է Հայաստանին, եւ այդ էր մեր պահանջը, իսկ հոն սփիւռքը իր ըսելիքը ունէր: Վերջին հաշուով, Արեւմտահայաստանի ժառանգորդը սփիւռքն է, որ իր կամքով կը ձգտի այդ բաժինը կցել Հայաստանին` հասնելու համար ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան մեր տեսլականին: Դժբախտաբար այս մտածողութիւնը չէ ընդհանրացած տակաւին: Հայաստանի իշխանութիւնը չ՛ըմբռներ ցարդ, թէ իր իւրաքանչիւր քայլ ինչպիսի՛ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ սփիւռքահայութեան ու մեր ազգային շահերուն վրայ:
Վերջին օրինակը քառասունչորսօրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած ահաւոր հիասթափութիւնն էր: Աշխարհով մէկ, ամբողջ հարիւր տարի, ազգային մեր իտէալներու իրականացման ճամբան հարթելու երազով մեծցած ենք, այսօր մեր զաւակներուն ի՞նչ երազի մասին խօսինք: Խօսինք ա՞յն իրողութեան մասին, որ եօթը հազար քառակուսի քիլոմեթր յանձնուեցաւ, խօսինք ա՞յն իրողութեան մասին, որ այսօրուան իշխանութիւնները հայկական մայր հողամասերէն, կամայ թէ ակամայ, ուրիշ բաներ չըսելու համար, կը զիջին Ազրպէյճանի եւ վաղը հաւանաբար նաեւ` Թուրքիոյ: Հարցը լոկ հողային զիջումը չէ, կայ տնտեսական զիջումը, կայ քաղաքական զիջումը, կայ ճանապարհային զիջումը, կայ իրաւունքէ զիջումը եւ այլն:
Շատ խօսուած է սփիւռքի ներկայացուցչական խորհուրդի մը, երկպալատ խորհրդարանի մը մասին, որպէսզի սփիւռքը ներկայացուցչութիւն ունենայ, բայց այդ բոլորը ձեւակերպութիւններ են, կարեւորը հիմնական հարցերու շուրջ համաձայնիլն է, եւ կարեւորը համոզուիլն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները առանձին իրաւունք չունին որոշելու ամբողջ հայութեան ճակատագիրը: Սփիւռքահայութիւնն ալ, նոյն ձեւով, իրաւունք չունի ենթադրելու, որ միայն ինք կրնայ որոշել այս բոլորը: Հոս է փոխներգործութեան կարեւորութիւնը:
Երկրորդ` անհրաժեշտ է դերերու բաժանում կատարել. այն, ինչ որ Հայաստանի պետութիւնը կրնայ չընել կամ իր շահերէն չի թելադրուիր ընել, սփիւռքին կը յանձնէ, փաստօրէն հայ-թրքական հաշտութեան ցիւրիխեան այդ համաձայնութիւնը չիրականացաւ օրին, որովհետեւ սփիւռքը դէմ կանգնեցաւ: Ես չեմ գիտեր, թէ ատիկա որոշուած էր Հայաստանի պետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որ պաշտօնապէս սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները ոչ պէտք էր ըսէին, որպէսզի ինք ներքնապէս զօրացնէր իր դիրքը կամ ոչ: Բայց երբ Սերժ Սարգսեան այցելեց սփիւռքի հայ գաղութներ, աշխարհով մէկ յայտնի դարձաւ, որ սփիւռքը կը մերժէ ստորագրութիւնը: Հոն արդէն պարզուեցաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը սփիւռքը մասնակից կը նկատէ իր գործունէութեան, այսօր դժբախտաբար այդպէս չէ իրողութիւնը:
Մենք սփիւռքի մէջ լծակ չենք Հայաստանի իշխանութեան համար, ոչ ալ կամակատարն ենք անոր, տակաւին չենք խօսիր սփիւռքը պառակտելու, մասնատելու մասին կամ աւանդական սփիւռքը պահող կազմակերպութիւնները անտեսելու մասին: Եւ հարցը միայն Դաշնակցութեան անտեսումը չէ, այլ բոլոր հայկական կողմերուն` կաթողիկոսութիւններուն, կուսակցութիւններուն, որոնք սփիւռքի կեանքը կազմակերպած ու զարգացուցած են տասնամեակներ շարունակ: Վկան` վերջին համահայկական գագաթնաժողովի կազմակերպման ոճն էր:
Մեր հասկացութեամբ, գագաթնաժողով կը նշանակէ` երկիրներու, թագաւորներու եւ նախագահներու հանդիպում:
Հիմա կը յիշեմ հետեւեալ երգը` «Ամէն մի հայ մի գագաթ է»: Ի՞նչ գագաթներու մասին է խօսքը: Համազգային շահերուն դիմաց, հսկայ գործի մէջ գագաթ չկայ, բոլորս ալ հաւասար ենք, նման հիւանդագին տրամաբանութիւն կը շոյէ անհատներ, որոնք շատ յարգելի ըլլալով մէկտեղ իրենց աշխատանքի մարզին, ասպարէզին, բարերարութիւններուն մէջ, առանձնաբար քաղաքական ուղղութիւն ճշդելու իրաւասութիւն չունին: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Էջմիածնի կաթողիկոսութեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, աւետարանական համայնքի ղեկավարութեան, Դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, Հնչակեաններուն, Բարեգործականի ղեկավարութեան, տասնամեակներու փորձառութիւն ունեցող այս կառոյցներու բազմակարծիք ներդրումը չես կրնար հաւասարեցնել անհատներու ներդրումին հետ, որքան ալ սիրելի, որքան ալ յարգելի անհատներ ըլլան անոնք, զորս կը կոչես նաեւ գագաթներ: Ասիկա, ըստ էութեան, այսօրուան համաշխարհայնացման, օտարացման, ազգերու քայքայման, արժէքային համակարգերու քանդումին լաւագոյն արտայայտութիւնն է:
Այն, ինչ որ աշխարհի տարբեր-տարբեր կեդրոններու մէջ կը ծրագրուի եւ կ՛իրականանայ, որպէսզի ազգեր քանդուին եւ վերածուին անհատներու հաւաքականութեան, որպէսզի բաժնելով տիրել կարենան անոնց: Կ՛ենթադրեմ, որ այդ գագաթնաժողովը անպտուղ դուրս եկաւ, նկատուեցաւ, որ ապարդիւն էր ան եւ պիտի չհասնէր իր նպատակին: Ես կը հաւատամ, որ անտեսման նման վերաբերմունք արդիւնք պիտի չտայ ու դատապարտելի պիտի ըլլայ: Ամբողջ 70 տարի սփիւռքի մէջ մենք ինչպէ՞ս ապրեցանք. Հայաստան մեկնիլը դժուար էր, խորհրդային իշխանութիւնները ընտրովի հայեր կը տանէին, սակայն մենք Հայաստանը ապրեցանք եւ հայութիւնը ապրեցանք իւրաքանչիւր տան մէջ, Արարատի նկարով: Ես յաճախ ըսած եմ` թէ՛ պետական յարաբերութիւններու ընթացքին Հայաստանի պատասխանատուներուն հետ, թէ՛ հրապարակային ելոյթներով, որ մենք Հայաստանը ճանչցած եւ սիրած ենք Արարատով, ազգային երգերով:
«Գ.».- Բայց այս պարագային կ՛ըսուի, որ զգացական էք, իրատես քաղաքականութենէ հեռու…
Յ. Բ.- Այո՛, զգացական ենք, եւ մեր ժողովուրդը ատած են իր զգացականութեան համար: Այլապէս հայութիւնը չէր ապրեր: Այսօր, եթէ ամէն ինչ իրապաշտօրէն պիտի գրենք, եթէ պիտի ըսենք` իբրեւ մարդ պիտի ապրինք միայն ու հայ ըլլալը մեզի նպաստաւոր չէ, պիտի կործանինք ազգովին: Այլապէս ինչո՞ւ կը շարունակենք ապրիլ Սուրիոյ մէջ, Լիբանանի մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր: Եթէ զգացական չըլլանք, եթէ Արարատով չապրինք, չենք դիմանար, կ՛ըսենք, որ մեր հայրենիքը մեր ճամպրուկին մէջ է, իմ մականունը եան ունի, իմ դրամատնային հաշիւը այսպէս է, աշխարհաքաղաքացի եմ, ուր հաց, հոն կաց… Այսպէս է, որ կործանումի ճամբան կը բռնենք ազգովին:
Պէտք է այնպէս ապրինք, որ մեր արժէքները պահենք, պահպանենք բազմազանութեան մէջ` առանց ծայրայեղութեան, սակայն` ամուր դիմադրականութիւն ցուցաբերելով ու կառչելով մեր ազգային ինքնութեան, որովհետեւ փոքր ածու ենք:
«Գ.».- Երկար տարիներ վերջ Հալէպ կ՛այցելէք` հրաւիրուած ըլլալով որպէս բանախօս: Ի՞նչ կ՛ակնկալէիք տեսնել եւ ի՞նչ տեսաք այստեղ:
Յ. Բ.- Անկեղծօրէն ըսեմ` նախ անհանգիստ կը զգայի, որ երկար ատենէ ի վեր չեմ այցելած Հալէպ: Ժամանակին տարին երեք-չորս անգամ կ՛այցելէի, բայց թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Լիբանանի պայմաններուն բերումով վերջերս չէի կրնար տեղաշարժիլ: Հալէպի քանդումի ահաւորութիւնը կը պատկերացնէի, որովհետեւ պատերազմ ապրած ենք, գիտենք: Այս իմաստով, տեսայ այն, ինչ կ՛ակնկալէի, բայց ոգեղէն անկումի առումով, ամենայն անկեղծութեամբ ըսեմ, եւ թող ներեն ինծի հալէպահայ իմ ազգակիցները, ես կը մտածէի, որ պիտի տեսնեմ յուսահատ, հիասթափուած, տկար, անտարբեր հաւաքականութիւն մը Հալէպի մէջ: Սակայն տեսայ այն Հալէպը, որ թէեւ թիւով փոքրացած է, սակայն ինչպէս ութսունականներուն էր, 90-ականներուն էր, 2000-ականներուն էր, աննկուն է: Մէկ գիշերուան մէջ հարիւրաւոր ժողովուրդ կը հաւաքուի, համայնքը շարժումի մէջ է, ամրութիւնը պահած է, այս հողին փարած է, կը հաւատայ տակաւին Սուրիոյ ապագային: Ճիշդ է` կը տառապի, տնտեսական խոր տագնապի մէջ է, կը տառապի, որովհետեւ նահատակներ տուած է Սուրիոյ պաշտպանութեան համար, եւ ատիկա դափնեպսակ է մեր ժողովուրդի գլխուն, որովհետեւ քու ընտրած հայրենիքդ կը պաշտպանես: Ու այս հայրենիքիդ պատասխանատուները գիտեն, թէ ինչպիսի՛ տիպար քաղաքացիներ են սուրիահայերը, տիպար քաղաքացին վիզը ծուռ քաղաքացին չէ, այլ հպարտ քաղաքացին է: Լիբանանի մէջ ալ քաղաքական դաշտի իմ գործընկերները Լիբանան հաստատուած սուրիահայ քաղաքացիները բարձր կը գնահատեն:
Ես կը հաւատամ, որ հաւաքական, համասփիւռքեան եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Հայաստանի ճիգերով Հալէպը Հալէպ պիտի մնայ: Ես կը հաւատամ, որ այս գաղութը գոյատեւելու հիմքերը ունի: Հաւանաբար պիտի չվերադառնան «Երազային Հալէպ»-ի օրերը, բայց Հալէպ պիտի մնայ այն ամուր բերդը, իսկ սուրիահայերը պիտի կարենան գոյատեւել Թուրքիոյ սահմանակից այս երկրին մէջ` որպէս առաջին խրամին մէջ ապրող եւ պայքարող հաւաքականութիւն: