կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-13 10:42
Սփյուռք

Հայրենիքէն Սփիւռք ժողովուրդին սրբազան պարտականութիւնն է վերջ դնելու այս դրածոյ իշխանութեան

Հայրենիքէն Սփիւռք ժողովուրդին սրբազան պարտականութիւնն է վերջ դնելու այս դրածոյ իշխանութեան

Իւրաքանչիւր անգամ երբ բերանը բանայ, այս իշխանութիւնը կը խօսի ժողովուրդի անունով։ Բայց այս իշխանութիւնը արտաքին ուժի մը դրածոն է։ Ցարդ կատարուածը մակերեսային բեմադրութիւն է՝ ծածկելու համար արտաքին ուժին թաքուն օրակարգը։ Այդ օրակարգին ժամը հասցնելու համար, ժողովուրդը պէտք է ապազգայնացուի, կամքը կտրուի, դառնայ անտարբեր..։

Երբ հասնի այդ ժամը, այս դրածոյ իշխանութիւնը պիտի բացայայտէ իր տիրոջ թաքուն օրակարգը եւ գործադրէ զայն։

Այդ օրակարգը կը բաղկանայ երեք կէտերէ.-

1) Արցախեան հարցի ազերիանպաստ կարգաւորում.

2). Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական հաշտեցում՝ առանց հայկական կողմի հողային պահանջներու գոհացման.

3) Հայկական Սփիւռքի պառակտում՝ վերջ դնելու համար Հայ Դատին։

Եւ այս բացայայտուած թաքուն օրակարգը այս իշխանութիւնը պիտի պարտադրէ ժողովուրդի անունով։ Հայրենիքէն Սփիւռք ժողովուրդին սրբազան պարտականութիւնն է վերջ դնելու այս դրածոյ իշխանութեան։

Սեդօ Պոյաճեան