կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-08-04 12:16
Հասարակություն

Սեբաստացի Մուրադ. ­հայ հե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դյու­ցազ­նա­կան ֆի­դա­յին

Սեբաստացի Մուրադ. ­հայ հե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դյու­ցազ­նա­կան ֆի­դա­յին

Օ­գոս­տոս 4ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք հե­րո­սա­կան նա­հա­տա­կու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի ծնունդ­նե­րէն ան­մահն Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի։

Մու­րատ զո­հո­ւե­ցաւ թրքա­կան զօր­քի ար­շա­ւան­քին դէմ ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան մղած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­հեղ կռո­ւի ըն­թաց­քին, ճիշդ այն պա­հուն, երբ հե­րո­սա­բար կրցած էր ճեղ­քել թշնա­մի բա­նա­կին պա­շար­ման օ­ղա­կը եւ յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­վել հայ­կա­կան զօր­քին։

Ար­դա­րեւ, 4 Օ­գոս­տոս 1918ին, դար մը ա­ռաջ, Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու կռիւ կը մղէր թրքա­կան զօր­քե­րու եւ ա­նոնց զի­նա­կից մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րուն դէմ։

Թէեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը մօ­տե­ցած էր իր ա­ւար­տին, բայց ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու հա­մար կա­տա­ղի ու վեր­ջին պայ­քար մը կը մղո­ւէր մէկ կող­մէ թուրք-գեր­ման զի­նա­կից­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէ ռուս-անգ­լիա­ցի դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ։

1917ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով եւ ռու­սա­կան զօր­քին ուղ­ղո­ւած ­Լե­նի­նի տուն-դար­ձի կո­չով՝ ռու­սեւթր­քա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կայն­քին ծայր ա­ռած էր կազ­մա­լու­ծու­մը. ա­մէ­նուր կը պար­զո­ւէին ռուս զօր­քի դա­սալ­քու­թիւնն ու նա­հան­ջը՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով, որ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դերն ու ռու­սա­կան բա­նա­կի հայ սպա­ներն ու զի­նո­ւոր­նե­րը ա­ռան­ձին մնան թրքա­կան զօր­քե­րուն եւ ա­նոնց միա­ցած թուրք-թա­թար զի­նեալ­նե­րուն դէմ, նա­խի­ջե­ւա­նէն մին­չեւ Պա­քու։

Փետ­րո­ւար 1918էն սկսեալ, ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի կազ­մա­լու­ծու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ ­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօ­րա­բա­նա­կը կ­’ար­շա­ւէր դէ­պի ­Պա­քու, գեր­ման իր զի­նա­կի­ցին նաւ­թով ա­պա­հո­վե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան պատ­րո­ւա­կով հա­մաթրքու­թեան ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ ­Պա­քուի մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը, ի­րենց թուրք «եղ­բայր­ներ»ուն դի­մա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, ոտ­քի հա­նած էին թուրք-թա­թար բնակ­չու­թիւ­նը՝ զի­նե­լով եւ յատ­կա­պէս հա­յե­րու դէմ գրգռե­լով։

Հա­կա­դար­ձա­բար՝ ռազ­մա­վա­րա­կան ան­նա­խա­դէպ զի­նակ­ցու­թիւն կնքո­ւած էր ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ։ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ ռուս սո­ցիա­լիստ-յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն մաս կազ­մող հայ գոր­ծիչ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ, միա­ցեալ ճա­կատ կազ­մած էր հայ-ռուս-թուրք պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ, ո­րոնց ղե­կա­վարն էր Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեան։ ­Ռու­սա­կան բա­նա­կի եւ կար­միր ջո­կա­տա­յին­նե­րու հետ կռո­ւի դաշտ կ­’իջ­նէին դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րու հայ­դու­կա­պետ­նե­րը։ ­Կը ստեղ­ծո­ւէր ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւն՝ ռու­սա­կան բա­նա­կի գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ հայ­դու­կա­պետ ­Հա­մա­զաս­պի փոխ-հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։

Ա­ռան­ձին անդ­րա­դար­ձի ար­ժա­նի է ­Պա­քո­ւի ­Կո­մու­նա­յի եւ ընդ­հան­րա­պէս 1918ի ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան հե­րո­սա­մար­տին պատ­մու­թիւ­նը՝ իր դրա­կան նո­ւա­ճում­նե­րով եւ ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նով։ ­Բայց ան­մի­ջա­պէս ընդգ­ծու­մի ար­ժա­նի է, որ ա­միս­նե­րու հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թե­նէ ետք, ­Լե­նի­նեան կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ու գեր­ման-թուրք ճա­կա­տի մի­ջեւ կնքո­ւած գաղտ­նի թէ բա­ցա­յայտ հա­մա­ձայ­նու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ ­Պա­քուն լքո­ւե­ցաւ իր բախ­տին, ­Շա­հու­մեա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր կու­սա­կից­նե­րով, ռազ­մամ­թեր­քով եւ պե­տա­կան գան­ձով բարձ­րա­ցաւ նա­ւե­րը եւ փոր­ձեց, փա­խուստ տա­լով, սե­փա­կան գլու­խը ա­զա­տել, հա­կա­ռակ ա­նոր որ անգ­լիա­կան զօր­քը ար­դէն ­Պարս­կաս­տան կը գտնո­ւէր եւ ի վի­ճա­կի էր օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ­Նու­րի փա­շա­յի զօր­քե­րուն եւ մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ­նե­րուն կող­մէ պա­շա­րո­ւած ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան։

Յու­լիս 30ին ­Շա­հու­մեան եւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը փա­խուս­տի դի­մե­ցին եւ ­Պա­քո­ւի Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դը՝ ­Ռոս­տո­մի ու Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օր­հա­սա­կան կռի­ւը մղե­լու պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը տո­ւաւ։ Ան­շուշտ հա­յոց դի­մադ­րա­կա­նու­թեան օգ­նեց նաեւ ­Պարս­կաս­տա­նէն ստա­ցո­ւած անգ­լիա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու խոս­տու­մը բե­րող ռա­տիօ-հե­ռա­գի­րը։ ­Բայց ա­ռանց այդ յոյ­սին ալ, հա­յու­թիւ­նը տար­բեր ելք չու­նէր։ ­Թուր­քը կու գար ամ­բող­ջաց­նե­լու իր սկսած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը եւ հա­յը իր սե­փա­կան բա­զու­կով պի­տի պաշտ­պա­նո­ւէր…

Ա­հա՛ այդ օր­հա­սա­կան պա­հուն ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան՝ գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ Հա­մա­զաս­պի տա­սը հա­զար­նոց հայ­կա­կան զօր­քին օգ­նու­թեան հա­սան, ­Ռոս­տո­մի պա­հան­ջին ըն­դա­ռա­ջե­լով, դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի հե­րո­սա­կան ու­ղի նո­ւա­ճած Սե­պուհն ու ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տը ի­րենց խում­բե­րով։

Եւ ­Յու­լիս 31էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 5 ա­հեղ կռիւ­ներ մղո­ւե­ցան ­Պա­քո­ւի մէջ՝ ­Նու­րի փա­շա­յի ա­ւե­լի քան 20 հա­զար զի­նո­ւոր եւ հա­զա­րա­ւոր մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ հա­շո­ւող զօր­քի խուժ­ման դէմ։ ­Ռազ­մա­կան գե­րակշ­ռու­թիւ­նը թրքա­կան կող­մին կը պատ­կա­նէր, անգ­լիա­կան զօր­քը կ­’ու­շա­նար, բայց ­Պա­քո­ւի պա­շա­րո­ւած հա­յու­թիւնն ու հայ­կա­կան զօր­քը ան­տե­ղի­տա­լիօ­րէն կը պայ­քա­րէին…

Եւ 4 Օ­գոս­տո­սին, երբ թրքա­կան զօր­քե­րը ու­ժեղ յար­ձա­կո­ղա­կա­նով մը վեր­ջին եւ մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը կը փոր­ձէին հասց­նել հայ­կա­կան ու­ժե­րուն, դիւ­ցազ­նա­կան խո­յանք­նե­րու ան­զու­գա­կան հե­րո­սը՝ ­Մու­րատ կա­ցու­թիւն փրկեց, իր ու­ժե­րով ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բլուր մը գրա­ւե­լով եւ թրքա­կան ու­ժե­րը եր­կու­քի բաժ­նե­լով, ընդ­հա­նուր խու­ճա­պի մատ­նե­լով եւ զա­նոնք փա­խուս­տի մղե­լով։
Յաղ­թա­կան այդ ճա­կա­տա­մար­տին կեր­տիչն ու նա­հա­տա­կը ե­ղաւ, միա­ժա­մա­նակ, Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ, որ ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն, ­Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ ընդ հուր եւ ընդ ա­րիւն եր­կար ճամ­բայ կտրե­լէ ետք՝ առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը ­Պա­քո­ւի մէջ։

Ա­ռաս­պե­լա­կան տի­պար էր ­Մու­րատ՝ քաջ ու յան­դուգն ֆե­տա­յի, դիւ­ցազ­նա­կան հե­րոս։ Ծ­նած էր ­Սե­բաս­տիոյ ­Կով­տուն գիւ­ղը, 1874ին, հայ բո­շա­յա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ։ Ինչ­պէս հայ բո­շա­յա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ­Կոմսն (­Վա­հան ­Փա­փա­զեան) ու գրող Վրթա­նէս Փա­փա­զեա­նը, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւս ամ­բող­ջա­կան հա­յու իր կեր­պա­րը ստեղ­ծեց եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժա­կան հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ար­ժա­նա­ւոր դիրք գրա­ւեց։
Իր գիւ­ղի ­Թէո­դի­կեան դպրո­ցին մէջ եր­կար չդի­մա­ցաւ։ Իր ըմ­բոստ ու ա­զա­տու­թիւ­նը սի­րող նկա­րագ­րով՝ հա­զիւ պա­տա­նի, հե­ռա­ցաւ դպրո­ցա­կան կեան­քէն ու խաշ­նա­րա­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ։ ­Լեռ­նե­րու սի­րա­հար եւ վար­պետ որ­սորդ ­Մու­րա­տի կեան­քը կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ, երբ հո­վիւ ե­ղած ա­տեն պա­տա­հա­կան թուր­քեր յար­ձա­կե­ցան վրան՝ զինք սպան­նե­լու եւ հօ­տը գող­նա­լու հա­մար։ ­Մու­րատ սպան­նեց յար­ձա­կող թուր­քե­րէն մէ­կը եւ միւս­նե­րուն փա­խուս­տի մատ­նեց։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չկրցաւ ­Մու­րա­տին ձեր­բա­կա­լել, բայց փո­խա­րէ­նը՝ հօ­րը բան­տար­կեց եւ ­Մու­րատ ստի­պո­ւե­ցաւ յանձ­նո­ւիլ, որ­պէս­զի փրկէ հօ­րը։ ­Բան­տար­կո­ւե­ցաւ, բայց կարճ՝ քա­նի մը ա­միս տե­ւեց բան­տար­կու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան­չա­փա­հաս էր։ Ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, բայց հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ ­Սե­բաս­տիա­յէն։ Ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ­Պո­մոն­թիի գոր­ծա­րա­նին մէջ բեռ­նակ­րու­թիւն ը­րաւ եւ ե­րե­կո­նե­րը դպրոց յա­ճա­խեց՝ տար­րա­կան ուս­ման եւ գրա­գի­տու­թեան տի­րա­նա­լու հա­մար։

Նոյն շրջա­նին ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան, ո­րուն կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած Ա­չը­քեան պատ­րիար­քին դէմ ցոյ­ցին մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով ­Մու­րատ դար­ձեալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ։ Այս ան­գամ եւ­րո­պա­կան մի­ջամ­տու­թեանց շնոր­հիւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լի­սէն իր ըն­կեր­նե­րով։ Ան­ցաւ Ե­գիպ­տոս ու Յու­նաս­տան։ ­Բայց ար­դէն չէր կրնար Երկ­րէն հե­ռու մնալ։ Գ­նաց ­Թիֆ­լիս, ուր նո­րա­կազմ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի մի կը խմբէր գա­ղա­փա­րա­պաշտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ­Դէ­պի Եր­կիր խում­բեր կազ­մե­լով։ ­Մու­րատ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Կարս՝ հոն­կէ Եր­կիր անց­նե­լու հա­մար։
1903ին ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Մու­րա­տի տա­րի­նե­րու ե­րա­զը, երբ ­Թոր­գո­մի ա­ռա­ջին խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր, մտաւ եր­կիր։

Մուշ եւ ­Սա­սուն, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի կող­քին, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ ոչ միայն կրա­կէ մկրտու­թիւն ստա­ցաւ, այ­լեւ՝ իր բնա­տուր ֆի­զի­քա­կան ու­ժով, մար­տի­կի խի­զա­խու­թեամբ եւ դիւ­ցազ­նա­կան նկա­րագ­րով ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ ­Կար­գո­ւե­ցաւ խմբա­պետ եւ 1904ի գար­նան, երբ ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը կ­’ո­րո­շո­ւէր, ­Մու­րա­տի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Բայց ­Մու­րատ կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժեց եւ պնդեց, որ Անդ­րա­նիկն է այդ պաշ­տօ­նին ար­ժա­նա­ւոր տէ­րը։ Եւ այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան դար­ձած է այդ առ­թիւ ­Մու­րա­տի ար­տա­սա­նած խօս­քը, թէ՝ «Անդ­րա­նիկն է այդ ա­ռաջ­նոր­դը եւ ե­թէ ան­գամ նա մե­ռած լի­նի, իր դիա­կը մեր դրօ­շա­կին հետ պէտք է տա­րո­ւի մեր առ­ջե­ւէն.- դէ­պի կռիւ ու ա­զա­տու­թիւն»։

Մու­րա­տի ա­նո­ւան շուրջ ա­ռաս­պել­ներ շատ հիւ­սո­ւե­ցան ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին՝ իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ ­Յատ­կա­պէս հռչակ ստա­ցաւ ­Մու­րա­տի հե­րո­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ 1904ի ամ­րան, ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տէն եւ Աղ­թա­մար կղզի հա­ւա­քո­ւած ֆե­տա­յի­նե­րու նշա­նա­ւոր ժո­ղո­վէն ետք, երբ թրքա­կան զօր­քե­րու պա­շար­ման շղթան ճեղ­քեց, թրքա­կան նաւ մը գրա­ւեց եւ ի­րեն հե­տե­ւող ժո­ղո­վուրդն ու ֆե­տա­յի­նե­րը ա­պա­հով ­Պարս­կաս­տան հաս­ցուց։ Այդ ա­ռի­թով, Ս. ­Թա­դէի վան­քի պա­տե­րուն, ֆե­տա­յի­նե­րու յա­տուկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն ձգե­լու սո­վո­րու­թեամբ, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ իր կար­գին փո­րագ­րեց հե­տե­ւեա­լը.

-«Ան­ցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ­’ա­ւելց­նեմ նաեւ ընդ ա­րիւն եւ նո­րէն կ­’եր­թանք դէ­պի հուր եւ ա­րիւն»։

Այդ­պէ՛ս հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Մու­րա­տի ողջ կեան­քը։

1905ի հայ-թա­թա­րա­կան կռիւ­նե­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ մղո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ։ ­Յատ­կա­պէս Զան­գե­զու­րի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ճա­կատ­նե­րուն վրայ դիւ­ցազ­նա­կան մար­տեր ղե­կա­վա­րեց, դար­ձաւ ­Ղա­փա­նի հա­յու­թեան պա­հա­պան բա­զու­կը։

1906ին վե­րա­դար­ձաւ ­Սա­սուն, մաս­նակ­ցե­ցաւ 1907ի հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րուն։ Եւ երբ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տին, Անդ­րա­նի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ­Սաս­նոյ դիւ­ցա­զուն­նե­րը դուրս ե­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նէն, ­Մու­րատ իր կար­գին ան­ցաւ ար­տա­սահ­ման եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Վիեն­նա­յի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։ Վճ­ռո­րոշ ե­ղաւ ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի ներդ­րու­մը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռում­նե­րով ամ­րապն­դող այդ ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րու կամ­քը ներ­կա­յաց­նե­լով։

Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին եւ ժո­ղո­վի իսկ ո­րո­շու­մով, ­Մու­րատ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Պարս­կաս­տան՝ իր պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րու կող­քին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։ 1908ին, հռչա­կո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ­Մու­րատ եր­կար ժա­մա­նա­կի հա­մար վե­րա­դար­ձաւ ­Սե­բաս­տիա։ Բ­նաւ չհա­ւա­տաց Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ տեն­դա­գին շա­րու­նա­կեց ժո­ղո­վուր­դի զին­ման եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծը։ 1910ին, իր ըն­կեր­նե­րու եւ շրջա­պա­տի ճնշման տակ, ա­մուս­նա­ցաւ՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ, որ ­Մու­րա­տի պաշ­տող­նե­րէն էր եւ ա­նոր նո­ւի­րած է իր լա­ւա­գոյն քեր­թո­ւած­նե­րէն մէ­կը՝ «Բեգաս»ը։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին, երբ Իթ­թի­հա­տա­կան ոճ­րա­պե­տու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց հա­յե­րու զի­նո­ւո­րագ­րու­մին, ­Մու­րատ ըմ­բոս­տա­ցող­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ՝ իր զի­նակց­նե­րով քա­շո­ւե­լով լեռ­նե­րը, որ­պէս­զի ապս­տամբ հա­յե­րու պատ­րո­ւակ չտայ թուր­քե­րուն։

Լեռ­նե­րու վրայ ­Մու­րատ դար­ձաւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու պա­հա­պան հրեշ­տա­կը՝ թուրք եւ քիւրտ աս­պա­տա­կող­նե­րու դէմ։ Եւ երբ թրքա­կան ճնշու­մը սաստ­կա­ցաւ եւ տա­րագ­րու­թիւնն ու ջար­դե­րը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան, ­Մու­րատ ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն ո­դի­սա­կա­նը։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դի եւ զի­նեալ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գլուխն ան­ցած՝ ­Մու­րատ դժո­ւա­րին ճամ­բոր­դու­թիւն մը կա­տա­րեց, թուր­քե­րու կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած ա­ռա­գաս­տա­նա­ւով, դէ­պի ­Պա­թում. ­Մու­րա­տի ո­դի­սա­կա­նին պատ­մա­կա­նը եւ ար­ժե­ւո­րու­մը այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն ու ա­ռաս­պե­լա­կան շուն­չով կա­տա­րած է ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։

Կով­կաս հաս­նե­լով՝ ­Մու­րատ ամ­բող­ջա­պէս նուի­րո­ւե­ցաւ ­Կա­մա­ւո­րա­կան շարժ­ման։ Ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ, հե­րո­սա­կան իր խո­յանք­նե­րով, միշտ կա­ցու­թիւն­ներ փրկեց։ Եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մտնող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն հետ՝ Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւ ­Կայ­ծակ Ա­ռա­քել պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ փրկա­րար գործ կա­տա­րե­ցին, երբ ­Հայ­կա­կան ­Բարձ­րա­ւան­դա­կի տա­րած­քին ցի­րու­ցան ե­ղած եւ քրտա­կան ցե­ղա­խում­բեր ին­կած հայ բե­կոր­նե­րու ազ­գա­հա­ւա­քին ձեռ­նար­կե­ցին։ «­Մէկ հայ, մէկ ոս­կի» կար­գա­խօս­քով՝ ա­նոնք ­Կով­կա­սէն նո­ւի­րա­հա­ւաք կա­տա­րե­ցին եւ հայ բե­կոր­նե­րը… «գնե­ցին» քիւր­տե­րէն։
Ռու­սա­կան զօր­քի նա­հան­ջէն եւ, այ­նու­հե­տեւ, լե­նի­նեան տխրահռ­չակ «տուն-դարձ»ի կո­չէն ետք, ­Մու­րատ եւ ­Սե­պուհ, ո­րոնք ­Սաս­նոյ կռիւ­նե­րու օ­րե­րէն ան­բա­ժան դար­ձած եւ եղ­բայ­րա­ցած էին, փու­թա­ցին հոն, ուր հա­յու­թեան վտանգ կը սպառ­նար։

Այդ ճամ­բով ալ ա­նոնք՝ ­Սե­պուհ եւ ­Մու­րատ եր­կու­քով, 1918ին, յայտ­նո­ւե­ցան ­Պա­քու՝ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լով ի­րենց եր­բեմ­նի ըն­կե­րոջ, ­Հա­մա­զաս­պի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ կռո­ւող հայ քա­ջոր­դի­նե­րու շար­քե­րուն մէջ։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը դա­սա­ւո­րած էր այն­պէս, որ ­Պա­քո­ւի հա­յոց հե­րո­սա­մար­տը դառ­նայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դիւ­ցազ­նա­կան այս հե­րո­սին՝ ա­ռաս­պե­լա­տիպ Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տին վեր­ջին խո­յան­քին ժա­մադ­րա­վայ­րը։

4 Օ­գոս­տոս 1918ին նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ ­Մու­րատ՝ պատ­րաս­տե­լով յա­ջորդ օ­րո­ւան, 5 Օ­գոս­տոս 1918ի ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը ­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ։

Եւ հե­րո­սի փառ­քով հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի մեր հո­ղին ինք­նա­տիպ ծնունդ այս դիւ­ցազ­նը, ո­րուն յի­շա­տա­կին Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան տա­րի­ներ ետք պի­տի վկա­յէր՝ «Ի՜նչ խո­հուն էր ­Մու­րատ.. ան­փա­ռա­սէր խառ­նո­ւածք, բարդ միտք, յստակ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն՝ Մու­րատ կա­րող էր վէ­ճի նստել ա­մէն մի հրա­պա­րա­կա­խօ­սի, ա­մէն մի հա­սա­րա­կա­գէ­տի, գրա­գէ­տի հետ՝ միշտ ա­ւելց­նե­լով մի ա­նոյշ ժպի­տով, թէ «դէ՜, մենք ժո­ղովր­դի մարդ ենք, ան­գէտ, ռա­միկ ենք, ա­ւե­լի- պա­կաս կը նե­րէք»…

Ն․