կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-05-18 12:59
Աշխարհ

Բեյրութից Վաշինգտոն Անկարայի նետած ձեռնոցները. «Ազդակ»

Բեյրութից Վաշինգտոն Անկարայի նետած ձեռնոցները. «Ազդակ»

Աղբյուրը՝ «Ազդակ»

Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ կազմակերպուած հայ-յոյն- ասորի -քիւրտ-եզիտի միացեալ խաղաղ ցոյցին ընթացքին, ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումը էրտողանական թուրքերու կողմէ, սովորական պահու անմիջականութեան տակ ստեղծուած պատահարի տեսութենէն շատ հեռու է:

Նախ, յայտարարուած ցոյցին դէմ հակացոյց կազմակերպելը նախապատրաստուած, ծրագրուած եւ ցոյցին փոխանցելիք ուղերձները չէզոքացնելու միտող քաղաքական աքթ էր նախ եւ առաջ այն տպաւորութեամբ, որ կազմակերպուած էր Ուաշինկթընի մէջ թրքական համայնքին կողմէ:

Բախումներու սկիզբի պատճառը թէեւ կը ներկայացուի իբրեւ քրտական դրօշին հետ կապուած երեւոյթ, այսուհանդերձ զարգացումն ու մասնակիցներու կարգավիճակը քրտական դրօշի երեւոյթին պատճառականութեան կու տան աւելի պատրուակային բնոյթ:

Էրտողանի վարած քաղաքականութեան դէմ ցոյցը առիթ էր Անգարայի անվտանգութեան վարիչներուն  ներքին բռնութիւնները արտածելու Թուրքիայէն դուրս. ինչպէս Թուրքիոյ սահմանադրութեան հանրաքուէի ընտրարշաւը պէտք էր կազմակերպուէր նաեւ Թուրքիայէն դուրս այնպէս նաեւ ներքին բռնամիջոցը պէտք է ինքզինք դրսեւորէր Թուրքիայէն դուրս` այլ երկիրներու քաղաքներուն մէջ եւս:

Այս ուղերձը ուղղուած ըլլալով նախ եւ առաջ Էրտողանի քաղաքականութեան դէմ դիրքորոշուած համայնքներուն եւ ազգաբնակչութիւններուն, ուղերձ էր նաեւ այս պարագային Ուաշինկթընին:

Յարձակումը, խոշտանգումը, բռնութիւնը խաղաղ ցուցարարներուն դէմ ուղղուած ըլլալով, ուղղուած էր նաեւ ամերիկեան ոստիկանութեան դէմ: Իսկ այստեղ ամէնէն ուշագրաւ բաժինը այն էր, որ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ յարձակողները, նախ եւ առաջ, հակացուցարարները չէին: Հիմնականին մէջ Էրտողանի պաշտօնական թիկնազօրին մաս կազմող մարդիկը, այլ խօսքով` Անգարայի անվտանգութեան համակարգի աշխատակիցներն են, որոնք յարձակում կը գործեն Էրտողանի քաղաքականութեան դէմ հակադրուած հայ, ասորի, յոյն, քիւրտ եւ եզիտի ցուցարարներուն դէմ:

Այս նախադրեալները կը յուշեն, որ Թուրքիայէն դուրս եւս Էրտողանի քաղաքականութեան դէմ արտայայտուելու «համարձակութիւնը» ունեցողները բռնութեան պիտի ենթարկուին այնպէս, ինչպէս բռնութեան կ՛ենթարկուին Թուրքիոյ մէջ:

Այս նախադրեալներուն իրողականութիւնը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ մտաբերենք Պէյրութի մէջ թէ` Կալիփոլլիի մասին  ժապաւէնի ցուցադրութեան ընթացքին քաղաքակիրթ հակազդեցութեան դէմ կատարուած ֆիզիքական խոշտանգումները եւ թէ՛ Պիելի մէջ թրքական արտադրութիւններուն դէմ օրէնքի սահմաններուն մէջ դրսեւորուած բողոքի ելոյթները խուլիկանական բռնութեամբ լռեցնելու թրքական փորձերը:

Երկու պարագային ալ հակազդեցութիւնները կը կրէին տեղւոյն թրքական դեսպանութեան անվտանգութեան աշխատակիցներուն ձեռագիրը. եւ ոչ միայն ձեռագիրը, այլ նաեւ անոնց ուղղակի մասնակցութիւնը:

Անգարայի կողմէ նոր ձեռնոց, նոր մարտահրաւէր կը նետուի: Հայկական կողմէն նախաձեռնուած, թէ հայկական մասնակցութեամբ Անգարայի քաղաքականութեան դէմ դրսեւորելի որեւէ բողոքի գործողութիւն պէտք է այսուհետեւ հաշուի առնէ հակագործողութեան նախապատրաստութիւնը, հակացոյցը,  յարձակումը, խոշտանգումի փաստերը: Թրքական այս վարքագիծը սակայն պարտաւոր է որ հաշուի առնուի այս պարագային Սպիտակ տան անվտանգութեան համակարգին կողմէ եւ անշուշտ բողոքի գործողութիւն կազմակերպողներուն կողմէ:

Նման վարքագիծ կը ստանայ իր պատասխանը. իսկ այս բոլորը կը յուշեն, որ խաղաղ ցուցարարները այլապէս  պատրաստուած պիտի ըլլան` համարժէք պատասխան տալու համար: Նետուած ձեռնոցները վերցնողներ կ՛ունենան անպայման: