Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armeniangenocide100
Արմենուհի Ճելալյանի վկայությունը
Հավավ գյուղ
Արմենուհի Ճելալյանը պատմել է, որ մինչև Ցեղասպանությունն իր ամուսնու և աղջկա հետ ապրել է Բալուի Հավավ գյուղում: Ամուսինը՝ Թովմասը, ԱՄՆ քաղաքացի է եղել և մինչև 1914 թվականը զբաղվել է կրթական և կուսակցական գործերով՝ սերտ կապեր պահպանելով դաշնակցական ղեկավարների հետ: 1915-ի սկզբին Թովմասին և գյուղի մյուս երիտասարդներին ձերբակալում են, այնուհետև տանում`մի սարի գագաթին սպանում: Արմենուհին երկու երեխայի հետ բռնում է գաղթի ճանապարհը: Ճանապարհին նա ստիպված է լինում նորածին փոքրիկին թողնել անապատում:
Արմենուհի Ճելալեան իր ամուսնոյ`Թովմաս Ճելալեանի եւ աղջկան հետ կ՚ապրի Բալուի Հաւաւ գիւղը: Թովմաս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի էր: 1914-ի պատերազմէն առաջ անոնք կը զբաղին կրթական եւ կուսակցական գործերով: Թովմաս սերտ յարաբերութեան մէջ էր դաշնակցական ղեկավարներ Ռոստոմի եւ Վռամեանի հետ:
1914-ի սկիզբները, թուրքերուն համար Թովմաս արդէն կասկածելի անձ մըն էր։ Անոր անունը առնչաած էր զէնք փոխադրող խումբին հետ, քիւրտ Մստոյին գլխաւորութեամբ։
1914ի Յուլիսին պատերազմ կը յայտարարուի։ Անմիջապէս կը սկսին զօրահաւաքը, զինահաւաքը եւ պարէններու բոնագրաւումը։ Քիւրտ Մստօ կը սպաննուի։ 1915-ի Փետրուարին գայմագամը իր մարդոցմով եւ զինուած քիւրտերով Հաւաւ գիղին մուտքը կը պաշարէ։ Թովմաս քանի մը ընկերներով կը ձերբակալուի եւ բանտը կը դրուի։ Արմենուհի անոր կ՚այցելէ բանտին մէջ։ Թուրքերը կը խուզարկեն Թովմասի տունը։ Անոնք բազմաթիւ երիտասարդներ կը ձերբակալեն։ Շուտով Արմենուհի քաղաք կը փոխադրուի եւ կը մնայ Մայր Կռանեանի տունը։ Քիւրտերը Հաւաւի մէջ հայոց տուներու վրայ կը յարձակին եւ կը ջարդեն հայերը։
Թովմասը եւ բոլոր բանտարկեալները Տիգրանակերտ ղրկելու որոշում կը տրուի։ Այս օրերուն, Բալուէն կ՚անցնին հայ գադթականեերու կարաւանները։ Առաջինը կ՚ըլլայ Քղիէն եկող կարաւանը։ Կիներէն ոմանք կը յաջողին Բալու ապաստանիլ։ Կարաւանի քղեցիները կը բողոքեն գայմագամին՝ քիւրտերու յարձակումներուն դէմ։ Վերջինս կը խոստանայ Տիգրանակերտէն ոյժեր բերել տալ՝ պաշտպանելու համար կարաւանը։
Հաւաւ գիւղէն վերապրող կիներ եւ երախաներ Բալու կը հասնին։ Կառավարութիւնը զանոնք եկեղեցոյ գաւիթը կը տեղաւորէ։
Արմենուհի յաճախ կ՚այցելէ գաղթականներուն եւ կը զրուցէ անոնց հետ։ Կ՚որոշուի Քղիի կարաւանը ղրկել Խարբերդ։
Արմենուհի Մայր Կռանեանի տան մէջ մանչ մը կը ծննդաբերէ։ Ծննդաբերութենէն ետք երրորդ օրը Արմենուհի եւ ուրիշ դրացուհիներ Մայր Կռանեանի տան պատշգամբէն կը դիտեն ոստիկաններու հսկողութեամբ շարքով քալող բանտարկեալները։ Տիգրանակերտ տանելու պատրուակով, զանոնք կը տանին Արածանիի կամուրջը եւ անկէ անդին, դէպի արեւելք գտնուող լերան գագաթը։ Արմենուհի յստակ օրէն կը տեսնէ իր ամուսինը՝ Թովմասը, որ կը քալէր կարաւանին հետ։ Հոն, լերան գագաթը, բոլորն ալ կը գնդակահարեն։ Նոյն գիշերը, աւազակ քիւրտեր, թուրք ոստիկաններու պաշտպանութեան տակ, Մայր Կռանեանի տունը կը մտնեն եւ կը կողոպտեն։ Յաջորդ գիշեր, քիւրտերը եւ թուրք ոստիկանները աւելի բուռն յարձակում մը կը գործեն թաղի հայկական տուներուն վրայ։ Տնեցիները, իրենց կեանքերը ազատելու համար, տունէն կը փախչին։ Արմենուհի փողոց կ՚իջնէ եւ քիչ մը անդին ապրող Մարօ Մայրիկին տունը կ՚ապաստանի։ Առաւօտուն Արմենուհի կը վերադառնայ Մայր Կռանեանի տունը։ Գիշերը, ծերունի քիւրտ մը Տերսիմէն կու գայ Մայր Կռանեանի տունը։
Ան իրենց բարեկամ էր, եւ Մայր Կռանեանն ու աղջիկը Տերսիմ կը տանի։ Արմենուհի կ՚ապաստանի դրացիին տունը, ուր քղեցի փախստական կիներ ալ կային։ Արմենուհի կը մտադրէ քղեցի կնոջ մը ընկերակցութեամբ Հաւաւ երթալ։ Սակայն, ճամբան վրայ հայ կնոջմէ մը իմանալով որ իրեն համար Հաւաւը ապահով չէ, կը վերադառնայ Բալու։ Քղեցի կինը կը բաժնուի իրմէ։ Ան իր երկու զաւակներով կ՚ապաստանի ուրիշ հայու մը տունը, Բալուի մէջ։ Սակայն, ոստիկաններու հետապնդումներէն հեռու մնալու համար, Արմենուհի կ՚առնէ զաւակները եւ հոսկէ ալ կը հեռանայ։ Բախտի բերմամբ, ան կը թակէ իրեն ծանօթ տիկին Վերոնիքա Եսայեանի դուռը։
Երկու օր ետք, գայմագամը, դարձեալ զինուած ոստիկաններու ուղեկցութեամբ, տուներէն կանցնի մէկ առ մէկ եւ բնակիչները եկեղեցւոյ գաւիթը կը հաւաքէ։ Գայմագամը եւ ոստիկանները կը հասնին Եսայեանենց տունը եւ Արմենուհին ու գաւակներն ալ կը տանին եկեղեցւոյ գաւիթը։ Չորրորդ օրը, առաւօտուն, գաղթը կը սկսի:
Կարաւանը շատ մեծ բագմութեամբ յառաջ կ՚ընթանար։ Բոլորն ալ ծանրաբեռնուած էին մանուկներով եւ ուտելիքներով։ Մարօ անունով քղեցի կին մը իր թոռնիկը ազատելու համար, զայն Արածանիի կամուրջէն վար կը նետէ։ Ճամբուն վրայ, առեւանգումներ տեղի կ՚ունենան։ Տղամարդիկը կը զատեն եւ քիչ մը անդին կը ջարդեն։ Շարունակելով ճամբան, կարաւանը կը հասնի Պաքըր Մատէն գիւղաքաղաքը։ Ապա կրկին ճամբայ կ՚ելլեն։ Գաղթական հայ հարս մը կը ծննդաբերէ։ Թարք ոստիկանները նորածինը սուինին ծայրը անցընելով կը սպաննեն։ Կը հասնին Սեւերակ։ Հոս Արմենուհի կը ջանայ իր մանչը կնկայ մը յանձնել, բայց կը մերժուի։ Կարաւանը ճամբան կը շարունակէ։ Ոստիկանները սպառնալիքներով կը կողոպտեն ժողովուրդը։ Քիչ մը անդին, Արմենուհի չդիմանալով կրած տանջանքներուն, գիրկին պզտիկը կը թողու անապատին մէջ։ Աւելի անդին, կարաւանը արաբներու կը հանդիպի։ Անոնք ձաւարի ճաշով կը հիւրասիրեն խեղճ գաղթականները։
Անխիղճ ոստիկաններու հրամանով՝ գիշերը կրկին ճամբան կ՚ելլեն եւ կը հասնին գետի մը եզերքը։ Ուրֆա քաղաքին մօտեցած էին։ Ուրֆայէն եկած ոստիկաններ յանձն կ՚առնեն կարաւանին հսկողութիւնը։ Երբ այս ոստիկանները կը ստիպեն աւելի հեռուները երթալ եւ քաղաք չմտնել, ժողովուրդը կ՚ընդվզի եւ կը յամառի չքալել։ Ոստիկանները կը սկսին ծեծել, մտրակել եւ խոշտանգել կիները։ Այս միջոցին յանկարծ պատկառելի ծերունի թուրք փաշա մը կը հանդիպի կարաւանին եւ կը սաստէ ոստիկանները. ծերունին կը կարեկցի հայ գաղթականներուն, ապա ոստիկաններուն կը հրամայէ չչարչարել եւ ապահով տեղ հասցնել կարաւանը։ Ան կ՚աոաջարկէ կարաւանին մէջէն կին մը ազատել իր տունը տանելու համար։ Տիրուհի անունով քղեցի երիտասարդ հայուհի մը կ՚ընդունի փաշային առաջարկը։
Արմենուհի կը մտածէ փախուստի դիմել։ Ոսկենազ անունով քղեցի հարս մը կը համաձայնի փախչիլ իրեն հետ։ Արմենուհին իրեն հետ ունէր իր աղջիկը՝ Աննեկը, իսկ Ոսկենազը՝ իր տղան Զօհրապը։
Փաշան հեռանալէն վերջ, ոստիկանները կրկին նոյն վայրագութեամբ կը վարուին գաղթականներուն հետ։ Այս խառնիճաղանճին մէջ Արմենուհի եւ Ոսկենազ կը յառաջանան ճամբուն վրայ։ Անոնք կը զատուին կարաւանէն եւ փոսի մը մէջ կը պահուըտին։ Ապա կ՚ելլեն իրենց թաքստոցէն եւ արաբի մը տունը կ՚ապաստանին գիշերելու համար։ Առաւօտուն Ոսկենազը Արմենուհիէն առաջ ճամբայ կ՚ելլէ՝ հետը առնելով անոր զարդեղէնը, որպէսզի չկողոպտուին։ Կը համաձայնին Ուրֆայի հայկական եկեղեցիին մէջ հանդիպիլ։
Արմենուհի ճամբայ կ՚ելլէ եւ կը հասնի Ուրֆա։ Դրան մը ետեւէն հայերէն խօսակցաթիւն լսելով հոն կը մտնէ։ Հայ կիներ հոգ կը տանին իրեն։ Անոնցմէ Մարիամ Քուրուկը աւելի հարազատ կը թուի իրեն։ Անոնք Արմենուհին եւ աղջիկը կը տանին հայոց եկեղեցին։ Արմենուհի հոս Ոսկենազը կը փնտռէ։ Կ՚իմանայ թէ ան կը գտնուի կառավարչատունը, մութասարրիֆին մօտ։ Արմենուհի մութասարրիֆին տան մէջ կը գտնէ Ոսկենազը, որ իբր սպասուհի կը մնար հոն։ Արմենուհի կը վերադառնայ Մարիամ Քուրուկի մօտ։ Ան կը հիւանդանայ եւ կ՚իյնայ Մարիամ Քաուրուկի խնամքին տակ, որու դարմանումներուն շնորհիւ քանի մը օրէն կրկին ոտքի կ՚ելլէ։
Ճիշդ այս ատեն կը սկսին Ուրֆայի ինքնապաշտպանութեան կռիւները։ Հայ կիները կռուող տղոց համար հաց կը թխեն։
Իրենց հետ առնելով բոլոր աքսորեալները, որոնք իրենց տուները ապաստանած էին, հայ մարտիկները ճամբայ կ՚ելլեն։ Ուրֆացի կիները անձնատուր պիտի ըլլային եւ աքսորուէին։ Այս միջոցին Արմենուհի բախտի բերմամբ կը հանդիպի հին ծանօթ կնկայ մը, Սուլթան անունով։ Անոնք կը համաձայնին միշտ միասին մնալ, ուր որ երթան։
Կրկին կը բռնեն գաղթի ճամբան։ Արմենուհի եւ Սուլթան միասին կը քալեն կարաւանին մէջ։ Կը հասնին Սկէլէճիկ գիւղը, Եփրատի եզերքը։ Շարունակելով կը հասնին Նիզիպ։ Հոս կարճ ժամանակ մը խաղաղ կեանք կ՚ապրին։ Սակայն, շուտով խլրտումները կը սկսին։ Օրին մէկը թուրք զինուորներ կը հաւաքեն հայ կիները մզկիթին մէջ՝ բռնաբարելու միտումով։ Արմենուհի կը փախչի եւ կ՚ապաստանի իրեն շատ ծանօթ բարեկամ թրքուհիի մը տունը։ Բարի թրքուհին Արմենուհին թաքստոցը կը պահէ: Թուրք գազանները տան դուռը կը բախեն ուժգին կերպով եւ հայ «կեաւուր» Արմենուհին կը պահանջեն։ Թրքուհին կը յիշեցնէ յարձակողներուն, թէ իր ամուսինը Ուրֆայի մութասարրիֆին քարտուղարն է։ Ան անսասան կը մնայ։ Դուռը հարուածողները դժգոհ կը հեռանան։ Այսպիսով Արմենուհին ստոյգ մեծ վտանգէ մը կ՚ազատի։ Արմենուհի այս թրքուհիին առաջուընէ ծանօթացած էր՝ բաւական ժամանակ անոր տան մէջ աշխատած ըլլալով։
Այս դէպքէն ետք, Արմենահի կ՚որոշէ դէպի Հալէպ փախչիլ։ Ան ծանօթացած էր Արտեմիս անունով կնկայ մը հետ։ Անոնք կ՚որոշեն միասին փախչիլ։ Արկածախնդրութիւններով լեցուն ճամբորդութենէ մը ետք կը հասնին Հալէպ։ Արմենուհին, կարնեցի ըլլալով, կը հանդիպի ուրիշ կարնեցիներու, սակայն, իր ծնողաց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կրնայ քաղել։
Հալէպի մէջ Արմենուհի բալուցի երկու տիկիններու կը հանդիպի։ Անոնք նոյն կարաւանին մէջն էին։ Կարաւանէն Արմենուհիի բաժնուելէն ետք, շատ գէշ սպանդ մը գործադրուած էր կարաւանի գաղթականներուն վրայ։ Այս երկու տիկինները հնարամտութիւն մը գործած էին։ Անոնք երկու թուրք ոստիկաններու ըսած էին, թէ Բալուի մէջ պահուած ոսկիներ ունին եւ անոնց տալ կը խոստանային։ Ապա, ոստիկաններուն հետ ապահով կերպով գացած էին Բալու: Ոստիկանները կրցած էին ոսկիի կարասը գտնել եւ տիրանալ ոսկիներուն։ Այս յաջողաթենէն ետք, ոստիկանները այս երկու տիկինները ապահով կերպով Հալէպ բերած էին։
Տիգրան Ս. Փափազեան, «Պատմութիւն Բալահովիտի», տպ. «Մշակ», Պէյրութ, 1963, 224 էջ։ Արմենուհի Ճելալեան, «Բալուն Սպանդանոց», էջ 130-223: