Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ժողովրդավարութիւն. նորէ՞ն Ժողովրդավարութեան մասին:
Պիտի ըսէք, որ այս անիծեալ բառը արժեզրկուած տառադրամի վերածուած է: Քաղաքական մեր շուկան հետաքրքրուած չէ անորմով: Բայց, ուշադի՛ր, միաժամանակ քաղաքական ամենատարբեր համոզումներու տէր մեր ղեկավարները եւ պետական ու կուսակցական գործիչները առիթ չեն փախցներ ժողովրդավարութիւն ըսուածը իւրացնելու եւ այդ պիտակը կպցնելու իրենց բոլոր արարքներուն, ներառեալ՝ ոչ ժողովրդավարական գործողութիւններուն:
Միւս կողմէ, մենք, հասարակ մահկանացուներս եւս կը վարանիք ժողովրդավարութիւն բառը օգտագործելէ, կը խրտչինք, կ՛ուզենք անպայման բառին կապել արժեւորումներ կամ ածականներ աւելցնել, եւ այս բոլորը ինչո՞ւ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւն բառին շուրջ կը տիրէ եթէ ոչ շփոթ, գոնէ հիմնական տարակարծութիւն:
Աւելցնեմ, որ այս անորոշութիւնը իւրայատուկ չէ միայն Հայաստանեան պայմաններուն: Այո, պիտի ըսէք՝ այրած սրտի մխիթարանք. միւս երկիրներն ալ մեզմէ աւելի լաւ չեն, նայեցէք Վրաստանին, արաբական երկիրներուն, նոյնիսկ եւրոպական կարգ մը երկիրներուն: Անոնք ալ մեզմէ լաւ չեն:
Իսկ եթէ աւելցնեմ, որ միջազգային շրջանակներու մօտ եւս շփոթը պակաս չէ, թէ ինչ բան է այս ժողովրդավարութիւն կոչուած կենդանին, եւ յստակացնելու ու որոշակիացնելու տարբեր փորձերը ցարդ կը մնան անյաջող: Յիշեցնելու կարգով ըսեմ, որ ժողովրդավարութիւնը յարատեւ վերատեսութեան եթարկելով, անդադար կատարագործելու կարիք ունեցող գործընթաց է:
Ուրեմն, ժողովրդավարութիւնը խնդրայարոյց, ամէնօրեայ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի կարիք ունեցող մէկ բարդ խնդիր է: Նկատի առնելով, որ նաեւ այսօր, ան կը մնայ ժամանակակից քաղաքական քննարկումներու (discourse-ին) անքակտելի մէկ մասը, ուզենք կամ ոչ ժողովրդավարութիւն լօզունգ-եզրը կը շարունակէ մնալ առանցքային: Պատճառը այն է, որ մեր կամքէն անկախ, մարդոց միտքին մէջ ժողովրդավարութիւն բառը կ՛արթնցնէ իւրայատուկ գաղափարներ:
Ժողովրդավարութիւնը հաւասար է ազատութեան եւ բարեկեցիկ կեանքի համար մղուած պայքարի: Հետեւաբար, եթէ կ՛ուզենք որ ժողովրդավարութիւնը մեզ առաջնորդէ քաղաքական մեր վերլուծումներուն եւ կիրարկումներուն մէջ, պարտաւոր ենք ճշդել հայկական՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան պարունակներուն մէջ ժողովրդավարութիւն ըսուածին իմաստը:
Ժողովրդավարութիւնը Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան անքակտելի մասն է եղած տասնամեակներ շարունակ: Սակայն, ՀՅԴ Ծրագրով ամրապնդուած այս հասկացողութիւնը գործնական՝ քաղաքական կեանքին բախուելու հնարաւորութիւն ստացած է միայն պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, երբ Հայաստանի անկախացումին հետ, կուսակցութիւնը գործնական-քաղաքական կեանք վերադարձի հնարաւորութիւն ունեցաւ:
Գաղտնիք չէ, որ մինչ այդ ժողովրդավարութիւնը առահասարկ «ապստրակդե (վերացական-Խմբ.) բան մըն էր, խորհրդածութիւններու շահեկան նիւթ:
Քաղաքական գործնական բեմի բացակայութեան պայմաններու տակ, ուրեմն, այդ ժողովրդավարութեան շուրջ դաշնակցական քննարկումները երկար ատեն մնացած են վերացական եւ տեսական մակարդակի վրայ: Թէեւ ժողովրդավարութեան կիրառումը գոնէ սփիւռքեան պայմաններու մէջ կրնար որոշ հնարաւորութիւններ ստեղծել, սակայն այդ ալ չէ եղած:
Ուրեմն ժողովրդավարութիւնը նորութիւն է բոլորիս համար, ե՛ւ հայրենիքին ե՛ւ սփիւռքի մէջ: Հայաստանի անկախութենէն անցած են արդէն քսան տարիներ, եւ եթէ կայ գաղափարական հարց մը, որ բազմաթիւ անգամներ բախուած ու կը շարունակէ բախուիլ քաղաքական իրականութեան, այդ ալ ժողովրդավարութիւնն է: Գաղտնիք չէ, որ մեր երկրէն ներս ժողովրդավարութեան մասին տեսակէտները տարբեր քաղաքական հոսանքներու մօտ տարբեր կ՛ընկալուին, կարելի է նոյնիսկ ըսել որ իրարամերժ են. անհասկնալի՝ բայց իրաւ:
Միաժամանակ Հայաստանի ժողովրդավարացման անյետաձգելի հրամայականին հետ զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ մէկ այլ գործընթաց. մեր ժողովուրդը կը պահանջէ նաեւ սփիւռքեան կառոյցներու անմիջական ժողովրդավարացում: Համբերութեան բաժակը սպառած է:
Կայ յստակ բանաձեւուած պահանջ՝ թափանցիկ աշխատելու, հաշուետու ըլլալու պահանջ: Կայ այն անխախտ համոզումը, որ Ժողովրդավարութեան կայացումը կը մնայ մեր հաւաքական յաջողութիւններու մայր բանալին, նոյնիսկ մեր երկրի անվտանգութեան բանալին: Ինչ խօսք գոնէ ինծի համար ողջունելի զարգացում մըն է ասիկա:
Հայրենիքի պարագային քայլ մը առնուած է: Այո, թուղթի վրայ, սակայն՝ արձանագրուած փաստ: Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան տեսակէտէն՝ «Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան իրագործման հիմնական երաշխիքներն են՝ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը, իրաւունքի գերակայութեան ապահովումը, ժողովրդավարական արժէքների արմատաւորումըե:
Նոյն ռազմավարութիւնը ներքին սպառնալիքներու ենթախորագիրին տակ կ՛ընէ նաեւ հետեւեալ ախտաճանաչումը. «Անմիջական սպառնալիքներ են՝ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ոչ լիարժէք համակարգի ձեւաւորումը, ընտրական գործընթացներում առկայ թերութիւնները, քաղաքացիական հասարակութեան ոչ բաւարար ներգրաւուածութիւնըե:
Սփիւռքի մէջ նմանարժէք վերլուծում եւ հաստատում ցարդ չեմ տեսած: Այստեղ չեմ խօսիր ներքին գրարութիւնեներու մասին, այլ ուղղակի հանրային յայտարարութիւններ, հաշուետուութան յանձնառութիւն, թափանցիկ աշխատաեղանակ: Լաւ, իսկ երբ Հայաստան ունի փաստաթուղթ, երբ կայ Ժողովրդավարութեան կարեւորութեան այսքան խոր եւ լուրջ գիտակցում, ապա ուրեմն ինչո՞ւ այսքան բարդ եւ անկիրառելի կը թուի ըլլալ ժողովրդավարութիւնը հայկական կեանքին մէջ:
Ի՞նչ է ժողովրդավարութիւն ըսուած կենդանին որ մեր քաղաքական այրերուն սարսափի կը մատնէ:
Մեր հայրենիքը թուղթի վրայ ունի Ժողովրդավարութեան կիրառման գրեթէ բոլոր ինստիտուտներն (հիմնարկները-Խմբ.) ու կառավարման անհրաժեշտ մօտաւորապէս լիարժէք օրէնքները: Տարօրինակ, բայց իրաւ, խոստովանիմ որ մեծ հաճոյք է ինծի համար կարդալ ու իւրացնել քաղաքականութեան նոր իմաստ եւ արդիական բառամթերք հայթայթող մեր պետութեան հրատարակած փաստաթուղթերը:
Սակայն թուղթին յանձնած մեր քաղաքական միտքերուն ու իրականութեան միջեւ կայ հսկայական անջրպետ:
Իմ կարծիքով արդի քաղաքական ժողովրդավարութիւնը կառավարման միակ այն համակարգն է («սիսթեմըե), ուր քաղաքացիները հաշուետուութեան կը կանչեն պետական պատասխնատուներն ու հանրային քաղաքական գործիչները՝ ազգային կեանքէն ներս իրենց ե՛ւ իրագործումներուն ե՛ւ նաեւ ոչ-իրագործումներուն համար: Հաշուետու են իրենց ե՛ւ ըրածներուն ե՛ւ նաեւ չըրածներուն համար:
Իսկ ինչ կը նշանակէ կառավարման սիստեմ – համակարգ: Առանց բարդ ու խրթին սահմանումներու երթալու, բոլորս ալ բնազդօրէն գիտենք ինչ բանի մասին է խօսքը: Կրնայ ըլլալ բառերով արտայայտելու դժուարութիւն ունենանք, սակայն գիտենք, որ համակարգը՝ օրէնքներու այն փաթեթն է, որ կը ճշդէ քաղաքական կեանքի խաղին օրէնքները: Օրինակի համար ով կրնայ ընտրել, ով կրնայ ընտրուիլ, ինչպէս, երբ ընտրուիլ, որոնք են քաղաքացիին իրաւունքները, ինչ են անոր պարտաւորութիւնները, եւայլն:
Կառավարման որեւէ համակարգ որպէսզի գործէ, անշուշտ կարիք ունի նախապէս ստեղծուած համապատասխան հաստատութիւններու: Ահա այստեղ է, ուր կօշիկը կը սեղմէ ոտքը:
Իսկ ի՞նչ ըրինք մենք: Հայաստանի պարագային, անցնող քսան տարիներու ընթացքին ընտրեցինք ինստիտուտականացումի (institutionalize) արտառոց մեքանիզմ մը: Մենք խօսեցանք, քննարկեցինք, բանաձեւեցինք հարիւրաւոր գրաւոր օրէնքներ, եւ ահա ունեցանք գեղեցիկ սահմանադրութիւն մը: Մինչ այդ տարօրինակ յամառութեամբ անփոփոխ պահեցինք մեծ թիւով անպաշտօն տեսակի եւ աւանդական բնոյթի քաղաքական կանոններու հին համակարգը: Շարունակեցինք մեր քաղաքական հարցերու, իրաւական խնդիրները լուծել ընտանեկան խողովակներով՝ հօրեղբայր, քեռի, մօրքուր, խնամի, յայտնի եւ անյայտ թելերով: Հաւաքաբար որոշեցինք ապրիլ թղթէ դղեակի մէջ, որ ունի հրաշալի «դիզայնե, գեղեցիկ կահոյք, նոյնիսկ գեղեցիկ մարդոցմով բնակուած՝ սակայն առանց հիմքի: Մեր դղեակը խարխուլ էր սկիզբէն:
Ես այստեղ ոչ ժամանակը ունիմ եւ ոչ ալ ախորժակ պատմելու թէ ինչ բան է ժողովրդավարութիւնը: Այս մասին գրուած են հազարաւոր տողեր, հարիւրաւոր գիրքեր:
Սակայն, ժողովրդավարութեան հայկական մեր փորձէն մեկնած կ՛ուզեմ մի քանի միտքեր կիսել, թէ ինչու եւ ինչպէս այստեղ հասանք, կամ աւելի ճիշդը, ինչպէս նոյն տեղը մնացինք:
Առաջին. ինչ որ չափով հասկնալի է, բայց դաժան իրականութիւն է, որ Հայաստանի անկախացումով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը մատնուեցաւ մեծ փորձութեան մը. ամէն հայ մարդ իր միտքին մէջ հիւսեց երազային, հրաշք աշխարհ մը, որ ամէնէն արդարը պիտի ըլլար, ամէնէն զարգացածը, ամէնէն յառաջադէմը…: Մինչեւ այսօր դեռեւս կ՛երազենք, որ Հայաստանը պիտի դառնայ ժողովրդավար, կը բաւէ ուժ տանք տնտեսութեան եւ ինքնստինքեան պիտի լուծուին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, վարչական, մշակութային եւ բոլոր-բոլոր մեր հարցերը:
Մեր խանդավառութեան մէջ ժողովրդավարութիւնը նոյնացուցինք տնտեսական աճին հետ: Կեդրոնացանք նիւթականին վրայ. ինչո՞ւ, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ սորված էինք, որ նիւթական միջոցներ հայթաթելով կրնանք լուրջ իրագործումներ ընել. եւ իսկապէս ըրած էինք: Սակայն, աչքաթող ըրինք կարեւոր հանագամանք մը: Հաւատացինք, որ տնտեսական յաջողութիւններն ու յառաջխաղացքը ամէնէն արդիւնաւետ միջոցներն են մեր իտէալական հայրենիքին հասնելու համար: Մեր բոլոր ուժերը լարեցինք այդ ուղղութեամբ: Խանդավառութիւնը անսահման էր:
Իսկ մինչայդ մարդու տարրական իրաւունքներու ոտնահարումները, օրէնքներու կոպիտ խախտումները, քաղաքական ոտնձգութիւնները, խօսքի, մամուլի ազատութեան սեղմումներն ու կրճատումները, մեզի համար երկրորդական բաներ էին, ոչ հրատապ, եւ անկարեւոր մանրուքներ:
Դժբախտաբար, իրականութիւնը լրիւ այլ կերպ դուրս եկաւ:
Չուզեցինք տեսնել որ տնտեսական աճի, խնայողութեան եւ ներդրումներու համեմատութիւնները կապ չունէին ժողովրդավար պետութիւն ըլլալուն հետ: Նայինք մեր շուրջը, եւ պիտի տեսնենք որ մեր հայրենիքը այսօր կիսա-authoritarian (միապետական-Խմբ.) պետութիւն է, ուր պետականվարչական ընտրանին եւ ունեւոր դասը իր սեփականութիւններն ու մենաշնորհները պաշտպանելու համար՝ իսկական կամ երեւակայածին սպառնալիքներու դիմաց պատրաստ են ամէն միջոցի դիմելու, սկսած դրամագլուխի արտահոսք
Կազմակերպելէ, մինչեւ պետական համակարգի կառոյցները նսեմացնելն ու անոնց գործունէութիւնը խափանելը:
Ուրեմն ժողովրդավարութեան այն տարբերակը, որ քսան տարի ուռճացաւ մեր աչքերուն առջեւ, միայն պատրանք էր: Իսկ Սփիւռքը լուռ ու մունջ հանդուրժեց այս հրէշի գոյութիւնը՝ յանուն մեր երկրի անվտանգութեան շահերուն: Չէ որ չէինք ուզեր մեր վերագտած հայրենիքը կորսնցնել:
Նոյնպէս յուսացինք որ օր մը, ժամանակ մը ետք, տնտեսական աճն ու իր հետ բերած զարգացումները պիտի յանգին դրական արդիւնքներու նաեւ այլ բնագաւառներու մէջ, օրինակի համար՝ եկամուտի աւելի արդար բաշխման, կրթութեան մակարդակի բարձրացման, գիտութեան, արդիւնաբերութեան ու ստեղծագործութեան ոլորտներու զարգացման, եւայլն:
Հաւատացինք որ այս բոլորը ի վերջոյ միասնաբար պիտի բարելաւեն հայ քաղաքացիին տնտեսութիւնն ու բաւարարեն լայն հասարակութիւնը: Մէկ խօսքով, ցանկութիւնը ուզեցինք տեսնել իբրեւ իրականութիւն (wishful thinking):
Երկրորդ, նոյն անտրամաբանական ակնկալութիւններով, սպասեցինք որ ժողովրդավարութիւնը, տնտեսութեան զարգացման ճամբով մաքրագործէ մեր երկրի փտտած վարչական/պիւրոկրատային կառոյցները: Բարեկարգումներու աներեւակայելի դանդաղ ընթացքը կը ջղայնացնէր մեզ, այո՛: Բայց չէինք ուզեր տեսնել, թէ ինչքան բարդ էր համակարգային փոփոխութիւն առաջացնելու գործընթացը: Իւրաքանչիւր փոփոխութիւն հայ մարդուն մօտ նոր դժգոհանքի առիթ կը դառնար: Մինչեւ այսօր կը զարմանանք, որ ժողովրդային դժգոհութեան մակարդակը կը շարունակէ մնալ բարձր, -այդ բողոքը թէեւ առայժմ ունի պասսիւ (կրաւորական-Խմբ.) բնոյթ: Անհրաժեշտ եւ յաճախ անյետաձգելի բարեփոխումները ոչ ոքի գոհունակութիւն չեն պատճառեր:
Մեր երկրի ժողովրդավարութիւնը իր հետ չբերաւ ազգային համախոհութիւն, օրինականութիւն, կայունութիւն եւ անշուշտ իրաւական երկիր: Ասիկա թէեւ մասնակիօրէն արդիւնք էր ժողովրդավարական կարգերու իւրայատկութեան՝ արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքին, (չէ՞ որ բոլորը ազատ են բողոքելու), սակայն բողոքի ձայները նաեւ կ՛արտացոլեն նոր օրէնքներու դիմաց եւ նոր հաստատութիւններու շուրջ հասարակութենէն ներս յամեցող տարակարծութիւններուն եւ հաւատքի պակասի: Արդիւք՝ մենք կը տեսնենք քաղաքական կեանքի լարուածութեան անընդհատ սրում:
Մինչեւ այսօր մենք չենք հասկցած որ համակարգէն ներս ընդդիմադիր կուսակցութիւններու, քաղաքացիական գործօն խմբաւորումներու գոյութիւնը պէտք չէ տեսնել որպէս տարօրինակութիւն, ոչ ալ զայն պէտք է դիտել իբրեւ ժողովրդավարութեան կայացման ձախողութիւն: Սակայն մինչեւ հիմա մեզ կ՛անդամալուծէ քաղաքական խմբաւորումներու քաղաքական խաղին մասնակցութեան բնոյթը, ուր կը շարունակուի անյարգելի վերաբերմունքը ժողովրդավարութեան պայմանական համախոհութեան սկզբունքներուն:
Վերջապէս, ժողովրդավար երկիր մը, թէեւ պիտի ունենայ բաց հասարակութիւն, բայց ոչ անպայման բաց տնտեսութիւն:
Յաջողած եւ կայացած շատ մը ժողովրդավարական երկիրներ պատմականօրէն ունեցած են փակ սահմաններ եւ վարած իրենց շուրջ պարիսպներ բարձրացնելու (protectionism-ի) քաղաքականութիւն: Երկրի տնտեսութեան զարգացումը ապահովելու համար անոնք լայնօրէն օգտագործած են հանրային բնագաւառը: Իսկ մենք ամուր գրկեցինք ազատականութեան ամէնէն վատ տարբերակը:
Ժամանակն է հարց տանք: Միթէ ազատական տնտեսութեան կիրառումը կրնա՞յ մեր երկրին մէջ նպաստել ժողովրդավարութեան կայացման: Անհատի սեփականութեան եւ շահոյթ ապահովելու իրաւունքը հասկնալի ըլլալով մէկտեղ, տնտեսական այն մօտելը որ կը գործէ այսօր, միթէ կը նպաստէ՞ մեր երկրի կայունացման:
Պէտք չէ հանդուրժել շուկաներուն վերապահուած անվիճարկելի դերակատարութիւնը եւ անոնց նկատմամբ անվերապահ հաւատքը: Պէտք չէ հանդուրժել քաղաքականութեան եւ ձեռնարկատիրութեան միջեւ սերտաճած ու կլանային (ցեղախմբային) վէճերուն օրինախախտ եւ թաքուն լուծումները:
Կարճ խօսքով՝ տնտեսական սանձարձակ ազատութեան միտքը, որ առաջ կը քշուի մեր երկրին համար, հոմանիշ չէ քաղաքական ազատութեան, ընդհակառակը՝ կ՛երաշխաւորէ մէկ բան՝ հաստատ որ կը խափանէ իսկական ժողովրդավարութեան գործընթացը:
Հայաստանի անկախութեան 20ամեակի շեմին, կը մաղթեմ որ բոլորս աշխատինք մէկ ուղղութեամբ: Աշխատինք, որ Հայաստանը ունենայ քաղաքական այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք մրցակցութեան հանգիստ պայմաններու մէջ կը կարողանան ազդել կառավարութեան քաղաքականութեան վրայ, կը կարողանան ուղղորդել եւ լուծել ընկերային եւ տնտեսական հակամարտութիւնները, ընենք մեր անկարելին որպէսզի մեր երկիրը ունենայ իսկական ներկայացուցչական բնոյթի համակարգ, ուր բնակչութեան բոլոր խաւերու ձայնը լսելի են եւ ուր կան ու կը գործեն ժողովրդավարութեան ամուր ու վճռակամ հաստատութիւններ:
Կը մաղթեմ որ նաեւ Սփիւռքը ինքնակամ բռնէ թափանցիկ աշխատելու ճամբան, ազատ խօսելու եւ մտածելու ճամբան, որովհետեւ ուրիշ ելք չունինք:
Որովհետեւ կան մարդիկ որոնք որոշած են լուռ չմնալ: Չե՛նք լռելու: