կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-06-16 00:48
Առանց Կատեգորիա

Ասպարեզ. Վախը՝ հայ մարդուն մղիչ ուժը

Ասպարեզ. Վախը՝ հայ մարդուն մղիչ ուժը

Ամէն շաբաթ տասնեակներով, ամէն ամիս հարիւրներով հայ մարդիկ, Հայաստանի քաղաքացիներ, հսկայական ճիգեր եւ  ֆինանսական հսկայական միջոցներ ծախսելէ ետք վերջ ի վերջոյ ձեռք կը բերեն իրենց համար ամէնէն թանկարժէք բանը՝ օտար անցագիր, օտարահպատակութիւն:

Իրար վրայ չխնդանք, եկէք քարտերը բաց խօսինք. օտար երկրի մը անցագիր ունենալը ճամբորդութիւն հեշտացնելու, վիզաներու տաղտուկէն ազատելու համար չէ: Խորքին մէջ հայ մարդու անհատական եւ հաւաքական ապագան ոտնահարելու  ահազանգային համեմատութեան հասնող պատրաստակամութեան ցուցանիշ է, ցուցանիշ որ ինչ որ բան ահաւոր սխալ է Հայաստանի մէջ:

Երկրէն մեկնողներու թուաքանակի աննահանջ աճի մասին շատ խօսուեցաւ վերջերս: Այսուհանդերձ, ոչ մէկ նշան կայ որ այդ խնդրի լուծման համար հայրենի պետութիւնն ու հասարակութիւնը ինչ որ միջոցառումներու կը պատրաստուի դիմել:

Միաժամանակ տողատակ նշուեցաւ նաեւ, որ առայժմ Հայաստան մնացողներու պատկարելի թիւ մը ինչ որ կերպ  օտար պետութեան քաղաքացիութեան ձեռքբերումը իրեն համար գերնպատակ կը համարէ:

Երեւոյթը շփոթեցնող  է եւ սադրանքային կը թուի:

Եթէ ժամանակին  մեր հայրերու երազն էր հայկական անցագիր ունենալ ապա այսօր իւրաքանչիւր հայու երազը երկրորդ՝ օտար անցագիր ունենալն է:

Մեծ հպարտութեամբ կը նշուի Ռուսիոյ տարածքին նորաստեղծ սփիւռքի, գաղթած հայերու մասին: Մեր սրտերը պայթեցնելով կը խօսինք Մոսկուայի մէջ մէկ միլիոն հայերու, հարիւրաւոր մեծ գործատէրերու գոյութեան մասին, կարծես բուն Հայաստանը ըլլայ այնտեղ եւ կարծես ինչ որ բարի նախանձով բոլոր հայերը կ՛ուզեն մեկնիլ Մոսկուա: Եթէ չեղաւ Մոսկուա, ապա թէկուզ Թուրքիա, Ղազախստան, Կրասնատար, Գերմանիա:

Նոր անցագրերով հարստացած զանգուածին (այո զանգուած է) ամէն տարի կը միանան աւելի քան տասնեակ հազարաւոր հայեր:

Պատճառները, աւելի ճիշդ արդարացումները տարատեսակ են, սակայն բոլորին հիմքը՝ անձկութիւնն ու խռովեալ հոգեվիճակն է, թէ անձնական եւ թէ հաւաքական կեանքի մակարդակով:

Իսկ օտար անցագիրը վերածուէր է այդ անձկութեան դէմը առնելու, մութ ու անձրեւոտ օրերուն ապաւէն՝ ապահովագրութիւն:

Նոր անցագրի նկատմամբ աճող շահագրգռուածութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ օրը օրին նաեւ կ՛աճի  սեւ օրերու շուտափոյթ գալուն հաւատացող հայ մարդկանց թիւը:

Հայկական անցագիրը  համեմատած շատ ուրիշ  երկիրներու այնքան ալ վատ չէ: Ճամբորդութեան պարագային գործնական փաստաթուղթ է: Հիմնականին մէջ հայ մարդը մեծ թիւով երկիրներ մտնելու արգելք չունի, սկսած Եւրոպայէն մինչեւ արաբական աշխարհ, այնպէս որ երկրորդ անցագիր ունենալու նպատակը չեմ կարծեր որ հեռաւոր, անհասանելի երկիրներ արձակուրդ անցնելու, «տուրիզմ»ի համար ըլլայ:

Այն որ երկրորդ անցագիրը կը դիւրացնէ նաեւ ԱՄՆ մուտք, նաեւ անտրամաբանական է: Կը բաւէ նայիլ ձեր շուրջը եւ տեսէ՛ք թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ դէպի Լոս Անճելես թռիչքներու վրայ:

Ինչ որ բան սխալ է:

Սակայն քաւ լիցի, չկարծէք, որ այս բոլորի մասին կը գրեմ նախանձով կամ մարդկանց դատապարտելու համար: Նպատակ չունիմ նաեւ հակադրուելու ազատ տեղափոխուելու մարդկային տարրական իրաւունքին:

Այս երեւոյթը պարզապէս կը ցոլացնէ  տրամադրութիւն մը, որ բնական եւ հասկնալի  հետեւանք է մեր երկրին մէջ առկայ իսկական կամ երեւակայական վախերու, որոնք ցանուած են  մեր հասարակութեան մէջ:

Երբ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու երկրորդ անցագրեր ունենալու իրողութիւնը մամուլի մէջ արծարծուեցաւ, պէտք է հաստատել, որ հանրութեան հակազդեցութիւնը եղաւ չափազանց մեղմ: Այո, քննադատութեան ձայներ լսուեցան, սակայն այդ ձայները աւելի շշուկներ էին, գրեթէ անլսելի: Քննադատողները երեւի այն մարդիկն էին, որոնք իրենք հնարաւորութիւն չունէին նոր անցագրեր ձեռք բերելու: Միւսները, մեծամասնութիւնը, լուռ ու մունջ շարունակեցին եւ կը շարունակեն երեւանեան օտար դեսպանատուներու առջեւ հերթի կանգնիլ:

Փաստօրէն մեր քաղաքացիները իրենք զիրենք վատ չեն զգար, ամօթի կամ  բարկութեան զգացումները շատոնց չեն գործեր, եւ եթէ թրքական դեսպանատուն ըլլար Երեւանի մէջ, շատ հաւանաբար այնտեղ ալ հերթերը նոյնքան երկար կ՛ըլլային: Շատերու համար որեւէ տեղ, Հայաստանէն դուրս, փրկութեան համազօր է:

Փաստօրէն համատարած վախի եւ սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու արշաւը աննախադէպ արդիւնաւէտ եղած է, իսկ հայ մարդը միայն բնազդին վստահելով է, որ կը հակազդէ խելացիօրէն եւ նրբութեամբ:  Երկրորդ անցագիր ձեռք բերելու քայլը  պարզապէս գործնական է՝ վերապրելու մէկ պարզ ռազմավարութիւն: Կը թուի, որ հասարակ հայ մարդը աւելի խելամիտ է քան իր ղեկավարները:

Ղեկավարները կ՛ուզեն վախցել մեզ անգամ մը տնտեսկան շրջափակումով, ուրիշ անգամ Հայաստանին սպառնացող տնտեսական պատժամիջոցներով, գիտութեան եւ կրթութեան մակարդակներու անկումով, առողջապահութեան համակարգի թափթփածութեամբ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումի մղձաւանջով, Արցախի գլխուն կախուած սպառնալիքով: Ամէն ինչ կը ներկայացուի բնաջնջումի  վտանգով, անվտանգութեան պիտակ կը ստանան ամէնէն սովորական ներքաղաքական խնդիրները, ուրեմն միթէ՞ տրամաբանական չէ որ մարդիկ դիմեն իրենք զիրենք պաշտպանելու միջոցներու: Անվիճելի է, որ լաւագոյն միջոցներէն է օտար, երկրորդ անցագիրը, միջոց որ կ՛երաշխաւորէ քու կեանքը եւ ունեցուածքը:

Ուրեմն ան որ կը մտածէ, թէ երկրորդ անցագիր հետապնդելու հայ մարդուն միտումը ազգային ամօթ է, կը հրաւիրուի մօտիկէն նայելու եւ հասկնալու թէ ինչու  մեր հայրենակիցները կը տենչան ունենալ զայն:

Մեր ղեկավարութիւնը փոխանակ այս վախի եւ անձկութեան մթնոլորտի առաջքը առնելու, կը շարունակէ ահաբեկել մեզ: Եթէ մեր երկրի իշխանութիւնները ղեկավարի արժանիքներով առաջնորդուէին, ապա օտար դեսպանատուներու առջեւ հերթերը այսքան երկար չէին ըլլար:

Դատապարտելու փոխարէն եկէք պարկեշտ ըլլանք եւ քաջօրէն մենք մեզի հարց տանք թէ ինչու այս բանը տեղի կ՛ունենայ.

Ինչո՞ւ մարդիկ կը դիմեն այս ծայրայեղ ապազգային սակայն մարդկայնօրէն հասկնալի քայլին:

Պատասխանը յստակ է:

Որովհետեւ երկու տասնամեակներ շարունակ ինչ որ մէկը մեզ կը վախցնէ.

Որովհետեւ ինչ որ մէկը կը վտանգէ մեր ապագան մեր երկրին մէջ:

Թերեւս ուշ չէ բեկանելու այս վախի մթնոլորտը:

Թերեւս վաղը հրաշքով մարդիկ արթնան եւ յանկարծ հասկնան, որ ի զուր տեղ նոր անցագրեր փնտռեր են, որ անտեղի էր իրենց վախն ու անձկութիւնը, որ կ՛ուզեն հպարտօրէն կրել հայկական անցագիր:

Ուժեղ եւ արդար կարգերու վրայ կերտուած  Հայաստան երկրի անցագիրը ոչ միայն հպարտութեան առիթ է, այլեւ հայ մարդու իղձերու իրագործման միանշնակ միակ երաշխիքը:

Իսկ այն անհատը, որ կը շարունակէ հերթի կանգնիլ մէկ  նոր դեսպանատան առջեւ, ես անորմէ ունիմ  մէկ խնդրանք. հարց տուր դուն քեզի. «միթէ՞ ես առաւելագոյնս ըրի եւ առաւելագոյնս տուի որպէսզի նոր անցագիրի կարիքը չունենամ»:

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Սթոքհոլմ