կարևոր
559 դիտում, 5 ժամ առաջ - 2025-02-26 16:15
Քաղաքական

ՀՅԴ-ն մերժում է որևէ հուսահատություն և հանձնվողական տրամադրություն․ մեզ համար վերջին կորուստները ժամանակավոր են․ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանի ելույթը  ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտոնական արարողությունը 


«Գերաշնորհ Սրբազան Հայրեր, պատուարժան հիւրեր, սիրելի հայրենակիցներ, ընկերներ,

ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր Ժողովը կը գումարենք Հայաստանի մէջ տագնապահար հայութեան եւ վտանգուած հայրենիքի այս բախտորոշ օրերուն: Ակնյայտ է, որ աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ հանգրուանին Հայաստանը եւ ողջ հայութիւնը կանգնած են ճգնաժամի եւ լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։

Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանը յայտնուած է բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին ազդակները լարուած են իր դէմ. Ամերիկեան նոր նախագահի կողմնորոշումներուն եւ շարք մը երկիրներու ամփոխավարական ղեկավարութիւններու իշխանութեան գալու պատճառաւ սկսած է հիմնայատակ քանդուիլ համաշխարհային համակարգը, միջազգային օրէնքը եւ անհատի ու հաւաքական իրաւունքներու 20րդ դարու կէսերուն ամրագրուած հասկացողութիւնը:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ ինչպէս միշտ անզիջող մեր նկատմամբ. Ռուսիա տակաւին կլանուած է Ուքրանական պատերազմով, որ սակայն իր աւարտին կրնայ հասնիլ ոյժերու նոր դասաւորումով եւ հնարաւորութիւն ընձեռել Ռուսիոյ իր ուշադրութիւնը կրկին դարձնելու դէպի Հարաւային Կովկաս: Իսկ Իրանը այն իւրայատուկ պետութիւններէն է, որ պատրաստ է գործնականապէս աջակցիլ Հայաստանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ապահովման համար. մէկ խօսքով Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գերուժերը մեծապէս ակտիւացած են ու մրցակցական հեւքի են դիմած. իրադրութիւն մը, որ մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռուախնձոր:

Այս արտաքին իրադրութիւնը սակայն ոչ մէկ ձեւով կ'արդարացնէ ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք համազգային տարողութեամբ գոյութենական ներազգային վտանգներ կը յառաջացնեն եւ կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ: Որեւէ արտաքին խոչընդոտ հնարաւոր չէ յաղթահարել առանց դիմակայելու ներազգային մարտահրաւէրներուն, որոնք լոկ ներքին խնդիրներ չեն, այլ անոնք վաղուց արտաքին ատաղձ ունին։

Հայութեան եւ Հայաստանի 1990ականներու յաղթանակները 2020ի աշունէն ի վեր կը նսեմացուին շարունակական պարտութիւններու եւ զիջումներու շղթայով. Արցախեան պատերազմի արհաւիրքը եւ հայաթափումը, ՀՀ արտաքին ձախող քաղաքականութիւնը եւ ներազգային պառակտումը կը հանդիսանան մեր պատմութեան նորագոյն հնգամեակի ՀՀ իշխանութիւններու աղիտալի ձեռքբերումները:

Վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որուն իշխանութիւնները պատրաստ են թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

Արցախը, որ պաշտպանողական դարպասն էր նոյնիքն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսօր իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած՝ զրկուած է պաշտպանելէ մայր հայրենիքի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ'ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ:

Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որու անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին է լծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակարգի ղեկավարը։

Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, Հայաստանի ներկայ վարչակարգը տակաւին լծուած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարուածելու, ՀՀի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները նսեմացնելու, հայ դատի համաշխարհային պայքարը թերագնահատելու եւ Սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին: Այս բազմամակարդակ գրոհին համար ՀՀ իշխանութիւնները լայնօրէն ի գործ կը դնեն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ գործադիր իշխանութեան տրամադրութեան տակ գտնուող պետական բոլոր լծակները: Իրենց համար չեն մնացած ազգային սրբութիւն, ազգային գերխնդիր, իսկական ժողովրդավարութեան միտում, արդարութեան ձգտում, այլ միայն ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մտասեռեռում:

Աւելին՝ ներազգային տագնապը յաւելեալ խորացումի տանելով ներկայ վարչախումբի ղեկավարը յաւելեալ պառակտումի սերմեր ցանեց սփիւռքահայ փոքրաթիւ խումբերու հետ Արեւմտեան երկիրներու մէջ կայացած իր հանդիպումներուն ընթացքին. թրքական եւ ազերիական օրակարգին սպասարկող սահմռկեցուցիչ յայտարարութիւններով ան իր սահմանած «իրական» Հայաստանը կրկին հակադրեց Պատմական Հայաստանին, արհամարհեց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համահայկական արշաւը, ոտնահարեց հայկական արժէքներն ու հայութեան անժամանցելի իրաւունքները եւ Հայաստանի փրկութիւնը ներկայացուց բացառաբար Արեւմտեան արեւելումի մէջ անտեսելով տարածաշրջանի ուժերը եւ անոնց հետ համընկնող Հայաստանի շահերը: Ազգային և պետական հիմնարար արժէքները ձեւախեղելու, պատմութիւնն ու պատմական իրողութիւնները վերաքննութեան ենթարկելու ճղճիմ փորձերը ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու քաղաքական սնանկութեան վկայութիւնն են եւ թուրք-ազրպէյճանական թեզերու քողարկուած վերարտադրութիւնը։

Ազգակործան անհեթեթութիւն է ազգային եւ պետական գաղափարախօսութիւնները իրար հակադրելը։ Պետութիւնը կը ստեղծուի ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ռազմավարական նպատակադրումները իրականացնելու համար։

Այս բոլորը հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան մօտ կը յառաջացնէ հիասթափութիւն, յաւելեալ ընկճուածութիւն, նոյնիսկ  Հայաստան-Սփիւռք կապերու խզում, ինչ որ անշուշտ անընդունելի երեւոյթ է, բայց նաեւ դժբախտ իրողութիւն:

ՀՅԴն կը մերժէ որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու: Մեզի համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020ի աղէտը պարզապէս ճակատամարտի մը պարտութիւն էր եւ Հայաստանի թշնամիներուն դէմ աննկուն պայքարը կը շարունակուի բոլոր ճակատներու վրայ: Այս համոզումով է, որ մենք փարած ենք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դատի հետապնդման գործին թէ' հայրենի եւ թէ' համաշխարհային մակարդակներով:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ իբրեւ համահայկական ընդգրկում եւ փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւն Հ.Յ.Դ.-ն կանգնած է ներկազմակերպական ամբողջական զօրաշարժի ու արտակարգ պայմաններու մէջ գործելու անհրաժեշտութեան առջեւ։ Հ.Յ.Դ.-ն իր առաքելութեանը հաւատարիմ պարտաւոր է առաւելագոյն ջանք գործադրել ճգնաժամը կասեցնելու համար։

Մեր ռազմավարական նպատակներէն բխող այս հանգրուանի հայրենի հիմնական առաջնահերթութիւնները ըստ էութեան հետեւեալներն են՝

1) Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում՝ Անկախութեան հռչակագրի տառին եւ ոգիին համապատասխան,

2) Արցախի ժողովրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովում եւ իր սեփական հայրենիքի մէջ ինքնիշխան ու անվտանգ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորող պայմաններու ստեղծում։

Առ այդ՝ Հայաստանի պարագային անհրաժեշտ է

ա)  Հայկական ինքնութեան եւ հայրենի պետականութեան պահպանման օրակարգի շուրջ ձեւաւորել համահայկական զօրաշարժ:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողականութեան նպաստելը, Արցախի ժողովրդի էթնիկ զտումները ու հայրենազրկումը անհետեւանք թողնելը՝ գոյութենական ապառնալիք են հայկական ինքնութեանը եւ Հայաստանի գերիշխանութեանը եւ կը վաւերացնէ ուժի միջոցով հարցեր «լուծելու» նախադէպը:

բ) Հայոց բանակի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան համակարգերու հրատապ վերակառուցումը համաժողովրդական մասնակցութեամբ եւ առկայ մարտահրաւէրներու հաշուառումով:

գ) Որդեգրել անվտանգային նոր ճարտարապետութեան ձեւաւորման եւ դիւանագիտական դիրքերու վերականգնման միտող որակապէս այլ  բովանդակութիւն ունեցող ինքնավստահ արտաքին քաղաքականութիւն, ինչ որ  կ'ենթադրէ ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատում ընդհանուր աշխարհաքաղաքական նպատակներ հետապնդող այն երկիրներու եւ դաշինքներու հետ, որոնց անմիջական շահերէն կը բխի հայկական կենսունակ պետութեան գոյութիւնն ու գոյատեւումը:

Այս մօտեցումով՝ դադրեցնել պաշտօնական Երեւանի ռուսատեաց տրամադրութիւններու հրահրումը եւ ամրապնդել Ռուսիոյ հետ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած. իսկ Իրանի հետ կնքել ռազմաքաղաքական դաշինք եւ սերտ յարաբերութիւններ. Ինչպէս նաեւ՝ զարգացնել  տարածաշրջանէն  դուրս  այլ  ուժային  կեդրոններու  եւ Արեւմուտքի հետ փոխլրացնող յարաբերութիւնները առանց որդեգրելու բացարձակ արեւելուն բացառաբար այս կամ այն ուժային կեդրոնին հետ:
Պետական ռազմավարութիւնը պարտի փխիլ հայկական արեւելումէ միայն:

դ) նպաստել Հայաստանի մէջ իրաւ ժողովրդավար, արդար ու հաւասարութեան համակարգի վրայ հիմնուած ընկերութեան ստեղծումին՝ հեռու ոստիկանապետական ձգտումներէ եւ օրինախախտումներէ: Անխնայ պայքարիլ ամէն անօրինականութիւններու դէմ: Տալ առաջնահերթութիւն ընկերա-տնտեսական զարգացման իրաւ հնարաւորութիւններու հաստատման եւ պաշտպանել ժողովրդային ցածր ու միջին խաւի իրաւունքներն ու շահերը:

ե) արդիականացնել արտադրական միջոցները, միջազգային առեւտուրի անխաբան ու օրէնքով համակարգուած  հնարաւորութիւնը եւ վերացնել իշխանութեան մօտ շրջանակներու առանձնաշնորհեալ եւ նեպոտութեան սանձարձակութիւնները:

Իսկ Արցախի պարագային՝

Ապահովել արցախցիներու հնարաւորինս համախումբ բնակեցումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. ընկերա-իրաւական արդիւնաւէտ քաղաքականութեամբ կանխել անոնգ արտագաղթը.

Շարունակել համահայկակական օժանդակութիւններն ու ծրագիրները Հայաստանաբնակ Արցախցիներուն կարիքներուն հասնելու համար.

Ապահովել Արցախի ժողովրդի ընտրութեամբ ձևաւորած իշխանութեան մարմիններու, ինչպես նաև գիտական և կրթա-մշակութային հաստատություններու եւ Արցախի թեմի գործունէութիւնը.

Բոլոր հարթակներու մէջ բարձրացնել արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքը միջանկեալ կարգավիճակով եւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով որոնք կ'ապահովեն արցախցիներու անխոչընդոտ ինքնակառավարման իրաւունքը, արժանապատիւ կեանքի հնարաւորութիւնը եւ Հայաստանի հետ անխոչնդոտ կապը.

Շարունակել քօղազերծել Արցախի գրաւումին ու հայաթափումին համար Ազրպէյճանի կատարած բռնարարքը եւ զայն ճանաչել տալ որպէս ցեղասպանութիւն, բռնի տեղահանման և էթնիկ զտման փաստերով։

Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարական ֆարսը Ադրբեջանի հանցաւոր ռեժիմի հերթական աղաղակող ապօրինութիւնն է եւ հեռահար նպատակներ ունի։   Այդ ղեկավարներն առեւանգելու եւ կեղծ մեղադրանքներով դատավարութիւններ բեմադրելու ազրպէյճանի գործելաոճը չի կրնար անարձագանգ մնալ եւ պէտք է արժանանայ զօրաւոր հակազդեցութեան։  Հայաստանի Հանրապետության պատկան մարմիններու պարտականութիւնն է այս ուղղութեամբ գործադրել իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր միջոցները, ինչը ցայսօր չի կատարուիր, այլեւ կը ցուցաբերուի յանցաւոր անգործութիւն։

Իսկ մենք, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, պիտի շարունակենք հետապնդել Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը համաշխարհային մակարդակով եւ գործադրելով քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները՝ Ազրպէյճանի վրայ ճնշումը սաստկացնելու համար։

Իսկ Սփիւռքի պարագային՝

ա) վերացնել ընկճուածութեան, հայրենիքէն օտարացման եւ մեկուսացման ամէն հանգամանք եւ վերակառուցել Հայրենիք-Սփիւռք կապերը. պայքարիլ ՀՀ իշխանութեան Սփիւռքը պառակտելու ամէն փորձի դէմ: Սատարել այն հասկացողութեան, որ Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ ամբողջութիւն է:

բ) վերաթարմացնել եւ արդիականացնել Սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպուածութիւնը նուիրեալ զանգուածներուն՝ անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռականութեան մղելով. միաժամանակ պարտինք զգոյշ ըլլալ Սփիւռքը «վերակառուցելու» կամ «վերակազմակերպելու» այն սին կոչերէն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդել Սփիւռքի ներկայ կառոյցները եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով անձեւ քաոս ու կամակատար հետեւորդներ ստեղծել:

Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր իրենց ունեցած գործունէութեամբ փաստած են հայանուէր ու հայրենանուէր պատրաստակամութիւն. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ առանց սակայն հիմերը խարխլելու.  ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու Սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հարենիքի եւ փոխադարձաբար՝ ազգային նկարագրով հայրենի պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է Սփիւռքի կենսունակութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման:

գ) ստեղծել ներգաղթի լուրջ հնարաւորութիւն պետական մակարդակի մանրամասն ծրագիրով եւ համահայկական նեցուկով. այդ ծրագիրը զուտ զգացական ֆոնով պէտք չէ կառուցուի, այլ հիմնուի որոշակի, յստակ նախաձեռնութիւններու եւ իրապաշտ հաշուարկներու վրայ:

դ) ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ չխոչընդոտել հայ դատի համաշխարհային պայքարը, որ կը նպատակադրէ առաւելութիւններ ձեռք ձգել Հայաստանի համար, պաշպտանել Արցախահայութեան իրաւունքները, շարունակել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդումը, տարբեր երկիրներու մէջ նուիրականացած հայ համայնքներու իրաւունքներու պահպանումն ու խթանումը եւ հայ երիտասարդութեան քաղաքականացումը: Իտէալ պայմաններու մէջ՝ աշխարհով մէկ տարածուած հայկական մեր լապպիներն ու Հայաստանը պէտք է գործեն համահունչ, ինչ որ շատ հեռու է այսօրուան իրողութենէն:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Հակառակ ներքին ու արտաքին դաւադիր ծրագիրներուն, հայութեան արժանապատուութեան եւ լինելիութեան պայքարը պետք է անխաբան  շարունակուի: Արդարութեան, արժանապատուութեան եւ հաւասարութեան արժեհամակարգերու վրայ հիմնուած մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը պետք է հռչակուի ազգային ռազմավարական նպատակ։

Մեզի համար անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է: Սեփական հայրենիքի մէջ հայորդիներու ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութեան ստեղծումը՝ անխախտելի իրաւունք: Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ հայրենիքով տոգորուած մէկ ազգ ու մէկ դատ հետապնդող անքակտելի եւ անսակարկելի հաւաքականութիւն է:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պատրաստակամ է համագործակցիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք կը կիսեն այս մօտեցումները եւ պատրաստ են պայքարիլ յանուն արժանապատիւ եւ անվտանգ Հայաստանի ու Արցախի:

Արդ՝ անգամ մը եւս կոչ կ'ուղենք ազգային ուղղուածութիւն ունեցող ուժերուն միաւորելու իրենց ջանքերը՝ ՀՀ ապազգային իշխանութիունները հեռացնելու, հայ ժողովուրդին ու մեր պետականութեանը սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, նոր որակի ազգային իշխանութիւն ձեւաւորելու եւ համահայկական կարողականութեամբ արժանապատիւ, կայուն եւ ուժեղ Հայաստան կերտելու համար:

Միաժամանակ շարունակելու ենք վերաթարմացնել սփիւռքեան կառոյցները, զանոնք դարձնել առաւել նպատակասլաց եւ աշխոյժ, վերացնել Սփիւռքահայութիւնը հայրենիքէն օտարացնելու որեւէ փորձ եւ նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու վերահաստատման: Որովհետեւ քաջ կը գիտակցինք, որ յանձնառու Սփիւռքը լաւագոյն գրաւականներէն է հզօր, ապահովեւ զարգացող հայրենիքի:

Շնորհակալութիւն»։