Փոխարժեքներ
26 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.97 |
EUR | ⚊ | € 418.48 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.072 |
GBP | ⚊ | £ 495.92 |
GEL | ⚊ | ₾ 138.43 |
ՀՅԴ ԱՄՆ Արևելյան ափի կազմակերպություններն ու ուղեկից միությունները հայտարարություն են տարածել սիրիահայությանը աջակցելու մասին, որը ներկայացնում ենք ստորև.
«Սփիւռքեան մեր համայնքները արդէն քաջատեղեակ են Սուրիոյ վերջին քանի մը օրերու պատահարներուն, տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն, որոնք ազդած են երկրին վրայ եւ շարունակ նորութիւններ ի յայտ կու գան։ Մարդիկ ապաստանած են իրենց բնակարաններէն ներս եւ ապրուստի կենսական ծախսերը հոգալու հնարաւորութիւնը սահմանափակուած ըլլալով՝ կը գտնուին դաժան կացութեան մէջ:
Այս կացութեան դիմաց, մեր համայնքին պարտականութիւնն է շտապօրէն գործի լծուիլ եւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս որ նախապէս կատարեցինք Միջին Արեւելքի մեր լիբանանահայ գաղութին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր անդամներուն, համակիրներուն եւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի բոլոր հայօճախներուն, որպէսզի իրենց օժանդակութիւնը կատարեն Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով (Donate – ARS of Eastern US), որ ապահով միջոցներով պիտի կատարէ գումարներուն առաքումը:
Մեր համայնքները միշտ ալ առատաձեռն եղած են եւ կատարած` իրենց նիւթական օժանդակութեան պարտականութիւնը, երբ մեր ժողովուրդը շուտափոյթ օգնութեան կարիքը ունեցած է:
Վստահ ենք, որ միասնաբար կրկին թիկունք պիտի կանգնինք եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրենք սուրիահայութեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
Հայ Օգնութեան Միութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւն-YOARF, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
Հ.Մ.Ը.Մ., Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.»: