կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-22 16:45
Քաղաքական

Նշանակալից Յայտարարութիւններ Եւ Երկու Նշանակումներ

Նշանակալից Յայտարարութիւններ Եւ Երկու Նշանակումներ

Ճօ Պայտըն, 20 յունուարին կայացած երդման արարողութենէն ետք, դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը: Թէեւ երդման արարողութեան ընթացքին անոր արտասանած խօսքը առաւելաբար ներքին քաղաքականութեան կը վերաբերէր, եւ այդտեղ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող միայն հակիրճ, անցողակի ու սակաւաթիւ ակնարկներ կային, բայց եւ այնպէս անոր վարչակազմին մէջ նշանակուած պաշտօնատարներու կենսագրութեան կամ Ծերակոյտի մէջ լսումներու ընթացքին անոնցմէ ոմանց արտայայտութիւններուն հիմամբ կարելի է որոշ պատկերացում մը ունենալ արտաքին քաղաքականութեան, մասնաւորաբար մեզ հետաքրքրող հարցերու` Ուաշինկթընի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան եւ անոր արդիւնքին/հետեւանքին վերաբերեալ:

Դեմոկրատականները եւ ինքնին Պայտըն ընդհանուր առմամբ կը հաստատեն, որ Միջին Արեւելքի հարցը կարելի չէ լուծել, եւ իրենց աշխատանքը պիտի ըլլայ այդտեղի խնդիրները հակակշիռի տակ առնելը: Ամերիկեան կողմին մօտ գոյութիւն ունի նաեւ Իրանի հետ 2015-ին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալու պատրաստակամութիւն մը: Նոյնպիսի բարի տրամադրութիւններ կան նաեւ Իրանի մօտ, մինչեւ իսկ շրջանառութեան դրուած, թէեւ հետագային Իրանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ հերքուած տեղեկութեան մը համաձայն, ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Մաժիտթախթ Ռաւանշի արդէն երդման արարողութենէն օրեր առաջ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Պայտընի վարչակարգի ներկայացուցիչի մը հետ: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երեքշաբթի օր լսումներ կատարեց` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին Էնթընի Պլինքընի թեկնածութեան հաստատման համար: Վերջինս նիստին ընթացքին ըսաւ, որ իր երկրին նորընտիր նախագահը «կը կարծէ, թէ, եթէ Իրան վերստին յանձնառու դառնայ (հիւլէական) համաձայնութեան, ապա մենք եւս ատոր յանձնառու պիտի դառնանք: Սակայն ատոր պիտի դիմենք իբրեւ մեկնակէտ, մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ, որոնք դարձեալ մեր կողքին պիտի ըլլան` ձգտելով աւելի ուժեղ եւ աւելի երկարատեւ համաձայնութեան»: Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին չորեքշաբթի օր յայտարարեց. «Իրան պիտի վերադառնայ իր պարտաւորութիւններու կատարման, եթէ Միացեալ Նահանգներ վերադառնան հիւլէական ծրագիրին»:

Երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ դրական զարգացում մը, սակայն շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ յունիսին նախատեսուած Իրանի նախագահական ընտրութեան արդիւնքէն: Իրանի մէջ պահպանողական նախագահի մը իշխանութեան գալը կը խանգարէ քարտերը: Արդարեւ, վերջին տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններուն մէջ դրական զարգացումներ եւ մինչեւ իսկ գործակցութիւն կարելի է, երբ երկու երկիրներու նախագահներն ալ չափաւորական են, ինչպէս Քլինթըն-Խաթամի (Աֆղանիստանի մէջ Թալեպաններու դէմ գործակցութիւն) եւ Օպամա-Ռուհանի (Հիւլէական պատմական համաձայնագիրի կնքում) օրինակները յստակօրէն ցոյց կու տան:

Հայաստանն ու հայութիւնը առաւել հետաքրքրող հարցը, սակայն, կը վերաբերի Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն ու վերջինիս Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութեան վրայ ազդեցութեան: Այդ բոլորին հեռանկարը ամփոփուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքընի Ծերակոյտին մէջ լսումի նիստին ընթացքին հանրապետական ծերակուտական Լինստի Կրահամի` Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման մասին հարցումին տուած` «մեր երկիրի, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ` մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն կողքին, ատիկա անընդունելի է» պատասխանին մէջ:

Ամերիկեան նոր վարչակազմին մէջ կատարուած երկու նշանակումներ այս առումով նշանակալից են եւ պատկերացում մը կու տան ռուս-ամերիկեան, թուրք-ամերիկեան ու ռուս-թրքական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ:

Պաղ պատերազմեան փորձառութեան տէր Պայտընի հակառուս կեցուածքները եւ Ուքրանիոյ մէջ գունաւոր յեղաշրջումին աջակցած Վիքթորիա Նուլընտի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալի պաշտօնին նշանակումը կու գան ուրուագծելու իր «մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն» Մոսկուայի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն ոչ դրական հեռանկարը: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ի զուր չէր, որ դեկտեմբեր 2020-ի վերջաւորութեան յայտնեց, թէ Քրեմլինը Պայտընի իշխանութեան հասնելէն ետք ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ «դրական ոչինչ» կը նախատեսէ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին «Ինթերֆաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ռուսական կողմը ամերիկեան նոր վարչակազմէն որեւէ լաւ բան չի սպասեր, որովհետեւ Պայտընն ու անոր խմբակը «իրենց ասպարէզը հիմնած են ռուսոֆոպիայի վրայ»` նախատեսելով, որ յարաբերութիւնները «վատէն աւելի վատ» պիտի ուղղուին:

Ինչ կը վերաբերի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ապա Պայտընի` «Էրտողանը պէտք է տապալել» նախընտրական յայտարարութեան կողքին նշանակալից էր քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ստեղծման մէջ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած, Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն աջակցող Պրեթ Մաքկըրքի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի համակարգողի պաշտօնին նշանակումը, որ բնականաբար անմիջապէս թրքական կողմին դժգոհութիւնը յառաջացուց:

Երկու երկիրներուն միջեւ «Էս-400»-ի եւ հիւսիսային Սուրիոյ հարցերուն կողքին գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ խնդիրներ, ինչպէս` Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ քայլերը, Լիպիոյ հարցն ու Իսրայէլի հետ անոր լարուած յարաբերութիւնները: «Բանն այն է, որ Թուրքիան բազմաթիւ առումներով դաշնակից է, սակայն չի գործեր այնպէս, ինչպէս դաշնակիցը պէտք է գործէ: Եւ ասիկա շատ, շատ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար: Եւ մենք այդ հարցին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում ունինք», լսումի ընթացքին հաւաստեց Պլինքըն. այլ խօսքով` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու իրավիճակը կախեալ պիտի ըլլայ այդ հարցերու լուծումէն եւ ընդհանրապէս Անգարայի վարուելակերպի փոփոխութենէն: Ինչպէս «Էս-400»-ի եւ Սուրիոյ հարցերը յստակօրէն ցոյց կու տան, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տարակարծութեան խորացումը, լարուածութեան եւ ամերիկեան ճնշումներու մագլցումը զուգահեռաբար պիտի խթանէ ռուս-թրքական գործակցութիւնը` իմա Հայաստանի եւ հայութեան ռազմավարական գլխաւոր դաշնակիցին ու թշնամիին միջեւ սիրաբանութեան ամրապնդումը, որ բնականաբար չի կրնար չմտահոգել մեզ, որովհետեւ նոյնքան բարիք կը խոստանայ, որքան օձին հաւկիթը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com