Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեւանի մէջ կայացած ՀՅԴ Մամլոյ խորհրդաժողովը աւանդական շղթայի մը հերթական օղակն է: Քանի մը տարի անգամ մը Դաշնակցութեան մամուլի ընտանիքը կը համախմբուի համատեղ քննարկելու համար գաղափարական մամուլին առջեւ ծառացած խնդիրները, նոր մարտահրաւէրները եւ ապա այդ քննարկումներու եզրակացութեանց հիման վրայ ուղենշելու յառաջիկայ գործունէութիւնը:
Պարզ է, որ մամուլ հասկացողութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր դուրս եկած է դասական-տպագիր հասկացողութենէն եւ ներառած հեռատեսիլը, ձայնասփիւռն ու համացանցը:
Լրատուամիջոցներու հանրագումարի պատկերն էր, որ բացուեցաւ այս խորհրդաժողովին` ներառած ըլլալով բոլորի աշխատանքային եւ ծրագրային զեկուցումները:
Քանի մը ուղղութիւն ընդգծուեցաւ այս խորհրդաժողովի ընթացքին:
Գաղափարական մամուլը, յատկապէս պաշտօնաթերթային իր հանգամանքով անպայման եւ բնականաբար պիտի գերադասէ կուսակցութեան ազգային-քաղաքական ուղեգիծը եւ իր խմբագրականներով, առաջնորդող յօդուածներով պիտի հիմնաւորէ գերադաս ժողովներու եւ մարմիններու կայացած որոշումները: Ասոր առընթեր միտքերու շարժ ստեղծելու առաջադրանքով մեր մամուլը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր տեղ պիտի տայ կառուցողական բանավէճին եւ բազմակարծութեան պահելով անշուշտ ոճային պատշաճութեան սկզբունքը: Խմբագիրները, երբ նկատեն, որ մամուլի այս կամ այն աշխատակիցին տեսակէտները չեն համընկներ կամ կը հակասեն կուսակցութեան որոշումին, ապա խմբագրական նոթով կը յայտնեն իրենց անհամաձայնութիւնը, կողքի սիւնակով կը հակափաստարկեն ըսուածը կամ եթէ աւելին պահանջուի յատուկ յօդուածով կ՛արձագանգեն կամ կը պատասխանեն քննադատութեան:
Բազմակարծութեան առիթ տալը յատկանշած է եւ պիտի շարունակէ յատկանշել մեր մամուլը, միտքերու բախումով քննական մտածողութեան կայացման նպաստելու առաջադրանքով:
Ասկէ նաեւ կը ծագի օգտակար երկուութիւնը: Մամուլը միայն պիտի արձագանգէ՞, լուսաբանէ՞ եւ հիմնաւորէ՞ կուսակցական մարմիններու եւ ժողովներու որոշումները, թէ՞ առընթեր ի՛նք պիտի բանայ մտածողութեան ակօսներ, պիտի շարժէ միտքեր եւ ալեկոծէ գաղափարական լիճերը: Վստահաբար, երկու գործառոյթները` զուգահեռ:
Երկրորդ. նորարարութիւնը ներկայ տեղեկագիտական աշխարհին մէջ անվերջ նորացուող մեթոտաբանութիւն է: Մամուլը բոլորէն առաջ ի՛նք պարտաւոր է քայլ պահել անվերջ փոփոխուող այս համակարգերուն հետ:
Նոր համակարգերուն մէջ ամէնէն աշխուժ ներկայութիւնն են երիտասարդները: Մեր երիտասարդութիւնը իրաւամբ կը դժգոհի, որ գաղափարական մամուլը իր վերլուծումներով գրաւիչ չէ իրեն: Անհրաժեշտ է գաղափարական մօտեցումները նոր եղանակներով մատչելի դարձնել երիտասարդութեան: Ասիկա դասական յանկերգ է, որ կը կրկնուի նման առիթներու:
Խնդիրը այն է, թէ ինչո՛ւ երիտասարդութիւնը ի՛նք չի հրատարակեր, թողարկեր, մատուցեր, տարածեր ի՛ր մամուլը: Այստեղ «հրատարակել» եւ «մամուլ» հասկացողութիւնները անշուշտ դուրս են ընկալեալ շրջագիծերէ: Մեր խորհրդաժողովները չեն, որ պիտի ուղենշեն երիտասարդութեան ընելիքը:
Նախաձեռնութիւնը, գաղափարը, բովանդակութեան եւ մեթոտի առումներով պիտի գա՛յ երիտասարդութենէն: Կուսակցական մամուլի պատասխանատու խմբագիրներու գործը ինչպէս անցեալին էր, նախաձեռնող, քննարկող եւ քննական միտք ունեցող, ինչու չէ յաւակնոտ ծրագիրներով հանդէս եկող երիտասարդական միջավայր պատրաստելն է:
Խորհրդաժողովին հնչեց նաեւ մամուլի բացակայող բաժանմունքի մը գործարկման հրամայականը: Այս պարագային խօսքը չի վերաբերիր զուտ կուսակցական մամուլին:
Պատերազմը, զինուորական ընկալումով, հրադադարի համաձայնութեամբ կասեցուած է: Կը շարունակուի թափով տեղեկատուական պատերազմը:
Տեղեկատուական պատերազմի հակառակորդ կողմը` թուրքեւազրպէյճանական միացեալ համացանցային զօրքերն են` աղաւաղման, կայքահէնական եւ ապատեղեկատուական ստորաբաժանումներով:
Առաջադրանքը ո՛չ միայն հակազդելու, այլ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու պետական մակարդակ եւ փորձագիտական մարդուժ կ՛ենթադրէ: Իսկ այստեղ կուսակցական մամլոյ աշխարհագրական ցանցը օգտակար է` մշտադիտարկումներ, եւ իւրաքանչիւր միջավայրի տեղեկատուական ծանօթութիւններն ու կապերը լիարժէք օգտագործելու եւ այս պատերազմին հայկական կողմին իր ծառայութիւնները տրամադրելու:
Տեղեկատուական անվտանգութեան պետական գերատեսչութիւնը անհրաժեշտ է, որ հաշուի նստի շարունակուող եւ զարգացող տեղեկատուական պատերազմի բոլոր ուղղութիւններուն հետ:
ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովը, ի շարս այլ առաջադրանքային կէտերու, նպաստեց կարեւորագոյն այս խնդիրներու քննարկման եւ անոնց ընդառաջ գործելադաշտերը սահմանելու աշխատանքին:
Մեր մամուլի երիտասարդացումը կարգախօս չէ: Առաջադրանք մը` համակողմանիօրէն յայտարարուած:
aztagdaily.com