Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել Ուաշինկթընի` Չինաստանին կատարած դիմումի լուրին վրայ, իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը չինացի իր գործընկերոջ դիմած է այս առաջադրանքով:
Նոյնքան ուշագրաւ է Փեքինի պատասխանը` ճգնաժամի լուծումը պայմանաւորուած է Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծումով` Իսրայէլի հետ անոր խաղաղ գոյակցութեան երաշխիքներով:
Թէական զինադուլի հաստատման եւ բանակցութիւններու ձեռնարկումի համար կը թուէր, որ երկու գլխաւոր պետութիւններ իրենց ազդեցիկութեամբ եղանակ եւ գործընթաց ձեւաւորելու կարողականութիւնը ունին. Ուաշինկթըն մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` Թեհրան:
Հիմա Չինաստանը հրաւէր կը ստանայ ներգրաւուելու կարգաւորման գործընթացին: Այս հակիրճ լրատուութեան մէջ քանի մը առանցքային գիծ կ՛երեւայ, եթէ անշուշտ զուտ թողարկուած լրատուութեան բովանդակութիւնը նկատի ունենանք:
Առաջինը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ ռազմական իրադարձութիւններէն անցում կ՛ուզեն կատարել եւ կը խօսին կարգաւորման մասին: Կարգաւորումը նախ հրադադար կ՛ենթադրէ եւ հետեւաբար կանխարգիլում` Կազայի ցամաքային ներխուժման, որուն հետեւանքները անկանխատեսելի կրնան ըլլալ հակազդեցութեան եւ յատկապէս այլ ռազմաճակատներու բռնկման առումներով:
Երկրորդ փոխանակ ուղղակի, թէկուզ անուղղակի Թեհրանին ազդակ յղելու, Ուաշինկթըն ուղղակի կը դիմէ Փեքինին` արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Առաջարկը յստակ է. ներգրաւուիլ հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով:
Ուաշինկթընը այս ձեւով նախ կ՛ընդունի Չինաստանի ազդեցիկ պետութիւն ըլլալը միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Այս հանգամանքը կը յիշեցնէ Չինաստանի նախաձեռնութիւնը Իրան – Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու հաստատման երկխօսութեան ձեռնարկելու: Ռիատ – Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՛ենթադրէ Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի վերագծում: Այդ վերագծումի գործընթացին մէջ կը տեղաւորուի նաեւ Թել Աւիւ – արաբական պետութիւններ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը:
Չինաստան – Իրան – Ռուսիա առանցքը ընդհանրապէս զօրակցական մօտեցում ունի պաղեստինցիներու պայքարին: Պարզ է, որ այս առանցքէն Իրանն է ամէնէն ազդեցիկը գետնի վրայ: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը խոստացաւ ներգրաւուիլ պատերազմին, եթէ Ուաշինկթընը միջամտէ: Այս երկուքին միջեւ Չինաստանին է, որ կը դիմէ Միացեալ Նահանգները:
Հիմա տեսնենք Չինաստանի արձագանգին բուն բովանդակութիւնը: Կարգաւորումը կը պայմանաւորուի պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծումով: Արմատական լուծումն է, որ կ՛առաջարկէ Չինաստանը: Միանգամայն հեռակայ առաջադրանքը: Հրադադարն ու կարգաւորման գործընթացը համանուագ ձեւաչափով կը ներկայացուի այս պարագային:
Եթէ Չինաստանին ուղղուած առաջարկը բացայայտ է, Իրանինը լուռ է: Ի վերջոյ պիտի լռեն ռումբերը եւ սկսին բանակցութիւնները: Օրակարգը` կարգաւորում է. Չինաստանի պատկերացումը` Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը:
Փեքինի պատասխանը կրնար բաւարարուիլ հրադադարի անհրաժեշտութեան, տարհանումը կասեցնելու, Կազան ապաշրջափակելու եւ Կազայի բնակիչներուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ ընդգծումներ կատարելով: Կամ ընդհանրապէս գերեվարուածներու եւ ձերբակալուածներու փոխանակումը յիշելով եւ նման կարճաժամկէտ հանգուցալուծումներու մասին շեշտադրումներ կատարելով:
Նշաձողի միանգամայն բարձրացումը եւ վերջին ըսելիքը ի սկզբանէ ըսելը կ՛ազդարարէ բանակցային օրակարգի մը ձեւաւորումը: Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը օրակարգային դառնալու նախադրեալներ կը պարզէ: Առաջադրողը Միջին Արեւելքի մեծ դռներէն մուտք գործող աշխարհակարգային ուժ է, որուն կը դիմէ Ուաշինկթընը:
«Ա.»
aztagdaily.com