Փոխարժեքներ
29 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 394.64 |
EUR | ⚊ | € 416.82 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.66 |
GBP | ⚊ | £ 500.84 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.07 |
Կրանատայի յայտարարութիւնը միանշանակ կարելի չէ ընկալել. մանաւանդ կարելի չէ խանդավառուելով դիւանագիտական յաղթանակ նկատել: Նախ չմոռնանք, որ յայտարարութիւնը պարտադիր բնոյթ չունի եւ չի կրեր հակամարտողներուն ստորագրութիւնը: Տարբեր խնդիր, որ Ազրպէյճանը նոյնիսկ իր ստորագրած փաստաթուղթերու կէտերը պարտադիր չի նկատեր եւ անոնց կը մօտենայ ընտրովի եղանակով: Խօսքը ուղղակիօրէն նոյեմբերեան եռակողմ յայտարարութեան մասին է:
Մտահոգիչ բաժինը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան կը վերաբերի: Յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ կողմերը հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն` հիմնուած Հայաստանի (29.800 քառ քմ) եւ Ազրպէյճանի (86.600 քառ. քմ) գերիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ:
29.800-ը նուիրականացած է եւ ամրագրուած: Ակնարկ կայ խորհրդային քարտէսներու, առանց նշելու բուն, տուեալ քարտէսը: Մտահոգութիւնը կը խորացնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ Ազրպէյճան հայաստանեան որեւէ տարածք չէ բռնագրաւած: Ներկայ պահու դրութեամբ, երբ Ազրպէյճան ներխուժած է հայաստանեան ինքնիշխան տարածք եւ կը յայտարարէ, որ որեւէ սահման չէ հատած, ապա այնպէս կ՛ընկալուի, որ արդէն ներխուժուած տարածքները կը նկատէ իրը:
Երբ յայտարարութեան մէջ չի նշուիր նաեւ որեւէ պահանջ ազրպէյճանական ուժերու հեռացման հայաստանեան տարածքներէ, անուղղակիօրէն կը նշանակէ, որ 29.800-ին մէջ չեն ներառուած անոնք:
Սահմանազատումի անհրաժեշտութիւնը, որուն մասին ակնարկ կատարած է Կրանատայի յայտարարութիւնը, առաջադրուած է առանց ազրպէյճանականն զօրքերու յետքաշման պահանջի: Վտանգը այստեղ է ուղղակիօրէն: Խօսիլ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան մասին, ընդունելով ներխուժուած տարածքներու իրականութիւնը, կը նշանակէ ոտնահարել Հայաստանի տարածքային գերիշխանութիւնն ու ամբողջականութիւնը:
Կրանատայի յայտարարութեան բացակայող բաժինին հիմնաւորում տուած է Երեւանը, երբ ինք չէ արծարծած այդ պահանջը, անորոշ ձգելով խորհրդային քարտէսի մեկնակէտը: Այս պարագային ալ Եւրոպայի ղեկավարները պիտի ըսեն, որ այդ տարածքներու Ազրպէյճանին պատկանած ըլլալը ընդունած է ի՛նքը Երեւանը: Այնպէս ինչպէս ռուսական կողմը կը շարունակէ յայտարարել, որ արցախեան այսօրուան իրականութեան ելակէտը Հայաստանի կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի մաս յայտարարելն էր:
Յայտարարութիւնը ունի նաեւ այլ ական մը: Հակառակ աղէտին, ցեղային զտումին, անօրէն ձերբակալութիւններուն, բռնատեղահանութեան եւ ռազմական յանցագործութիւններուն, կը շարունակէ կիրարկել հաւասար հեռաւորութեան կանոնը: Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու անհետ կորսուածներու ճակատագիրին լուծում տալու եւ ականազերծման աշխատանքները դիւրացնելու համար: Պահ մը նոյնիսկ հասկնալի նկատելով երկրորդ բաժինը, կեդրոնանանք առաջին բաժինին վրայ: Ռազմագերիները Ազրպէյճանի մօտ են: Արցախի պետական անցեալի եւ ներկայի ղեկավարները առեւանգուած են, ձերբակալուած: Կոչը հաւասարապէս հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն կ՛ուղղուի:
Այլապէս, Պաքուն կը սպառնայ չմասնակցիլ Եւրոպայի միջնորդած եւ հրաւիրած հանդիպումներուն: Հաւասար հեռաւորութիւնը պահպանուած է: Առ այժմ Ազրպէյճան չէ ընդդիմացած մասնակցելու Պրիւքսելի հանդիպումին:
«Ա.»
aztagdaily.com