Փոխարժեքներ
06 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
– Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ –
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
– Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ –
Եղէգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղէգան փող բո՛ց ելանէր:
Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Անշո՛ւշտ որ ցնցիչ էր Արցախի հանրապետութեան նախագահին 28 Սեպտեմբերի հռչակագիրը, թէ 1 Յունուար 2024-ին պիտի լուծարուի Արցախի հանրապետութիւնը եւ կազմալուծուին անոր ծածկին տակ գործող կառոյցները: Սակայն եկէ՛ք, խոստովանինք, որ այս քայլը անխուսափելի դարձած էր եւ պիտի գար ի վերջոյ, օրինակի համար, կրնար գալ 30 Դեկտեմբեր 2023-ին, երբ արդէն դատարկուած ըլլար Արցախը:
Պարզ չէ՞, թէ ինչո՛ւ անխուսափելի դարձած էր Արցախի հանրապետութեան լուծարումը: Անիկա պարզ դարձած էր այն օրէն ետք, երբ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նստած «ամենատես եւ հեռատե՜ս» մարդը արար աշխարհին առջեւ պաշտօնապէս հրապարակ նետեց, թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, նաեւ այլ «գիւտերը» (պահ մը լուսանցքի վրայ նետենք Հայաստանէն նոր հողեր նուիրելու խոստումները: Իսկ եթէ քիչ մը աւելի ետ երթանք, պիտի տեսնենք (եթէ ցարդ չենք տեսած), որ ամբողջ Արցախի յանձնումի պաշտօնական քայլերը կէս մը քողարկեալ ձեւով առնուած էին նոյնինքն 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ, իսկ անկէ առաջ՝ Արցախն ու հայութիւնը դէպի 44-օրեայ պատերազմին տանող նախապատրաստական քայլերով:
Անմիջապէս արձանագրենք, որ երբեք չենք անտեսեր – կարելի չէ՛ անտեսել – շրջանային եւ միջազգային այն իրադարձութիւնները, որոնք սկսան թաւալիլ մեր հայրենիքին շուրջ ու աշխարհի տարածքին, այլ զարգացումներու եւ Կովկասի դէպքերուն փոխազդեցութիւնները: Այդ բոլորը ամէն օր առատօրէն կը մեկնաբանուին նա՛եւ Երեւանի քաղաքական բեմին վրայ, լրատուամիջոցներու պատուհաններէն: Այդ բոլորը հակակշռելու համար, բաւ է միայն շեշտել, որ մեր Հայրենիքին շուրջ ոլորապտոյտները նորութիւն չեն, անոնք մի՛շտ ալ ահաւոր փոթորիկներ բերած են մեր հայրենիքին, սակայն անկախութեան վերահաստատման նախօրեակէն սկսեալ ու մինչեւ 4-5 տարի առաջ, աւելի լա՛ւ, քան վատ ձեւերով «յանձանձուած» են, որովհետեւ Երեւանի ղեկին եղած են քաղաքականութենէ եւ դիւանագիտութենէ, նա՛եւ զէնքէ ու ռազմավարութենէ ՀԱՍԿՑՈՂ մարդիկ (մեր խօսքը չ’երթար միայն իշխանութեան առաջին՝ երեւցող դէմքերուն): Յետոյ, եկան թերաճ մտայնութեամբ եւ հայրենիք հասկացութեան անհաղորդ արարածներ, որոնք քանդեցին բանակ ու դիւանագիտութիւն, վերիվայր շրջեցին թշնամի-բարեկամ հասկացութիւնները, բարեկամները վերածեցին թշնամիի, դարաւոր թշնամին կը փորձեն կլլեցնել իբրեւ բարեկամութեան թեկնածու, իսկ թշնամին չի ծածկեր Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջնջելու իր ծրագիրները: Մինչդեռ, ստեղծուող փոթորիկներուն մէջ, մեր հայրենիքը պէտք ունէր ո՛չ միայն իր կողքին եղող բարեկամներու եւ դաշնակիցներու օղակին պահպանման, այլ անոր ըստ կարելւոյն՝ տարածման:
Եւ հիմա, որո՞ւն է պէտք այն խոստովանութիւնը, թէ Ատրպէյճան ցեղային մաքրագործում կը կատարէ Արցախի մէջ: Ազերիները անկաշկանդ համարձակութեամբ աշխարհին կը ներկայանան մարդասիրական դիմագիծով եւ իբրեւ փաստացի վկայութիւն՝ կը յիշեցնեն նոյնինքն Փաշինեանի շաբաթ մը առաջ հրապարակ նետած «իմաստուն» դիտարկումը, թէ արցախցիները անմիջական սպառնալիքի տակ չեն:
Նման «ոստոստումներ»՝ մինչեւ երբ եւ ո՞ւր:
***
Անմիջական տպաւորութիւնը այն է – եւ զայն կ’ողբանք ազգովին -, որ այս որոշումով, վերջակէտի մը (ուշադրութիւն. չըսինք վերջակէտին) կը հասնի աւելի քան 35-36 տարի առաջ սկսած ազատագրական եւ ինքնորոշման շարժումը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնայ իբրեւ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ: Սա Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման նախօրեակին էր, անկախութեան երթին ճամբայ բացողը:
Աւելորդ կը նկատենք այստեղ յիշատակել բոլոր այն հանգրուաններն ու փուլերը, որոնք կերտուեցան 1987-88 տարիներէն ասդին, բաղձալի ու անբաղձալի ելեւէջներ բերին մեր պայքարին: Շեշտենք միայն, որ այդ պայքարը մղուեցաւ առաւելաբար Արցախի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԻՆ վրայ, սակայն անոր բոլորանուէր կերպով մասնակից էին մայր Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Ինչ որ կ’ուզենք լուսարձակի տակ բերել այսօր, այն է, որ 28 Սեպտեմբերի յայտարարութեամբ, միայն վերջակէտ մը չի դրուիր աւելի քան 35 տարիներու փուլին, այլեւ՝ շատ աւելի երկար ու բազմահանգրուան պայքարի մը երթին, պայքար՝ որ սկսած է մեր կորուսեալ պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու օրերուն, 17-րդ դարու երկրորդ կիսուն:
Դարձեալ ըսենք. պատմութեան մանրամասն վերաքաղը ընելու չենք ելած, այլ յիշեցնելու, որ երբ 1677-ին Ջուղայիցի անուն հայրապետը Էջմիածինի մէջ ժողովի կը հրաւիրէր ազատատենչ հայ իշխանները, անոնց առաջին շարքերուն էին արցախցիներն ու սիւնեցիները (այդ օրերուն արցախցի-սիւնեցիի կամ այլոց տարբերութիւն չկար): Եւ պատահական չէ, որ անցեալին ու այսօր, յաճախ կրկնուած է, որ մեր ազատագրական շարժումին առաջին փողերը հնչած են Արցախի լեռներէն, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԷՆ, որ Երեւանի փաշինեանական վարչախումբը կը նկատէ ազերիական: Այլ խօսքով, հարուածը կը հասնի ո՛չ միայն ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ հետապնդման նորագոյն շարժումին ու անոր նպատակներուն, այլ հարուած կը ստանայ 17-րդ դարուն սկսած իրաւատիրական երթը: Եւ այդ հարուածը կու գայ Հայաստանի անկախ եւ ինքնիշխան հանրապետութեան վարիչներուն ձեռքով, ո՛չ թէ… Ստալինէ մը:
***
Մեր պայքարի պատմութիւնը եղած է դժնդակ, արիւնոտ, սակայն նաեւ ունեցած է պայծառ փայլատակումներ:
Արցախը պահելով մեր դիտարկումներուն կիզակէտը, եւ ի՛նչ ալ որ ըլլան այսօրուան իշխանաւորներուն ու անոնց վարքագիծը ջատագովողներուն, ԲՈԼՈՐ ՋԱՏԱԳՈՎՈՂՆԵՐՈՒՆ քարոզչութեան խորագիրները, կան պատմական անհերքելի եւ անշրջելի իրականութիւններ: Գումարը՝ ԱՐՑԱԽԸ ԵՐԲԵՔ ՉԷ ՊԱՏԿԱՆԱԾ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ, հետեւաբար, այսօր իսկ կը կանգնինք նոր մեկնակէտի մը վրայ, յայտարարելու, որ Արցախը պիտի չպատկանի Ատրպէյճանին: Սա ցնորք չէ, այլ իրաւատիրութեան եւ արդատատենչութեան հիմերու վրայ բարձրացող կեցուածք, որքա՛ն ալ որ անբարեյոյս թուին ներկայի ու անորոշ ապագայի հեռանկարները: Այս առաջադրանքին համար, ունինք փաստերու հսկայական դդզեր, որոնք նետած ենք արխիւներու եւ գիրքերու բանտին մէջ, իշխանութիւնը գիւտեր կ’ընէ՝ ամէնէն անհիմն համաձայնութիւններն եւ հռչակագիրները վկայակոչելով:
Արցախը հայկական էր դարերէ ի վեր: Անիկա ԱՊՐՈՂ ԹԱՆԳԱՐԱՆ մըն է այս ճշմարտութիւնը վկայող:
Արցախը հայկական էր ի հնումն, յետոյ՝ պարսկական տիրապետութեան օրերուն, ունէր իրողական ինքնիշխանութիւն: Նոյնը՝ երբ Հայաստանի արեւելեան գօտին անցաւ ցարական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, իսկ այն ատեն աշխարհի քարտէսին վրայ չկար այսօրուան՝ Ատրպէյճան անունով քարիւղ-երկիրը: Արցախը Հայաստան էր Հայաստանի հանրապետութեան ծնունդին, խորհրդայնացումէն ետք: Պաքուի առաջին համայնավար իշխանութիւնն իսկ ընդունած էր Արցախի պատկանելիութիւնը՝ Հայաստանի: Արցախը իր սեփական ճակատագիրը ըստ օրինի վճռեց Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն՝ Ատրպէյճանի անկախութեան հռչակումէն առաջ իսկ, վերահաստատեց իր հայկական պատկանելիութիւնը, Ատրպէյճանի կազմէն դուրս ըլլալը: Արցախը կը սրբագրէր այն ոճիրը, որ գործուած էր Ստալինի կողմէ, այս օրերէն ճիշդ դար մը առաջ, երբ իբրեւ ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶ՝ դրուած էր Ատրպէյճանի նորահռչակ հանրապետութեան կազմին մէջ:
Եւ հիմա, շնորհիւ «Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի» փաշինեանական յայտարարութեան, հարուած կը հասնի մինչեւ իսկ ստալինեան ոճրային դասաւորումին, այսինքն, Փաշինեան եւ իր «կողակիցները» կ’իրականացնեն «սրբագրութիւն» մը, Ստալինի կէս ձգածը հասցնելով «լիակատար լուծումի», ի նպաստ համաթուրանականներուն: Եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մեր ժողովուրդը համոզել, թէ այս մարդիկը թշնամիին շահերուն եւ ծրագիրներուն գործակատարները չեն:
Ու մեր ողբերգութիւնը կը սկսի այն կէտէն (եւ կը հաւատանք, որ գոնէ այդ երեսը շուտով վերջ գտնէ), մեր ժողովուրդը, Ստալինն ու անոր ԲՈԼՈՐ ՈՃԻՐՆԵՐԸ ատելութեամբ եւ դառնութամբ յիշողները կը հանդուրժեն այս իշխանութիւնը, կրկնենք՝ այն խմբակը, որ կը կատարելագործէ՜ Ստալինի անարդարութիւնները: Սա կը նշանակէ, թէ հանդուրժողը ո՛չ միայն մտած է ազգադաւներու խրամատին մէջ, այլ մոռցած է ստալինեան բոլոր արհաւիրքները՝ զանգուածներու սպանդը, մտաւորականներու ջարդը (իթթիհատականներուն հետ այլանդակ մրցումը), Սիպերիաներն ու մեր ազգին մէջ բաժանուածութեան (նա՛եւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ) ստեղծման օրերը, անոնց հետեւանքները:
ՔՊ-ականները կրնան հիմա հպարտանալ, որ «էական սրբագրում»-ի կ’ենթարկեն մեր պատմութիւնն ու հայրենիքը: ՔՊ-ականի մը այն յոխորտանքը (ո՞ր մէկը յիշել), որ 2018-ի «յեղափոխութիւնը» շատ աւելի կարեւոր է, քան արցախեան պայքարը մի՛շտ ալ նոր երանգ մը կը ցոլացնէ դէպքերու թաւալումին հետ (ալ ի՜նչ խօսք՝ բազմահազար «յումպէտս ինկած» նահատակներուններուն, մոռցուած գերիներուն, նոր գերեվարուածներուն եւ պատանդներուն, բռնագաղթուողներուն մասին): Մեր պատմութեան, աշխարհագրութեան, ազգային մտածողութեան բոլոր հասկացութիւնները հիմնական «սրբագրումի» կ’ենթարկուին ՔՊ-ականներու կողմէ:
Ու այս սրբագրումի կը յաւակնին շարունակել մինչեւ այն օրեը, երբ Հայաստան կա՛մ կ’ունենայ Փաշինաեն անուն վարչապետ մը, կամ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Եւ թող ո՛չ ոք ինքզինք խաբէ, թէ «ի՞նչ կրնանք ընել, այս իշխանութիւնը կ’ընէ այն՝ ինչ որ կարելի է»: Ասոնց կողմէ՝ Հայաստանի լուծարումն ալ օր մը կրնայ ներկայացուիլ իբրեւ «յարմարագոյն լուծում» եւ «ապագայ կայ»-ի… գերեզման:
***
Լուծո՞ւմը: Սկսելու համարյիշեցնենք. բանալին նախ եւ առաջ հայութեան, հայրենիքին ու ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ տիրութիւն ընել վճռած, հայրենիք ՊԱՀԵԼՈՒ ՈՒ ՎԵՐԱԿԵՐՏԵԼՈՒ յանձնառութիւնը յանձն առնելւո պատրաստ զանգուածին ձեռքն է:
Երբ մարդուս մարմինին մէջ ուռ մը կը նկատուի, մասնագէտ բժիշկ մը կը բերուի դարմանելու համար: Ճարտարապէտ մը, օդանաւորդ մը, հիւլէական գիտութիւններու մասնագէտ մը կամ աստղագէտ մը չեն կրնար դարման բերել, ո՜ւր մնաց բամբասանքներով պատմութիւն կերտած թերթուկի մը «խմբագիր»ին շուրջ բոլորուած, զայն ջատագովող տգէտները, ի՛նչ վկայական կամ տիտղոս ալ ունենան անոնք:
Հայրենքին փրկութեան ի խմդիր, քանի մը խմբաւորում հրապարակ եկան վերջին երեք տարիներուն, բոլորն ալ յաջողութեան չհասան՝ իշխանականներու ձեռնածութիւններուն եւ «հնարամտութիւններուն» պատճառով: Անկումը շարունակուեցաւ, ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ մասին խօսքի սակարանները մի՛շտ աշխուժ պահուեցան (սա յարմար է, այդ մէկը չեմ սիրեր, այնինչը փորձուած է եւ այլ):
Երէ՛կ պէտք էր հասած ըլլայինք այն հասունացման, թէ ազգը կոչուած է խմբուելու ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ, եւ ո՛չ թէ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ շուրջ, առանց անտեսելու անհատներու դերն ու փորձառութիւնը, մասնագիտական հմտութիւնը: Նախաձեռնող անհատները իրենց թիկունքին պէտք է զգան ամբո՛ղջ ազգը: «Բիւզանդական վէճ»երու էջը պէտք է փակել անյապաղ, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Հայաստանը: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, իրենք կողքին ունենալով շահակիցները, իրենց սեղանին դրած են Հայաստանի մնացեալ մասերուն «համադամները»:
Չենք ուզեր հաւատալ, որ ՔՊ-ականները մեզ հասցուցած են անդառնալի կէտի, որքան ալ մեծ ըլլան մեր կրած վնասները, ցնցումները: Պէտք է ժամ առաջ, օր առաջ (պէտք էր ընէինք երէկ, անցեալ տարի…) ԳՈՐԾԻ անցնիլ, որպէսզի չհասնինք վտարանդի Եասէր Արաֆաթի մը այն մտածումին, թէ «թող ափ մը պաղեստինեան հող ունենամ ոտքիս տակ, զայն յենարան ունենալով՝ պիտի մեկնակեմ հայրենիքիս ազատագրութեան պայքարը»:
28 Սեպտեմբերը, ըսինք, վերջակէտ ՄԸՆ է, անկէ ետք, պիտի կերտենք նոր պարբերութիւններ ու նոր էջեր, մտաբերելով հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի մեր իրագործումները, որոնք մի՛շտ ալ իրականացան՝ թշնամիին գերազանցող ուժերուն ու կարողութիւններուն դէմ վարպետօրէն ու խիզախօրէն շարժելով: Ասոնք Կիւլնազ տատիկին հեքիաթները չեն, այլ մեր ապրող պատմութեան էջերուն արձանագրուած իրականութիւններ:
Ցնցումը վհատութեան ու նոր ընդարմութեան պէտք չէ ու պիտի չտանի՛ մեզ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
28 Սեպտեմբեր 2023