Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հինգշաբթի, 20 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Ֆետի Խաժակ Գազանճեան եւ Թալին Օրտողլեան:
Մամլոյ ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան:
Դաւիթ Յակոբեան ողջունեց ներկայ լրագրողները եւ ծանօթացուց մամլոյ ասուլիսին մասնակից պատասխանատուները: Ապա, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Սանտրա Վարդանեան խօսեցաւ բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, որոնք Բիւրականի եւ Երեւանի մէջ ընթացք առած են վեց ամիսէ ի վեր: «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրը ենթարկուած է վերանորոգութեան եւ այժմ պատրաստ է ընդունելու աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանող ՀՄԸՄ-ականները: Սանտրա Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արագածոտնի մարզի շտապ օգնութեան բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ ոստիկանութեան, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն բանակումին յաջողութեան: Ան նաեւ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը ուրախութեամբ կը հիւրընկալէ Համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկները (մարզախաղեր, բանակումներ)` այդ նպատակին համար զօրաշարժի ենթարկելով իր շարքերը: Վերջապէս, Ս. Վարդանեան տեղեկացուց, որ բանակումը պիտի ունենայ ազգային մշակոյթներու նուիրուած օր մը, որուն ընթացքին բանակավայր պիտի այցելեն ֆիզիքական եւ մտային յատուկ խնամքի կարօտ` «Հրաշք» բաժանմունքի պատանիները:
Ասուլիսին երրորդ խօսքը արտասանեց Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան: Ան յայտնեց, որ բանակումը պիտի ունենայ 750 մասնակից եւ 10 հոգինոց խմբապետական ընդհանուր եւ գործադիր կազմ: Բանակումին պաշտօնական բացումն ու փակումը պիտի կատարուին 21 եւ 29 յուլիսին, իսկ շաբաթ, 22 յուլիսի յետմիջօրէին, բանակողները հայրենի հայութեան պիտի ներկայանան պաշտօնական տողանցքով, որ ընթացք պիտի առնէ «Ազատութեան» հրապարակէն եւ պիտի երկարի մինչեւ «Շահումեան»-ի հրապարակ, ուրկէ անոնք փոխադրակառքերով պիտի ուղղուին Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք, ասուլիսին մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ լրագրողներու հարցումներուն:
Յայտնենք, որ այսօր` ուրբաթ, 21 յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին աշխատանքները ընթացք կ’առնեն բացման յատուկ հանդիսութեամբ, որ կը սփռուի միութեան Դիմատետրի էջով (Homenetmen-ՀՄԸՄ):